Մոռցուած Կերպարուեստագէտներ. Արշակ Ֆեթվաճեան

Մոռ­ցուած կամ լու­սանց­քայ­նա­ցուած ա­րուես­տա­գէտ­ներ ե­ղած են, կան ու աս­կէ ետք ալ պի­տի ըլ­լան աշ­խար­հի տա­րած­քին: Երբ թոյ­լերն ու մի­ջակ­ներն են ա­նոնք, ժա­մա­նա­կը դա­ժա­նա­բար կը վա­րուի ա­նոնց հետ եւ մո­ռա­ցու­թեան կ՚են­թար­կէ ար­դա­րօ­րէն: Սա­կայն պա­տա­հած է, որ մո­ռա­ցու­թեան են­թար­կուած են նոյ­նի՛սկ Էլ-Կրե­քո­յի եւ կամ Վեր­մե­րի նման հան­ճար­ներ, ո­րոնք քա­նի մը հա­րիւր տա­րի ան­թե­ղուած մնա­լէ ետք միայն բա­ցա­յայ­տուե­ցան ու վե­րար­ժե­ւո­րուե­ցան: Մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եւս կան մոռ­ցը-ւած, սա­կայն տա­ղան­դա­ւոր կեր­պա­րուես­տա­գէտ­ներ, ինչ­պէս՝ գա­նա­տա­հայ Ար­ման Պուզ­պու­զեանն ու լի­բա­նա­նա­հայ Ժան Դար­բի­նեա­նը: Իսկ Ժաք Իհ­մա­լեա­նի (պոլ­սա­հայ) եւ կամ Փուշ­մա­նի (ա­մե­րի­կա­հայ) նման լու­սանցք մղուած ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը բա­ւա­կա­նին շատ են: Այս վեր­ջին­նե­րու շար­քին կը պատ­կա­նի նաեւ Ար­շակ Ֆեթ­վա­ճեա­նը:

Հա­կա­ռակ ա­նոր որ, իր կտա­կին հա­մա­ձայն, 1947-ին ա­նոր ար­խիւ­նե­րը, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն ու նոյ­նի՛սկ ա­ճիւն­նե­րը Հա­յաս­տան փո­խադ­րուե­ցան, սա­կայն խորհըր-դա­յին տա­րի­նե­րուն գրե­թէ մո­ռա­ցու­թեան են­թար­կե­ցին զինք: Ա­նոր «յան­ցանք­նե­րը» մէ­կէ ա­ւե­լի էին: Ան հե­ղի­նակն է ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Ա. Հան­րա­պե­տու­թեան դրա­մա­նի­շին ու դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն, կարգ մը յե­ղա­փո­խա­կան բնոյ­թի պատ­կե­րա­գիր­քե­րու նկա­րա­զար­դում­նե­րուն, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ հո­գե­ւոր-կրօ­նա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ գոր­ծե­րու եւ մա­նա­ւա՛նդ ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու (Քրիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեա­նի, Ռոս­տոմ (Ստե­փան Զօ­րեա­նի), Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նի եւ Ար­մէն Գա­րո­յի (Գա­րե­գին Փաստր­մա­ճեան) դի­ման­կար­նե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք Ֆեթ-­վա­ճեա­նի ար­խիւ­նե­րուն հան­գա­մա­նօ­րէն բա­ցա­յայտ­ման եւ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան-­քի վեր­լուծ­ման ու մեկ­նա­բա­նու­թեան ձեռ­նար­կեց հայ­րե­նի յայտ­նի ա­րուես­տա­բան Տքթ. Լե­ւոն Չու­քաս­զեան: Ա­նոր աշ­խա­տա­սի­րու­թեան իբ­րեւ ար­գա­սիք՝ 2011-ին հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Ար­շակ Ֆեթ­վա­ճեան» խո­րա­գի­րով գե­ղա­տիպ եւ մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով պատ­կե­րա­գիրք մը՝ ե­րեք լե­զու­նե­րով (հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ռու­սե­րէն): Այս հա­տո­րը ո՛չ միայն լոյս կը սփռէ Ֆեթ­վա­ճեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­ւան­դին, այ­լեւ ա­նոր գրա­կան, արուես­տա­բա­նա­կան, ճար­տա­րա­պե­տա­կան, հնա­գի­տա­կան եւ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վրայ: Կը պար­զուի, որ այս բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն տա­ղան­դա­ւոր կեր­պա­ր-ւես­տա­գէ­տը, իր ազ­գա­յին հայ­րե­նա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, կա­րե­լի է հա­մա­րել նոյ­նիսկ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ:

