ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԷՍԱՏ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻ՞Ն

Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօ­տիկ մէ­կէ ա­ւե­լի հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­րա­բա­տառ թեր­թեր վեր­ջին օ­րե­րուն ռում­բի նման «պայ­թե­ցու­ցի­ն» այն լու­րը՝ Էր­տո­ղան-Է­սատ հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման մը մա­սին: Շրջա­նա­ռուող լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, հան­դի­պու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ռու­սաս­տանի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի:

Սու­րիոյ շուրջ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար նման հան­դի­պում մը սպա­սե­լի է: Սպա­սե­լի է, ո­րով­հե­տեւ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ըն­թացք ա­ռած սառ­ցա­հա­լի կող­քին բնա­կան էր, որ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման զու­գա­հեռ կա­րե­ւոր ու առաջնա­հերթ փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի զգա­ցուին նաեւ Սու­րիոյ մէջ:

Ու այս նոր ի­րա­վի­ճա­կին ա­ռըն­թեր, եր­բեք պա­տա­հա­կան պէտք չէ հա­մա­րել Հա­սի­չէի (Հա­սա­քէ) մէջ ա­մե­րի­կեան մղու­մով քիւր­տե­րուն  ա­ռած քայ­լե­րը, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ծանր բա­խում­ներ ըն­թա­ցան մէկ կող­մէ քրդա­կան ջո­կատ­նե­րուն եւ միւս կող­մէ Սու­րիոյ բա­նա­կին եւ իշ­խա­նա­մէտ ու­ժե­րուն մի­ջեւ: Ճիշդ է, որ Մոս­կուա կա­րեւբր ճիգ գոր­ծադ­րեց եւ տագ­նա­պը իր սաղ­մին մէջ խեղ­դե­լով սա­տա­րեց ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման: Ա­պա այս ան­գամ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու զօ­րա­գուն­դեր մուտք կը գոր­ծէին Սու­րիա-Թուր­քիա սահ­մա­նա­յին հա­տուա­ծին մօտ ե­ղող սու­րիա­կան Ճե­րապ­լուս քա­ղա­քը, ուր ցայ­սօր ալ զինուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին: Թրքա­կան այս քայ­լը կը խառ­նէր խա­ղա­քար­տե­րու ամ­բողջ ըն­թա­ցա­կարգ մը եւ գե­տին կը պատ­րաս­տէր Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թա­յյիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­­րաք Օ­պա­մա­յի մի­ջեւ երէկ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած բա­ւա­կան կա­րե­ւոր հան­դիպ­ման:

Ան­գա­րա­յի Ի­ՇԻՊ-ի (Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն) դէմ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ո­րո­շու­մը բնա­կա­նա­բար կը կա­տա­րուէր Մոս­կուա­յի ի­մա­ցու­թեամբ: Դար­ձեալ Մոս­կուան էր, որ այս քայ­լին դի­մաց պի­տի ա­պա­հո­վէր Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն «ոս­կի լռու­թիւ­ն­»ը՝ խնդրին ա­ռըն­թեր: Այս­տեղ փա­կա­գիծ մըն ալ բա­նա­լով կա­րե­լի է յստա­կօ­րէն ընդգ­ծել, որ Սու­րիան, որ­պէս պե­տու­թիւն օ­գուտ­ներ պի­տի քա­ղէր թրքա­կան այդ քայ­լէն: Ան­շուշտ, որ այդ օ­գուտ­նե­րը բա­ւա­կան եր­կա­րա­ժամ­կէտ էին, բայց եւ այն­պէս, սկիզբ պի­տի առ­նէր նոր ըն­թացք մը, որ կը բաղ­կա­նար ե­րեք հիմ­նա­կան կէ­տե­րէ.

ա.- Ան­դուլ պայ­քար մղել Ի­ՇԻՊ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ։

բ.- Վերջ­նա­կա­նաց­նել Սու­րիան որ­պէս ամ­բող­ջա­կան եր­կիր տես­նե­լու գա­ղա­փա­րը։

գ.- Ա­մէն գնով ար­մա­տա­խիլ ը­նել Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նա­յին հա­տուած­նե­րուն վրայ քրդա­կան քան­թո­նի մը ստեղ­ծու­մը։

Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր, պէտք է նկա­տի առ­նել նաեւ, որ եր­կու տէ­րու­թիւն­նե­րը՝ Թուր­քիան եւ Սու­րիան, ի­րա­րու մօ­տեց­նող եւ շա­հե­րու ա­ռանց­քով ի­րա­րու կա­պով հիմ­նա­կան օ­ղա­կը քիւր­տե­րու պե­տու­թիւն ու­նե­նա­լու դէմ պայ­քա­րի ա­ռանցքն է:

Ո՛չ Սու­րիան եւ ո՛չ ալ Թուր­քիան «պի­­տի կլլե­ն» կամ «պիտի մար­սե­ն» քրդա­կան գոր­ծօ­նին՝ պե­տու­թեան մը վե­րա­ծուե­լու հար­ցը:

Այս բո­լո­րը ան­շուշտ կը կա­տա­րուին ռու­սա­կան մշա­կուած ու բա­ւա­կան տա­րո­ղու­նակ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը յստակ քայ­լե­րով:

Մոս­կուա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը այն է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը ի­րենց հա­մար ճա­հի­ճի մը չվե­րա­ծուի: Այս ա­ռու­մով Քրեմ­լին հե­ռա­հար եւ ու­շա­դիր հա­յեաց­քով կը հե­տե­ւի Ո­ւա­շին­թը­նի մէջ կա­տա­րուող խմո­րում­նե­րուն եւ բնա­կա­նա­բար Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­նա­լիք նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Մոս­կուա այս ա­ռու­մով յստակ նշան­ներ կ­­՚ա­ռա­քէ եւ մտօք կը դի­տար­կէ, թէ Հի­լը­րի Քլին­թը­նի հա­ւա­նա­կան յաղ­թա­նա­կը Սու­րիան ի­րենց հա­մար պի­տի դարձ­նէ ծանր եւ եր­կա­րա­տեւ մղձա­ւան­ջի մը: Ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլատ­միր Փու­թին կ­­՚ա­ճա­պա­րէ ա­րա­գօ­րէն յա­ջողց­նել Էր­տո­ղան-Է­սատ մինչ այդ ա­միս­ներ ա­ռաջ ա­նե­րեւ­ակա­յե­լի հան­դի­պու­մը:

Ան­ցեալ Յու­նի­սին Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ խօսք մը ար­տա­սա­նե­լու ա­տեն ծանր մե­ղադ­րանք­ներ հնչե­ցուց Նա­խա­գա­հ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հաս­ցէին: Այ­սօր սա­կայն, նոր ի­րա­վի­ճակ մը կը հա­սուն­նայ շրջա­նին մէջ ու այդ ա­ռու­մով բա­ւա­կան անս­պա­սե­լի հա­մա­րուած քայ­լով մը Է­սատ միշտ Մոս­կուա­յի խոր­հուր­դը վե­րա­տե­սու­թեան պի­տի են­թար­կէ՝ իր ընդ­հա­նուր կե­ցուածք­նե­րը Թուր­քիոյ հան­դէպ:

Մեղ­րա­լու­սին չէ սպա­սուա­ծը Ան­գա­րա­յի եւ Դա­մաս­կո­սի մի­ջեւ, բայց հար­ցը հա­սած է այն­պի­սի խո­րու­թեան մը, ուր եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը ամ­բող­ջա­պէս հասկ­ցած են, որ ա­ռանց ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան, անհ­նար է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­րեան կիր­ճե­րու վե­րա­ծած Սու­րիոյ տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լու­ծու­մը ա­պա­հո­վել:

Ու հե­տե­ւա­բար այս բա­ւա­կան հա­սուն­ցած դրու­թեան մէջ Մոս­կուա քայլ մը ա­ռաջ նե­տուե­լով՝ հե­տա­մուտ է ա­մէն գնով նախ պատ­րաս­տել ու ա­պա յա­ջողց­նել Էր­տո­ղան-Է­սատ հան­դի­պու­մը:

Տե­ղին կը հա­մա­րեմ նշել, որ ա­րա­բա­կան կարգ մը հե­ղի­նա­կա­ւոր աղ­բիւր­ներ կը բա­ցա­յայ­տեն նաեւ այդ հան­դիպ­ման հա­ւա­նա­կան թուա­կա­նը՝ գրե­լով, թէ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը Մոս­կուա­յի մէջ պի­տի հան­դի­պին Սեպ­տեմ­բեր ամ­սուան սկիզ­բին:  Ան­շուշտ այս բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տուած չեն պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու կող­մէ, սա­կայն նման լու­րի մը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուի­լը ինք­նին կա­րե­ւոր ցու­ցա­նիշ մըն է այն մա­սին, որ ե­թէ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ նոյ­նիսկ հան­դի­պում մը չկա­յա­նայ, ա­պա յստակ ու սպա­սե­լի է, որ Մոս­կուա մեծ ջան­քեր գոր­ծադ­րէ եր­կու «քէն պա­հո­ղ» կող­մե­րը ի­րա­րու մօ­տեց­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ:

Թէ ի՛նչ ձե­ւով կրնայ սկիզբ առ­նել Թուր­քիա-Սու­րիա սառ­ցա­հա­լը կա­րե­ւոր չէ։ Կա­րե­ւո­րը այն է, որ շրջա­նը ա­կա­նա­տես պի­տի դառ­նայ ա­ռաջ­նա­հերթ եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց կա­րե­ւոր մէկ ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը՝ Էր­տո­ղան-Է­սատ հան­դի­պումն է:

Վստա­հա­բար այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­մե­նէն ա­ւե­լի քա­ղա­քա­կան միա­ւոր ստա­ցող կող­մը պի­տի ըլ­լայ Մոս­կուան, ո­րուն հա­մար հիմ­նա­կան խնդի­րը Սու­րիոյ տագ­նա­պը ճա­հի­ճի վե­րա­ծուած չտես­նելն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016