ՀԱԼԷՊ՝ ՀՈԳԵԿՈՐՈՅՍ ԻՄ ՔԱՂԱՔ

Ինչո՞ւ դարձեալ Հալէպ եւ ուրկէ՞ եկաւ անոր անվերջօրէն առթած ներշնչանքը:

Տակաւին քառասունական թուականներուն, մեծանուն Անդրանիկ Ծառուկեան զայն պիտի անուանէր «Երազային Հալէպը» եւ այդ դիպուկ բնութագրումը պիտի ստանար ամբողջ հայկական գաղթաշխարհի օրհնութիւնը: Յաճախ ես ինքզինքիս հարց տուած եմ, թէ ինչո՞ւ այս վաւերական սահմանումը դարձաւ շրջանառուող եզրոյթ, բոլոր այնտեղ ապրած ու չապրած, զայն տեսած ու չտեսած հայ մարդոց քով:

2010-ի գարնան Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ հանգուցեալ Լեւոն Անանեան երկու օրով կ՚այցելէր Հալէպ, ուրկէ պիտի անցնէր Պէյրութ՝ Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաէրին ընդառաջ:

-Երկու օրուայ մէջ ինչպէ՞ս պիտի հասնիք ծանօթացնել ինծի Հալէպը: Նախորդ այցելութեանս, պաշտօնական խճողուած օրակարգիս պատճառաւ, ժամանակ չունեցայ քաղաքին տեսարժան վայրերը տեսնելու: Այս անգամ պիտի կարենա՞մ այդ մէկը իրականացնել:

-Ի հարկէ, պրն. Անանեան, տեսարժան վայրերը կը տեսնէք, սակայն Հալէպը լիարժէք ճանչնալու համար պէտք է ապրիլ զայն, պէտք է զգալ անոր «հոգիարժան» կենսակերպը, քանզի Հալէպը սոսկ նիւթական գոյութիւն չէ, այլ բացարձակօրէն ոգեղէն:

Պր. Անանեան լիաթոք խնդաց: Այնուհետեւ, Երեւանի մէջ մեր հանդիպումներուն կը յիշեցնէր.

-Ինչպէ՞ս է «հոգիարժան» Հալէպը:

Ես դժբախտաբար սկսած էի արդէն տխրութեամբ գլուխս երերցնել, շարժում մը, որ պիտի շարունակուէր մէկ տասնամեակի տեւողութեամբ:

Հալէպը այն քաղաքն էր, ուր մեր առօրեայ ընթացիկ ճամբաները ագուցուած էին մտերմաբար իրարու, «Ամէն ինչ ձեռաց տակ էր», ինչպէս կ՚ըսեն մեր արեւելահայ հայրենակիցները, ամէն ինչ՝ ամէն տեղ եւ տակաւին կողք-կողքի հնամենի եւ նորաշէն զուգահեռ թաղամասեր համերաշխօրէն կը գոյակցէին իրարու հետ, անցեալի ու ներկայի դիւթիչ միախառնութեամբ: Ճիշդ այդ երջանիկ օճախներուն նման, ուր մամիկ-պապիկներ կ՚ապրէին իրենց ծոռերուն հետ: Այնտեղ կեանքը յաղթանակած էր ժամանակի տուայտանքներուն:

Հալէպը այն վայրն էր, ուր ընդհանրապէս իւրաքանչիւր հայու բնակարանը կ՚օրհնուէր «Եկեղեցին հայկական»ի կոչնակներուն եւ շարականներուն ձայներով, երդիքներ ստուերող սուրբ ամպհովանիի նման: Իսկ լայնատարած մեր վարժարանները, իրենց երկար թեւերով կը հասնէին մեր մանուկներու սնարին, զանոնք առնելու եւ թաթխելու իրենց հայաբարբառ աւազաններուն մէջ:

Այդ հողին վրայ ծնած ու ծաղկած մարզական ու մշակութային ակուբմներու, պարտէզներու, հանդիսասրահներու, խայտաբղէտ մոզայիք մը՝ համեմուած կեանքի պաշտամունքով եւ ներկուած լաւ գալիքի հաւատքի գոյներով: Հալէպը գիր ու գրականութիւն էր, մտաւորականներու փաղանգ եւ էապէս հայ հոգիով թաջուած, անկանգառ ժողովրդային քալող կարաւաններ: Այնտեղ մշտանորոգ երկունքի յաղթ ճիչերու համանուագ էր, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Եւ տակաւին...

Հալէպը հայրենակցական միութիւններն էին՝ Տիգրանակերտը, Այնթապը, Մարաշը, Զէյթունը, Սասունը, Քիլիսը եւ այլուր ներկայացնող: Հալէպը հաստատօրէն կորուսեալ երկրի կենդանի հոգեզաւակն էր եւ տեղ մըն ալ արդարօրէն անոր ժառանգորդը, իր բոլոր պարտաւորութեամբն ու լիազօրութիւններով:

Պէտք է մոռնա՞լ արդեօք անոր մարդկային որակի յաղթական ինքնահաստատումը: Անձնազոհ ընկերներու, սրտցաւ հարեւաններու, կենսասէր բարեկամներու եւ տարբեր կրօնքներու խաղաղ համակեցողութեան համեստ ու անպաճոյճ մատենագրութիւնն էին, հալէպեան օրերն ու տարիները:

Եւ ի վերջոյ...

Հալէպ՝ գրուած ու չգրուած կենսատրոփ պատումներ, յոյզերու եւ յուշերու անտակ Դանայեան տակառ, ազգային-հաւաքական սիրոյ միանուագ զարկ, մարդու եւ հայու զոյգ պատկանելիութեան անձնագիր:

Երազներու մէջ ճշմարտութիւն եւ ճշմարտութեան մէջ երազ:

Երազէն արթննալով հարց կու տամ մոլոր՝ «կը կրկնուի՞ն միթէ նոյն երազները»...

Ծառուկեանի երազային յուշագրութեան բնաբանը վերարտադրած, իմ անցողիկ շրթունքներով կ՚երգեմ Աշուղ Ղարիպի քառեակը.

Ահա կու գամ,
ահա կ՚երթամ,
դուն շէն մնաս
Հալէպ քաղաք:

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022