ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՅՈՐԴՈՐԸ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻՆ. «ՄԵՆՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՉԵՆՔ ՈՒԶԵՐ»
Վերջին օրերուն ընթացքին, ինչ որ տեղի կ՚ունենար Սուրիոյ երկնակամարին վրայ, նորութիւն մը չէր: Խօսքը կը վերաբերի իսրայէլեան օդուժին կողմէ կատարուած քանի մը գրոհներուն, որոնք թիրախ ընտրած էին Սուրիոյ բանակի տարբեր դիրքեր:
Խորքին մէջ իսրայէլեան օդուժին հարուածներուն թիրախը ո՛չ թէ սուրիական բանակին դիրքերն էին, այլ՝ դէպի Լիբանան ուղղուած զէնք փոխադրող բեռնատար կառքերը, որոնց նպատակն էր «Հիզպուլլահ»ին զէնք մատակարարել:
Թել Աւիւի զինուորական մակարդակի ղեկավարութեան համար «Հիզպուլլահ»ի դէմ պատերազմի նախասկիզբ քայլը՝ այդ կուսակցութեան ռազմական ունակութիւնները սահմանափակելն է: Ու այս ռազմավարութիւնը սկիզբ առած էր յատկապէս 2006 թուականին, Իսրայէլի Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած թէժ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք:
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ պարզ կը դառնար, թէ հակառակ իսրայէլեան բանակի օդուժին ունեցած յստակ առաւելութան, անհնար էր «Հիզպուլլահ»ը ծունկի բերել:
Այսօր այդ պատերազմէն անցած է տասնմէկ տարի: Այս միջոցին Իսրայէլ մղած է չորս պատերազմներ (որոնց ամենէն թէժը՝ 2014 թուականին), նպատակ ունենալով չէզոքացնել Կազզէի մէջ տիրապետութիւն հաստատած «Համաս» շարժումի զինուորական բոլոր թեւերուն կարողութիւնները: Սակայն Թել Աւիւի բոլոր ճիգերը մնացած են անօգուտ: Թել Աւիւի արտաքին գլխաւոր թշնամին «Համաս»ը չէ, այլ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը: Այս խնդրին շուրջ ալ իսրայէլացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ բացայայտ կերպով յայտարարած են, որ «Հիզպուլլահ»ը սովորական հակառակորդ մը չէ, այլ ան կարողութիւնը ունի անդամալուծելու Իսրայէլի հիւսիսային ամբողջ սահմանագիծը:
Ու նկատի առնելով այս ընդհանուր դրութիւնը, Թել Աւիւ սկսած էր համոզուիլ, որ «Հիզպուլլահ»ի զինուորական կարողութեան «չէզոքացման» առաջին փուլը սկիզբ պէտք է առնէ Սուրիայէն, հարուածելով այն շարասիւները, որոնք իրանեան արդիական զէնքեր կը փոխադրեն դէպի Պէյրութ:
2012 թուականին, երբ Սուրիոյ տագնապը սկսաւ արիւնալի պատերազմի կերպարանք ստանալ, իսրայէլացի պատասխանատուներ ուզեցին հաւատալ, որ շրջանին մէջ տիրող տագնապալի իրադրութեան հետեւանքով, իրենք պիտի կարողանան «աւելի արագ» եւ «աւելի շեշտակի» հարուածներ տալ «իրանեան շարասիւններուն»: Եւ այդպէս ալ ըրին: Փաստ է, որ Սուրիոյ պատերազմին թէժանալուն զուգահեռ, Թել Աւիւի կործանիչներ տասնեակ գրոհներ կատարեցին Սուրիոյ մէջ, այդպէսով համոզուելով, որ պիտի կարողանան գէթ «սառեցնել» «Հիզպուլլահ»ի զինուորական կարողութիւններուն «համալրում»ը:
Այս առումով ալ դժուար է յստակ կերպով պատասխանել այն հարցին, թէ արդեօք Իսրայէլ կարողացա՞ւ հասնիլ իր նպատակին եւ ձեւով մը «անդամալուծել» շիի կուսակցութեան զինուորական շարժումները:
Այդ հարցումին պատասխանը կրնայ երեւիլ միայն լայնածաւալ գործողութիւններու պարագային, տրուած ըլլալով, որ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա իր պատկերասփռուած տարբեր ելոյթներուն ընթացքին չի մոռնար իր առաջնորդած կուսակցութեան ունեցած զինուորական արդիական մեթոտներուն մասին նշումներ ընել:
Վերադառնալով անցեալ շաբաթներուն Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ապահովական դէպքերուն, ըսենք, որ գրոհները տեղի կ՚ունենային 3 եւ 21 Մարտին:
Այսպէս, 3 Մարտին իսրայէլեան օդուժի կործանիչները կը հարուածէին Սուրիոյ բանակի շարք մը դիրքեր: Այս մասին կը տեղեկացնէր «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը՝ հաղորդելով նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը հակազդած է իսրայէլեան կործանիչներուն եւ հրթիռներ արձակած՝ անոնց ուղղութեամբ: Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ Իսրայէլի բանակի կործանիչները թիրախաւորած էին դէպի Լիբանան հրթիռներ փոխադրող շարասիւն մը: Այս տեղեկութեան վերաբերեալ արաբական որեւէ աղբիւր չէր հակազդած: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, սուրիական հրթիռներէն մէկը կ՚իյնար Յորդանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածին վրայ, ինչ որ պատճառ կը դառնար իսրայէլեան քաղաքներու մէջ ահազանգային սուլիչներու արձակման:
