Նոր Թո­շա­կա­ռուն

Այդ կիրակի երեկոյ, պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ անշշուկ: Ուտել խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած, գրեթէ ուժասպառ եղած էր:

Սենեակին լոյսը բացաւ: Նայեցաւ չորս կողմը: Կարծես կորսուած էր: Հոս իր սենեակը չէր: Ուրիշինն էր: Յանկարծ նշմարեց մահճակալին մօտ ցած սեղանին վրայ տեղ գրաւած իր ժամացոյցը: Անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն իր հաւատարիմ զարթութիչը եղած էր, ամէն առաւօտ նոյն ժամուն եւ նոյն վայրկեանին: Անխախտ եւ շիտակ: Հին, սակայն վստահելի: Զայն խնամքով պահած էր: Գրեթէ ամէն երեկոյ զայն լարած միջոցին անոր փոշիներն ալ առած: Իր բարի եւ «հաւատարիմ աքաղաղն» էր: Շատերու այս ձեւով ներկայացուցած էր, որուն զանգին վրայ ինք ամէն առաւօտ ճշդուած ժամուն կ՚արթննար:

Տակաւին երկու օրեր առաջ, ճիշդ ուրբաթ երեկոյ որոշած էր սենեակէն հեռացնել, աչքէ հեռու տեղ մը պահել: Այդ ուրբաթ օրը, իր աշխատանքի վերջին օրն էր: Իր կնոջ եւ զաւակներուն երկար ու յարատեւ պնդումներուն վրայ, վերջապէս որոշած էր, հանգստեան կոչուիլ: Դառնալ թոշակաւոր: Ուստի այլեւս պէտք պիտի չունենար այս գործիքին: Ամէն առաւօտ իր ուզած ժամուն պիտի արթննար:

Սեփականութեան հրճուանք: Վերջապէս երազին պիտի յաղթէր: Ինք, որ միշտ իրեն սահմանուած աշխարհին մէջ փնտռած էր թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը, ասկէ ետք այդ հեւքին պէտք պիտի չունենար: Վերջ: Որոշած էր, ասկէ ետք կեանքը ըմբոշխնել առատ ընթերցանութեամբ, գրելով, պտոյտներով, քալելով, պարտէզը մաքրելով կամ վերանորոգելով:

Գիտէր, որ ամէնօրեայ պայքարին մէջ, իր գործընկերներէն շատ շատերու մօտ դժբախտաբար կեանքը կորսնցուցած էր իր շքեղանքը: Իրը տարբեր պիտի ըլլար:

Կը հաւատար:

Ու տակաւին նոյն այդ ամբողջ ուրբաթ օրը իր գրասենեակէն ներս տօնն էր: Խմել, ուտել եւ նորէն խմել ու անհատնում մաղթանքներ լսել: Վերջին՝ կանուխ տուն վերադառնալ: Նոյնիսկ հնդիկ «պօս»ը, իր մեծաւորը զինք մինչեւ իր ինքնաշարժը հասցուցած էր: Ապա ամուր մը ձեռքը սեղմած եւ ձախ ձեռքով ալ իր կռնակին քանի մը անգամներ զարնելէ վերջ խրատած.

-«Մի՛ ծերանար, որովհետեւ կեանքը հետաքրքրական երեւոյթ է: Նայէ՛, մըստըր Էյրամ -պարոն Արամ- աշխարհը զաւեշտ է ու անհեթեթ բաներով լեցուն: Ուստի մարդկային այդ հոգիդ թող միշտ լուսամուտ մը ունենայ. մայ-ման ինճոյ եուր լայֆ, բարեկամս կեանքդ վայելէ», ըսած էր զինք ճամբած պահուն:

Իր կարծիքով՝ հիմա պիտի ճանչնար հաճոյքը: Պիտի վայելէր կեանքը, մինչեւ որ հասնէր իր կեանքի ճակատագրական վերջին օրը: Վերջապէս ինքն իրեն պիտի կարենար նայիլ ժամանակի միւս ափէն: Այս արդէն ինքնին, դրական երեւոյթ էր:

Բայց յանկարծ յիշեց տակաւին քիչ առաջուայ ընտանեկան սեղանին շուրջ ստեղծուած պահերը: Արդէն շաբաթ օրուընէ ի վեր իր տան մէջ հիւրերը անպակաս էին: Ասոնց վրայ աւելցուցէք իր զաւակները, թոռներով եւ հարսով միասին եւ անոնց մաղթանքներուն մէջէն իրեն հասցէագրուած նոր ու անգիր «պարտականութիւնները»:

-Այսպէս լաւ եղաւ կարծես, պա՛պ, պզտիկ թոռդ ամէն առտու դո՛ւն դպրոց կը տանիս:

-Պապ, թոռնուհիդ դաշնակի դասէն ետք, մօտդ կ՚առնես անոր դասերով կը պարապիս:

Եւ տակաւին անհատնում «պապ»եր եւ «իշտէ՛, քեզի զբաղում» արդարացումներով, որոնք թէեւ ինք սիրով կրնար տանիլ, սակայն…:

Ախ, դիւրին բան չէր մեծ հայր ըլլալը. պատասխանատուութիւն՝ մեծ եւ ծանր: Նայեցէ՛ք, մէյ մը ձեր չորս կողմը: Ճշմարտութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ երեխաները մեծցնողները իրենց ծնողները չեն, այլ՝ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Ահա թէ ինչո՞ւ վայրկեանները երկար եւ վիրաւոր, սարսափեցան փակ դրան ետին:

Իսկ հիմա սենեակին մէջ կը զգար, որ իր սիրտը իր ափին մէջ էր: Կարծես մինակու-թիւնը ճնշած էր զայն: Շուտով դարձաւ դէպի հայելիին: Երկար նստաւ իր պատկերին դիմաց ու իր միտքը գնաց երանաւէտ բաներու: Նախ թեթեւ ժպիտ մը դէմքին ժանգը թափեց: Ապա նոյն այդ ժպիտը շուտով չորցաւ նոյն իր դէմքին վրայ: Անակնկալ եւ ինքնածին: Չես գիտեր ինչպէս լայն ճակատը ալեկոծեցաւ: Ակնոցին ետեւ հլուն աչքերը սկսան լողալ: Նայուածքներուն ցանցը թուլցաւ: Կանաչ օրերը յիշեց: Ուրեմն հանգիստը կամ հանգստեան կոչուիլը իրեն համար չէր: Ո՞վ ըսաւ, որ ինք պարտականութիւններէն փախչող մըն էր: Հարցուցէ՛ք: Էհ աշխարհ: Սակայն…:

Դէմքին վրայ ներքին տեսակ մը ահաբեկում մը գծագրուեցաւ: Իր միամիտ հոգին կարծես վախցաւ: Այսպէս թեթեւ տրտմութիւն մը խառնուեցաւ իր երջանկութեան: Յստակ էր թէ գլխուն մէջ բան մը կար, որ անուն ու ձեւ չունէր, որ մութի մէջ կը պահէր իր հոգին:

Միւս կողմէ սակայն յիշեց նախկինը: Լուսացան մէկիկ մէկիկ երանելի պահերը: Կը զգար, որ ազատ օրերու մուրացկան պիտի դառնար: Այո՛, ճիշդ էր, որ ինք ազատ էր, սակայն կեանքը իր ուզած ձեւովը այլեւս պիտի չապրէր:

Ինքն իր մէջ մտածելու ստիպուած ըլլալը հիմա զինք որբացուցած էր: Խեղճացած: Ճերմակ երազները փախչած էին: Ներկայացուած խորհուրդներն ու քաղաքավար «առաջարկները» չէր կրցած մերժել: Ինչպէս մերժէր: Չէ, որ իր հոգիի հատորներն էին այդ թոռները: Իր անձէն աւելի կը սիրէր զանոնք, մէկ առ մէկ:

Այս պահուն ալ չէր հասկնար ինքզինք: Թէեւ դէմքին վրայ բազմած էին նոր խոհեր, սակայն միւս կողմէ ալ անօրինակ ուրախութիւն մը կը ցայտէր իր արեան մէջ: Ինք ինքնաբերաբար պիտի դառնար ամէնօրեայ նոր սովորութիւններու գերին:

Բոլորը կրնային վկայել, թէ պարոն Արամ մտածող միտք մըն էր: Յարգուած անձնաւորութիւն մը: Լաւ դիտող մը: Ունէր իր անձնական համոզումն ու տեսակէտը ու դատելու ճշգրիտ առաքելութիւն՝ անշահախնդիր մօտեցումով եւ ակնոցով:

Արեւներ անցած ու մազերուն աստղեր կառչած այս մարդը, հիմա կարծես զինք լեցնող զգացումին սահմաններն նոյնիսկ չէր կրնար որոշել:

Ծրագրած էր: Նոր օրերը ախորժելի շարունակութիւն պիտի խոստանային: Կեանքը իր տան պատերէն դուրս պիտի գար: Ամէն առտու կանուխէն իր թաղին վերէն մինչեւ վար պիտի քալէր, ժպիտը դէմքին: Պիտի բարեւէր զինք հանդիպող թաղի բոլոր դրացիներուն: Մէկ խօսքով, բնութեան զաւակը պիտի դառնար: Պիտի կատակէր, ու աւելի պիտի սիրէր իր կեանքը:

Սակայն հանգիստ եւ անհոգ ապրելու համար պէտք էր իր շրջապատը մոռնար: Այս մէկը իսկապէս զարհուրելի էր: Անոր համար չուզեց ապրիլ մեղքի զգացումը:

Բայց յանկարծ կարծես իր մէջ նոր բան մը բուսաւ: Ներքին հաշտութիւն: Վերջապէս իջաւ իրական աշխարհ ազատուած ուրուականներէն: Նիհար երակներով եւ ջիղերով ծածկուած վիզը թեթեւօրէն եւ երկար շփեց: Այս էր կեանքին հեգնանքը: Մտքին մէջ հոսանքները դիմադրութեան բախչած էին: Աչքերուն մէջ ամրացան հաճելի տեսիլքներ, որոնք միայն իրեն համար ստեղծուած էին: Ինք պէտք չունէր աշխարհը համոզելու: Թոռները առաւել եւս վայելելու հաճոյքը հոսեցաւ մէջը: Ժպիտի նման նոր բան մը սահեցաւ դէմքին վրայէն

Յանկարծ ժամացոյցը կրկնեց ժամանակը միօրինակ եւ տափակ: Կրկին լարեց զայն: Նոր օրուայ նոր պարկանութեան յատուկ լարերով օժտեց: Յուզմունքէն, խօսքերը շնչասպառ եղած էին եւ փոխարէնը յառաչանքի նման բան մը պոկուեցաւ կուրծքէն:

Վաղը նոր օր մըն էր, որ պիտի գար ու այս անագմ իր ժամանակը պիտի դարձնէր տարբեր եւ սակայն ըմբռնելի ու նոյնքան ալ հաճելի:

Յիշեց: Թոռներուն դէմքերը հոգիի խաղաղութիւնը բերին իրենց հետ: Հիմա իր սիրտն էր, որ ինքնազսպումի ճիգ կը պահանջէր:

Անկասկած, որ սենեակին մէջ չմեռնող բան մը կար: Ապրելու սէրը: Արդէն քունը լեցուած էր աչքերուն մէջ, իսկ դուրսը վստահաբար գիշերը սկսած էր մաշիլ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019