ԱՄԷՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԴՐԱԿԱՆ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Երեք շաբաթ Հայաստանը լարումի մէջ պահած քաղաքական-քաղաքացիական շարժումը ուշադրութեան կեդրոն կը դառնար նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն: Դէպքերու զարգացումին հետ, երբ Երեւանի մէջ սկիզբ կ՚առնէր «մագլցում»ի ընդհանուր պահը եւ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ կը հաւաքուէին Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, շատ բնական էր, որ տասնեակ լրատուական ծառայութիւններ իրենց թղթակիցները «շտապ» կերպով Երեւան կ՚ուղարկէին, մօտէն հետեւելու եւ լուսաբանելու համար համաշխարհային լրահոսէն «դուրս մնացած» եւ համեմատաբար ուշադրութեան բոլոր առանցքներէն հեռու գտնուող երկրի զարգացումներուն:

Պէտք է արձանագրել նաեւ, որ երբ գետնի վրայ դէպքերը սկսան սուր բը-նոյթ ստանալ, իշխանութիւնները ոչ մէկ կերպով արձագանգեցին օտար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կատարած լրատուութեան ու մանաւանդ մեկնաբանութեան: Երեւոյթը բնական ընդունելով եւ փորձելով գետնի վրայ ընդհանուր իրավիճակը եւ կայունութիւնը պահպանել, իշխանութիւնները մինչեւ Սերժ Սարգսեանի հրաժարական տալը կը հաւատային, որ վիճակը ամբողջապէս պիտի վերահսկեն՝ իրենց յոյսը դնելով քաղաքացիներու «յոգնութեան» կամ այդ շարժումին ուժերու ջլատման վրայ:

Ամէն պարագայի վերադառնալով Հայաստանի մէջ իր յաջողութեան ճանապարհը բռնած «Թաւշեայ յեղափոխութեան»՝ պէտք է արձանագրել, որ դէպքերուն մասին գրող, արձագանգող եւ վերլուծութիւններ կատարող մէկէ աւելի ակնառու մամուլի ներկայացուցիչներ գրեցին այն փաստը, որ հակառակ հազարաւոր քաղաքացիներու փողոց դուրս գալուն, չեղան արիւնահոսութեան դէպքեր: Անոնք այդ փաստը չքննարկեցին, վերլուծման չենթարկեցին ու եղածը համարեցին «պատգամ» ուղղուած՝ ամբողջ աշխարհին:

Պատգամը կ՚ըսէր, որ ժողովուրդի կամքը անկոտրում է ու կ՚արձանագրէր այն կարեւոր ապացոյցը, որուն համաձայն որեւէ ժողովուրդ (այս պարագային Հայաստանի ժողովուրդը) կրնայ յաջողութեան տանիլ իր առաջադրանքը եւ նոյնիսկ յեղափոխութեան պարագային եւս առանց կորուստներու եւ առանց արեան՝ հասնիլ իր նպատակին: Անշուշտ այս պարագային պէտք չէ մոռնալ, որ հայրենի ժողովուրդին նպատակը միայն Սերժ Սարգսեանը Նիկոլ Փաշինեանով փոխարինելը չէր, այլ աւելի՛ն. նոր դրական իրավիճակի մը ստեղծումը, որպէսզի ապահով եւ անվտանգ Հայաստանը ապրի դրական հոլովոյթներու նոր ժամանակաշրջան մը:

Այս բոլորը ըսելով անպայման չի նշանակեր, որ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիները «սեւ» տարիներ էին: Այդ առումով նաեւ պէտք է զգոյշ ըլլալ ու վստահ եմ, որ մօտիկ ապագային ալ կարելի պիտի ըլլայ իրական, ճշմարիտ եւ «տաք վիճակներէ» հեռու մտքով գնահատականներ տալ անցնող տասն տարուան ժամանակաշրջանին:

ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Երբ պիտի խօսինք Հայաստանի դէպքերուն առընթեր միջազգային մամուլին կողմէ հնչած գնահատականներուն մասին, ապա պարտաւոր ենք արձանագրել, որ այդ լրատուութեանց առընթեր ուշագրաւ է այն փաստը, որ տարբեր լրատուական կառոյցներ իրենց վերլուծական եւ տեղեկատուական յօդ-ւածներուն մէջ կ՚առանձնացնէին այն իրողութիւնը, թէ Հայաստանի կեանքը «ցնցած» ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ ակնապիշ կերպով երեւելի է այս շարժումին ժողովրդավարական ուղղուածութիւնը, մանաւանդ, որ դէպքերը կը կատարուէին «յետխորհրդային» տարածքաշրջանի մը մէջ:

Ըստ Euronews.com-ի գնահատականին, Նիկոլ Փաշինեանի խումբին սկսած «Քայլ արա մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն էր խաղաղ ճանապարհով հասնիլ իշխանափոխութեան եւ սկսիլ ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական բարեփոխումներու բացառիկ նոր փուլի մը, առաջնորդուելով հանրային պահանջէն, որ իր կարգին կը բխի ազատ եւ թափանցիկ կառավարութիւն ստեղծելու ընդհանուր տեսլականէն:

Իր կարգին, գերմանական Deutche Welle պարբերականը յատուկ նիւթի միջոցով փորձած է բացայայտել Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական կերպարը՝ անգլիալեզու եւ գերմանախօս հասարակութեան առջեւ: Մասնաւորապէս՝ յատուկ ուշադրութեան արժանի է այն հատուածը, ուր կը շեշտուի Փաշինեանի ներկայ վարչակարգին դէմ մղած երկարատեւ անցեալը եւ հետեւողական ընդդիմադիրի առանձնայատուկ կերպարը, աւելցնելով բազմաթիւ ակնածանքի խօսքեր՝ անոր տարիներով կերտած անկոտրում քաղաքական դիրքորոշման համար:

BBC ծառայութիւնը իր հերթին փորձած է վերլուծել այն խորքային խըն-դիրները, որոնց շուրջ համախմբուած է Հայաստանի հասարակութիւնը: Յատկապէս ուշագրաւ է նշել, որ բրիտանական լրատուամիջոցը շեշտած է ժողովուրդի կողմէ դժգոհութիւնը՝ կապուած օր ըստ օրէ աճ արձանագրող եւ Ռուսաստանի հետ առկայ տնտեսական կախեալութեան: Կայանը նշած է նաեւ, որ թէ՛ հրաժարեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեան «մեծ ձախողումներ» ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ թէ հայ-թրքական լարուած հիմնահարցի առընչութեամբ:

ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ «ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԾՐ» ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին աւելի «կարծր» եւ հակառուսական շեշտադրումներով տեսակէտ արտայայտած է Ուքրայնոյ Vnews կայանի վերլուծաբան Փոլ Ստրոնսկի: Ան մասնաւորապէս գրած է.

«Ամէն անգամ, երբ փողոցային ցոյցերը «կը սպառնան» նախկին խորհըր-դային հանրապետութեան ղեկավարներուն, Վլատիմիր Փութին անոնց ետին Արեւմուտքի թաքնուած ազդեցութիւնը կը տեսնէր:

«Սակայն, երբ խօսքը Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանի անսպասելի հրաժարականի մասին է, որուն յաջորդեցին տասնմէկօրեայ բողոքի խաղաղ ցոյցերը, նման գնահատականը սխալ կ՚ըլլայ:

«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը ժողովուրդի կամքի դրսեւորումն էր: Հայերը յոգնած են դատարկ խոստումներէն, փտածութենէն եւ հարուստներու ու աղքատներու միջեւ խորացող վիհէն:

«Սարգսեանի անկումը սկսաւ 2015 թուականին, երբ ան սահմանադրութիւնը փոխեց՝ անցնելով խորհրդարանական կառավարման: Երբ 2018 թուականի Ապրիլի 16-ին ան իր կուսակցութեան կողմէ առաջադրուեցաւ եւ ընտրուեցաւ վարչապետ, մարդիկ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին անոր դէմ:

«Երբ ոստիկանները ձերբակալեցին ցոյցի կազմակերպիչները, ցուցարարներու թիւը բազմապատկուեցաւ, հասնելով աւելի քան 100 հազարի։

«Սարգսեանի հրաժարականի որոշումը յարգանքի արժանի է: Ան իրավիճակի խիստ լարուած պահուն հրաժարեցաւ ուժի կիրառումէ, ինչպէս այդ ըրաւ իր նախորդը՝ Ռոպերթ Քոչարեան, որ զէնք կիրառեց իր ժողովուրդին դէմ՝ սպաննելով տասը ցուցարարներ: Իսկ Սերժ Սարգսեան հետեւեցաւ Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէին եւ հրաժարական տուաւ: Հայաստանը աշխարհին ցոյց տուաւ, որ ժողովուրդը առաւելութիւն ունի: Այնուամենայնիւ, կայ բան մը, որ նոր ապագայ ունեցող Հայաստանի օգտին է՝ զարմանալիօրէն յուսալի քաղաքացիական հասարակութիւնը:

«Հայաստանը եզակի է նախկին խորհրդային տարածքի երկիրներէն անով, որ ամբողջովին մենատիրական չէ, եւ ոչ ալ՝ ամբողջովին ժողովրդավար, այլ իւրատեսակ «խառնածին» բնոյթ ունեցող երկիր է: Ի տարբերութիւն իր որոշ հարեւաններուն՝ Հայաստանի լրատուական դաշտը ազատ է: Թէեւ Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անոր 

շուրջ համախմբուած հարուստ խաւի «էլիթ»ը իշխանութիւնը ամուր կը պահեն իրենց ձեռքին մէջ, սակայն հասարակական կազմակերպութիւնները կրնան ազատօրէն քննադատել զանոնք, իսկ երիտասարդ սերունդը աւելին կը պահանջէ քաղաքական վերնախաւէն: Անհանգստութիւնը Հայաստանի մէջ կարծես նպաստեց նաեւ ամբոխավարութեան, որ ամբողջ աշխարհին մէջ աւելի ու աւելի լայն թափ կ՚առնէ:

«Հայաստանի բնակչութեան լայն շերտերը յոգնած ըլլալով «նշանակուած» քաղաքական գործիչներէն՝ իշխող թէ ընդդիմադիր, սկսան այլընտրանք փնտռել:

«Սարգսեանի իշխանութեան անկման պատճառ հանդիսացած բողոքի ցոյցերը կը գլխաւորէ նախկին լրագրող, ընդդիմադիր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հիմնադիր, 43-ամեայ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ընդդիմադիր միւս կուսակցութիւններու խորհուրդները անտեսելով, ան կոչ ըրաւ ցոյցեր իրականացնել Սարգսեանը վարչապետ նշանակելու դէմ:

«Ցոյցերը արագօրէն լայն թափ առին, դառնալով զանգուածային բողոքի հզօր ալիք: Այժմ Փաշինեան բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին եւ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու իրականացման հնարաւորութեան մասին:

«Իրավիճակը, մեղմ ըսած, բաւական անկայուն է: Եւ այս «գլխապտոյտ»ին անցնելէն ետք շատ գործօններ պիտի ազդեն, որպէսզի երկիրը առաջ շարժի իր ընտրած նոր ուղիով»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018