ՀԱՒԱՏԱ՞ՆՔ... ԹԷ Ո՛Չ… ԶԱՐՄԱՆԱՆՔ...
Վերջերս, դիմատետրի էջիս վրայ, ինծի համար բաւական հետաքրքրական, հետեւեալ ծանօթութիւնները գտայ:
1.- Համաշխարհային Ա. պատերազմ
Սկսած է.- Թուական՝ 7-28-1914
Իսկ եթէ այս երեք թիւերը գումարենք, պիտի ստանանք.-
7+28+19+14=68
2.- Համաշխարհային Բ. պատերազմ
Սկսած է.- Թուական՝ 9-1-1939
Իսկ եթէ այս երեք թիւերը գումարենք, դարձեալ պիտի ստանանք նոյն արդիւնքը.-
9+1+19+39=68
3.- Ռուս-Ուքրանական պատերազմ
Սկսած է.- Թուական՝ 2-24-2022
Իսկ եթէ այս երեք թիւերն ալ, միւսներուն նման գումարենք, կրկին անգամ պիտի ստանանք նոյն արդիւնքը: Այսպէս.-
2+24+20+22=68
Արդ, երեք նշումները, որոնք նոյն արդիւնքը արձանագրած են, զիս եւ հաւանաբար ալ շատերուն զարմացուցած են:
Յստակ է: Տեսանելի: Երեք թուականներուն գումարը՝ նոյնն է: Նոյն թիւը՝ 68:
Միտքս պարզեմ:
Անկեղծօրէն ըսելով, քանի մը տարի առաջ, մեկնելով իրենց կեանքի կարգ մը դէպքերէն եւ անշուշտ շատ մը նմանութիւններէն, անջատաբար երկու յօդուածներ պատրաստած էի, մէկը՝ Նափոլէոնի եւ Հիթլէրի յատուկ, իսկ միւսը՝ նախագահներ՝ Ճան Քենետիի եւ Ապրահամ Լինքընի:
Այս յօդուածներուն մէջ պատմական տուեալներու վրայ հիմնուած կէտերը, ուղղակի անօրինակ մտմտուքի մը մէջ զիս նետած էին:
Ու օրին ես ինծի հարց տուած էի.- արդեօք ա՛յս ճիշդ ու պատմական տեղեկութիւն-տուեալները զուգադիպութի՞ւն, թէ ո՛չ պատահականութիւն պէտք էր որ նկատէի: Չէի գիտեր: Սակայն միւս կողմէ ալ պատմական ճշմարտութիւն կամ իրականութիւն ըլլալէ չէին դադրեր:
Ինծի եւ շատ հաւանաբար բոլոր ընթերցողներուն համար ալ անլուծելի ու նոյնքան ալ զարմանալի էին այդ օրերուն «հրամցուցած» տողերս կամ տեղեկութիւնները:
Յօդուածներու լոյս ընծայումէն ետք, ընթերցողներէն շատեր հեռաձայներով եւ նոյնիսկ «մեսինճըրիս» միջոցով զիս բաւականին «նեղը» դրած էին իրենց զարմանքով եւ մտահոգ հարցումներու տարափով:
Ու բոլորէն ալ նոյն պատասխանները ստացած էի.-
«Ինծի համար այս ներկայացուցած տեղեկութիւններդ, իրենց պատմական երկար-բարակ տուեալներով, պարզ զուգադիպութեան մը արդիւնքն էին: Աւելին՝ «անմեղ» պատահականութիւն»:
Այս էր իմ յստակ պատասխանը բոլորին: Շատ հանդարտ ու անկեղծ բոլորին ալ ըսած էի, թէ «այդ տեղեկութիւնները քաղուած էին պատմական էջերէ եւ տուեալներէ, եւ ո՛չ մէկ շինծու ծանօթութիւն կամ տեղեկութիւն կը պարունակէին...ուստի դուք որոշեցէ՛ք...հաւատալ կամ ոչ...»:
Իսկ հիմա, ահա ուրիշ «ճշմարտութիւն» մը եւս:
Ճիշդ կամ սխալ երբեք չեմ փորձեր ընթերցողը համոզել: Վերեւը հրամցուածը թիւերու ներկայացումն է, որ բոլորիս մօտ ալ զարմանքի եւ ապշանքի դռները կրնայ թակած ըլլալ: Թերեւս շատերուն մօտ, տեսակ մը մտավախութեան նման զգացում:
Սակայն, մեկնելով մեր բոլորին քաջածանօթ այդ երեք պատերազմներու թուականներու գումարումներուն պատասխանի նոյնութիւններէն, հրամցուածը հետաքրքրական գտնելով հանդերձ, մեզ կը զարմացնէ ու հաւանաբար՝ նաեւ կը մտահոգէ ու ինքնածին կրնանք բացագանչել ըսելով.- «այս ի՜նչ զուգադիպութիւն...ջաանըը՜սս...»:
Յաճախ, ես ալ ինքզինքիս նոյն հարցումը կու տամ.- «արդեօք իրապէ՞ս զուգադիպութիւններ էին կամ եւ...»:
Դարձեալ չեմ գիտեր: Բախտագուշակ մը չեմ եւ ոչ ալ յաւակնութիւնը ունիմ ըլլալու կամ կոչուելու: Ներկայացուցած տողերս պարզ իրականութիւններ ըլլալէ չեն դադրիր: Նոյնպէս պատմաբան մըն ալ չեմ եւ ոչ ալ աւելորդապաշտ: Պարզապէս հեռու եմ նման «բաներէ»: Եթէ կ՚ուզէք տակաւին նման թիւերու վերլուծումներ կատարող մասնագէտ մըն ալ չեմ: Չեմ հասկնար եւ ոչ ալ կրնամ լուսաբանել: Բայց կը սիրեմ հետաքրքրուիլ եւ նոյնքան ալ ընթերցողի սեղանին բերել նման «նորութիւններ»: Հաւանաբար «բան» մը թաքնուած է այս երեք թիւերուն ետին: Բայց որո՞ւ հոգը.- ճշմարտութիւն եղած է կամ պատահականութեան մը արդիւնք...հոգս չէ: Բայց միւս կողմէ՝ արդեօք պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ՞ կամ այս պարագային ալ կրկնա՞ծ է: Նման վերլուծումներ կատարող մը չեմ եւ ոչ ալ անոնց մասնագէտը: Բայց կը սիրեմ հետաքրքրուիլ:
Որովհետեւ նորութիւն մը չէ, որ կ՚ըսեմ, անհրապոյր օրեր կ՚ապրինք, երկար տարիներէ ի վեր: Աշխարհը հիւանդագին կ՚ընթանայ: Տխրութիւն կայ ամէն անկիւն: Կը տեսնենք: Ժամանակը արագացած է, եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է: Վտանգաւոր եւ ապշեցուցիչ: Էական է, որ օրինակ առնենք պատմութենէն: Դասեր վերցնենք: Դասեր քաղենք: Սորվինք ու գործենք յանուն ազգային մեր գերագոյն նպատակներուն: Ասոնք են էականները հրամցուած թիւերէն եւ տեղեկութիւններէն աւելի:
Կրկնութեան գնով, ըսեմ, որ իմ «ներկայացուցածս» պարզապէս հետաքրքրական լուր մըն է, անոր իրական կամ զուգադիպութիւն ըլլալը դո՛ւք ճշդեցէ՛ք:
Ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս: Այսչափ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