Իսկ 21 Մարտին սուրիական բանակը վար կ՚առնէր իսրայէլեան անօդաչու սարք մը: Դէպքը կը պատահէր «Ալ Քընայթրա» սահմանային հատուածին վերեւ: Աւելի ուշ կը յստականար, թէ անօդաչու սարքը Sky Lark տիպի է եւ ան կը կշռէ 7 քիլօկրամ:
17 Մարտին ալ լրատուական տարբեր գործակալութիւններ կը փոխանցէին, որ իսրայէլեան կործանիչ մը վար առնուած է սուրիական հողերուն վրայ, սակայն այդ լուրը աւելի ուշ կը հերքուէր:
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու (17 Մարտին) խօսելով Սուրիոյ մէջ կատարուած գրոհներուն մասին՝ կը յայտարարէր. «Մեր քաղաքականութիւնը հետեւողական է. «Հիզպուլլահ»ի ժամանակակից զէնքի փոխանցման փորձերը յայտնաբերելու պարագային, եւ եթէ ունինք հետախուզական տուեալներ, եթէ ունինք հնարաւորութիւն, մենք աշխատանք կը կատարենք իրադարձութիւններու նման զարգացումը կանխելու համար»:
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն զուգահեռ, ամենէն ուշագրաւ «շարժում» կը համարուէր Մոսկուայի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կարի Քորինի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուիլը: Այդ մասին պաշտօնական Մոսկուան աւելի ուշ բացատրութիւն մը տալով կը յայտարարէր, թէ իրենք «շատ մտահոգ» են Սուրիոյ մէջ արձանագրուած դէպքերով ու մասնաւորապէս Իսրայէլի կողմէ կատարուած գրոհներով:
Ի տարբերութիւն մօտիկ անցեալի իրադրութեան, Մոսկուա առաջին անգամն էր, որ նման «վրան բաց» յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գար:
Մոսկուա ցոյց կու տար, թէ յետայսու կը դադրի «չէզոք» դեր ունեցողի իր նախկին վիճակէն եւ կը յայտարարէ, որ իրեն համար նոյնքան կարեւոր ու կենսական են սուրիական բանակի դիրքերը:
Եղած «դիւանագիտական աքթ»ը առիթ կը հանդիսանար տարբեր տեսակի մեկնաբանութիւններու: Յատկապէս իսրայէլեան կողմին համար Մոսկուա «պապէն աւելի պապական» կեցուածք ընդունելով «դեղին քարտ» ցոյց կու տար Թել Աւիւի կառավարութեան ու կը բացատրէր, որ «խաղին կանոնները փոխուած են»: Իսրայէլեան մամուլի կարեւոր ներկայացուցիչներէն «Մաարիվ»ը այս նիւթին անդրադառնալով կը գրէր. «Եթէ Իսրայէլ փորձէ անգամ մը եւս հարուածել սուրիական բանակի դիրքերը, կամ դէպի Լիբանան ուղղուող եւ զինամթերք փոխադրող շարասիւնները, ապա շատ հաւանական է, որ մեր բանակի կործանիչները դառնան ռուսաստանեան օդային անվտանգութեան համակարգի իսկական թիրախը»: «Մաարիվ» առանձին չէր այս մօտեցումին մէջ: Իսրայէլեան բանակի «վերլուծողական մտքի» կարեւոր ներկայացուցիչներ նոյնպէս համոզուած էին, որ ռուսաստանեան ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը շատ բան փոխած է ընդհանուր պատկերէն:
Ռուսաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ընդհանուր շրջագիծին մէջ ուշագրաւ է, որ Մոսկուա այցելած Իսրայէլի վարչապետը (9 Մարտ) մէկ տարուան ընթացքին Ռուսաստան կ՚այցելէր չորրորդ անգամ ըլլալով: Ռուսաստանեան կողմին համար ալ զարմանք կը պատճառէր Նեթանիյահուի Մոսկուայի մէջ կատարած «բարեխիղճ» յայտարարութիւնները, որոնք ոչ մէկ աղերս կ՚ունենային իրականութեան հետ: Ու այս բոլորը պատճառ կը դառնային, որ Մոսկուա աւելի «ծանր լեզու» մը գործածէ Թել Աւիւի հետ:
Ու այս բոլորին լոյսին տակ շատ հաւանական է, որ Իսրայէլ վերատեսութեան ենթարկէ Սուրիոյ մէջ զինուորական բացայայտ հարուածներ կատարելու իր ռազմավարութիւնը:
Վարչապետ Նեթանիյահու անհանգիստ է այսօր ստեղծուած իրավիճակէն ու չէ բացառուած, որ ան ամէն գնով մտածէ նոր ելքերու մասին, որոնց հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլայ «անդամալուծել» լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան