ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԳԻՆԻԻՆ ՔԱՂՑՐԱՀԱՄ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ
«Յիսուս Իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ» (Յհ 2.11)։
Աստուածորդւոյն երկրաւոր կեանքին առանցքային նպատակն էր՝ Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը աւետարանել ամբողջ աշխարհին, բոլոր ժողովուրդները Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձնել եւ Աստուծոյ հայրական գգուանքը բոցավառել մարդոց հոգիներէն ներս։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս Իր առաքելութեան սկսաւ քարոզելով, ուսուցանելով, բժշկելով եւ հրաշքներ կատարելով՝ երկնային շնորհքները երկրայիններուն պարգեւելով։
Արդարեւ, Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ երբ Յիսուս կատարեց Իր առաջին հրաշագործութիւնը, ցոյց տուաւ Իր աստուածային զօրութիւնն ու ամենակարողութիւնը։ Քրիստոսի թէ՛ ուսուցումները եւ թէ հրաշագործութիւննները ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով մեզի կը պատկերացնեն ու կը ներկայացնեն երկնքի արքայութիւնը։ Ուշագրաւ առակներէն մէկն է «Հարսանեկան կոչունք»ը, որուն մէջ կը ներկայացուի հարսանեկան խնջոյք մը, ուր ներկայ են փեսան ու հարսնեւորները։
Յիսուսի կատարած այս առաջին հրաշքը Երկինքի Արքայութեան պատկերացումին ներկայացման գործնական, թանձրական մէկ իրողութիւնն է։ Հետաքրքրական է դիտել, որ Յովհաննէս աւետարանիչ Քը-րիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը կը բանայ հարսնիքի ժամանակ, Անոր կատարած առաջին հրաշքով, ուր Քրիստոսի ներկայութիւնը կը ստանայ յոյժ կարեւոր եւ կացութիւնը փրկող ազդակ։
«Յիսուս Իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ» (Յհ 2.11)։
Ա) Մարիամի վստահութիւնը իր Որդիին նկատմամբ. Երբ Մարիամ կը դիմէ Քրիստոսի ըսելով՝ թէ «Գինի չունին» (Յհ 2.3), Քրիստոս իսկոյն կը մերժէ։ Մարիամի խնդրանքը երեւութապէս կը մերժուի, սակայն Ս. Կոյսը ամբողջական վստահութիւն ունենալով իր Որդիին աստուածային զօրութեան եւ հնազանդութեան վրայ, կը թելադրէ սպասաւորներուն կատարել այն ինչ որ Քրիստոս պատուիրէ անոնց։ Հետեւաբար, Մարիամի ունեցած ամբողջական վստահութիւնը եւ հաստատ հաւատքը Քրիստոսի ամենակարողութեան ամբողջական էր, թէկուզ որ խնդրի լուծման ձեւն ու միջոցը անյայտ էր իրեն համար։ Երջանի՜կ է այն մարդը, որ նման պարագաներու կը հաւատայ եւ կը վստահի Աստուծոյ՝ առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ պիտի կատարուի։ Ինչպէս յետագային Քրիստոս այսպէս պիտի սահմանէր նոյն այս մտածումը, ըսելով՝ «Երանի անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ.20,29)։
Բ) Աստուածային գինիին քաղցրահամ բարիքները. Հետաքրքրական է, որ Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի առաքելութեան կը սկսի գինիի հրաշքով, ուր բոլոր ներկաները կը խմեն անկէ, ինչպէս նաեւ Իր երկրաւոր կեանքի էջը կը փակէ դարձեալ գինիի ներկայութեամբ՝ Վերջին ընթրիքի ժամանակ, երբ գինին օրհնելով կու տայ Իր 12 առաքեալներուն՝ ըսելով. «Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մտ 26.28)։
