ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ

ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Անձնասպանութիւը նմանապէս յանցանք է հասարակութեան դէմ, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր կեանքով պարտաւոր է իր գերդաստանին եւ հայրենիքին [հանդէպ]. պարտաւոր է համբերութեան բարի օրինակ ըլլալ եւ քաջալերող՝ իր աշխատանքով: Եթէ կարծէինք, որ անձնասպանութիւնը արտօնուած է մարդուն, մենք բոլորովին անգութ կ՚ըլլայինք տառապեալներուն հանդէպ եւ առանց կարեկցանքի կը նայէինք, եթէ անոնք անձնասպան ըլլային: Սուրբ Գիրքին մէջ օրինակ մը իսկ չկայ, որով յուսահատութենէն յառաջ եկած անձնասպանութիւնը քաջալերուած ըլլայ, եւ ոչ ալ ոեւէ բարեպաշտ անձ ինքնասպան եղած է: Սամսոնին մահը անձնասպանութիւն չէ, այլ՝ զինք առաւելաբար կարելի է նկատել զոհ՝ հայրենասիրութեան եւ կրօնասիրութեան:

Անձնասպանութիւնը կրնայ յառաջ գալ երեք պատճառներէ, կա՛մ հոգիի հիւանդութենէ (մելամաղձոտութիւն), որ կը մթագնէ մեր բանականութիւնը եւ մեքենայաբար ինքնասպան կ՚ընէ մարդը. կա՛մ կորստական անհաւատութենէ, որով մարդը ինքզինք իր կեանքի տէրն ու իշխանը կարծելով՝ կ՚ոչնչացնէ, երբ իրեն անհաճոյ կը գտնէ. եւ կա՛մ, ի վերջոյ, սխալ դատողութենէ եւ միտքի տկար հասկացողութիւններէ, որով չկարենալով իմանալ կրօնի ուսուցած պարտաւորութիւնը, կը խաբէ իր անձը, յուսալով՝ թէ Աստուած կը ներէ իր անձնասպանութեան, իբրեւ գործ յուսահատութեան, որ կրօնքով ի սպառ արգիլուած է:

Մեր հիւանդութեան ատեն, մենք առանձին պարտաւորութիւն ունինք.

ա) Պարտաւոր ենք որքան կարելի է շուտով կանոնաւորել մեր գործը, եթէ անկարգութեան մէջ է: Այնպէս որ, եթէ մեր հիւանդութիւնը մահացու է, չըլլայ որ մեր մահէն ետք բաժանումի եւ խռովութեան առիթներ չձգենք: Մեր մահամերձ հիւանդութեան ժամանակ, պէտք է, որ մեր հոգին հանգիստ եւ անզբաղ ըլլայ:

բ) Պարտաւոր ենք քննել, եթէ մենք ենք մեր հիւանդութեան պատճառը մեր չար ցանկութեամբ եւ զեխութեամբ, պարտաւոր ենք խոնարհիլ, մեղայ գոչել առ Աստուած, խոստովանելով Անոր արդարութիւնն ու ողորմութիւնը:

գ) Պարտաւոր ենք շնորհակալութեամբ եւ քաղցրութեամբ ընդունիլ այն հոգացողութիւնները, զորս մեր հիւանդութեան ընթացքին ցոյց կու տան մեզի:

դ) Պարտաւոր ենք հաստատ մնալ, որպէսզի եթէ Աստուած առողջութիւն պարգեւէ, մեր ուխտը կատարենք եւ բարի մահ պատրաստենք, եթէ Աստուած կամենայ, որ մենք այս աշխարհէն մեկնինք: Բարի մահ ունենալու համար մէկ հաստատ պատրաստութիւն կայ, այսինքն՝ բարի կեանք վարել եւ յիշել Արարիչը մանկութեան օրերէն սկսեալ. «Այս կեանքը, որ այժմ կ՚ապրիմ մարմինով, կ՚ապրիմ՝ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար» (Գղ 2.20): Սակայն, եթէ յիմարութիւնը կը յաղթէ եւ կը յապաղինք Աստուծոյ մօտենալ, պարտինք զգուշանալ Անոր ողորմածութեան սահման դնելու, պարտինք խնդրել Անոր օգնութիւնը մեր մահուան ժամանակ, մեր մահուան մահիճին մէջ, երբ Աստուած կ՚ողորմի մեզի՝ մեր սիրտը շարժելով եւ դէպի Իրեն դարձնելով: Գոնէ նոյն ժամանակը պարտաւոր ենք հեռացնել ամէն ցնորք եւ դառնալ դէպի Տէրը ամբողջական սիրտով եւ մահացող մարդու բոլոր պարտաւորութիւնները կատարել, մեր հիւանդութեան վտանգը չծածկել, մօտիկ մարդոցմէ պահանջել, որպէսզի յայտնեն մեզի մեր հիւանդութիւնը, որպէս ջերմեռանդ բարեկամ եւ քրիստոնեայ, յայտնեն մեզի, եթէ մահուան ժամուն մօտեցած ենք, եւ ապա պարտինք մեր անցեալը քննել ջերմեռանդութեամբ, խոնարհութեամբ եւ կենդանի զղջումով, ոգեւորուիլ հաւատքով եւ որքան որ կարելի է շուտով ուղղել ամէն բան եւ Յիսուսի անունով մեղքերու թողութիւն խնդրել: Պարտինք օգուտ քաղել մեր մասնաւոր ազդեցութենէն, որ ունինք մեր որդիներուն եւ բարեկամներուն վրայ, մեր ծառաներուն եւ գործաւորներուն վրայ, որպէսզի անոնք եւս համոզուին եւ Աստուծոյ ծառայեն: Ի վերջոյ, անդադար պէտք է յայտնել մեր խոնարհութիւնն ու հնազանդութիւնը աստուածային կամքին, մեր հաւատքը, սէրը, փափաքը եւ յոյսը այն երջանկութեան համար, որ Յիսուսի փրկարար խաչը պատրաստած է մեզի համար: Այսպէսով կարելի է խաղաղութեամբ ննջել ի Տէր եւ մխիթարութեան ցուպ ու գաւազան ստանալ. «Նոյնիսկ երբոր մահաստուեր ձորերէ կ՚անցնիմ, չարիքէ մը չեմ վախնար, Տէ՛ր, քանի Դուն իմ հետս ես։ Քանի ցո՛ւպդ զիս կ՚առաջնորդէ եւ գաւազանդ կը պաշտպանէ, ես ինքզինքս ապահով կը զգամ» (Սղ 23.4):

Երբ մեզ կը հրաւիրեն հիւանդ մը տեսնելու եւ խնամելու զայն՝ մեր պարտաւորութիւնն է.

1) Հեզութեամբ եւ համբերութեամբ խնամել, երբեք հիւանդէն կրած նեղութենէն չզայրանալ:

2) Հիւանդին թմրած հոգին զարթնեցնել եւ իր հիւանդութեան վտանգը չծածկել. որովհետեւ, կարեւոր է, որ հիւանդը իմանայ եւ ճանչնայ իր վիճակը, աւելցնել մեր քաղցրութիւնը եւ ամէն [տեսակի] մխիթարութիւն տալ, ինչ որ մարդկութիւնը, սէրը եւ քրիստոնէական հաւատքը կը պահանջեն, աստուածային խօսքով սփոփել եւ անոր հետ միասին աղօթել:

3) Յորդորել հիւանդը, որ իր փրկութեան համար մտածէ ու խորհի, յիշեցնել [անոր] Աւետարանի խրատները: Արդարեւ, մեզի համար ծանր է հիւանդին յայտնել իր ծանր վիճակը, սակայն այս բանը այնպիսի զոհողութիւն է, որ Աստուծոյ շատ հաճելի է, որ եւ վերջին օրը պիտի ըսէ մեզի. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն Արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34):

Հիւանդին խնամք տանիլը այնքան բարի եւ օգտակար գործ է, որ կատարողները արդէն այս կեանքին մէջ իսկ սիրտի բաւականութիւն եւ ուրախութիւն կը ստանան. ո՞վ չի գիտեր, որ միշտ իւրայատուկ մխիթարութիւն զգացած են այն մարդիկ, որոնք կա՛մ հիւանդի մը ծառայած են, կա՛մ ցաւը սփոփած են եւ կա՛մ Աստուծոյ ճանապարհը ցոյց տուած են: Հիւանդները պաշտպանողները յատուկ արիասրտութիւն կը ստանան պատերազմելու եւ յաղթելու ծուլութեան ու հպարտութեան: Հիւանդի խնամատարութիւնը խոնարհութեան, վշտակրութեան, զոհողութեան եւ համբերութեան գեղեցիկ դաս է:

•շար. 34 եւ վերջ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

(Շնուտա Գ. Հայրապետ)

ՍԱՄՓՍՈՆԸ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱ՞ՄԲ ՄԱՀԱՑԱՒ

-Հսկայ Սամփսոնը բնական մահով չմահացաւ, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը զինք սպաննեց, այլ՝ ի՛նքն էր, որ պատճառ հանդիսացաւ իր մահանալուն: Արդ, զինք անձնասպան եղա՞ծ պէտք է համարել:

-Ո՛չ, Սամփսոնը անձնասպանութեամբ չմահացաւ, այլ՝ որպէս ֆետայի մահացաւ:

Անձնասպանը ան է, որուն նպատակը ինքզինք սպաննելն է: Իսկ Սամփսոնին նպատակը այդ չէր, այլ՝ անոր նպատակը սպաննել է Աստուծոյ հեթանոս թշնամիները: Եւ եթէ այս նպատակը չէր կրնար իրագործուիլ, եթէ ինքն ալ չմահանար անոնց հետ, արդարեւ արգելք չկար ինքն իր անձը մահուան տալու եւ անոնց հետ մահանար: Այդպէսով ալ իր նշանաւոր նախադասութիւնը ըսաւ. «Իմ անձս փղշտացիներուն [պաղեստինցիներուն] հետ թող մեռնի» (Դտ 16.30)..., եւ այդ ատեն անոնք հեթանոսներ էին...

