ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Կեանքի մասին շատ խօսուած է: Կեանքի մասին շատ գրուած է: Կեանքը մարդկային մեր իրականութեան մեծագոյն խորհուրդներէն մէկն է, որու մէջ ինչքան ալ խորասուզուինք, տակաւին եւ տակաւին խորասուզուելու տեղ ունինք, որովհետեւ անվերջանալի ու անհասանելի խորութիւն մըն է կեանքը: Անվերջանալի ու անհասանելի՝ երբ մեր մարդկային տրամաբանութեամբ միայն կը փորձենք հասկնալ զայն, մինչ հոգեւոր ակնոցով երբ նայինք կեանքին, արդարեւ յստակ ու պարզ է թէ ի՛նչ է կեանքը եւ ո՛վ է կեանքը:

Արդարեւ քրիստոնէութեան Հիմնադիրն ու Պարագլուխ Տէր Յիսուս, Իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսին յարութիւն տալու դրուագին մէջ այսպէս կ՚արտայայտուի. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25-26): Ուրիշ առիթով մը աստուածային հեղինակութեամբ այսպէս կը յայտարարէր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6): Տէր Յիսուսի այս խօսքերէն յստակ կը դառնայ, թէ քրիստոնէութեան դիտանկիւնէն կեանքը Քրիստոս Ի՛նքն իսկ է եւ կեանքը որպէս կեանք ապրելու համար մարդ արարածը կարիքն ունի Քրիստոսի ներկայութեան, առանց Որուն կեանքը կը դադրի կեանք ըլլալէ ու կը վերածուի ժամանակաւոր անիմաստ ու աննպատակ ժամանակամիջոցի մը:

Աւելի չեմ ուզել խորանալ, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի, կեանքի մասին շատ խօսուած ու գրուած է: Այս խօսուածներէն ու գրուածներէն սակայն, ամենէն մեծ ազդեցութիւնը ունեցած է վրաս Մայր Թերեզայի հետեւեալ խօսքերը: Խօսքեր, որոնք Մայր Թերեզայի շրթներէն ելած լոկ բառեր չեն, այլ՝ ապրուա՛ծ իրականութիւններ են: Այս յօդուածով այդ խօսքերուն մասին պիտի անդրադառնամ.

«Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէ՛։

Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացի՛ր։

Կեանքը երանութիւն է, ճաշակէ՛։

Կեանքը երազ է, իրագործէ՛։

Կեանքը մարտահրաւէր է, դիմագրաւէ՛։

Կեանքը պարտականութիւն է, կատարէ՛։

Կեանքը խաղ է, խաղա՛։

Կեանք թանկագին է, գուրգուրա՛։

Կեանքը հարստութիւն է, պահէ՛։

Կեանքը սէր է, վայելէ՛։

Կեանքը խորհուրդ է, հասկցի՛ր։

Կեանքը խոստում է, յարգէ՛։

Կեանքը վիշտ է, յաղթահարէ՛։

Կեանքը երգ է, երգէ՛։

Կեանքը պայքար է, ընդունէ՛։

Կեանքը ողբերգութիւն է, սրտապնդէ՛։

Կեանքը արկածախնդրութիւն է, յանդգնէ՛։

Կեանքը կեա՛նք է, ապրէ՛։

Կեանքը շա՜տ թանկագին է, մ՛ի կործաներ»:

Առնենք առանձին-առանձին:

- «Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէ՛»:

Մեզմէ ո՞վ իր ամէնօրեայ անձնական խորհրդածութիւններու ընթացքին այս ուղղութեամբ կը մտածէ, թէ կեանքը հնարաւորութիւն մըն է, որ ձրիաբար՝ առանց փոխարէնի տրուած է մեզի եւ զայն պէտք է օգտագործենք: Ինչպիսի՞ հնարաւորութիւն մըն է սակայն: Հնարաւորութիւն մըն է, որ ներկայ մեր այս կեանքը գրաւականը դարձնենք մեր գալիք՝ յաւիտենական կեանքին, եւ այս հնարաւորութիւնը կորսնցնելու պարագային մենք մեզ դատապարտած կ՚ըլլանք յաւիտենական տանջանքին: Հետեւաբար, մեզի տրուած այս կեա՛նք հնարաւորութիւնը պէտք է լաւագոյնս օգտագործենք, հասնելու համար այս հնարաւորութիւնը մեզի ընծայած Յաւիտենականին:

- «Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացի՛ր»:

Մեզմէ ո՞վ աշխարհի ցանկացած մէկ վայրին մէջ ականատեսը դառնալով արեւածագին կամ մայրամուտին չէ հիացած: Մեզմէ ո՞վ առաւօտեան լսելով թռչուններուն դայլայլը չէ հիացած: Մեզմէ ո՞վ ականատես չէ եղած ծովերու ալիքներու ամեհի հարուածներուն ծովեզերքի ժայռերուն եւ չէ հիացած բնութեան յառաջացուցած այդ գեղեցիկ տեսարաններով: Եւ տակաւին շարքը կարելի է երկարել ու երկարել: Կը մնայ մեզի սակայն չբաւարարուիլ միայն այս գեղեցկութիւնները տեսնելով, այլեւ հիանալ անոնցմով ու շնորհակալութիւն յայտնել այդ գեղեցկութիւնը Պարգեւողին, որովհետեւ նոյնիսկ ամպերը՝ «պատմեն զփառս Աստուծոյ»:

- «Կեանքը երանութիւն է, ճաշակէ՛»:

Պահ մը ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք մեզ շրջապատող անշունչ տիեզերքը եւ անոր մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր արարածները: Կա՞յ մէկը արդեօք, որ մարդուն ունեցած պատիւը ունի. բնականաբար ո՛չ: Հետեւաբար այս երանութիւնը որ ձրիաբար պարգեւուած է մեզի Մարդասէրին կողմէ, պէտք է ճաշակենք, տեսնելու համար թէ «ինչքան քաղցր է Տէրը»:

- «Կեանքը երազ է, իրագործէ՛»:

Իւրաքանչիւր գիշեր երբ կը քնանանք, իրականութեան մէջ երազի մէջ կը մտնենք: Առաւօտեան սակայն, երբ մեր աչքերը կը բանանք՝ նոր օրի մը սկսելու համար այդ երազը կը դադրի ու առիթը կու գայ մեր առջեւ, որ գործենք, թմբիրը իրականութիւն վերածենք եւ մենք մեզ իրագործենք որպէս պատկերն ու նմանութիւնը Արարիչին:

- «Կեանքը մարտահրաւէր է, դիմագրաւէ՛»:

Բոլորս ալ գիտենք, որ ժամանակաւորապէս գոյութիւն ունինք այս անցաւոր աշխարհին մէջ եւ այս աշխարհը պարզապէս հանգրուան մըն է, անցնելու կամ հասնելու համար յաւիտենական հանգրուանին: Սակայն, այս հանգրուանը իր էութեան մէջ մարտահրաւէր մըն է, որ կարիքն ունի լուրջ աշխատանքի ու պայքարի՝ կարենալ դիմագրաւելու համար զայն: Եթէ թոյլ ու անկամ գտնուինք, կեանք մարտահրաւէրը կը ճզմէ ու կ՚անցնի մեզ, սակայն երբ կը դիմագրաւենք, կը տոկանք, այն մեզ կը վերածէ կոփուած քարի մը, որ ո՛չ մէկ մարտահրաւէր կրնայ ընկճել, որովհետեւ մեր քարը իրեն հիմք ունի Անսասանելին:

- «Կեանքը պարտականութիւն է, կատարէ՛»:

«Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ» (Ծն 3.19), աստուածային թելադրութիւնը մարդոց բոլոր սերունդներուն անխտիր՝ երեսի՝ ճակատի քրտինքով ուտել հացը: Տակաւին՝ «աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկինքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծն 1.28), այստեղ տիրելն ու իշխելը մարդկային չոր տրամաբանութեամբ պէտք չէ հասկնալ, այլ՝ տիրելն ու իշխելը պէտք է ըմբռնել որպէս ծառայութիւն, ինչ որ կը պահանջէ պարտականութեան կատարում: Հետեւաբար, մարդը պարտականութիւն ունի կատարելու իր կեանքով, որ հիմնականին մէջ իր ճակատի քրտինքով իր հացը վաստակիլն է եւ իրեն յանձնուած տիեզերքին տէր, պաշտպան ու ծառան ըլլալն է:

- «Կեանքը խաղ է, խաղա՛»:

Շատերու համար կրնայ զարմանալի թուիլ այս արտայայտութիւնը, սակայն երբ ուշադրութեամբ փորձենք հասկնալ այս բառերուն ետեւ թաքնուած իմաստը, պիտի համաձայնինք այս արտայայտութեան, որով խորքին մէջ այս կեանքը խաղ մըն է, խաղ մը, որ միտուած է մեր հոգեբարոյական ներաշխարհը զգօն ու առողջ պահելու, զարգացնելու, աճեցնելու, հասունցնելու՝ հասնելու, ճաշակելու եւ վայելելու համար այս խաղին աւարտը:

- «Կեանքը թանկագին է, գուրգուրա՛»:

Պէտք է գուրգուրանք մեզի շնորուած կեանքին, որովհետեւ՝ «Աստուա՛ծ է մեր կեանքին Ճարտարապետը: Բայց մենք պէտք է կարողանանք որմնադիր ըլլալ, ատաղձագործ ըլլալ եւ Ճարտարապետին կամքին համաձայն աշխատիլ» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս): Հետեւաբար, որպէսզի կարողանանք լաւապէս գուրգուրալ ու խնամք տանիլ այս թանկագին կեանքին, պէտք է վարպետ ու հմուտ որմնադիրներ ու ատաղձագործներ ըլլանք:

- «Կեանքը հարստութիւն է, պահէ՛»:

Մեզմէ շատեր այս արտայայտութիւնը կրնան նիւթական կերպով հասկնալ... Բայց իրականին մէջ նիւթական հասկացողութեան հետ ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի: Որովհետեւ եթէ կեանքը նիւթական հարստութիւն ըլլար միայն, անոր ընթացքին ցաւն ու վիշտը, հիւնադութիւնն ու մահը տեղ պիտի չունենային: Այստեղ՝ «կեանքը հարստութիւն է» ըսելով պէտք է ըմբռնենք, որ կեանքը՝ առողջութիւն է, զոր պարտաւոր ենք պահել, այլապէս ցանկացած նիւթական հարստութիւններ չեն կրնար օգտակար դառնալ մեզի:

- «Կեանքը սէր է, վայելէ՛»:

Եւ ի՜նչ քաղցր ու անուշ սէր:

«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ»: «Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»: Տէրունաւանդ գերագոյն երու պատուէրներ, որոնք կը բացատրեն սիրոյ ճշմարտացիութիւնը: Կեանքը որպէս «թանկագին» իրողութիւն, կը գունազարդուի եւ կը գեղեցկանայ սիրով, սիրով եւ սիրով: Այդ սէրը նախ եւ առաջ ուղղուած պէտք է ըլլայ Անսահման Սէրին եւ երկրորդ՝ Անոր ստեղծած մարդուն, որ Իր պատկերն ու նմանութիւնը կը կրէ: Երբ մարդ յաջողի այս երկու սէրերը իրագործել, անոր համար կեանքը այլեւս կը դառնայ վայելք մը, որու հանդարտ ալիքներուն վրայով մարդ կրնայ հասնիլ Սիրոյ Նաւապետին:

- «Կեանքը խորհուրդ է, հասկցի՛ր»:

«Կեանքը գաղտնիք է, եղբայրներ, որ անկարող ենք լուծել. սակայն կրնանք վերլուծել։ Ան վիշտերու եւ ուրախութիւններու պատկերացոյց է, որոնք փոփոխակի զիրար կը յաջորդեն՝ երբեմն մեր հոգին ալեկոծելով, երբեմն ալ հանգիստ տալով անոր» (Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս): Արդարեւ, կեանքը փորձ մըն է հասկնալու համար անոր խորհուրդը, փորձել ըմբռնելու համար անոր ինչութիւնը, իսկ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար կարիքն ունինք մեր խիղճի զգօնութեան, որ գրաւականն է կեանքի խորհուրդն ու գաղտնիքը հասկնալու ու ըմբռնելու:

- «Կեանքը խոստում է, յարգէ՛»:

Կեանքը խոստում է անով, որ կանգ, գոյութիւն ունինք նպատակի մը համար, այլ խօսքով՝ պատահականութեան մը առիթը չենք, պատահականօրէն գոյացած արարածներ չենք, այլ՝ սիրոյ պտուղներ ենք, գոյացած ենք գերագոյն եւ յաւիտենական նպատակի մը համար: Հասնելու համար այդ գերագոյն եւ յաւիտենական նպատակին, պէտք է խոստում տանք, ուխտ կատարենք այդ ուղղութեամբ, եւ խոստանալէ ու ուխտելէ ետք, ամէն կերպ աշխատինք, որպէսզի յարգենք ու կատարենք մեր տուած խոստումն ու կատարած ուխտը:

- «Կեանքը վիշտ է, յաղթահարէ՛»:

Մեզմէ որո՞ւն դժբախտութիւններ կամ հիւնադութիւններ չեն հանդիպած: Ինչպէ՞ս դիմակայած ենք անոնց: Կանքո՞վ, յոյսո՞վ, հաւատքո՞վ, թէ՞ յուսահատութեամբ ու վախով: Եթէ մեզի հանդիպած դժբախտութիւններուն, դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն ու հիւնադութիւններուն կամքով, հաւատքով ու յոյսով դիմակայած ենք, անպայմանօրէն որ յաղթանակած դուրս եկած ենք:

Տակաւին. «Միամտութիւն է կեանքը նկատել հանդարտօրէն հոսող խաղաղ գետ մը. ձանձրացուցիչ պիտի ըլլար ան: Գոյութիւն ունին դժուարութիւններ, արգելքներ եւ դժուարալոյծ խնդիրներ, եւ քանի մարդ արարածներ ենք, կրնանք սխալիլ, իյնալ, մեղանչել: Բայց խնդիրը զանցե՛լն է այս անկատարութեան եւ անկումի վիճակը, որովհետեւ վերականգնելու հնարաւորութիւն ունինք ամէն վայրկեան» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետ):