Այս պատ­կե­րա­գիր­քին հե­ղի­նա­կը կա­տա­րած է բծախն­դիր եւ շնոր­հա­կալ աշ­խա­տանք: Ան կրցած է վեր հա­նել ու ըն­թեր­ցո­ղին ցոյց տալ բազ­մա­վաս­տակ ա­րուես­տա­գէ­տի մը մե­ծու­թիւնն ու տե­ղը առ­հա­սա­րակ հայ մշա­կոյ­թի պատ­մու­թեան մէջ:

Ի դէպ, Տքթ. Լե­ւոն Չու­քաս­զեան շար­քա­յին ա­րուես­տա­բան մը չէ: Ան ա­մէն տա­րի կը հրա­ւի­րուի եւ­րո­պա­կան եւ ա­մե­րի­կեան բազ­մա­թիւ ու ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ու կը դա­սա­խօ­սէ հայ մշա­կոյ­թի հետ ա­ռըն­չուող կա­րե­ւոր նիւ­թե­րու շուրջ՝ տար­բեր լե­զու­նե­րով: Ան կ՚աշ­խա­տակ­ցի մի­ջազ­գա­յին ա­րուես­տա­բա­նա­կան կարգ մը հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­ր-ւես­տի բա­ռա­րան­նե­րու: Ան հիմ­նա­դիրն ու գլխա­ւոր վա­րիչն է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ա­րուես­տա­բա­նու­թեան  ամ­պիո­նի ու հե­ղի­նա­կը՝ շարք մը մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու:

Հա­կա­ռակ այս նշա­նա­կա­լից պատ­կե­րա­գիր­քի հրա­տա­րակ­ման՝ տա­կա­ւին Ար­շակ Ֆեթ­վա­ճեա­նի ա­րուես­տը իր ար­ժա­նի պա­տ-ւան­դա­նը չէ գտած ո՛չ սփիւռ­քի եւ ո՛չ ալ հայ­րե­նի­քի մէջ: Ա­նոր կա­րե­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն շա­տեր տա­կա­ւին կը մնան պա­հեստ­նե­րու մէջ: Ֆեթ­վա­ճեա­նի՝ հայ միջ­նա­դա­րեան կո­թող­նե­րու ջրան­կար­նե­րը, հայ միջ­նա­դա­րեան քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան զար­դա­նաշ­խե­րու պատ­ճէ­նա­հա­նում­նե­րը եւ կամ հայ ժո­ղովր­դա­կան տա­րազ հա­գած հա­յու­հի­նե­րու կեր­պար­նե­րը պատ­կե­րող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, երբ ցու­ցադ­րուե­ցան ա­րեւմ­տեան ա­րուես­տի կեդ­րոն­նե­րու մէջ (նոյ­նիսկ Լուվ­րի), ո՛չ միայն ար­ժա­նա­ցան բարձր գնա­հա­տանք­նե­րու, այլ նաեւ բազ­մա­թիւ մաս­նա­գէտ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը շար­ժե­ցին դէ­պի հայ մշա­կոյ­թը, եւ այդ ա­ռիթ­նե­րով օ­տար­նե­րու կող­մէ գրուե­ցան բազ­մա­թիւ յօդուած­ներ թէ՛ Ֆեթ­վա­ճեա­նի եւ թէ՛ հայ մշա­կոյ­թի մա­սին:

Հար­կա­ւոր է ի լոյս բե­րել եւ ցու­ցադ­րել Ար­շակ Ֆեթ­վա­ճեա­նի եր­կու հա­զա­րէ ա­ւե­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը եւ ճանչց­նել զա­նոնք թէ՛ մե­զի՝ հա­յե­րուս եւ թէ՛ օ­տար­նե­րուն: Ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն կա­տա­րո­ղա­կան մա­կար­դակն ու գե­ղա­րուես­տա­կան բարձ­րո­րակ ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թիւ­նը գրա­ւա­կանն են ա­նոր ա­րուես­տա­գէ­տի մե­ծու­թեան ու կո­չու­մին, իսկ ա­նոր զար­դա­նաշ­խա­յին ճշգրիտ գծագ­րու­թիւն­նե­րը ու­նին նաեւ ազ­գագ­րա­կան ու հնա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դեր եւ նշա­նա­կու­թիւն:

Ար­շակ Ֆեթ­վա­ճեան միա­կը չէ, որ ան­տե­ս-ւած կը մնայ, կան շա­տեր, ո­րոնց պի­տի անդ­րա­դառ­նանք պար­բե­րա­բար:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017