«ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՍԱՀՄԱՆԷՆ»

Բնականաբար նորութիւն մը չէ այս միտքը, սակայն այս խօսքը համեստ եւ ինքնաբուխ գիւղացիէ մը լսելը, նուազագոյնը յուզիչ է: Հիւսիսային Հայաստանի Բերքաբեր գիւղը վերջերս իր վրայ հրաւիրած է ուշադրութիւնը օտար յօդուածագիր Ճոշուա Քուչերայի (Եուրաժիա) եւ հայ պլոկըր Լիլիթ Խաչատուրեանի (Սփութնիք), որոնք, իրարմէ անկախ, այցելած են գիւղը եւ ներկայացուցած՝ իրենց տպաւորութիւնները, որոնցմէ կը հրապարակենք հատուածներ:

*

ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԸ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ ԿԸ ՎԱՅԵԼԷ ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՃՈՇՈՒԱ ՔՈՒՉԵՐԱ

Բերքաբեր: Ջրամբարի եզրին՝ տարածութեան շերտ մը, որ 1990-ականներու սկիզբի պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճանի հակակշռին տակ էր:

2016-ի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Սոնիա Մարտինեանի յղի հարսը անհանգստացաւ: Տղան ձեւով մը տեղաւորեց իր կինը ինքնաշարժին մէջ եւ սկսաւ քարքարոտ ճամբէն յառաջանալ հասնելու համար բժիշկին:

Բայց Բերքաբերը կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին վրայ, եւ ատրպէյճանական դիրքէն ուղղակի կրակեցին ճամբուն վրայ, երբ ընտանիքը կը յառաջանար ինքնաշարժով: Անոնք չվնասուեցան, սակայն հարուածը այնքան մօտ էր, որ Մարտինեանի հարսը վախէն վիժում ունեցաւ:

«Անկէ ետք տղաս Երեւան տեղափոխուեցաւ», ըսաւ ան:

Բերքաբերի նման սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն համար կանոնաւոր փոխհրաձգութիւնը սովորական դարձած է, եթէ ոչ՝ յարմարաւէտ փորձառութիւն մը:

Մարտինեանի տունը՝ բլուրի մը լանջին, ուրկէ դիւրաւ տեսանելի է ատրպէյճանական շրջանը, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ փամփուշտներ ստացած է:

Բայց վերջերս ինք եւ Բերքաբերի այլ բնակիչներ կ՚ըսեն, որ կռիւը դադրած է: «Այժմ խաղաղ է, անոնք չեն կրակեր: Երբ նոր վարչապետը եկաւ, անոնք դադրեցուցին կրակելը», կ՚ըսէ ան:

Մարտինեան կ՚ակնարկէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ իշխանութեան եկաւ անցեալ տարուան գարնան:

Մինչ ատկէ առաջ, յունուար 2017-էն ի վեր, աւելի քան տարիէ մը Բերքաբերի մէջ լուրջ կրակոց չկար, գիւղի բնակիչներէն շատեր խաղաղ ժամանակի երկար տեւողութիւնը անոր կը վերագրեն:

«Ոչ ոք գիտէ, թէ ինչո՛ւ կրակոցը դադրեցաւ,- կ՚ըսէ Բերքաբերի գիւղապետ Արգամ Արզումանեան: Ատիկա յեղափոխութենէն ետքն էր: Թերեւս Ատրպէյճան բան մը փոխեց, թերեւս այս երեւոյթը կապուած է քաղաքականութեան, թերեւս մարդիկ յոգնեցան պատերազմէն»:

«Ամէն պարագայի,- ըսաւ ան,- անցեալ տարուան ընթացքին շատ աւելի լաւ եղաւ: Ես չեմ յիշեր ժամանակ մը, որ այսքան երկար հանդարտութիւն տիրէ 1994-ի զինադադարէն ի վեր»:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք սկսած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով իրենց արիւնոտ պատերազմէն քառորդ դար ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ուժերը կը շարունակեն զիրար դիմակայել զանազան սահմանագիծերու երկայնքին: Հոս՝ հիւսիսային Հայաստանի Տաւուշ նահանգին մէջ, Ատրպէյճանի հետ միջազգային սահման մը կայ: Հարաւ-արեւմտեան Հայաստանի մէջ միջազգային այլ սահման մը կայ Ատրպէյճանի հակակշռին տակ գտնուող Նախիջեւանի հետ: Եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջը գտնուող տարածքը, որ կը վերահսկեն հայկական ուժերը 1994-ի զինադադարէն ի վեր, երկու կողմերուն միջեւ ամենէն ռազմականացած սահմանագիծն է, որ 2016-ին ականատես եղած է ծանր կռիւի:

Սահմանի երկայնքին զինադադարի խախտումները ստուգելը դժուար է, քանի որ անկախ դիտարկում չկայ: Բայց բոլոր հաշիւներով երկու կողմերէն վայրագութիւնները համեմատաբար նուազած են անցեալ տարի, յատկապէս երբ սեպտեմբերին Փաշինեան տեսակցեցաւ Ալիեւի հետ, եւ անոնք համաձայնեցան հաստատել հաղորդակցութեան թէժ գիծ, որուն միջոցով անոնք կրնան խօսիլ զինուորական հարցերու մասին:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Ղարաբաղի զինեալ ուժերը (Արցախի Պաշտպանութեան բանակը) կանոնաւոր կերպով կը հրապարակեն վիճակագրութիւններ՝ զինադադարի խախտումներուն մասին, մինչ այս թիւերը երկու կողմերուն մէջ ընդհանրապէս կը նկատուին երեւակայական, այդ խախտումները կտրուկ կերպով նուազած են սեպտեմբերի հանդիպումէն ետք:

Վերջին շաբաթներուն զինադադարի խախտումները կրկին աւելցած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջը, եւ, աւելի նուազ չափով՝ Նախիջեւանի: Բայց սահմանին այս բաժինը մնացած է հանդարտ (թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները մերժած են այս յօդուածը մեկնաբանել):

Սահմանին միւս կողմը գտնուող ատրպէյճանական գիւղերը խիստ հսկողութեան տակ են, եւ դուրսէն եկողներ, որոնք կ՚ուզեն այցելել, պէտք է դիմեն յատուկ արտօնութեան, որ ամիսներ կը տեւէ, եթէ նոյնիսկ շնորհուի: Հայաստանի մէջ, ընդհակառակը, սահմանամերձ գիւղերը սկսած են վերածուիլ զբօսաշրջային վայրերու:

«ԾԱՅՐԱԿԷՏ» ՍՐՃԱՐԱՆ

Բերքաբերի բլուրի գագաթին թառած է «Ծայրակէտ» սրճարանը, որ ծածկուած է գունագեղ որմնանկարներով եւ ունի տախտակամած պատշգամ մը, ուր այցելուները կրնան վայելել խմիչքներ եւ ուտելիքներ՝ դիտելով Ատրպէյճանի տարածքը:

Սրճարանը բացուեցաւ ապրիլին՝ «Բերքաբեր» ոչ հասութաբեր կազմակերպութեան կողմէ եւ կը ծառայէ գլխաւորաբար սփիւռքէն եկող զբօսաշրջիկներուն, որոնք կ՚այցելեն գիւղը:

«Սրճարանը կ՚ունենայ զբօսաշրջիկներ, որոնք կու գան տեսնելու սահմանը եւ տեսնելու, թէ սահմանամերձ գիւղերուն կեանքը ինչպէս է», ըսաւ Ճորճ Թապաքեան՝ «Բերքաբեր» կազմակերպութեան պաշտօնեաներէն մէկը, Լիբանանէն հայրենադարձուած, որ գիւղին մէջ տուն գնած է եւ հոն կը բնակի շաբաթը երկու օր: «Մենք ամէն բան կ՚ընենք վերահաստատուելու համար, որ ոչ ոք կը լքէ հողը»:

Սրճարանը կը վաճառէ տեղական արտադրութեան ձեռագործ իրեր, եւ ատոր իւրայատուկ գրաւչութիւններէն մէկը զինուորական ոճով մարմնի զրահն է, բաճկոնի նման, որ զբօսաշրջիկները կրնան փորձել: «Ատիկա տարազը զգալու գաղափարն է,- ըսաւ Թապաքեան: Ակներեւ է, որ հակամարտութիւնը տակաւին չէ աւարտած…: Մեր գիւղը անոնց կրակոցին տակն է, եւ անոնց գիւղը՝ մեր»:

Այլ ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն մը՝ «Սահման», փոքր նախաձեռնութիւններ հիմնած է, որպէսզի գիւղացիները աշխատանք եւ եկամուտ ունենան:

Մատինեան ունի հիւսուածեղէնի փոքր աշխատանոց մը, ուր թի-շըրթներ եւ տարազներ կը կարեն, եւ իր կարի առաջին մեքենան «Սահման»ը յատկացուց:

Կազմակերպութիւնը նոյնպէս կառուցած է ջերմոցներ՝ այլ գիւղացիներու համար:

«Եթէ այդ կազմակերպութիւնները չըլլային, գիւղին մէջ ոչինչ պիտի ըլլար ընելիք երիտասարդներուն: Հայրենիքը կը սկսի սահմանէն, եւ եթէ մարդիկ աշխատանք չունին, ինչպէ՞ս կրնան սահմանին վրայ ապրիլ», կ՚ըսէ Տիկին Մարտինեան:

Ան տակաւին կը յուսայ, որ կացութիւնը կրնայ ձեւով մը վերադառնալ, ինչպէս որ էր նախքան հակամարտութիւնը: Մարտինեանը կը յիշէ, որ իր հարսանիքին ատրպէյճանցի 20 ընտանիքներէ ներկայ էին Բերքաբերի մէջ: «Մենք շատ, շատ մտերիմ էինք: Անոնք մեզի կը բերէին մեծաքանակ պտուղներ՝ ձմերուկ, կեռաս: Եւ մենք անոնց խոզի միս կու տայինք», ըսաւ ան խնդալով: «Մենք իրարու հետ շատ լաւ ապրած ենք: Ոչ միայն ես, այլ ամբողջ գիւղը կ՚ուզէ այդ անցեալի վերադարձը: Անոնք պարզ մարդիկ էին»:

ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՄԷՋ, ԿԱՄ ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԵՐՔԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ

ԼԻԼԻԹ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ շատ ճամբորդելը ստիպեց հասկնալ, որ մենք ունինք հետաքրքրական կերպարներ, նախաձեռնութիւններ, պատմութիւններ, որոնց մասին կարելի է անդադար խօսիլ, բայց ասիկա կը գիտակցիս միայն այն ատեն, երբ լաւ կը ճամբորդես երկրի մը մէջ ու կը տեսնես այն, որ սովորաբար չես նկատեր այս կամ այն շրջանի հետ մակերեսային ծանօթութեան ժամանակ:

Շատոնց կը մտածէի գրել սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող մարդոց մասին: Ինծի համար հետաքրքրական է անոնց իրականութիւնն ու առօրեան: Առաջին գիւղը, որ այցելեցի, Տաւուշի մարզի Բերքաբերն էր, ուր սահման ըսուածը Ջողազի ջրամբարն է: Եւ այդ գիւղէն ետք իմ մօտեցումս փոխուեցաւ: Այլեւս չեմ կրնար ըսել սահմանամերձ գիւղ, քանի որ իրականութեան մէջ նման գիւղերը սահմանապահ են, սահմանն ալ իրենք են:

Ես այցելեցի Բերքաբեր եւ Սարիգիւղ: Տեղացիները սկիզբը ուսումնասիրեցին, փորձեցին հասկնալ ինչը զիս բերած է գիւղ, բայց ծանօթանալէ ետք հրաւիրեցին տուն եւ հիւրասիրեցին:

Բերքաբերի մէջ ես քանի մը օր մնացի գիւղացիներու տունը, բայց ոչ մէկ վայրկեան ինքզինքս հիւր կամ օտար զգացի:

Աւելի՛ն. վերադառնալուս պէս կրկին հրաւէր ստացայ սահմանապահ գիւղ երթալու, կարծեմ՝ ասիկա լաւ նշան է, եւ գիւղացիներն ինձմէ դժգոհ չեն:

Մինչեւ Բերքաբեր գալս կը կարծէի, որ կու գամ, կը նկարեմ, կը ծանօթանամ եւ վերջ: Սակայն, երբ կ՚ապրիս իրենց հետ, կը հասկնաս, որ վտանգ միշտ կայ, որովհետեւ երբեք չես գիտեր՝ ինչ կրնայ ըլլալ յաջորդ վայրկեանին, պատերազմական իրավիճակ է: Գիւղի բոլոր բնակիչները Հայաստանը պահող սահմանապահներ են:

Կը հիանաս իւրաքանչիւրով: Տեղաբնակներուն միտքէն չ՚անցնիր արտագաղթել, եթէ այդպէս վարուին, զիրենք ոչ ոք կը մեղադրէ, չէ՞ որ խօսքը սեփական կեանքի մասին է: Ունին բազմաթիւ դժուարութիւններ, կորուստներ, սակայն կեանքը կը շարունակուի, կ՚արարեն, կը ստեղծեն նորը, անոնց նախաձեռնութիւններն ալ յաջողութեամբ կը ներկայացնեն Հայաստանը միջազգային հարթակներու վրայ: Կը հանդիպիս իրենց ու կ՚ամչնաս դուն քեզմէ, երբ փոքր, աննկատ եւ անկարեւոր բանէ պատմութիւն կը սարքես:

Սահմանապահ գիւղերու բնակիչները մէկ մեծ ընտանիք են: Նախ՝ բոլորը զիրար կը ճանչնան, մէկը միւսին մասին հոգ կը տանի, կ՚անհանգստանան, կ՚ուրախանան: Շատ ուրախ եմ, որ զիս ընդունեց այդ ընտանիքը, պատմեցին իրենց պատմութիւններն ու գաղտնիքները:

Նոյնպէս խոստովանիմ, որ այդ այցելութիւնն ու ծանօթութիւնը միանգամայն փոխած են իմ հայեացքներս եւ կեանքի ընկալումս: Ես սկսած եմ գնահատել իմ ունեցածս եւ այն բոլորը, որոնք կը ստեղծեն իմ շրջապատիս մարդիկը:

Հասկցայ, որ սահմանապահ գիւղերու մէջ բնակող մարդոցմէ շատ բան ունիմ սորվելու՝ համարձակութիւն, արարելու ձգտում, իրականութեան զգացողութեան ընկալում: Սկսած եմ այլ կերպ նայիլ իրականութեան եւ երեւոյթներուն, որոնք կը կատարուին:

Սահմանապահ գիւղեր իմ այցելութիւններս շարունակական պիտի ըլլան: Յառաջիկային կը պատրաստուիմ երթալ Գեղարքունիքի մարզի Վահան գիւղ, կ՚այցելեմ Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղը, Տաւուշի շարք մը գիւղերը եւ Արցախի Մատաղիս ու Թալիշ գիւղերը:

 

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019