ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Բ .)

Մեր նախորդ գրութեան մէջ ըսած էինք, որ մեզի կը ներկայանան երկու կարծիքներ, սակայն եւ այնպէս ի վերջոյ պէտք չէ տարակուսիլ, թէ Աւետարանը գրուած է Մարկոսի կողմէ։   

Պէտք է նկատի առնել սակայն Մարկոսի աւետարանին վերջին տասներկու համարներուն վերաբերեալ խնդիր յառաջացած հարազատութեան հարցը (16.9-20), որ սուր վիճաբանութեանց խնդրոյ առարկայ եղած է Նոր կտակարանի մասնագէտներուն միջեւ։ Եւ անոնց փաստարկութիւնը այն է, թէ այդ հատուածը բացակայ է ամենահին երկու ձեռագիրներու մէջ (Վատիկանեան եւ Սինայական)։ Սակայն պէտք է մատնանշել այն իրողութիւնը, թէ մինչ Վատիկանեան Կոդէքսը չէ պարփակած այդ  տասներկու համարները, բայց եւ այնպէս ան բաց թողած է բաւարար միջոց մը Մարկոսի եւ Ղուկասի աւետարաններուն միջեւ, ուր կարելի է զետեղել այդ հատուածը։

Իսկ միւս կողմէ, եթէ ընդունինք քննադատներուն այս տեսակէտը, այդ մէկը անկարելի պիտի ըլլար զայն տրամաբանականօրէն եւ իմաստային կերպով ըմբռնելը, որովհետեւ տարօրինակ էր «քանզի կը վախնային» խօսքով անոր վերջաւորութիւնը։ Մինչ եթէ «Եւ անոնք շուտով յայտարարեցին այն բաները, որոնք պատուիրուած էին Պետրոսի։ Եւ Յիսուս Ինք անոնց միջոցաւ ղրկեց յաւիտենական փրկութեան սուրբ եւ անարատ քարոզը արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք», այս խօսքերով աւարտէր Աւետարանը, աւելի տրամաբանական ու դրական վերջաբան մը պիտի ըլլար։ Եւ որովհետեւ նախատիպ օրինակը չկայ վերջաբանին, ուստի՝ խնդրոյ առարկայ այդ հատուածը որպէս այս Աւետարանին լաւագոյն եւ բնական եզրափակիչ խօսքը կ՚ընդունինք։ Աւանդութիւն մըն ալ կայ, որ կ՚ըսէ, թէ Մարկոսի աւետարանին վերջին տասներկու համարները կասկածի տակ առնուած են, եւ այդ համարները յետագային է որ աւել-ցըւած են, եւ որոնք քանի մը յոյն ձեռագիրներու մէջ միայն կը գտնուին ու կազմուած է միւս աւետարաններէն առնուելով։ Աւանդութեան մը համեմատ, որ պահուած է միայն հայերէն Աւետարանի մը մէջ՝ կ՚ըսուի թէ երկրորդ դարուն ապրող Արիստոն անունով Երէցի մը գործն է ան։ Ուրիշ տեսութեան մը համաձայն, այդ համարներուն յաւելումը կարելի է բացատրել երկու ձեւով. 1.- Թերեւս շատ հին սկզբնաղբիւր ձեռագրի վերջին էջը բզկտուած ինկած էր բուն գիրքէն, եւ եկեղեցական հայրերէն մին յիշողութենէ աւելցուցած էր մնացածը, եւ կամ 2.- թերեւս դարեր ետք կատարուած էր այդ յաւելումը, որովհետեւ երբեք չէր համապատասխաներ գիրքի բնագրին հետ։ Այս բոլորէն վերջ պէտք է ըսել սակայն, թէ մենք զայն կ՚ընդունինք որպէս այդ Աւետարանին հարազատ գրութիւնը։

3) ՄԱՐԿՈՍԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻՆ

Մարկոս տարօրինակ կերպով կը խորհրդանշուի մարդկութեան կողմէն ամենէն բարձրորակ կենդանիով, որ նաեւ նկատուած է որպէս թագաւորը բոլոր կենդանիներուն, որ է՝ առիւծը։ Ան իր այս խորհրդանշումը ստացած է հետեւեալ պատճառներով։

- Կ՚ըսուի, թէ Մարկոս իր հայրը՝ Արիստուբուլոս դարձի բերաւ, երբ անոնք դէպի Յորդանան իրենց գնացքին յանկարծ հանդիպեցան արու եւ էգ առիւծի մը, եւ հայրը խնդրեց իրմէ, որ փախուստ տայ, սակայն ան Քրիստոսի աղօթելով սպաննեց զանոնք, եւ այդպէսով իր հայրը հաւատաց Քրիստոսի։

- Թէ Մարկոս իր աւետարանին սկիզբներուն սկսաւ ըսելով. «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը», եւ կարծես առիւծի ձայնը ըլլար ան, որ կ՚աղաղակէր անապատին մէջ եւ որպէս անասուններուն թագաւորը ճամբան կը հարթէր իսկական թագաւորին գալուստին համար, որ է՝ Յիսուս Քրիստոս։

- Սուրբ Ամպրոսիոս կը տեսնէ, որ Մարկոս իր աւետարանին սկսաւ Քրիստոս Յիսուսի աստուածային հեղինակութեան յայտարարութեամբ, թէ «Այսպէս կը սկսի Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիտոսի Աւետարանը» (Մրկ 1.1), եւ այդ իսկ պատճառով, իրաւունքն է զայն իբրեւ խորհրդանիշ ընտրել Առիւծը։  