Ի վերջոյ, չմոռնանք մեր Տիրոջ քաջալերական խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):

- «Կեանքը երգ է, երգէ՛»:

Ով որ ներքնապէս յաջողած է խաղաղութեան հասնիլ, այդպիսին հասկցած է կեանքին երգը եւ զայն վերածած է իր քայլերգին, որով ինքզինք կը քաջալերէ մնայուն կերպով: Կ՚ուզե՞ս երգել կեանքի երգը, հետեւաբար խաղաղեցուր հոգիդ, խաղաղեցուր միտքդ, խաղաղեցուր սիրտդ, եւ ահա կեանքի երգը արդէն քու շրթներուդ վրայ է:

- «Կեանքը պայքար է, ընդունէ՛»:

Եթէ կեանքին նայինք որպէս պայքարի դաշտ մը իսկ մենք՝ պայքարողներ, կը նշանակէ, թէ մեր կեանքին համար ունինք նպատակ մը, որու իրականացման կամ որուն հասնելու համար մեր մէջի աւիշը միշտ թարմ կը մնայ: Երբ դադրինք մեր նպատակը հետապնդելէ, կը դադրինք ապրելէ, որովհետեւ՝ «կեանքը ամէն բանէ առաջ նպատակ է եւ նպատակին ձգտող յոյս է ու հաւատք։ Հոն ուր կը պակսի նպատակը, հոն ուր կը պակսի կեանքի հաւատքն ու յոյսը՝ հոն միայն մեռելութիւն է որ կը տիրէ» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան):

- «Կեանքը ողբերգութիւն է, սրտապնդուէ՛»:

Այո՛, կեանքը ողբերգութիւն է: Ողբերգութիւն է կորսուտներու եւ ձախորդութիւններու հսկայ շարանով, որ յաճախ մարդ արարածը կ՚ունենայ: Սակայն, ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»: Եւ կամ Աշուղ Ջիվանիի բառերով՝ «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան»: Լաւն ու վատը, ցաւն ու վիշտը մարդուն ընկերակիցներն են, կարեւորը չվհատող սիրտն է, կարեւորը տարբեր պարագաներու մէջ ինքզինք սրտապնդել գիտնալն է:

Ի վերջոյ, գաղտնիքը ողբերգութիւնները յաղթահարելուն՝ մխիթարութիւն գտնելն է Մխիթարիչէն:

- «Կեանքը արկածախնդրութիւն է, յանդգնէ՛»:

Կեանքը խորքին մէջ արկածախնդրութիւն մըն է: Արկածախնդրութիւն մը, որուն կրնան միայն յանդուգները դիմակայել ու պայքարիլ անոր դէմ: Արկածախանդրութիւն մը, ուր տկարներն ու յուսաբեկները տեղ չունին: Արկածախնդրութիւն մը, ուր վախկոտներն ու թուլակամները իրաւունք չունին ըլլալու: Իսկ այդ արկածախնդրութիւնը արիաբար ու յանդգնութեամբ ընդունողները, աւարտին պիտի ստանան կեանքի պսակը՝ կեանքի Պսակէն:

- «Կեանքը կեա՛նք է, ապրէ՛»:

Կեանքը հասկցողին ու կեանքը ըմբռնողին համար կեանքը կեանք է, որ կ՚արժեւրուի այդ կեանքը ապրելով: Շատեր «կեանքը ապրելով» կը հասկնան նիւթական ճոխութիւններն ու գնայուն վայելքները, մինչ իրականին մէջ կեանքը ապրիլ կը նշանակէ կեանքին արժէքը գիտնալ, հասկնալ ի՛նչի մէջ է կեանքին կեանքութիւնը եւ այդ կեանքութիւնը ըմբռնելով ու հասկնալով ապրիլ, «ապրելով ապրիլ կեանքը»:

- «Կեանքը շա՜տ թանկագին է, մ՛ի կործաներ»:

Կեանքը շա՜տ թանկագին է, այո՛, որովհետեւ «կեանքը մարդուն կողմէ չէ ստեղծուած, հետեւաբար անոր սեփականութիւնը չէ: Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է, եւ մենք Անոր առջեւ պէտք է հաշուետու ըլլանք այն բանին համար, թէ ինչպէս կը տնօրինենք այդ պարգեւը»: Եթէ մեզի ընծայուած այդ պարգեւը կործանենք, այդպիսով մենք մեզ է, որ կործանած կ՚ըլլանք: Ու աշխարհի վրայ չկայ առողջ տրամաբանութիւն ունեցող անձ մը, որ ուզէ ինքն իր ձեռքով ինքզինք կործանումի հասցնէ:

«Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէ՛»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 սեպտեմբեր 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019