ԿՈՐԵԿԸ

Ռուս բա­նաս­տեղծ Մա­յա­կովս­կի, լե­նի­նեան յե­ղա­փո­խու­թեան եր­գի­չը գրու­թիւն մը ու­նի, ուր կ՚ը­սէ. «Մենք կը հաս­նինք ու կ՚անց­նինք»… ի հարկէ, խօս­քը ուղ­ղե­լով դրա­մա­տի­րա­կան աշ­խար­հին:

Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան ու­սա­նած ըն­կեր­նե­րէս մին, այս խօս­քին վե­րա­բե­րեալ ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ կ՚ը­սեն. «Հաս­նինք, հոն մնանք», այ­սինքն պի­տի չհաս­նինք: Ա­ռա­ջի­նը բա­նաս­տեղ­ծա­կան թռիչք, երկ­րոր­դը ի­րո­ղա­կան կեանք է:

Կար­դա­լով «Ա­մե­րի­կեան բար­քեր»ը վե­րոն­շեա­լը յի­շե­ցի:

«Պե­տա­կան ա­նուղ­ղա­կի ճնշում», ի հարկէ ե­ղե­լու­թիւն­ներ եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ՝ սա­կայն, թէ կը կրկնուի «Ժո­ղո­վուր­դի կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, ժո­ղո­վուր­դով եւ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար» («A government of the people, by the people, for the peple») կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը, հիա­ցուց զիս ու ը­սի կեան­քը մե­զի, այ­սինքն՝ Լի­բա­նա­նին, ե՞րբ պի­տի ըն­դու­նուի նման ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն մը այս եր­կի­րին մէջ, որ կի­րար­կե­լի ըլ­լայ նաեւ, այ­լա­պէս ա­նար­ժէք օ­րի­նա­կար­գի կը վե­րա­ծուի:

Հոգ չէ թէ եր­բեմն օ­րէն­քը կ՚ըն­կա­լուի իբ­րեւ ա­նուղ­ղա­կի ճնշում, ինչ որ օ­րէն­քի եւ զայն գոր­ծադ­րո­ղի հարց է:

Ժա­մա­նա­կին տե­սած եմ «Twenty thosand Leagues under the sea» ֆիլ­մը։ Ընդ­ծո­վեա­յի անձ­նա­կազ­մէն մին անձ մը փրկեց մա­հէ. սա­կայն ան դար­ձաւ ու յան­դի­մա­նա­կան ը­սաւ. «Կեանքս փրկե­ցիր, ԻՆ­ՉՈ՞Ւ»։ Ա­հա­ւա­սիկ մօ­տե­ցում մը: Այս ալ կա­րե­լի է ճնշում ո­րա­կել փրկող ան­ձին կող­մէ…։

Ա­մէն ոք ի­րեն յա­տուկ ապ­րած վի­ճակն ու­նի ու կրնայ մտա­բե­րել, բայց ուր­կէ՞ սկսիլ։­

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ինք­նա­շար­ժի ճչա­կէ՞ն, դեռ լոյս չծա­գած, թէ ա­նոր միա­տեղ ան­ձի մը կան­չէն, որ իր ըն­կե­րոջ կը սպա­սէ որ­սի եր­թա­լու։

Դրա­ցիին շան հա­ջո­ցէ՞ն, որ տու­նը վե­րա­ծած է փոք­րիկ ա­նաս­նա­տան ու լա­կոտ­ներ կը խնա­մէ որ­պէս­զի վա­ճա­ռէ…։

Ինք­նա­շար­ժի մէ­ջէն ձայ­նաս­փիւ­ռին բարձր ե­ղա­նա՞­կը, որ կը խլաց­նէ մթնո­լոր­տը, կէս-գի­շե­րին պայ­թու­ցիկ­նե՞­րը՝ հար­սա­նե­կան, տօ­նախմ­բու­թեան կամ այլ հա­ւա­քի ըն­թաց­քին, երբ որ ո­րոտըն­դոստ կը ցատ­կես ան­կո­ղի­նէդ:

Մայ­թե՞­րը՝ ո­րոնք ա­ւե­լի կը գոր­ծա­ծուին շու­նե­րը ճե­մե­լու եւ ա­նոնց ա­ղիք­նե­րը հանգս­տաց­նե­լու…։

Գա­լով այլ պա­րա­գա­յի մը, քսան­հինգ տա­րի­ներ ան­ցեր են, տա­կա­ւին ե­լեկտ­րա­կան հար­ցը «լու­ծուած» է հսկայ generator-նե­րով, ո­րոնց մուխն ու աղ­մու­կը ապ­րո­ղը գի­տէ:

Եւ դեռ՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, մա­նա­ւանդ այս տա­րի, ա­ւե­լի շեշ­տուած ան­լու­ծե­լի աղ­բե­րու հար­ցը, գու­ցէ եր­կ­րի նա­խա­գահ ընտրուե­լուն սպա­սէ…։

Իսկ ե­թէ… տան­տէ­րնե­րու տանք խօս­քը, ան­շուշտ հին… ը­սե­լիք չու­նին՝ ան­տե­ղեակ ըլ­լա­լով ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէ, բայց վարձ­քե­րու հար­ցով ան­պայ­ման ա­նար­դար ԲԱՆ ՄԸ ԿԱՅ:

Կա­րե­լի է գու­ցէ եր­կա­րել, սա­կայն փա­փա­քե­լի չէ ու­նե­նալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն մը, ինչ­պէս նշուե­ցաւ քիչ ա­ռաջ… բայց կրկնել՝ հա­ճե­լի է… «A government of the people, by the people, for the people», թէեւ մարդ­կա­յին խառ­նուած­քին հա­մար դժգո­հու­թիւ­նը բնո­րոշ է, ուս­տի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մէջ ան­գամ «ճնշում» տես­նել… սպա­սե­լի է: Հա­կա­ռակ ա­նոր՝ ԿՈ­ՐԵ­ԿԸ ՄԵՐ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ-ին, Լի­բա­նա­նին եւ աշ­խար­հի ոչ-ժո­ղովր­դա­վար եր­կիր­նե­րու:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ­ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք», Լի­բա­նան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016