ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ե.

Այժմ կ՚ըսէ.

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզ պիտի ամբաստանեմ Հօրս դիմաց» (Յհ 5.45):

Մեկնութիւն. ձեր չարութիւնը յայտնեմ:

Կրկնակի է միտքը. նախ՝ թէ միայն Ես չէ, որ կը յայտնեմ ձեր չարութիւնը, այլ՝ Ես եւ ուրիշ մըն ալ Իմ հետս, ինչպէս կ՚ըսէ. «Մէկը կայ, որ ձեր մէջէն պիտի ամբաստանէ ձեզ, Մովսէսը, որուն դուք կը յուսաք» (հմմտ. Յհ 5.45): Երկրորդ, այն կ՚ըսէ, թէ Ես ձեզ չեմ ամբաստաներ, այլ՝ ուրիշ մէկը, որովհետեւ Քրիստոս առաջին գալուստով եկաւ փրկելու եւ ո՛չ թէ դատապարտելու, ինչպէս յայտնի է, որ կ՚աղօթէր զԻնք խաչողներու համար, սակայն երկրորդ գալուստին պիտի դատէ, ինչպէս Երեմիան կ՚ըսէ. «Ես դատաւոր ու վկայ եմ, կ՚ըսէ Տէրը» (տե՛ս Եր 29.23):

Հարցում. Մովսէս ինչո՞ւ համար կ՚ամբաստանէ:

Պատասխան. Նախ՝ որովհետեւ Մովսէսին խօսքը չիմացան: Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի ալ չհաւատացին: Տե՛ս միտքը. հրեաները, Մովսէսի մասին կը չարախօսէին, իսկ Քրիստոս Իրեն կամակից ցոյց տուաւ Մովսէսին, ու զանոնք՝ չարախօս: Եւ տե՛ս դարձեալ, ինչպէս Մովսէսն ու բոլոր մարգարէները հրեաներուն մասին կը չարախօսեն, նոյնպէս կանոնադիր առաքեալները յանցաւոր քրիստոնեաներուն մասին կը չարախօսեն այստեղ ու այնտեղ:

Խօսք. «Որովհետեւ եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, արդեօք պիտի հաւատայի՞ք Ինծի» (Յհ 5.46):

Մեկնութիւն. Արդեօք ըսելով հրեաներու կամքին ազատութիւնը կը ցուցնէ, որովհետեւ ոչ ոք կը հաւատայ, եթէ ոչ՝ կամաւորապէս:

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԳԻՐՔԸ

Խօսք. «Անիկա Իմ մասիս գրեց» (հմմտ. Յհ 5.47):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով Քրիստոսի մասին գրեց. նախ՝ Արարածքի մէջ Յակոբին խօսքը. «Անոր ազդրերէն իշխան պիտի չպակսի» (տե՛ս Ծն 49.10), եւ այլն: Երկրորդ՝ Բ. Օրինացին մէջ կը գրէ. «Տէրը մարգարէ մը պիտի հանէ» (հմմտ. Բ. Օր 18.15): Երրորդ՝ նոյն գիրքերուն մէջ պիտի տեսնէք, որ ձեր կեանքերը կախուած են: Չորրորդ՝ զոհերը, պատարագը, ողջակէզներն ու Հին Օրէնքի եւ կտակարաններուն բոլոր գործերը ծածուկ կերպով Քրիստոսի օրինակն էին:

Խօսք. «Եթէ անոր գրածին չէք հաւատար, ինչպէ՞ս իմ խօսքերուս պիտի հաւատաք» (Յհ 5.47):

Մեկնութիւն. Ոչ թէ Մովսէսը աւելի մեծ ու արժանաւոր էր, որովհետեւ իր մեծութիւնը Քրիստոսէ ունէր, սակայն անոնց միտքերուն համար կը զիջանի, որ հրեաները իրենց միտքերուն մէջ Մովսէսին մեծ կը համարէին, ինչպէս յայտնի է մեկնիչեդ1: Եւ գիտելի է, թէ Մովսէսի օրէնքը Գիրք կը կոչուի, որովհետեւ Մովսէս իր վարդապետութիւնը գիրով տուաւ, իսկ Քրիստոսի վարդապետութեան «Բան [խօսք]» կ՚ըսուի, որովհետեւ խօսքով քարոզեց ու մագաղաթի մէջ չգրեց: Նոյնպէս ալ Սուրբ Հոգին առաքեալներուն սիրտերուն մէջ խօսքը տպաւորեց, երբ անոնց վրայ իջաւ, սակայն ետքէն առաքեալները Քրիստոսի հրամանով գրեցին. նախ՝ որովհետեւ գիրը անկատարներուն է, իսկ խօսքը՝ կատարեալներուն: Երկրորդ՝ գիրը մէկ եւ նոյն բանը կը խօսի, իսկ խօսքը՝ բազում բաներ: Երրորդ՝ գիրը ջնջելի է, իսկ խօսքը՝ անջինջ կը մնայ: Չորրորդ՝ գիրը անշունչ տախտակներու վրայ կը գրուի, իսկ խօսքը՝ շնչաւոր տախտակներու, հոգիի ու մարմինի մէջ կը գրուի:

Իսկ միւս պատճառը Մատթէոսի մեկնութեան2 գլուխին սկիզբը ըսուեցաւ:

Այսքանը այս մասին:

ԳԼՈՒԽ Զ.

ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԻՆ

«Ասկէ ետք Յիսուս գնաց» (Յհ 6.1):

Մեկնութիւն. Ասիկա վեցերորդ գլուխն է ըստ կարգի եւ երկրորդ՝ ըստ հատորի: Աւետարանիչը նախ Աստուծոյ կենդանարար պարգեւներուն մասին ճառեց, այստեղ կը ճառէ հոգեւոր սնունդի ու կերակուրի մասին, ու նախ մարմնաւոր կերակուրին մասին կը ճառէ, որ հացը բազմացուց, ու ապա կը քաշէ դէպի հոգեւոր կերակուրի գիտութեան՝ Իր Մարմինի Հացին: Եւ որովհետեւ նախքան այս գլուխը՝ ներգործութենէն ցոյց տուաւ, թէ Քրիստոս Աստուած է չորս կերպով, այստեղ ցոյց կու տայ կերակրելէն, որովհետեւ ով որ Աստուծոյ կը հաւասարի կերակրելով ու սնուցանելով, Աստուած է, իսկ Քրիստոս ասով եւս [հացը բազմացնելով] Աստուծոյ կը հաւասարի, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է:

Քրիստոսի կերակրելն ու սնուցելը չորս կերպով կը ցուցնէ. նախ՝ հրաշքով հացերու բազմացումով եւ երկրորդ՝ ձուկերուն: Երկրորդ՝ աշակերտներուն մխիթարութեամբը ծովուն վրայ, որ ըսաւ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20): Երրորդ՝ քարոզութեամբ, որով Ինքզինք Կենաց Հաց ցոյց տուաւ: Չորրորդ՝ Պատարագին խոստումով, երբ ըսաւ. «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ Արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք» (Յհ 6.55), եւ այլն:

Իսկ հիմա սկիզբ կը դնէ առաջինին համար, ըսելով.

Խօսք. «Ասկէ ետք Յիսուս գնաց» (Յհ 6.1):

Եւ գիտելի է, թէ հրեաները կ՚ուզէին սպաննել Յիսուսը, սակայն տակաւին Անոր ժամը չէր հասած, ատոր համար Հրէաստանէն ելաւ ու գնաց՝ մեզի օրինակ տալով, որպէսզի տեղի տանք ժամանակի փորձութեան, քանի որ կարելի է Քրիստոսի հաւատացեալներուն որոշ ժամանակ մը խոյս տալ: Իսկ ծովը գալիլիացիներու Տիբերիա կ՚ըսուի, որովհետեւ գալիլիացիներուն երկրին մէջ քաղաքի մը անունը Սեներէթ էր, Նեթաղիմի վիճակին մէջ Հերովդէսը շինեց ու մեծցուց զայն Տիբերիա կայսրին անունան համար: Ասիկա երկրորդ երթալն է Երուսաղէմէն Գալիլիա, որովհետեւ առաջինը այն է, որ գնաց Սամարիա եւ Գալիլիա:

Խօսք. «Մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ Իրեն» (Յհ 6.2):

Մեկնութիւն. Չորս պատճառով. նախ՝ ոմանք նենգութեամբ, ինչպէս փարիսեցիները, որոնք կը կամենային զԻնք խօսքերով որսալ: Երկրորդ՝ ոմանք սէրէն, այսինքն՝ հաւատացեալները: Երրորդ՝ ոմանք խօսքը լսելու փափաքով: Չորրորդ՝ ոմանք հրաշքներու տեսութեան համար միայն, այլ՝ ո՛չ թէ հաւատքի ճշմարտութեան համար:

Խօսք. «Քանի կը տեսնէին հիւանդներուն վրայ կատարած Իր հրաշքները» (Յհ 6.2):

Մեկնութիւն. Ցոյց տալու համար, թէ այդ սքանչելիքները Քրիստոսի աստուածահրաշ զօրութեամբ կը կատարուէին, որովհետեւ կտարելապէս կ՚առողջանային, կարծես երբեք հիւանդացած չըլլար Քրիստոսի բժշկածը, որովհետեւ կախարդութեամբ երբեմն զարմանալի բան կը կատարուի, սակայն անօգուտ, ինչպէս պատկերներուն խօսիլը եւ այլ նման երեւոյթներ:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԼԵՌ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ

Խօսք. «Յիսուս լեռ ելաւ եւ Իր աշակերտներուն հետ հոն նստաւ» (Յհ 6.3):

Մեկնութիւն. Լեռ ելաւ, նախ՝ աղօթելու համար: Երկրորդ՝ աշակերտները մեղմութեամբ [հանդարտութեան մէջ] ուսուցանելու, որպէս դաս ըսելով:

Չորս բան կ՚ուսուցանէ մեզի. նախ՝ ժողովուրդին քարոզելէն ետք պէտք է աշակերտներուն ալ ուսուցանել: Երկրորդ՝ նախ ընդհանուրին հետ աղօթել ու ապա՝ առանձինն: Երրորդ՝ հասարակաց պահել եւ ապա՝ առանձնակի: Չորրորդ՝ մարմանւոր եւ հոգեւոր գործերը. նախ՝ պէտք է հասարակացը գործել միասնաբար եւ ապա՝ առանձնականը, եթէ [հասարակացը] բաւարար չըլլայ, որովհետեւ ընդհանուրը պատուական է, քան մասնաւորը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 51

Վաղարշապատ


1 Նանայէն:

2 Հմմտ. Ոսկեբերան, «Մեկնութիւն Մատթէի», Վենետիկ, 1826, էջ 1-3:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020