Եթէ իր ուզածը անձնասպանութիւն էր, արդարեւ բաւարար էր «իմ անձս մեռնի», սակայն, իմ անձս անոնց հետ թող մեռնի նախադասութեան իմաստը այն է, որ խնդրոյ առարկան անոնք՝ [փղշտացիներն] են, եւ ինքն ալ անոնց հետ կը մեռնի:

Սամփսոնը հաւատքի մարդոցմէ համարուած է եբրայեցիս 11.32-ին մէջ. որովհետեւ, ան իր հաւատքը պահելու համար պայքարեցաւ, ազատուելով իր ժամանակուան հեթանոսութենէն: Այդ ատեն պատերազմը երկրի մը այլ երկրի մը դէմ չէր, այլ՝ իրականութեան մէջ, պատերազմ էր հաւատքի եւ հեթանոսութեան միջեւ:

«ՆՈՅՆԻՍԿ ԵԹԷ ԲԱՐԿԱՆԱՔ, ՄԻ՛ ՄԵՂԱՆՉԷՔ» ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ

-«Նոյնիսկ եթէ բարկանաք, մի՛ մեղանչէք» (Սղ 4.4) նախադասութիւնը, մեզի համար բարկանալու թոյլտուութիւն է: Ինչպէս նաեւ՝ «բարկութեան տեղի տուէք» (Հռ 12.19):

-Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, որ «մարդուն բարկանալը Աստուծոյ արդարութիւնը չ՚իրագործեր» (Հմմտ. Յկ 1.20). «Բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի» (Ժղ 7.9). «Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար» (Առ 22.24):

Իսկ՝ «նոյնիսկ եթէ բարկանաք, մի՛ մեղանչէք» նախադասութիւնը, հայրերը զայն երկու իմաստով մեկնած են.

ա) Կա՛մ սուրբ բարկութիւն՝ Աստուծոյ համար, որով հոգեւոր ձեւով կ՚ըլլայ, ուր մեղք չ՚ըլլար: Այսինքն՝ իր նպատակին ու միջոցին մէջ սուրբ բարկութիւն կ՚ըլլայ:

բ) Եւ կա՛մ իր անձին ունեցած թերութիւններուն վրայ բարկութիւն, եւ կամ ինչ մեղքեր, որ կը գործեմ, որով ինքն իր անձին վրայ այս բարկութիւնը, թոյլ չի տար իրեն, որ ապագային մեղանչէ:

Իսկ Առաքեալին ըսածը, թէ «վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք» (Հռ 12.19). այստեղ ըսել ուզածը անշուշտ այն է, որ բարկութեան տեղի տալով՝ ձգել, որ բարկութիւնը անցնի, եւ ո՛չ թէ անոր տեղ տալ, որպէսզի մարդուն մէջ մնայ: Այլ խօսքով, բարկութիւնը մի՛ ձգէք ձեր մէջ, որ ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան վերածուի, այլ՝ անոր առիթ տուէք, որպէսզի անցնի:

ԿՆՈՋ ՍԵՐՈՒՆԴ

-Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, որ կնոջ սերունդը պիտի ջախջախէ օձին գլուխը: Այս խօսքը սակայն ինչպէ՞ս կը յարմարուի Տէր Յիսուսին, որ Սուրբ Կոյսի սերունդէն ծնաւ, իսկ ան Կոյս է եւ ո՛չ թէ կին:

-Սուրբ Գիրքին մէջ կին բառը ամուսնացած կին չի՛ նշանակեր:

Առաջին էգ մարդը իր ստեղծման ժամանակ կին կոչուեցաւ, եւ ան կոյս էր. «Ասիկա կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ» (Ծն 2.23):

«Եւա» անունը, մեղանչումէն ետք էր, զաւակներ ծնելէն ետք էր, ինչպէս յիշուած է Ծննդոցին մէջ. «Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ, վասնզի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր» (Ծն 3.20): Եւան երկու կոչումներն ալ ունէր. կին, որովհետեւ մարդէ մը առնուեցաւ, իսկ Եւա՝ որովհետեւ բոլոր կենդանութիւն ունեցողներուն մայրն էր:

Այս կնոջ (Եւայի) սերունդէն ծնան բոլորը. այրերն ու կիները, կոյսերն ու ամուսնացածները, եւ անոր սերունդէն ծնաւ նաեւ [Սուրբ] Կոյս, որ Յիսուսը ծնաւ:

Կոյս Մարիամն ալ կին կոչուեցաւ, չնայած որ կո՛յս է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019