ՄՈՒՐԱՑԻԿԸ

Անցումին մուտքին, աստիճաններուն վրայ, մուրացիկ մը նստած է: Եօթանասունն անց կին մըն է ան՝ աջ ափը պարզած, հայեացքը խոհուն, միտքերու անդունդին մէջ մխրճուած, դիրքը անցորդներէն նուաստ, բրդեայ ցնցոտիներով պարուարուած, կարկտած քղանցքով ոտքերը պատսպարած, ձախ ձեռքը ծնօտին եւ ձախ ուսը պատին յենած...

Ի՜նչ կերպարանք. դէմքին կնճիռներուն անցքերէն օրերուն կեղտը կը ճչայ. տարիներու հոգով ծանրաբեռն, կոր թիկունքը ինչե՜ր կը պատմէ. գլուխին փաթթած հնամաշ շալին եզրէն ալեխառն, անխնամ մազին թելերը աջ ափին դիրքով, շալէն սողոսկած՝ ողորմութի՜ւն, գո՜ւթ կ՚աղերսեն:

Ապակեայ սառած աչքերը չի թարթեր իսկ, չ՚անդրադառնար ալ թերեւս անոնց գոյութեան, միայն աղօտ լոյս ու ստուերներ կը հաղորդեն անոնք իրեն՝ օրուան երկրորդ կիսուն դատարկ ափին կոպեկ մը չըլլալուն մտահոգութեամբ տարուածին:

Ինչպիսի՜ կեանք...

Փողոցը լի է մարդոցմով: Անցումին ներսն ու դուրսը կը վխտայ կեանքով: Հոն մայր մը երեխան դպրոցէն կը բերէ, անդին պատանիներ, երիտասարդներ աճապարանքով ու իրենց կեանքի գարնան վայել աշխոյժ շարժումներով կը հաղորդակցին, կը խօսին, կը խնդան... Կեանքի եռուն շրջանի բոլոր մանրամասնութիւնները ակներեւ են անոնց շարժուձեւերէն. քիչ անդին նորափթիթ դաշտային ծաղկեփունջերով լի դոյլը բռնած ծերունի մը յամրաքայլ անցորդը կ՚ըլլայ այս անցումին՝ ժպիտը դէմքին, իր փունջերը դիտող երիտասարդներուն հայեացքները կ՚որսայ:

Այսպէս, իւրաքանչիւրը իր ճակտին գիրը մեկնաբանելով կ՚անցնի մուրացիկին կողքէն, առանց նոյնիսկ զայն նկատելու կամ անոր ճակտին մութ գիրը կարդալ ջանալու, իսկ տեսնողները միշտ բարձրէն կը դիտեն զայն, հայեացքով մը, որ մուրացիկին եւ իրենց միջեւ գոյացող անջրպետը աւելի ցցուն կը դարձնէ:

Անատամ բերնին ճմռթկած շրթները կը շարժին պահ մը, բան մը կը մրմնջէ, կոպերը կը միանան ու կը հեռանան կարծես թրջելու սառած բիբերը, որոնք վար՝ դողացող աջ ափին կը նային, ապա երկինքը կը զննեն եւ մրմունջը կը շարունակուի պահիկ մը եւս ու դարձեալ նոյն, արձանային, առանց խօսքի կերպարանքն ու խոհուն սառնութիւնը կը տիրէ:

Խնդրանքով լի նայուածք մըն էր առ երկինք ուղղուած. խնդրանք աներեւոյթ հզօրութենէ մը, խնդրանք դատարկութեան մէջ թերեւս հացի կտորներ ունենալու կամ կեանքի շարունակութիւնը ապահովելու, եւ խնդրանքէն ետք, սպասում, յոյս դրական պատասխանի մը:

Շատ են Երեւանի մուրացիկները, մա՛նաւանդ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք անոնք կրկնապատկուած, եռապատկուած են: Անոնց մէջ մարդիկը շահագործողներն ալ կան անշուշտ, իսկական կարիքաւորին պատառը խլողներ, բայց այս կինը...

Կեանքի մը ցաւոտ վերջալոյսն է երեւելին անոր կերպարանքին արտացոլման մէջ, կնճիռները ապրում առ ապրում գծուած, ցաւ առ ցաւ փորուած, հասցուցած են զայն կարծես այս կերպարանքին, ի՜նչ ճակատագիր, ի՜նչ վերջալոյս:

Քիչ ետք, երբ ծերունիին կոպերը յոգնութենէն թուլանալ կը սկսէին, բարակ հով մը կ՚անցնի կողքէն, հովին հետ ափին մէջ կը զգայ թեթեւ հպում մը, որուն ի պատասխան մարմինը բնազդական շարժումով մը կը ժողվէ իր ուժերը, կոպերը կը բացուին եւ աչքերը կը տեսնեն յաղթանդամ երիտասարդը, որ թղթադրամ մը տեղաւորած էր պարզած ափին մէջ եւ կ՚անցնէր... կ՚անցնէր առանց ծերունիին սրտէն ի դուրս սաւառնող՝ «շնորհակալութի՜ւն»ը լսելու, առանց տեսնելու անոր աչքերուն շողը, առանց զգալու անոր գոհունակութիւնը, առանց նշմարելու անոր շրթներուն ժպտելու ջանքը...

Ապա ծերունին աչքերը երկինք սեւեռած դարձեալ՝ «շնորհակալութիւն» մը կը շշնջայ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021