Փտա­ծու­թիւ­նը Փոր­ձու­թեան Կը Մղէ Պուտ­տա­յա­կան­նե­րը

Աշխարհի մէջ երբ բոլոր արժէքները խախտած են, եւ մարդոց մէկ կարեւոր մասը մակերեսային եւ եսակեդրոն դարձած է, այլեւս բնաւ զարմանալի չեն թուիր անբարոյականութեան եւ փտածութեան բացայայտումները, նոյնիսկ այնպիսիներու, որոնք կոչուած են ատոնցմէ զերծ մնալու, ատոնց դէմ պայքարելու: Այլեւս որքա՜ն դժուար դարձած է սկզբունքներու հաւատալը եւ մանաւանդ՝ այդ սկզբունքներուն չդաւաճանելը:

Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ի Պանքոքի աշխատակից Ճոնաթան Հետ յօդուածով մը անդրադարձած է Թայլանտի մէջ պուտտայականութեան դիմագրաւած լուրջ տագնապին:

*   

ԹԱՅԼԱՆՏԻ ՎԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

ՍՈՒԽՖՈԼԻ ՀԱՐՑԸ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԵՐԿՐԻՆ ՊՈՒՏՏԱՅԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ

Ասիկա խայտառակ երեւոյթ մըն էր. խումբ մը  պուտտայական վանականներ, մաքուր գլխարկներով եւ նարնջագոյն թիկնոցներով, նստած են իշխանաւորի, կամ մեծահարուստի օդանաւի փափուկ կաշեպատ բազմոցներուն վրայ՝ իրարու փոխանցելով  շքեղ սարքեր, իրեր:

Վանականներուն տեսահոլովակը, որ այժմ կ՚ան-ւանուի վանական Ուիրափոլ Սուխֆոլի անունով, 2013 թուականին ԵուԹուպի վրայ տեղադրուելէ ետք ջնջուեցաւ: Թայլանտի յատուկ հետազօտութիւններու  բաժանմունքը  բացայայտեց ապրելակերպ մը, որ կը թուի, թէ փճացած մտքի անկում է: Անոնք դրամատնային տասը հաշիւներու մէջ առնուազն 6 միլիոն տոլար եւ 22 Մերսետես ինքնաշարժներու գնման մասին  փաստաթուղթեր  յայտնաբերեցին:

Ուիրափոլ դղեակ կառուցած է Հարաւային Գալիֆորնիա նահանգին մէջ, իր հայրենի քաղաք Ուպոն-Ռիչատանիի մէջ խոշոր ու շքեղ ապարանք ունի եւ նոյնպէս կառուցած է Պանքոքի արքունական պալատին մէջ յայտնի հերոս Պուտտայի արձանի հսկայ կրկնօրինակը, որ ինք կը պնդէր, թէ կեղծ է, սակայն  պարզուեցաւ, որ 9 թոն ոսկի կայ:

Տակաւին կան ապացոյցներ՝ շարք մը կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններու: Կին մը կը պնդէր, թէ ինք տասնհինգ տարեկանին յղի մնալով՝ ծննդաբերութիւն ունեցած է: Ան Թայլանտի յատուկ հետազօտութիւններու  բաժանմունքէն կը  պահանջէր, որ աջակցին ՏՆԱ-ի քննութիւններուն:

Ուիրափոլ Միացեալ Նահանգներ փախաւ: Չորս տարի տեւեց, մինչեւ որ Թայլանտի իշխանութիւնները ապահովեն անոր արտայանձնումը: Ուիրափոլ մերժեց իրեն ուղղուած  ոճրային, փտածութեան, դրամի լուաց-ման եւ բռնաբարութեան  ամբաստանութիւնները:

Վանականներու վատ վարուելակերպը

Վանական մը ինչպէ՞ս այսքան մեծ հարստութիւն կուտակած է նոյնիսկ քսան տարեկանին: Ինչպէ՞ս անոր թոյլ տրուած է  վարուիլ այնպիսի ձեւերով, որոնք յստակօրէն կը խախտեն փաթիմոքքհան (227 պատուիրանները, որոնց միջոցով կ՚ենթադրուի, որ պէտք է վանականները ապրին): Վանականները նոյնիսկ պէտք չէ դրամ ձեռնեն, իսկ սեռային յարաբերութիւնը խիստ սահմանափակումներով է:

Վանականներու վատ վարուելակերպը նորութիւն չէ Թայլանտի մէջ: Ժամանակակից կեանքի փորձութիւններուն բազմաթիւ վանականներ չեն դիմացած: Անոնք կուտակած են հարստութիւն, եղած են թմրամոլ, գիշերային հաւաքոյթներու մասնակցող՝ սեռային յարաբերութիւններ ունենալով այրերու, կիներու, աղջիկներու եւ տղաներու հետ:

Նոյնպէս կան տաճարներ, որոնք մեծաթիւ նուիրեալ հետեւորդներ գրաւած են՝ շնորհիւ քաշողական եւ հմուտ վանահայրերու, որոնք կ՚ըսուի, թէ  գերբնական ուժեր ունին: Անոնք շահագործած են ժամանակակից Թայլանտի կեանքի երկու երեւոյթները. հոգեւոր աջակցութեան պահանջը  քաղաքային թայլանտցիներու, որոնք այլեւս աւանդական տաճարի հետ սերտ կապեր չունին, եւ՝ հաւատքը, որ հզօր տաճարներուն առատ նուիրատուութիւն ընելը կը բերէ յաջողութիւն եւ դրամական յաւելեալ հարստութիւն:

Կը պարզուի, որ Ուիրափոլ այս միտումը թիրախ դարձուցած է: Ան 2000-ականներու սկիզբը եկած էր հիւսիսարեւելեան Սիսակետ աղքատ շրջանը, ուր Պան Եան գիւղին մէջ նուէր տրուած հողի մը վրայ հիմնած՝ վանք: Սակայն, ըստ նահանգապետարանի պաշտօնատարի մը, քիչ տեղացիներ յաճախած էին իր վանքը, որովհետեւ անոնք չափազանց աղքատ էին՝ իր ակնկալած նուիրատուութիւնները կատարելու:

Ըստ պաշտօնատարին, վանականը սկսած է  մատուցել խնամուած, ճարտար արարողութիւններ՝ վաճառելով հմայակներ, եւ կառուցած է Պուտտայի արձանի իր կրկնօրինակը, երկրի այլ շրջաններէն աւելի հարուստ նուիրեալներ հրապուրելու համար: Այս հետեւորդները նկարագրած են, որ ինչպէս հրապուրուած են անոր մեղմ, ջերմ ձայնէն, եւ՝ համոզուած, որ ան գերբնական ուժեր ունի, ինչպէս՝ ջուրի վրայ քալելու եւ աստուածներու հետ խօսելու ունակութիւն: Ուիրափոլ իր կարգին առատաձեռն եղած է գաւառին մէջ ազդեցիկ անձերու նկատմամբ. իր գնած բազմաթիւ ինքնաշարժներուն մեծ մասը նուէրներ են կարեւոր վանականներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:

Նոյնիսկ այսօր Ուիրափոլ ունի հետեւորդներ, որոնք կը պնդեն, թէ ան բարեսիրտ մարդ մըն է, որ արժանի է վայելելու իրեն նուիրուած շքեղութիւնները:

Գայթակղութիւններով չարչրկուած

Իրերայաջորդ գայթակղութիւններէ ետք, մարդիկ բացէ ի բաց կը խօսին Թայլանտի մէջ պուտտայականութեան տագնապներու մասին: Ձեռնադրուող վանականներուն թիւը վերջին տարիներուն կտրուկ կը նուազի, եւ աւելի փոքր բազմաթիւ գիւղերու տաճարները չեն կրնար իրենց ծախսերը հոգալ:

Մարմինը, որ կը ղեկավարէ պուտտայական կղերականները Նանկհայի Գերագոյն խորհուրդն է, բայց ասիկա շատ տարեց վանականներու խումբ մըն է, եւ մինչեւ այս տարի, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր  պատշաճ գործունէութիւն չէ իրականացուցած: Ատիկա փաստուած է, որ ազդեցիկ եւ արդիւնաւէտ չէ: Պուտտայականութեան Ազգային գրասենեակէն եւս կը սպասուի, որ կը կանոնակարգէ կրօնը, սակայն ատիկա եւս կը գտնուի ղեկավարութեան գայթակղութիւններու տուայտանքին մէջ եւ կ՚ամբաստանուի դրամական անկանոնութիւններով:

Կառավարութիւնը այժմ հաստատած է օրէնք մը, որ կը պահանջէ նուիրատուութիւններէ, տարեկան 3-4 միլիառ տոլար միասնաբար  կուտակող տաճարներէն, հրապարակելու ելեւմտական հաշուետուութիւնները: Օրէնքը նոյնպէս կը նշէ  վանականներու համար նոր, թուայնացած ինքնութեան քարտերու մասին, որպէսզի չարաշահումներ կատարած վանականները կրկին չձեռնադրուին: Վանականներու խախուտ բարոյականութիւնը, այդուհանդերձ, մասամբ արմատաւորուած է Թայլանտի մէջ պուտտայականութեան եղափոխութեամբ:

