ՓԱՌՔ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔՈ ՏԷՐ

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց.
Մահուամբ զՄահ Կոխեաց, եւ Յարութեամբն Իւրով
Մեզ զԿեանս Պարգգեւեաց.
Նմա Փառք Յաւիտեանս. ամէն։

Յարգելի ու հաւատացեալ ընթերցող, անգամ մը եւս եկեղեցին բարձրաձայն կ՚աղաղակէ ու կ՚աւետէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։

Քրիստոս մեռելներէն ճշմարտապէս Յարութիւն առաւ եւ իր մահուամբ մահը կոխեց եւ յարութեամբը մեզ կեանք պարգեւեց. Փառք Քրիստոսի Յարութեան յաւիտեանս. ամէն։

Ծաղկազարդի առիթով յիշած էինք Տէր Յիսուսի Ս. Քաղաք Երուսաղէմ մուտքի պահուն աշակերտներուն ուղղած խօսքերը, զորս աշակերտները իրականացուցած էին, բայց չէին հասկցած անոնց իմաստը, իսկ զանոնք պիտի հասկնային Յիսուսի Յարութենէ վերջ։ Այսպիսով Քրիստոսի մասին ըսուած բոլոր մարգարէութիւնները մի առ մի իրականացած էին եւ հիմա կ՚իրականանար Տէր Յիսուսի իր մասին ունեցած մարգարէութիւնն ու խօսքը, զոր աշակերտներուն նոյնպէս առաջուց ըսած էր։

Ապա սկսաւ սորվեցնել անոնց, թէ «Պէտք է որ Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ ու երէցներէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի եւ երեք օր յետոյ յարութիւն առնէ» (Մարկ 8-31)։

Երբ կիներ շաբթուան առաջին օրը Յիսուսի մարմինը օծելու համար գերեզման կ՚երթային, իրենց միտքը կը զբաղեցնէր միայն գերեզմանի դրան իբրեւ կափարիչ գլորուած քարը, քանի շատ ծանր էր եւ պիտի չկարենային ետ քշել ու ներս մտնել։ Իրենց համար ֆիզիքական դժուարութիւն մն էր այդ մէկը եւ կը մտահոգուէին։ Երբ տեսան թէ, քարը տեղը չէ ու բաուած է գերեզմանի դուռը, ներս մտան եւ իրենց երեւցած երկու լուսաւոր հրեշտակներու կողմէ ստացան Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը։

Պատահածներէ շուարած ու տարակուսանքի մատնուած կիներ իրենց տեսած ու լսածները պատմեցին աշակերտներուն, անոնք եւս պարապ գերեզմանը տեսնելով հանդերձ իմաստ չտուին եղածներուն ու չհաւատացին։

«Այս կիներն էին Մարիամ Մագդաղինացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ, որոնք այս բաները առաքեալներուն պատմեցին։ Բայց անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար անոնց։ Բայց Պետրոս ելաւ վազեց դէպի գերեզմանը ու ծռելով նայեցաւ եւ տեսաւ որ միայն կտաւները կը կենային ու գնաց՝ իր մտքին մէջ զարմանալով այն եղածին վրայ» (Ղուկ.24-12)։

Այս շփոթութիւնը շարունակեց մինչեւ այն ատեն, երբ Յիսուս քառասուն օրեր շարունակ իրենց երեւցաւ ու բացաւ անոնց միտքերը, Իր վէրքերը իրենց ցոյց տալով բազումներու ներկայացաւ իբրեւ Յարուցեալ Քրիստոս։

Այսպէսով յաջորդող օրերուն ու դարերուն ամէն մէկ հաւատացեալ արեան գինով եղաւ Քրիստոսի հետեւորդ ու Յարութեան վկայ ու քարոզիչ։

Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկութեան պատմութեան գնացքը փոխեց, հեթանոս աշխարհի բարքերը դատապարտուեցան։

«Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան» (Յովհ.10։10)։

Քրիստոսի Յարութեամբ է, որ ամէն ինչ իմաստ ստացաւ. կեանքը, բարոյական արժէքները, յաւիտենականութիւնը եւ ամենակարեւորը մարդ արարածի Աստուծոյ աչքին ունեցած մեծ արժէքը յայտնուեցաւ։

«Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք» (Ա.Յովհ.4-9)։

Միւս կողմէ, աշխարհ շարունակ կ՚ուզէ մեզ թմրեցնել ու կը մատնէ անփութութեան։ Այսպէսով կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Աշխարհ միայն իր արժէքները կը սորվեցնէ ու անոնցմով կը հրապուրէ մարդկութիւնը։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։ Մի՛ խաբուիք» (Ա.Կորթ. 15-32)։

Յարգելի ընթերցող, ուրեմն ինչո՞ւ մարդիկ շարունակ շփոթութեան եւ տարակուսանքի կը մատնուին, ինչո՞ւ շարունակ մարդիկ փոխանակ Աստուծոյ հետեւելու աշխարհի արժէքներուն կը հետեւին, ինչո՞ւ աշակերտներ եւս շփոթութեան մատնուած էին, աշխարհ այս մագնիսական ուժը ուրկէ՞ կ՚առնէ։

Աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ օրէնքներ, որոնցմէ է ձգողական ուժը, որ ամէն ինչ իրեն կը քաշէ ու կը հնազանդեցնէ։ Իսկ ինչպէ՞ս նիւթը ազատի ձգողական ուժէ, կը թռչի օդին մէջ, նոյնպէս ամէն բանի պատճառը մահուընէ ի կեանս անցնելու պարագային է, որ մարդ կ՚ազատի աշխարհի ուժերէ։

Անմահ մէկը ինչո՞վ կարելի է սպառնալ։

Երբ Ադամի ու կնոջ անհնազանդութիւնը անէծքի, ապա Աստուածային պատժական տնօրինումներու եւ վերջապէս դրախտէն վտարման ու մահուան պատճառ դարձաւ, նախամարդը ոչ մէկ բան ունէր ընելիք. կորսնցուցած էր ամէն ինչ եւ բոլորովին մերկացած՝ աշխարհի խաբուսիկ ուժերուն ենթակայ եղած էր սատանայի թելադրանքով եւ իր իսկ կամքով։

«Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։Կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս» եւ Ադամին ըսաւ. «Երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծննդ. 3։14-20)։

Այլեւս Ադամ եւ իր կինը եւ ապագայ բոլոր սերունդները բոլորովին հոգեւոր տեսութենէ հեռու ու աշխարհի եւ անոր ֆիզիքական կանոններուն՝ ցաւի, նեղութեան, յոգնութեան ենթակայ կեանքի մը մատնուած էին։

Մարդ արարած վարժուուեցաւ այս կեանքին ու աշխարհի պայմաններուն, փորձեց շարունակ փախչիլ աշխարհիկ վտանգներէ, հետեւեցաւ աշխարհիկ գեղեցկութիւններու եւ ջանաց կարելի չափով ապրիլ լաւ կեանք մը։ Հոգեւոր ոչ մէկ բան դիւրին ըմբռնելի էր մարդուն համար, միայն կը կարօտէր ֆիզիքական փրկութեան ու ան ալ շատ ատեն կարելի չէր ըլլար։ Աշխարհ մարդուն համար էր, բայց ոչ առանց Աստուծոյ։ Եւ այսպէսով մարդ արարածը հեռացաւ Աստուծմէ։

Դիւրին չեղաւ մարդուն զԱստուած դառնալը, որ դարեր շարունակ դարձեալ Աստուծոյ միջամտութեամբ եղաւ։

Բայց Աստուած իր պատժական տնօրինումներուն մէջ խոստացած էր շատ կարեւոր աւետիս մը, որ մարդ աչքէ կը փախցնէր շատ ատեն։

«Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (3։15)։

Երբ Աստուծոյ խոստումը ի լրումն ժամանակի իրականացաւ եւ կինը՝ Մարիամ Աստուածածին եյղացաւ եւ Յիսուս ծնաւ, մարդկութիւնը սկսաւ տեսնել Աստուծոյ ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ հոգեւոր փըր-կութիւնը, որ էր սատանային գլխուն ջախջախումը։

Մէկը որ այս ճշմարտութիւնը չի տեսներ, հաւատքի մէջ կը տկարանայ եւ ֆիզիքական օրէնքները իր միտքը կը պղտորէ ու կը խեղդէ, ինչպէս այսօր շատեր միայն կը պաշտպանեն ֆիզիքական օրէնքները ու ամէն ինչ աշխարհիկ օրէնքներով կը վերլուծեն, այսպիսիներու նկատմամբ հոգեւորը անհասկնալի կ՚ըլլայ այլեւս։ Քաջ գիտնանք, որ ոչ թէ մարմինը այլ հոգին է կեանք տուողը։

«Հոգին է կեանք տուողը, մարմինը ոչ մէկ օգուտ ունի։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են» (Յով. 6։ 64)։

Այս պատճառով է, որ երբ Պետրոս առաքեալ ծովու վրայ Յիսուսի հրահանգով կը քալէր՝ փոթորիկը տեսնելով վախցաւ եւ ընկղմեցաւ։ Այս էր պատճառը, որ աշակերտներ շարունակ կը զարմանային հրաշքներուն դէմ եւ իմաստ չէին կրնար տալ եղելութիւններուն։ Նոյնպէս այս պատճառով էր, որ Ղազարոսի յարութեան վկաները եղող աշակերտներ ու կիներ՝ Յիսուսի Յարութեան դիմաց շուարած էին։

Աստուած մեզ աշխարհէն ընտրեց յաւիտենականութեան ու հոգեւորին համար եւ մենք որքան ատեն այս իրողութիւնը մերժենք կամ ուրանանք, մեր հոգեւոր աչքերը պիտի չբացուին ու հոգեւոր առումով կոյր մնալու պիտի շարունակենք։ Իսկ եթէ բացուին Յիսուսի բժշկած այդ կոյր մարդուն նման, որ կ՚ըսէր զինք հարցուփորձող փարիսեցիներուն, որոնք Յիսուսը կը տեսնէին իբրեւ մեղաւոր. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. Միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ» (Յով. 9։25)։

Այսպէս մենք ալ Ս. Ստեփանոսի, Պօղոս առաքեալի, իւղաբեր կիներու նման պիտի տեսնենք Յարուցեալ Քրիստոսը եւ պիտի ըսենք՝ մենք մեռածներ ենք, եւ Քրիստոսով Յարութիւն պիտի առնենք։

Ճշմարիտ հաստատ համոզում մը միայն մեզ Քրիստոսի կը միացնէ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ.

«Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ՚ըլլանք. որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայութիւն տուինք, թէ ինք մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը։ Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն զանիկա չէ յարուցած։ Քանզի եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են։ Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։ Բայց ճշմարիտ է թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը» (Ա.Կորնթ. 15-15)։

Քրիստոս մարդկանց համար ֆիզիքական ամենէն անկարելին կարելի դարձուց ու մեռելներէն Յարութիւն առաւ։

«Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»։ «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։ Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ուժը՝ օրէնքը» (Ա.Կորնթ. 15-56)։

Սիրելիներ, մահուան անէծքէն ազատուող մէկը ո՞վ եւ ի՞նչ բան Քրիստոսէ կրնայ հեռացնել։

«Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. (Ինչպէս գրուած է. “Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք”)։ Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ՚ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է» (Հռովմ.8-35)։

Քրիստոս Յարեաւ Ի մեռելոց։

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021