ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԱԿՆԱՐԿՈՎ ՄԸ ՅԻՇԵԼ ՄՍԽՈՒԱԾ ԱՌԻԹՆԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԻԼ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՆԵՑՈՒԿ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ
Աւստրալահայ ազգային-հասարարական գործիչ Ստեփան Քրքեաշարեան համոզուած է, թէ հայ իրականութեան առկայ պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ է ապահովել ժողովրդային նեցուկ։ Այժմու հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ ան ունի ուշագրաւ դիտարկումներ եւ մօտեցումներ, զորս վերջերս բաժնեց մեզի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։
*
-Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց, նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ առհասարակ ամբողջ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։
-Երբ կը խօսինք Հայաստան-սփիւռք մերձեցման մասին, կան երեք կարեւոր կէտեր, որոնք պէտք է նկատի առնել: Առաջին՝ ի՞նչ է Հայաստան-սփիւռք հասկացողութիւնը: Երկրորդ՝ սփիւռքի գոյավիճակը, հոգեվիճակը, երրորդ՝ սփիւռքի ներուժը։ Այս բոլորէն վերջ պէտք է յետադարձ ակնարկ մը նետենք կորսուած առիթներուն, ապա սկսինք խօսիլ ապագայի խնդիրներուն մասին:
-Եկէք քիչ մը ընդլայնենք սահմանումները՝ ի՞նչ է հայրենիքը ձեզի համար։
-Հայաստանի վերջին անկախութենէն ետք, այսինքն Սովետական Միութեան քայքայումէն վերջ, սփիւռքը ուրախացած էր, որ ինք տիրացած էր իր ազատ եւ անկախ հայրենիքին, սակայն ըստ իմ կարծիքով՝ սփիւռքի հայրենիք հասկացողութիւնը բոլորովին տարբեր է Հայաստանի ժողովուրդի հայրենիք հասկացողութենէն, այդպէս ալ եղած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Այս բոլորը յստակ կերպով արտայայտեց Հայաստանի վաչապետ Փաշինեան, երբ ինք ապրիլ ամսուան վերջը եւ մայիս ամսուան սկիզբը այցելեց Չեխիա, ուր համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին յստակ կերպով ըսաւ. «Հայրենիքը հոն է, ուր դուք կ՚ապրիք»: Ուրեմն մեզի համար, ըստ Հայաստանի հասկացողութեան, մեր հայրենիքը Աւստրալիան է, ոչ թէ Հայաստանը։ Եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, Հայաստանի իշխանութիւնները, ոչ միայն ներկայի, այլ նաեւ առաջին օրէն՝ կը խօսին «Հայաստանի քաղաքացիներու» մասին եւ չեն խօսիր «հայութեան» մասին, չեն խօսիր «հայ ժողովուրդի» մասին։ Այս կէտին կը սկսի տարբերութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, թէ ի՞նչ է հայրենիքը։ Երբ մենք այդ զատողութիւնը կը դնենք, այդ զատողութեան մէջ հիմնական բաժանում մը, անջատում մը կայ ազգութեան եւ հողային ներկայութեան միջեւ. այսինքն հայութիւնը՝ որպէս հայութիւն անջատուած է եւ մենք այս հոգեբանութեան դէմ պէտք է լուծում մը գտնենք:
-Ի՞նչ է սփիւռքի հոգեբանութիւնը եւ ի՞նչ են անոր կառուցուածքային հարցերը:
-Սփիւռքը երեք շրջաններէ անցած է ցեղասպանութենէն ետք: Առաջինը՝ երբ ցեղասպանութենէն փրկուածները ընդհանրապէս մեծամասնութեամբ հաստատուեցան Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կրօնական տարբերութիւն կար հայութեան եւ հիւրընկալող երկիրներուն միջեւ։ Միաժամանակ բնակչութեան հաւաքականութիւն մը կար՝ Լիբանանի, Սուրիոյ կամ Եգիպտոսի մէջ, հայ համայնքը միատեղ հաւաքուած էր, հետեւաբար շատ դիւրին էր պահպանել ու պաշտպանել այդ հայկականութիւնը, ունենալ դպրոցներ, ունենալ եկեղեցիներ, ուր շատ դիւրին էր յաճախելը, որովհետեւ 5-10 վայրկեան քալելով կարելի էր հասնիլ դպրոց կամ եկեղեցի:
Սակայն 50-ական թուականներէն վերջ մեծ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ, այսպէս կոչուած պաղ պատերազմը սկսաւ Սովետական Միութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան երկիրներու միջեւ: Դժբախտաբար, հայութիւնն ալ թերեւս ակամայ, կամ պայմաններու բերումով մասնակից դարձաւ այդ շարժման, եւ անոր արդիւնքը տեսանք մանաւանդ Լիբանանի՝ Պէյրութի մէջ եղբայրասպան կռիւներով: Սովետական Միութիւնը ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ փորձեց օգտագործել եկեղեցին, որպէսզի ստեղծէ Սովետական Միութեան հանդէպ աւելի մտերիմ մտածելակերպ մը սփիւռքի մէջ գտնուող ժողովուրդներէն ներս, անշուշտ, այս մէկն ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ բաժնելով մեր եկեղեցին:
Իսկ երրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ 60-ական թուականներուն եւ անկէ վերջ, երբ սկսաւ գաղթաշխարհներուն (decolonization) կործանումը, երբ մանաւանդ Անգլիա եւ Ֆրանսա սկսան ձերբազատուիլ իրենց գաղութներէն, որուն որպէս հետեւանք սկսաւ արտագաղթը Միջին Արեւելքէն դէպի ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ այլ արեւմտեան երկիրներ: Երբ փոքր էինք, մեր հայկական դպրոցի ուսուցիչը կ՚ըսէր. «Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը դիւրին-դիւրին չի կորսուիր, բայց Ամերիկայի մէջ, ինչպէս շաքարը ջուրին մէջ կը հալի, հայութիւնն ալ այդպէս կը հալի ու կ՚երթայ»։ Մենք տեսանք հսկայական ժողովրդային շարժում Միջին Արեւելքէն դէպի այդ երկիրներ, ուր ձուլումը ո՛չ միայն դիւրին է, այլ հաւանական է եւ թերեւս անխուսափելի: Եւ այս շարժումը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդի ղեկավարութիւնը, սփիւռքի մէջ բաժնուած էր, միասնական չէր թէ՛ կրօնական գետնի վրայ եւ թէ քաղաքական: Մեր քաղաքական կուսակցութիւնները իրարու դէմ էին, մեր եկեղեցին բաժնուած էր եւ սփիւռքի մեր հայ ղեկավարութիւնը չկրցաւ այդ արտագաղթը կազմակերպել, գոնէ այդ հայ զանգուածի արտագաղթը դէպի ԱՄՆ հաւաքական ըլլար, բոլորը քաղաք մը երթային, բոլորը շրջան մը երթային, որպէսզի հոն կազմակերպուէր հայկական գաղութ մը, ուր թերեւս ձուլումը աւելի դանդաղ կ՚ըլլար:
-Քաղաքական այս փոփոխութիւններուն մէջ ի՞նչ առիթներ կորսնցուց հայութիւնը:
-Եթէ նայինք անգլիական կայսրութեան, ան ունէր արտաքին գործոց նախարարութիւն, ունէր բանակ, բայց այդ բոլորէն զատ Անգլիոյ իշխանութիւնը ստեղծեց «Colonial Office»ը, որովհետեւ գիտցաւ տարբերել քաղաքականութիւնը զինուորական տիրապետութենէն եւ 20 հազար անգլիացի կրցաւ տարիներով տիրապետել ամբողջ Հնդկաստանին։ Այդ ամէնը միայն զինուորական ուժով չէր, այլեւ՝ խելացի քաղաքականութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ տեղի ունեցաւ: Հայաստանի իշխանութիւնը երբ անկախութիւն ստացաւ 90-ական թուականներուն, իր մօտեցումը սփիւռքին եղաւ իր հասկացողութենէն, իր ժողովուրդի հասկացողութենէն, այն որ Հայաստանը հոն բնակողներու հայրենիքն է, իսկ ինք որեւէ պատասխանատուութիւն չունի սփիւռքի հայութեան հանդէպ, այլ պատասխանատու է միայն Հայաստանի մէջ բնակող ժողովուրդէն ու անոր ապագայէն եւ գոյատեւումէն։ Սփիւռքի մէջ այդ 60-ական թուականներուն, որ նաեւ զուգադիպեցաւ ցեղասպանութեան 50-ամեակին։ Սփիւռքի մէջ ստեղծուեցաւ 50-ամեակի այդ նոր եռանդը, որ ցեղասպանութեան ճանաչումի եռանդն էր, գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները՝ աջակողմեան կամ ձախակողմեան, յաջորդ յիսուն տարիներուն սկսան կեդրոնանալ միայն եւ միայն ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Այդ հաստատութիւնները՝ մշակութային եւ այլն, որոնք կը գործէին, շարունակեցին իրենց աշխատանքը, սակայն այն նոր հիմնարկները եւ նոր կազմակերպութիւնները, որոնք ստեղծուեցան սփիւռքի մէջ, ստեղծուեցան նոյն այն ձեւով, ինչ որ կը գործէին Միջին Արեւելքի մէջ։ Մինչ այդ, Միջին Արեւելքին մէջ տիրող մթնոլորտը համապատասխան չէր ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ մէջ տիրող մթնոլորտին, պէտք էր նոր գործելակերպ ստեղծուէր, պէտք էր նոր կազմակերպչական մեթոտներ ստեղծուէին, սակայն այդ բոլորը չեղան, որովհետեւ նախաձեռնութիւն չկար այդ արտագաղթը կազմակերպուած ձեւով ընելու։ Երկրորդ՝ առաջնահերթ գործունէութիւնը մեր կազմակերպութիւններուն համար ցեղասպանութեան ճանաչումն էր: 90-ական թուականներուն, երբ Արցախը իր անկախութիւնը ստացաւ, շատ քիչ աշխատանք տարուեցաւ սփիւռքի մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչման իմաստով։ Մենք շարունակեցինք կեդրոնանալ ցեղասպանութեան վրայ եւ այդ կեդրոնացոմը, ըստ իս, ճիշդ չէր, այն իմաստով, որ մենք ուզեցինք եւ տակաւին կը փորձենք երկիրներու, պետութիւններու ըսել, որ դուք պէտք է արհաւիրքը ճանչնաք: Սակայն մենք գրեթէ երեսուն տարի, բացի վերջին մէկ-երկու տարիներէն, չփորձեցինք մեր բնակած երկիրներուն վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի Արցախի անկախութիւնը ճանչնան: Ուրեմն, ըստ իս, այս բոլորը կորսուած առիթներ են։
-Ի՞նչ լուծումներ կրնաք առաջարկել՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը ի՞նչ ձեւով պէտք ըլլայ։
-Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը կրնայ ըլլալ երեք գետիններու վրայ: Առաջինը՝ ընկերային եւ ազգապահպանման գետնի վրայ: Ազգապահպանման գետնի վրայ այն իմաստով, որ պէտք է միասնական համագործակցութեամբ ուժ տանք հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցման, որպէսզի ապագայ սերունդը ճանչնայ, թէ ինչ կը նշանակէ հայ ըլլալը։ Երեխաներուն պէտք չէ ստիպել անպայման հայերէն խօսելու, այլ անոր պէտք է բացատրել՝ ըսելով, որ քանի հայ է, եթէ հայերէն լեզուն գիտնայ, հայ մշակոյթը գիտնայ, հսկայ հարստութեան մը ժառանգորդը ըլլալը կը գիտնայ: Մենք կը թերագնահատենք հայ ժողովուրդի հազարաւոր տարիներու ստեղծագործութիւնը։ Մեր պատմութիւնը կը սկսի Արարատէն, մենք չենք կրնար ուրանալ Արարատը, ինչպէս Թումանեան ըսած է. «դուն ալ նայիր սէգ կատարին ու անցիր», պիտի նայիս եւ անցնիս, բայց գիտակցելով:
Երկրորդը՝ համագործակցութիւն տնտեսական գետնի վրայ: Շատ լաւ առիթ մը ստեղծուած էր, երբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կեանքի կոչուած էր: Այդ հիմնադրամը պէտք էր ըլլար ինչպէս անգլերէն կ՚ըսեն «sovereign fund», պէտք էր ըլլար գանձատրական կազմակերպութիւն մը, որ կը գործէր ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ համաշխարհային իմաստով՝ «International Finance Company», որպէսզի հայեր սփիւռքի մէջ, ուր որ ալ գտնուին, կարողանային ներդրումներ ընել, կարողանային նախաձեռնութիւններ ընել, գանձատրական գործեր սկսիլ՝ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ, որովետեւ այդ կազմակերպութիւնը պիտի պատկանէր Հայաստանի պետութեան, հետեւաբար վերջ ի վերջոյ այդ շահերը պիտի երթային Հայաստան եւ օժանդակէին Հայաստանին:
Իսկ երրորդը՝ քաղաքականն է: Հայաստանը չկարողացաւ օգտագործել սփիւռքի քաղաքական ուժը: Սփիւռքի մէջ կային հայկական կազմակերպութիւններ, կային անհատներ, որոնք մեծ քաղաքական փորձառութիւն ունէին։ Այս բոլորը անտեսեց Հայաստանի պետութիւնը: Ուրեմն ապագային Հայաստանը պէտք է նաեւ այդ համագործակցական կարելիութիւնը ստեղծէ, որպէսզի սփիւռքի հայերը գործօն մասնակցութիւն ունենան նման համաշխարհային հայկական քաղաքական գործունէութեան:
-Արցախի իրավիճակին մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք։
-Արցախը այսօրուան իմ նիւթէս դուրս է, բայց Արցախը մեր բոլորին համար մեծ ցաւ է։ Ոչ մէկ պետութիւն, առանց բացառութեան, կրնայ այսօր օգտակար դառնալ արցախահայութեան։ Երբ Հայաստանի իշխանութիւնը կ՚ըսէ, որ Արցախի ժողովուրդը ինքը պէտք է բանակցի Ատրպէյճանի պետութեան հետ, ի՞նչ կրնանք ըսել: Կը ցաւինք, բայց պէտք չէ յուսահատինք, պէտք է միասնակամ ըլլանք։ Ես այդ միասնակամութեան կոչը չեմ ուղղեր հայ ժողովուրդին, ես այդ կոչը կ՚ուղղեմ մեր կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան, ըսելով. «Եթէ դուք համագործակցիք, միասին աշխատիք, ժողովուրդը ձեզի հետ է»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024