ԱԿՆԱՐԿ - 35 - «ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՈՆԴԱԿՆԵՐ» (ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)

2013-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը հրատարակած է «Անդրանիկ կոնդակներ - Սահմանադրական շրջանի պատրիարքներու» հատորը: Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը (ներկայիս՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան): Այսօրուան եւ յառաջիկայ մէկ երկու սիւնակները պիտի տրամադրենք մեր սիրելի ընթերցողներուն այս հատորէն հատուածներ ներկայացնելով:

Մկրտիչ Վանեցի (Խրիմեան Հայրիկ) - (Ծնած 4 ապրիլ 1820: Վախճանած 29 հոկտեմբեր 1907: Գահակալութեան տարիներ 4 սեպտեմբեր 1869 - հրաժարած՝ 3 օգոստոս 1873. Ազգային ժողովը մերժած է հրաժարականը, սակայն իր հակառակորդները գահընկէց ըրած են զինք 9 հոկտեմբեր 1873-ին, Բարձր Դռան միջամտութեամբ):

- Անցեալն էանց, կը մնայ մեզ անցելոյն փառքով եւ յիշատակով միշտ մորմոքիլ, բայց այս հերիք չէ, այլ պէտք է հետազօտել, քննել, գտնել այն ամէն աղէտից պատճառները, որք եկին հասին յարգս մեր, եւ քանդեցին Հայկայ տուն եւ հայրենիք: Թողլով արտաքին բարբարոս ազգաց յաճախակի արշաւանքներուն աւերած, բունիսկ ներքին ընտանի եւ բնածին չարիքները, այն է տգիտութիւն եւ երկպառակութիւն բազմապատիկ վնասներ հասուցին: Երկպառակութիւն՝ տգիտութեան չար ծնունդն է, որ իբրեւ դարանակալ օձ մտաւ Հայոց դրախտին մէջ, սիրոյ եւ միութեան բողբոջները կծելով չորցուց: Թող չի կարծէ մէկ թէ այս օձ միայն Հայոց աշխարհին մէջ մտաւ. ոչ, այդ օձ երկրագունդին վրայ ամէնուրեք սողաց, ուր որ խաւար էր (էջ 27):

- Այլ այդ, դառնալով ի ձեզ՝ սիրովն Յիսուսի կ՚աղաչեմ՝ եւ կը յորդորեմ զձեզ, ո՜ լծակից եղբարք իմ, որ Աւետարանին պաշտօնեայ էք, որ Քրիստոսի հօտին հովիւ էք, որ Եկեղեցւոյ գերդաստանին տնտես էք, որ կենաց բանին քարոզ էք, որ աշխարհի լոյս էք, Աստուծոյ տան ճրագն էք, ժողովրդոց աղն էք, նոր Սիօնի մարգարէ էք, Դաւթի եւ Երեմիասի ոգւով սիրեցէք Եկեղեցին, վշտակից եղէք նորա խաչակրութեան մէջ, յոյս տուք, զօրացուցէ՛ք լքել ձեռքեր, կթուցեալ ծունկեր, թող համբերեն ի սպառ, ի սպառ մօտալու է, աղէտներ վախճան ունին, Հայք պիտի ապրին, եւ փրկուած են այսօր:

Քարոզեցէ՛ք մի միայն բան, այլ եւ հաց. յուշ բերէք՝ գթած Յիսուս նօթի ժողովրդոց հաց ալ բաշխեց. հոգւոյ կեանքին հետ, աշխատեցէք մարմնոյն կեանքն ալ բարւոքել: Տնտեսութիւն քարոզեցէք, զգուշացուցէ՛ք ժողովուրդ զեղխ եւ շռայլ կեանքէն, քարոզեցէ՛ք քաղաքացւոց որ արհեստ սորվին, ընկերութիւններ կազմեն, շահավաճառութեան հետեւին. քարոզեցէ՛ք գեղացւոց, հայրենի հող սիրեն, ամոլ՝ եզներ սիրեն, մաճ սիրեն, քրտինք շահաբեր հողի վրայ թափեն, չարաչար պանդխտութեան չդիմեն: Քարոզեցէ՛ք առ հասարակ Եկեղեցին սիրեն, դպրոց սիրեն, լոյս սիրեն, դաստիարակութիւն սիրեն, Ազգ սիրեն, Հայրենիք սիրեն, Երկինք սիրեն, Հայր սիրեն, Նորա Արքայութիւն խնդրեն եւ բաւական է:

Այս է քո փրկութիւն եւ կեանք, ժողովուրդ Հայոց. յանձն առնեմ զքեզ Տեառն, Նա հովուեսցէ զքեզ. եւ քեզ ինչ որ պակասեսցի (էջ 31):

Ներսէս Բ. Խասագիւղցի (Վարժապետեան) - (Ծնած 28 յունուար 1837: Վախճանած 26 հոկտեմբեր 1884: Գահակալութեան տարիներ 28 ապրիլ/25 մայիս 1874 - 26 հոկտեմբեր 1884):

- Օրուան ծանրութիւնը կամակար բարձողն՝ երեկոյին հանգիստ կը քնանայ: Առանց վշտաց եւ տքնութեանց ճշմարիտ երջանկութիւն չկայ, եւ եթէ երջանիկ կը թուին ձեզ անոնք՝ որք յղփացեալ կ՚երեւին ճոխութեամբք, հեշտութեամբք եւ այլն, հաւատացէ՛ք, որ նոքա երջանկութենէ աւելի ձանձրոյթ կը զգան, նոցա սիրտն ու հոգին իրենց վայելմանց գերեզմաններն են, նոցա սրտից մէջ բնաւ բան մը չկայ կենդանի (էջ 40):

- Ուսուցէ՛ք եւ ծնողներն, եւ քարոզեցէ՛ք միշտ եւ հանապազ, թէ կրթեցէ՛ք ու դաստիարակեցէ՛ք Ձեր զաւակունքը բարեպաշտութեամբք եւ ժամանակիս պահանջից համեմատ, բան մը չխնայէք բնաւ դպրոցաց համար. գիտցէ՛ք, որ կատարեալ դաստիարակութիւնն ամէն բանէ աւելի սուղ եւ թանկագին է: Միաբանեցէ՛ք ամենէն յառաջ Նախակրթական դպրոցներն բարեկարգելու՝ ոչ թէ ի ցոյցս մարդկան, թէ այս ինչ ուսմունքներն կ՚աւանդուին Ձեր դպրոցաց մէջ, այլ փոյթ տարէ՛ք զանոնք Ձեր մանկանց առհասարակ դիւրաւ սորվեցնելու մասին: Լաւ է քիչ ու հիմնական, քան թէ շատ եւ միայն անուանական: Ձեր կարողութեան չափովն՝ զոր հետզհետէ ընդարձակելու աշխատելու էք, ամենէն կարեւորագոյններուն մէջ վարժեցուցէք զանոնք՝ Ս. Աւետարանի վարդապետութեան, Հայ լեզուի ու պատմութեան, Տէրութեան լեզուի, թուագիտութեան, երկրաչափութեան, աշխարհագրութեան, գծագրութեան եւ տոմարակալութեան սկզբանց, բնագիտութեան, տարրալուծութեան, եւ այլն. եւ եթէ հնար է՝ աշխատցէ՛ք ամէն դպրոցներու մէջ մէկ քանի տեսակ ձեռագործ արհեստներ սովրեցնել մանկանց. վասնզի անկարելի է, որ ամէն աշակերտք բանաստեղծ կամ գիտնական լինին: Իսկ եթէ աշակերտաց ձեռքերն դպրոցաց մէջ շատ կամ քիչ վարժուին արհեստից, կարող կը լինին ապա քիչ ժամանակի մէջ՝ արհեստ մը սորվելով՝ աղքատութենէ ազատ մնալ, մինչդեռ հիմա անթիւ երիտասարդք կը տեսնուին, որ Հայերէն, Գաղղիերէն ու Տաճկերէն կարդացեր են, բայց եւ այնպէս Հայագէտ, Գաղղիագէտ ու Տաճկագէտ չեն եղած. ոտանաւորներ ու ճառեր կը շարադրեն, բայց բանաստեղծ ու պերճախօս չեն. եւ իւրաքանչիւրն՝ բանաստեղծի, պերճախօսի, լեզուագիտի եւ հեղինակի սիրտ կրելով՝ չեն զիջանիր խոնարհիլ, եւ իրենց աչքին արհամարհ թուած արհեստներու հետեւելով հաց ճարել:

Պէտք է որ դաստիարակք աշխատին, որ իրենց խնամոց յանձնուած աշակերտք՝ ուղիղ բարոյականի, այսինքն կատարելութեան ճամբուն մէջ կրթուին այն ատեն բարի Քրիստոնեաներ ու ճշմարիտ Հայեր, հայրեր ու մայրեր կ՚ունենանք, եւ Ազգը կը կենդանանայ (էջ 41-42):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2023