150 տարի պուտտայականութեան բոլորովին երկու տարբեր ձեւ եղած է: Առաջինը՝ աւելի խստապահանջը, ընտրանիի շրջանակին Թհամայութի աւանդութիւնը, պալատին զօրակցութիւնը վայելող Պանքոքի տաճարներուն մէջ, խիստ կանոններով  նիւթական աշխարհէն անջատուած վանականներու մասին: Երկրորդը՝ աւելի թոյլ Մահանիքայ աւանդութիւնը շրջաններու, ուր վանականները հանրութեան մաս կը կազմեն՝ միանալով մարդոց գործունէութեան, երբեմն խախտելով փաթիմոխայը:

Գիւղերուն մէջ տաճարները ծառայած են որպէս դպրոցներ կամ բուժումի աւանդական կեդրոններ եւ տեղական տօնակատարութիւններու վայրեր: Վանականներու խրատները կը վերաբերէին աշխարհիկ հարցերու: Այս միջավայրին մէջ ընդունելի եւ անընդունելի վարուելակերպի միջեւ գիծը կրնայ աղօտիլ:

«Իրենց դէմ հարցեր ստեղծել»

Խնդիրին միւս աղբիւրը բազմաթիւ թայլանտցիներու նախապաշարումը, սնահաւատութիւնն է, եւ՝ ասիկա առեւտրականացնելու ձեւը:

Վանականները այս օրերուն աւելի յաճախ կ՚օգտագործուին որպէս կիսակրօնական ծիսակատարներ, որոնք կ՚օրհնեն նոր ինքնաշարժներ կամ տուներ, քան՝ 227-ի պատուիրանները կիրարկողները: Թայլանտի մէջ ոչ ոք աչք կը թարթէ տաճարներու մէջ վաճառուող վիճակահանութեան տոմսերուն ի տես:

Նախապաշարումի այս սէրը տարածուած է հարուստ թայլանտցիներու շրջանակներուն մէջ: Անոնք երջանիկ են՝ առատաձեռն նուիրատուութիւն կատարելով, հաւատալով, որ ասիկա պիտի երաշխաւորէ աւելի մեծ հարստութիւն ապագային:

Փհրա Փայոմ Քալայիանօ՝ Պանքոքի հիւսիսը գտնուող տաճարի մը վանահայրը, որ պուտտայականութեան առեւտրականացումը  քննադատող մըն է, կոչ ըրած է թայլանտցիներուն՝ աւելի խորունկ մտածելու նուիրաբերութեան մասին: «Այս օրերուն, յատկապէս հարուստ մարդիկ կը մտածեն լաւ հատուցումը տաճարներուն վրայ դրամ թափելն է: Անոնք հաւատք ունին, բայց չեն մտածեր: Ասիկա լաւ հատուցում մը չէ: Ասիկա միայն կոյր հաւատք է: Միաժամանակ անխելք վանականներ կան: Անոնք չեն գիտեր՝ ինչպէ՛ս տնտեսել ստացուած նուիրատուութիւնները: Փոխանակ ատոնք ծառայեցնելու մարդոց բարգաւաճման եւ տաճարի արժանապատուութեան՝ վանականները այդ գումարները կ՚իւրացնեն եւ իրենց դէմ հարցեր կը ստեղծեն»:

Նոյնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, նախքան համաշխարհայնացման եւ ատոր բազմաթիւ սպառողական շեղումներու ժամանումը, աւելի դիւրին էր քարոզել վանական կեանքը, որ կը ժխտէ նիւթական բոլոր հաճոյքները: Սակայն աւելի դժուար է այսօր պնդել, որ վանականները պէտք է հեռացնեն արհեստագիտական յարմարաւէտութիւնները, ինչպիսիք են՝ սմարթֆոները եւ օդային ճամբորդութիւնը:

Նոյնիսկ աւելի դժուար է սահմանել, թէ ի՛նչ դեր պէտք է կատարեն  վանականները 21-րդ դարուն Թայլանտի մէջ, աւելի կարեւոր, քան՝ հմայական իրերու վաճառքը եւ նոր ինքնաշարժներու կամ տուներու բախտաբեր օրհնութիւնները, որոնք կրնան դիւրաւ վերածուիլ դրամական առեւտուրի:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2017