ԻՇԻՊ-ԷՆ ԵՏՔ Ի՛ՆՉ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՄՈՒՍՈՒԼԻՆ
Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Մուսուլին: Յատկապէ՛ս երբ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն») ահաբեկչական խմբաւորումը պարտութեան մատնուելէ եւ ցիրուցան ըլլալէ ետք հեռանայ այդ հատուածներէն:
Ժընեւ հաստատուած վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեանին կարծիքով՝ Մուսուլի ճակատամարտի աւարտը անպայման չի նշանակեր արմատական իսլամամէտ խմբաւորումներու աւարտը, հապա անոնց դէպի այլ իրաքեան անապատային շրջաններու մէջ տեղակայուիլը: Ըստ Չըթրեանի, իսլամամէտներուն համար հիմնական աւազանը պիտի շարունակէ մնալ Իրաքը, հակառակ անոր, որ իրաքեան բաւական թէժ զարգացումներուն հետեւողներու կարեւոր տոկոս մը կը հաւատայ, որ ԻՇԻՊ պիտի կտրէ իր պորտալարը Իրաքին հետ եւ տեղաւորուի Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ, որ այսօր կը հանդիսանայ այդ խմբաւորման «ապահով» մայրաքաղաքը:
Հասկնալու համար Իրաքի ներկայացուցած կարեւորութիւնը ԻՇԻՊ-ին համար, պէտք է նշել, որ այս խմբաւորումը սկսաւ աճիլ Սատտամ Հիւսէյինի տապալումէն ետք եղած հանգրուանին եւ առ ի հետեւանք շիիներու այդ շրջանի սիւննի բնակչութեան դէմ գործած բռնադատումներուն եւ սպանութիւններուն: Այսինքն «Էլ Քաիտ» շարժումի ձեռնասունը համարուող ԻՇԻՊ ստեղծուեցաւ հաւասարակշռութիւններու նոր օրինաչափութիւն մը ստեղծելու նպատակով:
Յստակ է նաեւ, որ այս խմբաւորման ստեղծման եւ ֆինանսաւորման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցան Իրաքը շրջապատող սիւննի տէրութիւնները, որոնց գլխաւորը պէտք է համարել Սէուտական Արաբիան:
Իրենց վստահուած դերէն անդին երթալով սիւննի ծայրայեղական եւ Ուահապիսթ այս խմբաւորումները հատեցին «արտօնեալ» բոլոր կարմիր գիծերը եւ սկսան դառնալ իրական պատուհաս ամբողջ շրջանին համար:
Ապա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու իր «հաւատարիմ» դաշնակիցները որոշեցին ամէն գնով ԻՇԻՊ-ը դուրս հանել յատկապէս իրաքեան ընդհանուր համայնապատկերէն:
Այս ընդհանուր նախաբանը ընելէ ետք յստակ կը դառնայ, որ Մուսուլը, որ ասկէ երկու տարի առաջ անցած էր ԻՇԻՊ-ի տիրապետութեան տակ, մէկէ աւելի առումներով կը համարուի քննութեան հիմնական առանցք ոչ միայն ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով, այլ նաեւ Իրաքի ապագային առընթեր:
Այսինքն Մուսուլի ճակատամարտի աւարտին շատ հաւանական է նաեւ, որ վճռուի Իրաքի հողային ամբողջականութեան ապագան, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ Մուսուլէն ետք է, որ յստակ պիտի դառնայ իրաքեան ընդհանուր նոր իրադրութիւնը:
Փորձել հասկնալու համար այս ընդհանուր յարաբերակցութիւնները պէտք է նախ ի մտի ունենալ Իրաքի այսօրուան հիմնական խաղացողները:
Այդ իմաստով է նաեւ, որ յստակ կը դառնայ, թէ այսօր գետնի վրայ հիմնական քննութիւն ներկայացնող կողմը Պաղտատի կառավարութիւնն է, որուն հովանիով գործող բանակային ջոկատները արդէն իսկ սկսած են մուտք գործել Մուսուլ: Անոնց կողքին կան «Տիֆահ Շահըպի» անունը կրող ջոկատները, որոնք ստեղծուած են Թեհրանի անմիջական հովանաւորութեամբ: Այլ կարեւոր մասնակցութիւն ունին քիւրտերը, որոնց փեշմերկէ ջոկատները նոր չէ, որ կը մասնակցին ԻՇԻՊ-ին դէմ ընթացող ընդհանուր պայքարին:
Վերը նշուած խմբաւորումներէն իւրաքանչիւրը ունի իր առաջնահերթութիւնը եւ ծրագիրը: Ու միշտ չէ, որ եղած ծրագիրները կրնան հակասութիւններով դրսեւորուիլ:
Բուն կռիւը սակայն սիւննի-շիի կռիւ մըն է եւ այս հանգրուանին ներհամայնքային պատմական խորք ունեցող այդ հակամարտութիւնը ամենէն աւելի կ՚երեւի Իրաքի մէջ:
Թուրքիոյ համար ալ կարեւոր է Մուսուլի ճակտամարտը: Կարեւոր է, որովհետեւ ըստ Անգարայի, քիչ չէ թիւը այն թիւրքմեններուն, որոնց բնակութեան իսկական վայրը Մուսուլն է: Անշուշտ կայ Թուրքիոյ շրջանային դերը այս առումով։ Իբր այդ, անցնող օրերուն եւ տարբեր առիթներով յստակ դարձաւ, որ հակառակ Անգարա-Ուաշինկթըն որոշակի սառնութեան, Միացեալ Նահանգներ կարեւոր ճնշում գործադրեց Պաղտատի կառավարութեան վրայ՝ անկէ պահանջելով համագործակցիլ Իրաք գտնուող թրքական բանակի գումարտակներուն հետ:
Մուսուլի ճակատամարտին առընթեր կարեւոր ներկայութիւն ունի Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը՝ ղեկավարութեամբ Մեսուտ Պարզանիի: Սիւննի մէկէ աւելի վերլուծաբաններ քննարկաման ենթարկելով քիւրտերու շարժումները՝ կը նշեն, որ քրդական ուժերուն այսօրուան նպատակը ներկայութիւն հաստատել է այն հատուածներուն մէջ, որ կը համարուին վիճարկելի շրջաններ: Այսինքն զինուորական ներկայութիւն ըլլալ Իրաքի Նինուէ նահանգի արեւելեան եւ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «աչք տնկել» Քերքիւքի վրայ, որ կը համարուի Իրաքի նաւթային պաշարներու մայրաքաղաք: Քիւրտերուն համար այլ կարեւոր քաղաք կը համարուի Տիալան, որ նախապէս ԻՇԻՊ-ի կարեւոր կեդրոնատեղիներէն մին էր եւ, ուր մեծ թիւ կը կազմեն քիւրտերը:
Բացի այս բոլորէն, կան նաեւ Մուսուլի մօտ ստեղծուած սիւննի ջոկատները, որոնք կազմուած են վերջերս եւ կը կրեն «Մուսուլի պահապաններ» անունը: Այդ ջոկատները կազմուած են Մուսուլի սիւննի նահանգապետ Ասիլ Ալ Նուժայֆին կողմէ, որ իր նեցուկը կը ստանայ Մուսուլի մերձ գտնուող Պահքուպա քաղաքին մէջ տեղակայուած թրքական ուժերէն: Ըստ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան, Մուսուլի նահանգապետին նպատակը եղած է կազմել 2 հազար կռուողներէ բաղկացեալ «բանակ» մը, սակայն մինչեւ այս պահը ան յաջողած է զինուորագրել 1200 հոգի:
Բացի այս բոլոր տուեալներէն՝ յստակ է նաեւ, որ Մուսուլի ճակատամարտը կամ անոր աւարտով սկիզբ առնելիք փուլը վճռորոշ պիտի ըլլայ Իրաքին համար: Յատկապէս Պաղտատի կեդրոնական կառավարութեան համար, որուն գոյութիւնը յայտնուած է կարեւոր փոր-ձաքարի մը դիմաց:
Մուսուլը իր դիրքով, ռազմաքաղաքական տուեալներով եւ ուժերու բախման կէտ հանդիսանալու դրուածքով պիտի դառնայ անկիւնադարձային: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել ոչ թէ Մուսուլը, այլ անոր այս ճակատամարտը, որուն աւարտին շատ հաւանական է, որ վերը նշուած ուժերէն իւրաքանչիւրը փորձէ «սաւանը, իր կողմը քաշել» եւ այդպէսով ստեղծել բախումներու եւ հակամարտութեան նոր «օճախ» մը:
Թէ ինչքան խելամիտ պիտի գտնուին համակարգող ուժերը՝ ցարդ պարզ չէ, բայց նաեւ յստակ է, որ մինչ «իրենց ակռաները զինած» կողմերը պատրաստ են Մուսուլը դարձնել արիւնահեղութեան նոր թատերաբեմի մը, ուր հակամարտութեան սկիզբի թուականը յստակ պիտի ըլլայ, իսկ աւարտը անկանխատեսելի:
Սկիզբ առնող հակամարտութիւնները կարելիութիւնը չունին յաղթական կողմի մը ի նպաստ գետին ստեղծելու։ Իբր այդ ալ առիթներու, համաձայնութեան, խաղաղութեան եւ հանդուրժողութեան բացակայութեամբ գետին շահող շատ հաւանական պատերազմը աւերիչ պիտի ըլլայ ոչ միայն վիրաւոր Մուսուլին, այլ ամբողջ Իրաքին համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 05/09/2025