ԱՆՆՊԱՏԱԿ ՅԱՄԱՌՈՒԹԻՒՆ
Կազզէի պատերազմը կը շարունակուի, կը ձեւափոխուի եւ կ՚՚արձանագրէ նոր ու առանցքային զարգացումներ։ Խնդիրը միայն Կազզէի խորքային հատուածներուն՝ Խան Եունէսի, Տէյր ալ Պալահի, Մուխայամ ալ Շաթէիի ծայրամասերու կատաղի մարտերը չեն այլեւս, այլ Իսրայէլի համար փուլը՝ Եգիպտոսի հետ սահմանային հատուածին՝ Ռեֆահի դէմ գրոհ մը կազմակերպելն է, որ անշուշտ բեռնուած է բաւականին բարդ եւ նոյնիսկ անկանխատեսելի իրադարձութիւններով։ Այնտեղ հարցը միայն «Համաս»ը հարուածելը չէ, այլ մէկուկէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներուն հարցն է։
Արաբական աշխարհի խաղացողները՝ յատկապէս Եգիպտոսն եւ Յորդանանը, որոնք կտրականապէս դէմ են պաղեստինցիներու բռնի ուժով Ռեֆահէն հեռացուելուն եւ տեղափոխուելուն Եգիպտոսի որեւէ շրջան, ըստ երեւոյթին, այդ առումով ալ մեծ պայքար մը կամ ճակատում մը տանելու ներուժը չունին։ Գլխաւոր թիրախը, անշուշտ, Եգիպտոսն է, որ այս օրերուն յատնուած է բաւական դժուար տնտեսական վիճակի մէջ ու չի բացառուիր, որ այդ առումով ստանայ որոշ եւ ոչ-յայտարարուած օժանդակութիւն՝ երկրի տնտեսութիւնը ամբողջական փլուզումէ զերծ պահելու նպատակով։ Ու հոս է նաեւ «շան գլուխ»ը՝ այն իմաստով, որ այդ օժանդակութիւններուն դիմաց Գահիրէ լուռ պիտի մնայ Ռեֆահի դէմ որեւէ գործողութենէ կամ շարժումէ։
Ինչ կը վերաբերի Յորդանանին, ապա վերջին օրերուն օդային ճանապարհով դէպի Կազզէի հատուածներ մեծ աշխուժութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքներուն կը մասնակցի։ Աւելի քան յստակ է, որ Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը շատ հանգիստ եւ ինքնավստահ հայեացքով կը նայի իրադարձութիւններուն եւ արդէն կասկած չունի, որ որեւէ պարագայի պաղեստինցի փախստականներ պիտի փորձեն ապաստանիլ իր երկիրը։
Միւս կողմէ եւ այս բոլորի լոյսին տակ կը շարունակէ խնդրայարոյց մնալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր կեցուածքը՝ Կազզէի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ ԱՄՆ դժգոհ է առկայ իրավիճակէն եւ կը խօսի Իսրայէլի բանակի ուշացման, հետեւաբար նաեւ «Համաս»ը արմատախիլ ընելու ծրագրի մեծ հաշուով տապալման մասին եւ կը շարունակէ ճնշումներու լեզուով խօսիլ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ, սակայն անոնք այդքան ալ ազդեցիկ չեն ըլլար։
«Մէկ կողմէ մեխին եւ միւս կողմէ՝ պայտին» ձեւաչափով հարցերուն կը մօտենայ ԱՄՆ, որուն նախագահն ու անոր վարչախումբը նպատակ չունի ամբողջովին նեղացնել ամերիկացի ընտրողներուն մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունեցող արաբ քուէարկողները։ Իր կարգին, ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ բաց աչքերով կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ կ՚ուզէ օգտուիլ ժամանակի սլաքներէն, նաեւ իր յաղթանակի հիմնական առանցքը դարձնել Մերձաւոր Արեւելքի պարագային ամերիկեան տապալուած քաղաքականութիւնը։
Այս ընդհանուր եզրագծին վրայ, անշուշտ, ուշագրաւ է, որ հակառակ ամէն տեսակ լարումներու՝ ամերիկացիք վճռած են շարունակել իրենց զօրակցութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան։ Ի հեճուկս ամէն տեսակի սխալներու, սպանդի, բացթողումներու եւ պատերազմի աննպատակութեան եւ անիմաստութեան, ԱՄՆ կը շարունակէ զօրակցիլ Իսրայէլի բոլոր առումներով նեղ կացութեան մատնուած վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։
