ԱԿՆԱՐԿ - 94 - ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Եդուարդ Սիմքէշեանի (1906-1979) մէկ գրութիւնը, որ կը կրէ «Մարդուն մեծագոյն քաղաքակրթութիւնը»: Գրութիւնը կը ներկայացնենք, նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը: Բարի ընթերցանութիւն:
*
Մարգարէներ մեր բախտը գրեր են նուիրական տախտակներու վրայ, բայց հոն մոռցեր են քանդակելու մարդուն գերագոյն քաղաքակրթութիւնը, որ Արուեստն իսկ է: Մեր իմացական ճանապարհը լուսաւորելու համար, մենք կանչեր ենք միշտ աշխարհի բոլոր առաքեալները եւ անոնց ձայնը լսեր ենք յուսահատօրէն, առանց նայելու սակայն գեղեցկութեան շլացուցիչ լոյսին եւ առանց ապրելու անոր փրկարար ներշնչումին հետ: Մարդը տարաբախտ է մանաւանդ այս տեսակէտով, որովհետեւ իր կեանքը փնտռեր է դարերէ ի վեր, բայց չէ կրցեր զայն դաշնաւորել իր մտքի եւ սրտի հոսանքներուն հետ:
Արուեստը միայն մեզի կը ներշնչէ յոյսը ապագային, եւ կ՚ըլլայ ապաւէն մեր անստոյգ գոյութեան մէջ, որպէսզի համարձակօրէն նայինք վաղուան եւ հոն կարդանք ինչ որ բախտը սահմանած է մեզի: Ան կը մնայ աւետաբերը մեր անձկագին էութեան, որ իր խօսքը կ՚ուզէ իր լռութիւնը աղաղակելու համար, եւ ամէն մէկ բառի մէջ կը ցանկայ դնել կիրք ու հեծեծանք, կռիւ եւ տառապանք: Ան երազին յաղթանակն է ճշմարտութեան վրայ, որ կը դադրի ապրելէ երբ նիւթը կը ներկայացնէ խորհուրդին փոխարէն եւ չի կրնար պատմել անշօշափելին, այն հեռաւոր իրականութիւնը՝ զոր կը գտնենք գրականութիւնով, երաժշտութիւնով կամ քերթողական քանդակներով:
Պայքարը զոր կը մղենք աւելի լաւ ապրելու համար, կը դառնայ կենսունակութեան անսպառ աղբիւր մը, երբ կը ծնի արուեստէն եւ կ՚ազատագրէ ամբողջապէս մեր հոգին, իր մէջ խտացնելով բովանդակ կամքը մեր իմացականութեան: Ոչ մէկ աշխատաւոր այնքան հզօր է եւ խիզախ՝ քան նոյնինքն արուեստագէտը, որ իր ստեղծած գործին հետ կը յաջողի հասնիլ իր վերջնական փրկագործութեան, եւ կը նայի անով ապագային, բոլոր անձկութիւններուն ու թշուառութիւններուն եւ գիտէ այդ զօրութիւնով բաւել ինքզինքին: Ան կրնայ թօթուել ուսերը ցաւին ու հրճուանքին, սիրոյ կամ ատելութեան դէմ, եւ իր անփոխարինելի վայելքն է միշտ պատասխանել զինքը արհամարհողներուն, իր կերտած գեղեցկութեան ժպիտովը: Իսկական արուեստագէտը այն է միայն, որ ամենէն աւելի անիրաւուած է կեանքի մէջ:
Եթէ մարդը կը փնտռէ որեւէ միջոց համաձայնելու համար մարդուն հետ, այդ փափաքը կրնայ իրագործել արուեստի ճամբով առաւելապէս, որովհետեւ ան է, որ կ՚ընծայէ դարձեալ մեծագոյն կարելիութիւնը համամարդկային հաղորդակցութեան, եղբայրութեան եւ թափանցումի, կապուիլ իրարու եւ զիրար լուսաւորել բանաստեղծութեամբ, նուագներու եւ գոյներու բարբառով, պատմել հոգիներու հեքիաթը եւ վէպը ու երազ մը ստեղծել անշունչ մարմարէն:
Արուեստը խաղաղութիւն է տակաւին, եւ ամենէն հիմնական ապահովութիւնը, որով անհատը կրնայ ինքզինքը վստահօրէն բացատրել, վերագտնել իր հոգեկան ու զգացական անդորրութիւնը, ուր ցաւը համազօր կը դառնայ երջանկութեան, մարդը կը փրկուի ներքին ու արտաքին ճնշումներէն եւ կը սրբանայ բացարձակապէս:
Արուեստը ճանապարհ է, ե՛ւ կեանք ե՛ւ ճշմարտութիւն: Կարելի է հաւատալ իրմով հոգիներու ամբողջացման աշխատանքին, որ ամենէն դժնդակ ու նոյնքան հեշտալի գործն է արուեստի մարդուն: Մեր անհատականութիւնը անոր համար շարք մըն է անաւարտ գաղափարներու, կէս զգացումներու, ամէն ինչ բեկոր է միայն, եւ երբեք լրութիւն: Գեղեցկութեան աշխատաւորը կոչուած է միաւորել այդ բեկորները, իսկական ու ամբողջական մարդը կարենալ հիւսելու համար: Արուեստագէտը իր կեանքը կը սպառէ այս տաժանելի ճամբուն վրայ, պակասներէն, մասնիկներէն եւ անկատարէն հասնելու համար անթերիին: Այն ատեն խանդաղատանքով կ՚ողջագուրէ ամբողջ մարդկութիւնը, անոր արիւնը զգալով իր սրտէն ներս եւ զայն վերապրելով իր մտածումին բոցին ընդմէջէն:
Մերն է այս քաղաքակրթութիւնը, որ կը գերազանցէ ընկերութեան բոլոր պայմանները եւ կը մնայ համադրութիւնը մարդկային դաւանանքներուն, կրօնքին եւ հայրենասիրութեան, պատիւին եւ նուիրականութեան, զոհագործութեան եւ յաղթանակին: Աստուածութեան գաղափարը, որ ոչնչութենէն կը մեկնի դէպի ստեղծագործութիւն, իր բարձրագոյն ցոլացումը կը գտնէ արուեստին մէջ, եւ ան նիւթն ու մարդը կը ձուլէ իրարու հրեղէն շունչով մը, զգայարանքները կը փոխակերպէ հոգիի, եւ մեր մատները կ՚ըլլան այլեւս սիրտ, երգ ու գաղափար, կը թռչտին նուագարաններու վրայ բոցեղէն վանկեր քաղելով ու մեր աչքերը կը տեսնեն անսահմանէն անդին:
Արուեստը անբաժանելի է կատարելապէս, եւ իր արտայայտութեան բոլոր եղանակները կը հաստատեն իր միութիւնը: Երաժշտութիւն, քանդակագործութիւն, բանաստեղծութիւն կամ պար, մեր գոյութեան իւրաքանչիւր հատուածներուն կը համապատասխանեն պարզապէս, այնպէս որ մեր զգացումները կը թարգմանենք մեղեդիներով ու երգեցողութեամբ, իմացական պայքարները՝ խօսքով եւ դպրութիւնով, կշռոյթը եւ շարժումը՝ մարմինի թռչող ձեւերով, լռութեան ձայնը՝ դիմակներով կամ մարմարէ շքեղութիւններով, բայց այս ամէնը կը ձգտին միայն արուեստին, այսինքն մեր մարմնաւոր ու հոգեկան անքակտելի ամբողջութեան:
Պահե՛նք ուրեմն մեր գեղագիտական քաղաքակրթութիւնը, որ մարդուն յաւիտենական երիտասարդութիւնն է եւ անոր վերածնունդին միակ կռուանը: Ինչ որ մեր միտքը կը խուզարկէ նիւթական աշխարհին մէջ ու չի կրնար որեւէ կերպով երեւան բերել, արուեստը կը գտնէ վճռականօրէն ու զայն կը զատորոշէ մեր մութ գիտակցութեան մէջ, տալով անոր համարժէք արտայայտութիւնը՝ իր ոգեւոր ու անսայթաք լեզուով:
Կազմե՛նք մեր քերթողական մեծութիւնները, որոնք պիտի փշրեն կապանքները կալանաւոր հոգիին, պիտի ընծայեն մեզի նոր երազներ, երեւակայութիւն եւ խանդավառութիւն: Միանանք արուեստին մէջ, որ մեր խղճմտանքը կը դնէ իր տարօրինակ լոյսին տակ, եւ մեր բոլոր կարողութիւնները կ՚ընծայէ վճիտ ու ազնուական, ամէն անգամ որ պակսին մեր ուժերը զանոնք ըսելու կամ ոգեւորելու համար:
Պահենք մեր ցանկութիւնները, մեր կիրքերը՝ որոնք կ՚ապահովեն մեր ինքնատպութիւնը յանուն արուեստին: Յուսահատ չըլլանք:
Ստեղծե՛նք մեր դարը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