4) Ե՞ՐԲ, Ո՞ՒՐ, ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ԳՐՈՒԱԾ Է ԱՅՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ

Ըստ հայրապետներու վկայութեանց՝ կ՚ըսուի, թէ ան իր աւետարանը գրեց Պետրոս առաքեալի մահէն ետք (65)։ Անոր մէջ Երուսաղէմի կործանումի մասին կանխագուշակութիւն ըլլալուն՝ զայն կը դնեն 70-էն առաջ։ Ըստ Իրենէոսի, Մարկոս իր աւետարանը գրած է Պօղոսի եւ Պետրոսի մահէն ետք՝ 67 թուէն ետք։ Սակայն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՚ըսէ, թէ 65-70-ի միջեւ գրած է։ Ուրիշ կարծիք մըն ալ գոյութիւն ունի, որ կ՚ըսէ, թէ գրուած է 64-65-ի միջեւ, Պետրոս առաքեալի նահատակութեան տարին՝ Ներոնի ընդհանուր հալածանքին առթիւ, ընդդէմ քրիստոնէից Հռովմի մէջ իր ձգած հրդեհը անոնց վերագրելով ու ժողովուրդը անոնց դէմ գրգռելով։ Տակաւին, Կղեմէս Աղեքսանդրացի եւ Որոգինէս կ՚ըսեն, թէ Պետրոս տակաւին կ՚ապրէր, երբ Մարկոս իր աւետարանը գրեց։ Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ գոյութիւն ունի, ըստ որում, Մարկոս իր աւետարանը գրած է Քրիստոսի համբարձումէն 15 տարիներ ետք։ Այս բոլորով հանդերձ սակայն, ամենէն հաւանական թուականը կը թուի ըլլալ 65-67-ը։

Իսկ անոր գրութեան վայրին մասին, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՚ըսէ, թէ գրած է Հռոմի մէջ։ Այս տեսակէտը կը հաստատեն բազմաթիւ այրապետներ, ինչպէս օրինակ՝ Հիպպոլիտոս, Կղեմէս Աղեքսանդրացի եւ ուրիշներ, ըսելով՝ թէ այս աւետարանը գրած է Հռոմի մէջ, կամ Իտալիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ։ Եւ ըստ Պետրոս առաքեալի կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, դրուագներուն եւ դէպքերուն ընդմէջէն ալ ի յայտ կու գայ անոր Հռոմի մէջ գրած ըլլալը (Ա. Պտ 5.13)։ Պապիաս եւս կը վկայէ, թէ Մարկոս իր աւետարանը գրած է Հռոմի մէջ։ Իսկ ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն՝ կ՚ըսուի, թէ ան գրած է Աղեքսանդրիոյ մէջ։

Վերեւ յիշուած փաստերուն վրայ հիմնուելով, կրնանք հիմնաւորել, որ ան իր աւետարանը գրած է Հռոմի եւ անոր շուրջ գտնուող Եկեղեցիներուն մէջ։ Ասոր իբրեւ հաստատում, կան ներքին ապացոյցներ աւետարանին մէջ։ Զոր օրինակ, հեղինակը կը ջանայ բացատրել հրէական սովորութիւններ, հասկնալի դարձնելու համար ընթերցողին (7.3-4). նաեւ ան կը թարգմանէ արամերէն խօսքեր (3.17, 5.41, 7.11,34, 15.22)։ Այս բոլորը կ՚ապացուցեն, թէ այս աւետարանը գրուած է գլխաւորաբար հեթանոս (ոչ հրեայ) քրիստոնեաներու համար։ Աւետարանին մէջ բացայայտօրէն մեզի կը պարզուի անոր հռոմայեցիի մը տեսանկիւնէն գրած ըլլալը։ Մարկոս կը գործածէ լատիներէն եզրեր (յունարէն տառերով) աւելի քան միւս աւետարանիչները, օրինակ, «հարիւրապետ», «տուրք», եւ այլն։ Անոր մէջ կը գտնուին նաեւ յունարէն խօսքեր լատիներէնի շարադասութեամբ, օրինակ՝ «կարելի ընել», «վերջին ըլլալ», եւ այլն։

Ի վերջոյ այս աւետարանին իսկական նպատակը այն է, նորադարձ քրիստոնեաները յորդորել, գօտեպնդել եւ քաջալերել անխախտ մնալու իրենց հաւատքին մէջ, որեւէ մէկ փորձութեան, չարչարանքի, հալածանքի ու մահուան դիմաց։ Նաեւ կ՚ըսուի, թէ անոր նպատակը այն էր՝ ցոյց տալ նորադարձ հեթանոսներուն եւ հաւատացեալներուն, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է, որ հզօր եղաւ Իր գործերով ու խօսքերով, եւ որուն չարչարանքն ու մահը անհրաժեշտ էր մարդոց փրկութեան համար։ Ան գրած է նաեւ գոհացում տալու համար նորադարձ քրիստոնեաներուն, որոնք կ՚ուզէին գիտնալ Յիսուսի կեանքը, խօսքերը, կատարած հրաշքները, եւ այլն, որուն անոնք կը հաւատային։ Անոր նպատակն էր նաեւ, հրէութեան ու հեթանոսութեան միջեւ ծագած բուռն քաղաքական պայքարներու շրջանին՝ Քրիստոսով յայտնուած հոգեկան խաղաղութիւնը եւ փրկութիւնը ծանուցանել։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018