«Հայ Տուն». «Հայրս Կ՚ըսէր, Որ Եթէ Օտարի Հետ Ամուսնանաս, Կը Սպաննեմ Քեզ»

Սան­թիա­կօ, Չի­լի: Նո­յեմ­բեր 2016: Թէեւ Չի­լին ֆութ­պո­լա­յին աշ­խար­հին մէջ նաեւ ստեղ­ծած է ի­րեն յա­տուկ ա­ռաս­պել մը՝ յար եւ նման Լա­տին Ա­մե­րի­կա­յի իր դրա­ցի եր­կիր­նե­րուն, բայց նաեւ ու­նի աշ­խար­հագ­րա­կան ու բնու­թեան իր տուեալ­նե­րուն  իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը: Հե­տաքրք­րա­կան է նա­յիլ Չի­լիի քար­տէ­սին, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան շրջա­նին, ո­րուն ուղ­ղա­հա­յեաց եւ բա­րակ-եր­կար տա­րած­քը ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ: Ու­նի բնու­թեան ստեղ­ծած եւ շնոր­հած գե­ղեց­կու­թիւ­նը: Ե­թէ Սան­թիա­կօ մայ­րա­քա­ղա­քին ամ­բողջ տա­րած­քը խճո­ղուած է ծա­ռե­րով եւ շրջա­պա­տուած է լեռ­նե­րով, սա­կայն երկ­րին ա­րեւմ­տեան ով­կիա­նո­սի շրջա­նը կը գլէ ու կ՚անց­նի ա­մէն գե­ղեց­կու­թիւն: Եր­կի­րը զար­գա­ցած է եւ կա­մաց-կա­մաց սկսած է յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րել ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռին մէջ՝ ան­կախ իր մօ­տիկ ան­ցեա­լի քա­ղա­քա­կան կեան­քի ո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րէն:

Սո­նիա Գրի­թի­սեա­նը ծնած է Չի­լի: Հայ­րը Կե­լի­պո­լէէն եւ մայ­րը՝ Պուր­սա­յէն եւ եղեռնէ ետք, անց­նե­լով մէկ գաղ­թօ­ճա­խէն միւ­սը, կայք հաս­տա­տած են Չի­լի: Եւ Սո­նիա­յի հօր ապ­րած ար­հա­ւիր­քը ա­նոր մէջ կեր­տած էր ապ­րե­լու եւ կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու զօ­րա­ւոր հիմք: Աս­կէ ալ կը բխի իր պատ­գա­մը, թե­րեւս «զգու­շա­ցու­մը»՝ իր դստեր Սո­նիա­յին: «Ե­թէ օ­տա­րի հետ ա­մուս­նա­նաս, կը սպան­նեմ քեզ»:

Սո­նիան հնա­զան­դած էր իր հօ­րը «պատ­գա­մին»: «Սպա­սե­ցի, եւ բախտս Ալ­պէռ Էք­մէք­ճեանն էր»: Ալ­պէռը, որ Պէյ­րու­թի մէջ իր օ­րե­րուն վաս­տակ շա­հած հե­ծե­լար­շա­ւի ա­խո­յեան մար­զիկ ե­ղած էր, 1960-ա­կան տա­րի­նե­րուն կը հաս­տա­տուի Չի­լի՝ հայ­կա­կան իր կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու տես­լա­կա­նով:

«Հօրս հա­մար ու­րիշ լաւ բան չկար, քան՝ ու­րիշ հայ մը»:

Նա­զար եւ Նա­տիա Պա­լո­յեան­նե­րը կը հա­մա­րուին Չի­լիի հայ­կա­կան գա­ղու­թի ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն,  ե­րե­ւի՝ ա­մե­նէն ե­րէց­նե՞­րը: Նա­զա­րին ծնող­քը Խար­բեր­դէն ե­կած է, իսկ Նա­տիան՝ Պո­լի­սէն գաղ­թած: Նա­տիա­յին մէջ տա­կա­ւին կայ Վոս­փո­րեան ջեր­մու­թիւ­նը եւ աշ­խու­ժու­թիւ­նը: «Յա­ջորդ այ­ցե­լու­թեանդ քե­զի պոլ­սա­կան ճաշ պի­տի պատ­րաս­տեմ», ը­սաւ ին­ծի:

Նա­զա­րին հայ­րը ու իր նման հա­մա­խո­հեր 1950 թուա­կա­նին Սան­թիա­կո­յի մէջ գնած ու հիմ­նած են Հայ տու­նը: Հոն, ուր հա­յեր պի­տի հա­մախմ­բուին: Բա­ւա­կան մեծ տա­րածք՝ պար­տէզ ու սրահ­ներ ընդգր­կող այս կեդ­րո­նը կը գոր­ծա­ծուի մօ­տա­ւո­րա­պէս ե­րեք հա­րիւր հո­գի հա­շուող փոք­րա­թիւ հայ գա­ղու­թի հայ­կա­կան կեան­քին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան հա­մար: Եր­բեմն-եր­բեմն կը մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ՝ այ­ցե­լու հայ կղե­րա­կա­նի մը կող­մէ, նաեւ կը կազ­մա­կեր­պուի հա­ւա­քոյթ, կը կա­տա­րուին խա­ղեր ու շա­բաթ օ­րե­րը՝ հա­յե­րէն դա­սըն­թացք: Պար­տէ­զին մէջ նաեւ զե­տե­ղուած է խաչ­քար եւ եղեռնի նուի­րուած յու­շա­կո­թող: Նոյն հայն է, որ ո­րո­շած է ապ­րիլ:

Ու՝ Նա­զա­րին յու­շե­րը: «Հօրս հա­մար ու­րիշ լաւ բան չկար, քան ու­րիշ հայ մը»: Եւ այդ «ու­րիշ հա­յը» հայ պա­հե­լու հա­մար ոչ մէկ ճիգ խնա­յած է կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար այս հայ­կա­կան գա­ղու­թը:

Շա­բաթ, 12 նո­յեմ­բեր 2016: «Հայ տուն»ին մէջ նստե­լով՝ կը վա­յե­լեմ այս պզտիկ Հա­յաս­տա­նը: Թէեւ շատ հե­ռու է մեծ Հա­յաս­տա­նէն, բայց հա­յու կա­րօ­տը կը մօ­տեց­նէ սրտե­րը, զգա­ցում­նե­րը, յի­շա­տակ­նե­րը, պայ­քա­րը, սփիւռ­քեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Թէեւ հայ­կա­կան այս փոքր «գու­մար­տակ»ը կը մարտն­չի ինքն ալ իր գո­յա­պայ­քա­րին հա­մար եւ իր ապ­րած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, բայց կայ գի­տակ­ցու­թիւ­նը: Թէեւ լե­զուն կը նա­հան­ջէ, բայց տա­կա­ւին վառ կը մնայ զգա­ցու­մը: Եւ «Հայ տուն»ին մէջ, շրջա­պա­տուած հայ­կա­կան այս փոքր խմբա­կով, կ՚ապ­րիմ այս «զգա­ցում­նե­րը»:

Նա­զե­լի Նա­զա­րը ծնած է Չի­լի: Մեծ ծնող­քը ե­կած են Չի­լի եղեռնէն ետք: Սի­րած է ե­րաժշ­տու­թիւն եւ հե­տե­ւած է ձայ­նա­մար­զու­թեան: Կեան­քի պայ­ման­նե­րը ե­ղած են տար­բեր, եւ ան նե­տուած է լրա­տուա­կան աս­պա­րէզ, բայց միշտ պա­հե­լով իր ա­ռա­ջին սէ­րը՝ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը:

«Հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը զգա­ցում է ին­ծի հա­մար եւ ոչ թէ՝ միտք ու տրա­մա­բա­նու­թիւն», Նա­զե­լին է խօ­սո­ղը:  «Եւ որ­քան որ մեծ­նամ, մէջս այդ­քան ա­ւե­լի կը զօ­րա­նայ այս հայ­կա­կան զգա­ցու­մը»: Նա­զե­լին կը ցա­ւի, որ հա­յե­րէն չէ սոր­ված իր ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րուն: Բայց իր մէջ զօ­րա­ւոր է ցա­ւը: «Եղեռնի հա­րիւ­րա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն, երբ կ՚եր­գէի երգ­չա­խում­բին հետ, սկսայ լալ: Գի­տակ­ցե­ցայ, թէ ցա­ւը որ­քան խո­րունկ չա­փով առ­կայ է իմ ա­րեանս մէջ», ը­սաւ Նա­զե­լին:

Վի­գէն Բա­լա­յեա­նը Հա­յաս­տա­նէն է: Ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի, որ ու­սա­նած է Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մէջ: «Թա­փա­ռած» է հայ­կա­կան մէկ գա­ղու­թէն միւ­սը՝ հաս­նե­լու հա­մար Սան­թիա­կօ: Եւ չեմ գի­տեր, թէ Սան­թիա­կոն վեր­ջին հանգ­րուա՞նն է ե­րի­տա­սարդ Վի­գէ­նին հա­մար: Բայց ան իր ստա­ցած հա­յե­ցի ա­մուր դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ի սպաս կը դնէ Չի­լիի հայ­կա­կան գա­ղու­թին: Ա­մէն շա­բաթ օ­րե­րը կայ հա­յե­րէն դա­սըն­թացք եւ Վի­գէ­նը կը սոր­վեց­նէ մայ­րե­նին:

Վեր­ճի­նիա Էք­մէք­ճեա­նը փո­խ-ա­տե­նա­պետն է հայ­կա­կան գա­ղու­թի վար­չու­թեան: Ան կը գի­տակ­ցի, թէ «Հայ տուն»ը բո­լոր հա­յե­րը միա­ցուց: Ներ­կայ «Հայ տուն»ը ծա­խած են,  բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց վերջ­նա­կան փու­լին մէջ են՝ նոր հո­ղա­տա­րած­քի մը գնման հա­մար, ա­ւե­լի լաւ վայ­րի մը մէջ եւ տար­բեր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով: Հոն պի­տի կա­ռու­ցեն ե­կե­ղե­ցի եւ կեդ­րոն, բայց գա­ղու­թը ներ­կայ տու­նը տա­կա­ւին կը գոր­ծա­ծէ՝ մին­չեւ նոր կեդ­րո­նի վերջ­նա­կան դա­սա­ւո­րում­նե­րը:

Վեր­ճի­նիան կը խօ­սի եղեռնի մա­սին: «Մեծ եղեռնի մա­սին կը խօ­սիմ ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տա­ցիու­թեան հա­մար եւ չեմ ու­զեր, որ մար­դիկ մե­զի մեղ­քա­նան», ը­սաւ ան: Վեր­ճի­նիան խօ­սե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դաս­ման մա­սին ալ: «Սրբա­դա­սու­մը հայ­կա­կան նոր ուժ ներ­մու­ծեց մեր կեան­քե­րուն»:

Այդ խմբա­կին մէջ է նաեւ չի­լի­ցի Հիւ­կօ Տիա­զը, որ ե­րա­ժիշտ ե­րի­տա­սարդ մըն է, կը նուա­գէ օ­պուայ ե­րաժշ­տա­կան նուա­գա­րա­նը: Եւ ան իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն բա­ցա­յայ­տած է, թէ օ­պուան սե­րած է հայ­կա­կան տու­տու­կէն: Եւ իր մէջ սկսած է արթըն­նալ մէկ կող­մէ հե­տաքրք­րու­թիւն, բայց նաեւ սէր՝ հա­յու­թեան եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի հա­մար: Հիւ­կօ կը սոր­վի հա­յե­րէն խօ­սիլ ու գրել:

Ու­զե­ցի հե­տե­ւիլ հա­յե­րէն դա­սըն­թաց­քին, թէ ինչ­պէ՛ս Շա­քէն եւ Է­մի­լիան՝ չա­փա­հաս­ներ, հա­տիկ-հա­տիկ հա­յե­րէն տա­ռե­րը կը սոր­վին ու կը գրեն: Հա­յուն գո­յա­պայ­քա­րի ճա­նա­պարհն է, որ պէտք չէ ընդ­հա­տուի…

Պէտք էր, որ մեկ­նէի: Ու­րախ էին տես­նե­լով, որ հայ մը ե­կած է եւ ի­րենց կ՚այ­ցե­լէ: Ի­րենց աչ­քե­րուն եւ խօս­քե­րուն մէջ կար այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը: Ե­թէ մէկ կող­մէ քա­ջա­լե­րուած էին, բայց նաեւ կպանդ­րա­դառ­նա­յին, որ ի­րենք ալ մէկ մաս­նիկն են հայ­կա­կան մեծ ըն­տա­նի­քին՝ Հա­յաս­տա­նին եւ սփիւռ­քին: Եւ զգա­ցի, որ կ՚ապ­րէին այդ ար­ժէ­քին պա­հը, թէ­կուզ կարճ հան­դի­պու­մով, բայց՝ ի­րա­կան:

Եւ դար­ձեալ Նա­զարն է խօ­սո­ղը, ո­րուն ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը թէեւ  շատ քա­ջա­լե­րա­կան չէ, բայց ան ու­րախ մարդն է՝ զուարթ հո­գիով: Ժպի­տը դէմ­քին՝ ը­սաւ ին­ծի. «Ե­րե­ւի շու­տով կը մեկ­նիմ… Բայց չեմ գի­տեր, ո՞ւր պի­տի եր­թամ…»:

Նա­զա­րին ձեռ­քը ա­մուր սեղ­մե­ցի եւ իր այդ ու­րախ աչ­քե­րուն նա­յե­լով՝ ը­սի ի­րեն. «Մեկ­նե­լէդ ա­ռաջ պէտք է, որ ե­կե­ղե­ցին եւ «Հայ տուն»ը շի­նես: Հօրդ ա­ւանդն է, որ պէտք է շա­րու­նա­կես»:

Չեմ գի­տեր՝ ե՛րբ նո­րէն պի­տի տես­նեմ Նա­զա­րը եւ Սան­թիա­կո­յի հայ­կա­կան փոքր «գու­մար­տա­կը»: Ե­րե­ւի օ­րե­րը ցոյց կու տան: Բայց կայ «Հայ տուն»ը, ո­րուն ջեր­մու­թիւ­նը ապ­րե­ցայ ու պի­տի շա­րու­նա­կեմ ապ­րիլ հե­ռուէն, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա ապ­րող ի­րա­կա­նու­թիւն է: Հա­յուն ա­ւանդն է, հա­յուն հպար­տու­թիւ­նը, այն հա­յուն, որ ո­րո­շած է ապ­րիլ:

«Հայ տուն»(եր)ը: Չի­լի եւ քիչ մը ա­մէն տեղ: Փոքր տուն(եր), ո­րոնք միա­սին, քով-քո­վի գա­լով՝ կը կազ­մեն հզօր եւ մեծ Հա­յաս­տա­նը:

Եւ այս «Հայ տուն»(եր)ը՝ Մեծ Հա­յաս­տա­նը, հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ իբ­րեւ հայ գո­յա­տե­ւե­լու գրա­ւա­կան կը հան­դի­սա­նան, ուս­տի ան­պայ­ման պէտք է գուր­գու­րալ ա­նոնց ու պահ­պա­նել:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016