ՉԱ­ՓԱ­ԶԱՆՑ ՀԱՐՍ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԿԵԱՆ­ՔԻ ՍՊԱՌ­ՆԱ­ԼԻ՞Ք

Երկիր մոլորակի վրայ ապագային կեանքի գոյատեւումը յաճախ խորհրդաժողովներու, գիտաժողովներու, ուսումնասիրութիւններու եւ բանավէճերու նիւթ կը դառնայ: Մարդկային գործօնը միշտ կը նկատուի սպառնալիք՝ կեանքի գոյատեւումին: Հարստանալու, աւելի՛ հարստանալու համար մարդիկ կը շահագործեն ճարտարարուեստը, արհեստագիտութիւնը, գիտութիւնը ընդհանրապէս, առանց անդրադառնալու, որ մեր մոլորակին անդառնալի վնասներ կը պատճառեն: Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթի երկու սիւնակագիրներ այս բնաբանով վերջերս հրապարակեցին շահեկան յօդուածներ: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ԵՐԿԻՐ ՄՈԼՈՐԱԿԻ ՎՐԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՍԻՐՈՅՆ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ ՀԱՍՏԱՏԵՆՔ

Միայն միլիառատէրերը չեն հարցը. ուժանիւթի յաւելեալ օգտագործումը մեզ բոլորս կ՚առաջնորդէ շրջակայ միջավայրին վնասներ պատճառելու:

Ժամանակն է արմատական լուծումի մը:

Այնքան ալ ճիշդ չէ, որ իւրաքանչիւր մեծ հարստութեան ետին կայ մեծ ոճիր մը: Երաժիշտներ եւ վիպագիրներ, օրինակ, կրնան շատ հարստանալ՝ այլոց հաճոյք պատճառելով: Բայց, ըստ երեւոյթին, համաշխարհային իրականութիւն է, որ իւրաքանչիւր մեծ հարստութեան առջեւ մեծ ոճիր մը կայ: Անսահման հարստութիւնը ինքնաբերաբար կը թարգմանուի՝ անսահման ազդեցութիւններ շրջակայ միջավայրի վրայ, անկախ այդ հարստութիւնը ունեցողներուն մտադրութենէն: Անսահման հարուստները գրեթէ կենսոլորտի ցեղասպանութիւն կը գործեն (ecocide):

Քանի մը շաբաթ առաջ բրիտանական օդակայանի աշխատաւոր մը թերթին գրած էր նամակ մը, որուն մէջ կ՚ըսէր. «Ես կը տեսնեմ բաներ, որոնք իրականութեան մէջ պէտք չէ պատահին 2019 թուականին: Ամէն օր կը տեսնեմ «Կլոպըլ 7000» ժեթեր, «Կալֆսթրիմ Ճի650»ներ եւ նոյնիսկ «Պոինկ 737»ներ, որոնք օդակայանէն թռիչք կ՚առնեն միայն մէկ ճամբորդով՝ ընդհանրապէս ուղղուելով Ռուսաստան եւ Միացեալ Նահանգներ: «Պոինկ 737» տիպի անձնական օդանաւերը շինուած են 174 ճամբորդներ փոխադրելու համար եւ ամէն անգամ օդակայանին մէջ կը լեցնեն 25 հազար լիթր վառելանիւթ»: Ասիկա նոյնքան հանածոյ ուժանիւթ է, որքան՝ ափրիկեան փոքր քաղաքի մը տարուան մը մէջ գործածածը:

Այս առանձին ճամբորդները ո՞ւր կ՚երթան: Թերեւս այցելելու իրենց հսկայ պալատներէն մէկը՝ կառուցուած եւ պահպանուած մեծ վնասներ պատճառելով շրջակայ միջավայրերուն, կամ՝ պտտելու իրենց հսկայ զբօսանաւով, որ ժամական 500 լիթր վառելանիւթ (տիզել) կը սպառէ, եւ որ շինուած-կահաւորուած է հազ-ւագիւտ նիւթերով՝ գեղեցիկ վայրերու վնաս պատճառելով:

Հաւանաբար պէտք չէ զարմանալ, որ երբ «Կուկըլ» հարուստներու եւ հռչակաւորներու հանդիպում մը կազմակերպեց յուլիսին, Զուիցերիոյ Վերտուրա հանգստավայրին մէջ, քննարկելու համար կլիմայական անկումը, պատուիրակները ժամանեցին 114 անձնական ժեթերով եւ հսկայ զբօսանաւերու նաւատորմիղով եւ կղզիին մէջ շրջագայեցան շքեղ ինքնաշարժներով:

Նոյնիսկ երբ անոնք բարի կամեցողութիւն կ՚ունենան, չեն կրնար չվնասել ապրող աշխարհին:

Ուսումնասիրութիւններու շարք մը ցոյց կու տայ, որ եկամուտը ցարդ ամենէն որոշիչ գործօնն է շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան: Նշանակութիւն չունի, թէ դուք ձեզ որքանո՛վ բնութիւնը պահպանող կը կարծէք, եթէ ունիք յաւելեալ գումար, կը ծախսէք:

Սպառման միակ ձեւը, որ պարզ եւ դրականօրէն կ՚առընչուի շրջակայ միջավայրի հանդէպ լաւ մը-տադրութիւններու, սննդականոնն է: Մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ բնութեան պահապան են, հակուած են աւելի նուազ միս ուտելու եւ աւելի՝ օրկանական բանջարեղէն: Բայց վերաբերմունքը քիչ նշանակութիւն ունի փոխադրամիջոցային վառելանիւթի, տնային ուժանիւթի եւ ձեր սպառած այլ նիւթերու քանակին վրայ:

Դրամը կը տիրէ բոլորին:

Ուժանիւթը օգտագործելու աղէտալի հետեւանքները կը միախառնուին հարուստ ըլլալու հոգեբանական ազդեցութեան: Ըստ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, որքան աւելի հարուստ ըլլաք, այնքան նուազ կրնաք կապուիլ այլ մարդոց հետ: Հարստութիւնը կը ճնշէ կարեկցանքը: Ուսումնասիրութիւն մը կը բացայայտէ, որ թանկարժէք ինքնաշարժներ վարողները աւելի նուազ կանգ կ՚առնեն քալողներու համար գործածուող անցումներուն, քան՝ աժան ինքնաշարժներ վարողները: Այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ քաղցկեղէ տառապողներուն հանդէպ հարուստներ աւելի նուազ կարեկցանք կ՚ունենան, քան՝ աղքատներ: Թէեւ հարուստները անհամաչափ պատասխանատու են մեր բնապահպանական ճգնաժամերուն համար, սակայն անոնք նուազագոյնը եւ ամենէն ուշը պիտի վնասուին մոլորակային աղէտէն, մինչ աղքատները կը վնասուին ամենէն առաջ եւ առաւելագոյնը: Այսպիսի տեղեկութիւնները հարուստները աւելի նուազ կը մտահոգեն:

Այլ խնդիր մըն ալ այն է, որ հարստութիւնը կը սահմանափակէ նոյնիսկ ամենէն բարեացակամ մարդոց հեռանկարները:

Անցեալ շաբաթ, հարցազրոյցի մը մէջ Պիլ Կէյց պնդեց, որ հանածոյ քարիւղի համար հորատումը ժամանակի վատնում է: Ըստ անոր, աւելի լաւ կ՚ըլլայ ներդրումներ կատարել քայքայիչ նորարական արհեստագիտութիւններու մէջ, որոնք աւելի ցած արտահոսք ունին: Անշուշտ մեզի համար կենսական են նոր արհեստագիտութիւնները: Բայց Կէյց անտեսած է վճռական կէտ մը. կանխելու համար կլիմայի կործանումը՝ ոչ թէ պէտք է բան մը ընես, այլ՝ դադրեցնես այն բաները, որոնք կ՚ընես: Կարեւոր չէ, թէ որքա՛ն արեւային վահանակներ կը տեղադրէք, եթէ միաժամանակ չփակէք ածուխ եւ կազ այրող գործարանները: Քանի տակաւին գոյութիւն ունեցող հանածոյ վառելանիւթի կայանները վերջնականապէս չեն դադրեցուցած իրենց գործունէութիւնը, եւ հանածոյ վառելանիւթի նոր պաշարներու բոլոր հետախուզումներն ու զարգացումը կը շարունակուին, համաշխարհային ջերմացումը նուազագոյն չափով իսկ կանխելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է:

Բայց ասոր համար անհրաժեշտ է կառոյցի փոփոխութիւն, որ կը ներառէ թէ՛ քաղաքական միջամտութիւն եւ թէ արհեստագիտական նորարարութիւն. անէծք՝ Սիլիքոնեան Հովիտի միլիառատէրերուն: Ատիկա կը պահանջէ ճանաչում, որ դրամը կախարդական փայտիկ չէ, որ բոլոր վատ բաները կը հեռացնէ:

Վերջերս տեղի ունեցաւ կլիմայի պահպանման համար համաշխարհային ցոյց, որուն ընթացքին չափահասները կանգնեցան երիտասարդներու կողքին, որոնց կոչը արձագանգած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Բայց որո՞ւ դէմ ցոյց կ՚ընենք: Մե՞ր: Մասամբ՝ այո՛: Թերեւս ամենէն արմատական բանը, որ մենք այժմ կրնանք ընել, մեր նիւթական ձգտումները սահմանափակելն է: Կառավարութիւնները եւ տնտեսագէտները՝ բոլորն ալ կը ձգտին առաւելագոյնի հասցնել իրենց հարստութիւնը: Եթէ այս առաքելութեան մէջ յաջողինք, անխուսափելիօրէն կը քանդենք մեր կեանքը պաշտպանող համակարգերը: Եթէ աղքատները հարուստներու նման ապրին եւ հարուստները՝ սակաւապետներու, մենք ամէն բան կը քանդենք: Հարստութեան շարունակական հետապնդումը աշխարհի մը մէջ, որ արդէն բաւական է (սակայն՝ շատ վատ բաշխուած), զանգուածային չքաւորութեան բանաձեւ է:

Կենդանի աշխարհի պաշտպանութեան համար նշանակալից ցոյցը, մասամբ, ցոյց է մեր եկամուտները բարձրացնելու եւ հարստութիւն կուտակելու ցանկութեան դէմ. ցանկութիւն մը, որ մեր կարծածէն աւելի ձեւաւորուած է գերակշռող ընկերային եւ տնտեսական պատմութիւններով: Պէտք է ցոյց ընել ի պաշտպանութիւն արմատական եւ անհանգստացնող հայեցակարգի: Կը բաւէ՛: Անհատապէս եւ հաւաքաբար ժամանակն է որոշելու «կը բաւէ՛»ն ի՞նչ բանի կը նմանի, եւ ինչպէ՞ս գիտնալ, որ ատիկա նուաճած ենք:

Այս մօտեցումը «սահմանափակչական» անուանած է պելժիացի փիլիսոփայ Ինկրիտ Ռոպէյնսը, որ կը պնդէ, թէ պէտք է բարձրագոյն սահմանափակում մը ըլլայ եկամուտի քանակին եւ հարստութեան, որ անձ մը կրնայ դիզել: Ինչպէս որ մենք կը ճանչնանք աղքատութեան գիծ մը, որմէ վար ոչ ոք պէտք է իյնայ, մենք պէտք է ճանչնանք հարստութիւններու գիծ մը, որմէ վեր ոչ ոք պէտք է բարձրանայ: Հաւասարեցման այս կոչը, թերեւս, ամենէն հայհոյական գաղափարն է ժամանակակից դատողութեան մէջ:

Բայց անոր պնդումները առողջ, հաստատ են: Յաւելեալ դրամը ոմանք կը մղէ ուրիշներու վրայ չափազանց ուժ բանեցնելու, աշխատավայրին մէջ, քաղաքականութեան մէջ, եւ ամենէն առաջ՝ մոլորակի բնական հարստութիւնը գը-րաւելու, օգտագործելու եւ ոչըն-չացնելու մէջ: Եթէ բոլորը պիտի ծաղկին, մենք չենք կրնար հարուստներ հանդուրժել, ոչ ալ կրնանք հանդուրժել մեր սեփական ձգտումները, որոնք առաւելագոյն հարստացման մշակոյթը կը քաջալերեն:

Դաժան ճշմարտութիւնը այն է, որ հարուստները կրնան ապրիլ այնպէս, ինչպէս արդէն կ՚ընեն, միայն այն պատճառով, որ միւսները աղքատ են. ո՛չ ֆիզիքական, ո՛չ ալ կենսոլորտային տարածքներ կան, որպէսզի բոլորը հետապնդեն անձնական շքեղութիւն: Փոխարէնը՝ մենք պէտք է ձգտինք անձնական բաւականութեան, հանրային շքեղութեան:

Երկրագունդին վրայ կեանքը կախեալ է չափաւորութենէ:

ՏԱՐԻՆԵՐ ՏԵՒԵՑ, ԲԱՅՑ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԻՍԿԱԿԱՆ ՅՈՅՍ ՄԸ ԿԱՅ ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻ ՔԱՅԼԻ ՄԸ

Երիտասարդ ցուցարարները ներ-շընչում կու տային: Քաղաքագէտները պէտք է արձագանգեն եւ մեր «Կանաչ նոր գործարք» օրինագիծը պիտի նուազեցնէ բնածուխի արտահոսքը:

Տասը տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուի եւ երիտասարդները ցոյցերով գործնական քայլեր կը պահանջեն խորհրդարանէն: Բրիտանիա պէտք է վաւերացնէ «Կանաչ նոր գործարք» օրինագիծը, որ կը սահմանէ ձեւափոխական, փոխակերպման ծրագիր՝ առաջնորդը-ւելով արդարութեան եւ իրաւունքի սկզբունքներով, որուն նպատակն է մեր տնտեսութիւնը հեռացնել բնածուխի վնասակար կախ-ւածութենէն, գիտութեան պահանջած ծաւալով ու արագութեամբ եւ ստեղծել հասարակութիւն, որ կ՚ապրի իր կենսոլորտային սահմաններուն մէջ՝ միաժամանակ շըր-ջելով ընկերային եւ տնտեսական անհաւասարութիւնը:

Ժամանակն է, որ պետութիւններ միանան «Կանաչ նոր գործարք»ին:

Բրիտանիա կարիքը ունի ներդրումներու եւ աշխատաւորներու առաջնորդութեամբ անցումի: Խորհրդարանին կողմէ վերջին 30 տարիներուն լքուած են բազմաթիւ ոլորտներ. Ճարտարարուեստներ փակուած են՝ ոչինչով փոխարին-ւելով, աշխատանքները կորսուած են, մարդիկ անտեսուած եւ ուժազրկուած են: Բրիտանիոյ մէջ հնարաւորութիւններ չկան՝ բաղդատած, օրինակ, Սպանիոյ, ուր բնածուխի հանքերու փակումը կատարուեցաւ սենտիքաներու հետ համաձայնութեամբ, շուրջ 300 միլիոն տոլարի ներդրումով մը, որ կը ներառէ հանքերու շրջաններու շրջակայ միջավայրի վերահաստատում եւ հանքագործներու վարժեցում՝ կանաչ ճարտարարուեստին: Բրիտանիոյ աշխատաւորները կը պահանջեն մաս կազմել այսպիսի ծրագիրի մը, սակայն պետութիւնը անոնց կը զլանայ այդ հնարաւորութիւնը:

Ուրեմն նոր օրինագիծը ինչպէ՞ս ասոր պիտի օգնէ:

Նախ պէտք է արմատական փոփոխութիւն՝ տնտեսութեան կառավարման մէջ, որպէսզի ընտրուած նախարարաց խորհուրդները, ոչ՝ շուկայի քմահաճոյքները, մեր ապագայի ուղղութիւնը հաստատեն, զերծ այն կեղծ տնտեսական սահմանափակումներէն, որոնք շահաւէտ են միայն մեծահարուստներուն, պետական ներդրումները կրնան ուղղակի անցնիլ արտադրական գործունէութեան, որ իր կարգին կը ստեղծէ հարկային եկամուտներ: Մեր կենսաթոշակները եւ խնայողութիւնները կրնան փոխուիլ նոյնպէս նոր կանաչ պարտատոմսերու՝ յառաջ բերելով անվտանգ վերադարձ եւ անհրաժեշտ ներդրումներ: Մեր կենսաթոշակները եւ խնայողութիւնները կրնան նոյնպէս փոխուիլ նոր կանաչ արժեթուղթերու՝ յառաջացնելով անվտանգ վերադարձ եւ անհրաժեշտ ներդրումներ:

Ատիկա նոյնպէս կը նշանակէ հեռանալ աճի հետապնդումէն՝ իբրեւ հիմնական տնտեսական նպատակ: Փոխարէնը՝ մենք իբրեւ առաջնահերթութիւն պիտի ունենանք առողջութիւնը եւ բարեկեցութիւնը՝ նուազեցնելով անհաւասարութիւնը եւ, մասնաւորապէս, կլիմայական միջոցներով լուծելով կլիմայի խնդիրը:

Օրինագիծով կ՚առաջարկուի կազմել «Կանաչ նոր գործարք»ի յանձնախումբ, որ կը ներկայացնէ հասարակութեան բոլոր շերտերը եւ բազմաթիւ ասպարէզներու մաս-նագէտներ, որոնք կը մշակեն մանրամասն ծրագիրներ՝ ներդրումները յատկապէս կեդրոնացնելով այն ասպարէզներուն եւ շրջաններուն մէջ, որոնք առաւելապէս ձախողած են, եւ ապահովելով, որ աշխատողները կը գտնուին առաջին գիծի վրայ՝ արդար անցում նախագծելու համար. մենք կարելիութիւն կ՚ունենանք կառուցել լայն եւ ամուր դաշինք մը, որ կրնայ պահպանել այս վերափոխումը:

Կառավարութիւնը պիտի աշխատի սեփական հատուածին հետ ներդրումներ կատարելու նորարարական աշխատանքներու համար, որոնք անհրաժեշտ են՝ փոխելու համար ամէն բան՝ արտադրութեան, ուժանիւթի սպառումի, մեր տուներու ջեռուցումի, ճամբորդութեան եւ սննդամթերք պատրաստելու մեր ձեւերը: Այս ներդրումը կը ստեղծէ լաւ վարձատրուող աշխատատեղեր եւ նոր արդիւնաբերութիւններ ամբողջ երկրին մէջ՝ արտադրելով կառավարութեան համար հարկային եկամուտներ:

Գործարքը պէտք է ըլլայ նոյնպէս միջազգային արդարութեան մասին, եւ օրինագիծը անոր համար կ՚ապահովէ եկամուտներ եւ արհեստագիտութիւն՝ ամբողջ աշխարհի համար:

Այն տարիները, որոնք ես անցուցած եմ «Կանաչ նոր գործարք»ը քննարկելով տնտեսագէտներու եւ բնապահպաններու հետ, յաճախ զգացած եմ, որ եղած են վատնուած տարիներ: Կլիմայի ճգնաժամն արագօրէն աճած է, եւ կենսաբազմազանութեան կորուստները կ՚արագանան: Բայց կլիմայի գործողութիւններուն աջակցելու վերելքը, մասնաւորապէս՝ երիտասարդներու շրջանակին մէջ, ոգեշնչող եղած է:

Հասարակութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ կլիմայի արտակարգ իրավիճակը ամենէն կարեւոր խնդիրն է, որուն մենք կը բախինք: Քաղաքական գործիչները պէտք է պատասխան տան, վատնելու ժամանակ չկայ:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019