ԿԱԹԻԼԸ

Կաթիլ մը հպաւ: 
Մեծ կաթիլ մ՚էր անձրեւի: 
Որքան հաճելի հպում մ՚էր, 
Խորհրդածութեամբ տաքցած գլխուս վրայ: 
Զովութիւն մը յանկարծ պարուրեց 
Այդ տաք խորհուրդները: 
Ակնարկ մ՚էր կարծես, 
Սթափեցում մը թերեւս տիեզերքի աննշմար, 
Բայց միշտ ներկայ աչքէ մը կաթած կաթիլով: 

Այո, սթափեցում մ՚էր, ըսելու՝ որ խորհուրդները յաճախ կրնան սնանկ ըլլալ, փուճ ու ունայն, որ կրնան միայն ու միայն ծառայել «գլուխ արդուկել»ու, անիմաստ յուզումներ յառաջացնելու: Իսկապէս, որո՞ւն խորհածը իրականութիւն դարձած է որ, այս մէկը մենք՝ պատերազմը ապրողներս, տեսանք մեր մարմնի ու հոգիի աչքերով, տեսանք յանկարծակի անկումը անհատին, դարվար գլորումը անոր, ու անկարող էինք բան մը ընելու:

Անկումներ, կեանքի զանազան շրջաններու ընթացքին անկումներ, կառուցուած երազներու անկումներ, տարիներով հիւսուած, խորհուրդներով ագուցուած, որոնք կը կարծէինք, թէ երջանկաբեր պիտի ըլլան, սակայն նախ պէտք է իրականանա՞ն, չէ՞, որ անհատը ապրի երջանկութիւնը, կամ հիասթափութիւնը, կամ որեւէ տեսակի յուզում:

Բոլոր խորհուրդները փուճ են, անիրական, հիմա կը նկատեմ, որ անոնք ծառայեցին միայն ու միայն մեր կեանքի կծիկը քակելու: Քակեցինք ոլոր-ոլոր, քակեցինք մեր կեանքի գնով, ճիշդ այն իշխանին նման, որ շուտով կ՚ուզէր մեծնալ, հասակ առնել, տեսնել ապագան, բայց ի զուր էր անոր յուզումը, երբ տեսաւ արագընթաց կեանքի ոլորներուն սպառման մօտեցումը: Կասեցուց ոլորնեուն քակուիլը, փափաքեցաւ հաւաքել թելը ու դարձեալ ոլորել զայն, դարձեալ դառնալ պատանի, մանուկ, երիտասարդ, ապրիլ կեանքը ինչպէս որ է, շնչել ամէն ակնթարթ, հպիլ ամէն ինչի, նոյնիսկ բնութեան մասնիկներուն, բայց արդէն ուշ էր, շա՜տ ուշ: Ձեռքին ամուր բռնած կծիկին քանի մը ոլորը պահեց ան, ու զղջումը գրկած յառաջացաւ, նետուեցաւ կեանքին գիրկը, փորձեց կորսուածը վերապրիլ, հաղորդակցեցաւ մանուկներու հետ, բոյսերու, ծառերու, ծաղիկներու, մարդոց...:

Կաթէ՛, մէկի տեղ երկու, երեք, հազա՜ր: 
Կաթէ՜, ո՛վ աչք տիեզերական, 
Եթէ կաթիլներդ պիտի սթափեցնեն մարդ արարածը, 
Պիտի մտնեն անոր էութեան մէջ ու ցանեն բարին, 
Թաղեն չարը, նենգը, դաւը, վիշտն ու ցաւը: 
Կաթէ՛ առատ, հոսեցուր բարիքդ ամէնուրեք, 
Վանէ՛ ամէն ինչ, որ բացասական է...:

Կաթիլ մը եւս, երկրորդ մըն ալ, պա՜ղ, այնքան որ կը սարսռացնէ էութիւնը մարդուն, աշնան ցրտաշունչ հովին հետ միահիւսուելով: Պաղ է կաթիլը նման կարօտի արցունքներուն: Արցո՞ւնք եւ պա՞ղ: Այո՛: Այո, եթէ անիկա կարօտին կը վերաբերի: Ո՞վ չունի այս արցունքներէն: Ո՞վ չունի կարօտ բանի մը, տարիներ շարունակ սպասուած բանի մը, սպասումէն սառած արցունքներն անոր, երեւումին յոյսի նշոյլներն իսկ չքացած կարօտին: Սակայն կարօտն ալ անցեալէն կու գայ, անցեալին հետ կ՚առընչուի, այն կեանքի քակուած կծիկին հետ, որուն վերադարձը հնարաւոր չէ, երբեք:

Հսկայ ու թուխ ամպ մը կայ վերը, շատ վերը, երկնքի դռներուն առջեւ: Կը դարպասէ երկինքը, կը մթագնէ ամէն ինչ, մռայլ ստուերներ կը սփռէ ամէնուրեք: Կը քամէ յուզումներ ու վշտեր երկրի վրայ, կաթիլ առ կաթիլ կը տարածէ մռայլութիւնը մութին հետ խոնաւ ու թաց արցունքներու նման: Կը մռայլէ բոլորին յիշողութիւնը, կ՚արթնցնէ կարօտը անցեալին:

... Ու ահա մութը կը սկսի փարատիլ, մութ հսկային մէջ սպիտակ ջիղեր կը գոյանան, որոնք իրարու հետ փախելով, կայծակներու, փայլակներու օգնութեամբ կը տարածեն մթութիւնն ու կը յստակացնեն պայծառութիւնը ամպերուն կապուտակ աչքերը բանալով ու պայծառ երկինքը կ՚անհետացնէ սառած կաթիլները կարօտի, թախիծի, ցաւի, վշտի...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017