Կանայի այդ հարսնիքին հրաւիրեալները կը ներկայացնէին հին եբրայեցի ժողովուրդը, որոնք թէպէտ երկար ժամանակ ըմբոշխնեցին աստուածային քաղցրահամ բարիքները, սակայն իրենք իրենց հոգիներուն մէջ իսկ չզգացին Անոր ներկայութիւնը եւ կեանքի չկոչեցին երկնաէջ օրէնքները։ Մինչ Վերջին ընթրիքին 12 առաքեալները կը ներկայացնէին Քրիստոսի նոր ուխտով կնքուած ժողովուրդը, որոնք իրենց հոգիներուն ու առօրեայ աշխարհայնացած կեանքին մէջ մնայուն կերպով պիտի չճաշակէին Աստուծոյ ներկայութիւնը, այլ խօսքով՝ նոր ժողովուրդը զԱստուած իր կեանքին մէջ պիտի ունենար ո՛չ թէ կրաւորական ձեւով, այլ ներգործող ներկայութեամբ։ Ճիշդ է, թէպէտ առաքեալներէն մէկը դաւաճանեց Քրիստոսի՝ դուրս մնալով հարսանեկան կոչունքէն, այնպէս ալ Քրիստոսի հրաշափառ գալստեան օրը դուրս պիտի մնան բոլոր անոնք, որոնք վաղանցուկ երեւոյթներու եւ հոգեքանդ ցանկութիւններու կառչած են, սուտին ու կեղծիքին ետին պահուըտող մարդիկ են, Քրիստոսի բացատրութեամբ՝ գառնուկի մորթով ծպտուած գայլեր են։
Գ) Վեց քարէ կարասներու նշանակութիւնը. Աստուածաշունչին մէջ 7 թուանշանը կատարելութիւն եւ ամբողջութիւն կը խորհրդանշէ, որուն դիմաց 6 թուանշանը՝ անկատարելութիւն։ Այստեղ այդ 6 կարասները կը խորհրդանշեն Օրէնքին անկատարելութիւնը։ Քրիստոս այդ անկատար Օրէնքին մէջ դրաւ նոր աւետարանական գինին՝ որ է շնորհքը։ Մարդ լոկ Օրէնքի կատարումով չի կրնար փրկուիլ, եթէ Աստուած փրկութեան շնորհքը չպարգեւէ անոր։ Շնորհքը Աստուծոյ կողմէ տրուած ձրի պարգեւն է մարդուն (Եփ 2.8)՝ փրկութեան առաջնորդող։ Քրիստոսի կատարած հրաշագործոթիւնը կը խորհրդանշէ աստուածահրաշ գինիին արբեցուցիչ ներգործութիւնը մարդու ներսիդին։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսով Օրէնքի լուծը փոխարինուեցաւ աստուածային երկնատուր շնորհքի փրկութեան։ Օրէնքը դարեր շարունակ խօսեցաւ մեղքի մասին, բայց շնո՛րհքն է որ կը յայտնէ մեղքին պղծութիւնն ու զազրելիութիւնը մեր հոգւոյն մէջ։ Օրէնքը մեր յանցաւոր ըլլալը հրապարակեց, բայց շնորհքը մեր ազատագրուած ըլլալը կը ծանուցէ։ Օրէնքը խօսեցաւ Աստուծոյ ճամբուն մասին, իսկ շնորհքը կը խօսի Աստուծոյ մասին իբրեւ ճամբայ։ Օրէնքը կը դատապարտէ մեղաւորները, բայց զանոնք չի կրնար սրբել, զանոնք սրբողն ու սրբացնողը Քրիստոսի շնորհքն է։ Օրէնքը մեզ անէծքի կ՚ենթարկէ, ահա թէ ինչո՛ւ «Քրիստոս Օրէնքի անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով» (Գղ 3.13), իսկ շնորհքը մեզ կ՚առաջնորդէ Աստուծոյ օրհնութիւնը ժառանգելու (Գղ 3.18)։
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօրուընէ սկսեալ ապրինք աստուածահաճոյ կեանք մը՝ չտարուբերելով օտարամոլ ու ապազգայնացնող հոսանքներուն հետ, այլ մեզի իբրեւ ճշմարիտ փեսայ ընտրենք զՔրիստոս, որ մեզ Իր երկնային խնջոյքին կը հրաւիրէ։ Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան համար պատրաստուած հարսանեկան կոչունք մըն է Աստուծոյ Արքայութիւնը։ Աշխատինք իմաստուն կոյսերուն պէս փեսային գալուստով Արքայութենէն ներս մտնելու։ Եթէ մեղաւոր ենք, դարձի գանք, զղջանք ու խոստովանինք, որովհետեւ Քրիստոս միշտ պատրաստ է մեր տկար բնութիւնը վերանորոգելու Իր ամենազօր տէրութեամբ եւ անսպառ շնորհքով։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