Ի դէպ, օրերս «Պլումպերկ» կայքէջին մէջ հրապարակուեցաւ Իսրայէլ-ԱՄՆ առկայ տարակարծութեանց մասին ուշագրաւ յօդուած մը, որու մէջ նշուած է, թէ Կազզէի պատերազմի ընթացքը, ծանր դէպքերը եւ ի մասնաւորի՝ Իսրայէլի ընդհանուր վարքը պատճառ դարձած են, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ անհամաձայնութիւնները հետզհետէ աւելնան ու խորանան։
Իսրայէլի կառավարութեան երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն՝ ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պին Կվիր եւ ելմտական նախարար Պեզալել Սմոթրիչ հրապարակայնօրէն «գրոհած են» ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի դէմ՝ մասնաւորապէս Իսրայէլի հանդէպ անվերապահ աջակցութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։ Պին Կվիր «The Wall Street Journal» թերթին տուած հարցազրոյցին ժամանակ մտավախութիւն յայտնած էր, որ Պայտընի վարչակազմը «վնաս կը հասցնէ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն»՝ ընդգծելով, որ նախկին նախագահ Թրամփ աւելի ազատօրէն ձեռք կ՚երկարէր եւ նեցուկ ցոյց կու տար «Համաս»ը վերացնելու նպատակին:
Ինչ կը վերաբերի Սմոթրիչին, ապա ան քննադատած է Պայտընը Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի փոքր թիւով վերաբնակիչներու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու համար եւ սա որակած էր՝ «հակահրէական»։
Մինչ Նեթանիյահուն Պայտընին շնորհակալութիւն յայտնած էր՝ 7 հոկտեմբերին Իսրայէլին աջակցելու համար, ան հրաժարած է քննադատելէ իր «կոշտ գիծի» նախարարները, որոնց կուսակցութիւնները իշխող դաշինքի մաս կը կազմեն եւ առանցքային դեր ունին բոլոր առումներով։
Այնուհետեւ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ մօտաւոր անցեալին հանդիպած էր Իսրայէլի վարչապետին եւ այլ պաշտօնեաներու հետ, բաց կերպով քննադատած է Թել Աւիւը՝ նշելով, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ գիծին վրայ կան խորքային տարակարծութիւններ, որոնք մարտավարական առումով ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Պլինքըն ըսած է, որ «Համաս»ի արձագանգը վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար դաշտ կը բանայ՝ հակառակ, որ տակաւին շատ բան կայ բանակցելու՝ ներառեալ հրադադարը, ազատ արձակուելիք բանտարկեալներու թիւը, որոնք պիտի հեռացուին Կազզէէն եւ պաղեստինցի բանտարկեալներ, որոնք դուրս պիտի գան Իսրայէլի բանտերէն։
Միւս կողմէ, Նեթանիյահու ըսած է, որ պատրանք կ՚ըլլայ ընդունիլ «Համաս»ի պայմանները եւ խոստացած է շարունակել պայքարը մինչեւ վերջ…
Իսրայէլի ներկայ կառավարութեան դիրքորոշումը հեռու է ԱՄՆ-ի կամ արաբական երկիրներու ուզածին հետ համահունչ ըլլալէ, ինչ որ է՝ պատերազմի արագ աւարտը եւ պաղեստինեան անկախ պետութեան մը ստեղծման ուղղեալ վճռական քայլերու ձեռնարկումը:
Մէկ կողմէ Իսրայէլի, իսկ միւս կողմէ ԱՄՆ-ի եւ արաբական երկիրներու միջեւ անջրպետը հետզհետէ կը խորանայ։ Յատկանշական է, որ Կազզէի հատուածին մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ի յայտ չեն գար ԱՄՆ-Իսրայէլ տարաձայնութիւնները, սակայն ատոնք պատճառ չեն եղած ամերիկեան աջակցութեան կրճատման։
Ինչ կը վերաբերի Պայտընի կողմէ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի վերաբնակիչներու դէմ պատժամիջոցներուն, ապա ամերիկեան վարչակազմը քննարկած է Պին Կվիրի եւ Սմոթրիչի դէմ եւս պատժամիջոցներ կիրառելու հարցը, սակայն, ի վերջոյ, որոշած է անոնց անունները հեռացնել պատիժներու ցուցակէն եւ այդ մասին յայտնած են Իսրայէլի կարգ մը աղբիւրները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան