Ի՞ՆՉ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՍՈՒՐԻԱ ՄԵԿՆԱԾ ՎԵՑ ՀԱԶԱՐ ԶԻՆեալՆԵՐՈՒՆ
Սուրիոյ պատերազմին շղթայազերծումէն ի վեր լիբանանեան հողերէն դէպի Սուրիոյ տարբեր ճակատները հասած զինեալներու թիւը հասած է 6 հազարի: Այս տեղեկութիւնը շրջանառութեան մէջ կը դրուէր օրեր առաջ, երբ լիբանանեան լրատուական ցանցի ներկայացուցիչներ քննարկումի նիւթ կը դարձնէին մինչեւ այս պահը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ «ապաստանած» արմատական զինեալներուն ճակատագիրը:
Լիբանանէն Սուրիա հասած զինեալներու առաջին հոսքը տեղի կ՚ունենար 2011 թուականի գարնան աւարտին, երբ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ «յեղափոխութեան մը» աւետիսը իրենց բերաններուն առած հարիւրաւոր սուրիացիներ փողոց կ՚իջնէին աւելի լաւ Սուրիա մը «կերտելու» երազանքով:
Սուրիոյ կեղծ յեղափոխութիւնը իր արգանդին մէջ պահած էր սիւննիներու մօտիկ անցեալի վրէժը: Ու այդ վրէժին անսալով էր նաեւ, որ Լիբանանի մէջ իրենք զիրենք «ընկճուած» զգացող սիւննի համայնքի անդամներէն շատեր որոշեցին «ճիհատ»ի երթալ:
Ոչ ոք կրցած էր կռահել, թէ ի՜նչ դժոխային հետեւանքներ պիտի ունենայ Սուրիոյ մերթ քաղաքացիական պիտակը կրող ու յաճախ ալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնական գետին դարձած, մինչ ալ շարունակուող այդ պատերազմը:
Սիւննի հատուածներուն պատերազմի մասնակցելու «ախորժակ»ը միայն պայմանաւորուած չէր Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հօր՝ Հաֆըզ Էսատի 1982 թուականին Հոմսի եւ Համայի մէջ «արմատ դրած» սիւննի խմբաւորումներուն (առաւելաբար՝ «Իսլամ եղբայրներ» շարժումի անդամներ) դէմ դաժան պայքարով, այլ կար տարբեր ելակէտ մը, որն էր պայքարը՝ շիի Իրանին դէմ:
Այս պատկերին վրայ էր նաեւ, որ արեւմտեան երկիրներ ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներ բազում անգամներ կը փորձէր Պեշար Էսատը «գրաւել» ու զինք հեռացնել Թեհրանի անմիջական ազդեցութենէն:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմէտինեճատ, լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի ղեկավար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Պեշար Էսատի միջեւ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը (2006թ.) կը դառնար նոր մեկնակէտ մը՝ Սուրիան կազմաքանդելու գործընթացին:
Այսինքն Էսատ մերժելով անսալ ամերիկեան բոլոր կոչերուն՝ կը շարունակէր ամրացնել իր հօր իշխանութեան աւարտին Թեհրանի հետ խմորուած յարաբերութիւնները եւ այդ առումով ալ իր դէմ կը լարէր ոչ միայն Ամերիկան, այլ նաեւ սիւննի-արաբական աշխարհը:
Այս պատկերին ի տես, Արեւմուտքը իր շուրջ հաւաքագրելով եւ դրամագլուխի վերածելով արաբական աշխարհի ընդհանուր բողոքը՝ գործի կը դնէր իր հրէշային ծրագրերէն մին, որն էր ամէն գնով տապալել էսատեան վարչակարգը եւ անոր փոխարէն ստեղծել սիւննի աշխարհի հովանին վայելող արաբական «չափաւորական» տէրութիւն մը:
Այդ օրերուն ոչ ոք կը խօսէր արմատական իսլամին մասին: Ոչ ոք կը գիտակցէր, թէ Կեդրոնական Ասիայէն, Փաքիստանէն եւ նոյնիսկ Աֆղանիստանի լեռնային հատուածներէն Սուրիա «լեցուող» զինեալները այլ վարկածներով պիտի «զարդարէին» այդ երկրի «դեռատի» յեղափոխութիւնը:
Սուրիոյ յառաջադէմ մտաւորականութիւնն ալ «խանդավառուած» բարենորոգման խոստումներէն, ամէն գնով կը փորձէր նոր խորք տալ երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ սկիզբ առած եւ «խաղաղութեամբ փոխենք երկիրը» զօրակոչներուն:
Այս «երազ»ը սակայն շատ արագ ձեւով կը մթագնէր: Շատ անսպասելի արագութեամբ մէջտեղ կու գար ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) եւ անոր պարզած սեւ դրօշակներն ու կարգախօսները, անոր գլխատած գերիներուն տեսանիւթերն ու կրօնական քայլերգները կը դառնային մակնիշ եւ «կը գրոհէին» ամբողջ արաբական երկիրները:
Գրոհը այստեղ, բառին իսկական իմաստով չէ ընկալել, այլ փոխաբերական, որովհետեւ ԻՇԻՊ-ի «մահ բոլոր թշնամիներուն» կարգախօսը կը գրաւէր սիւննի երիտասարդութեան չնչին մէկ տոկոսին սիրտն ու հոգին:
Այս բաւական արագ «պատմական»էն ետք, վերադառնալով յօդուածին սկիզբը ներկայացուած տեղեկութեան՝ պէտք է նշել նաեւ, որ սուրիական պատերազմին մասնակցելու լիբանանցի երիտասարդներու որոշումին վրայ հիմնական ազդեցութիւն կ՚ունենար շրջանին մէջ Թեհրանի կարեւորագոյն գործօններէն համարուող «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ մարտերուն մասնակցութիւնը: Մինչ կազմակերպութեան առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա տարբեր առիթներով կը յայտարարէր, որ իրենք վճռած են Սուրիոյ մէջ կռուիլ պահպանելու համար Լիբանանն ու անոր սահմանները, անդին սիւննիներու «խարիսխ» հանդիսացող պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ այս անգամ «Հիզպուլլահ»ին դէմ պայքար տանելու կոչեր կը հնչէին ու դէպի Սուրիա զինուորագրման արշաւ մը սկիզբ կ՚առնէր:
Մինչ «Հիզպուլլահ» իր «զինուորական արշաւ»ը կը կատարէր բացայայտ կերպով եւ անոր առաջին ջոկատները կը հասնէին Դամասկոս՝ պահպանելու համար շիիներու տասնեակ սրբավայրերը, երկրորդ խմբաւորումը կը գործէր «խիստ գաղտնի» պայմաններու տակ ու Լիբանանի հիւսիսի մայրաքաղաքը՝ Թրիփոլի քաղաքէն, նաեւ հարաւային Սայտա քաղաքէն հարիւրաւոր երիտասարդներ գաղտագողի Սուրիա կը հասնէին եւ «սուրբ» համարուած ճակատամարտերու կը մասնակցէին:
Առաջին հիմնական բախումը կը կատարուէր «Ալ Քոսայր» շրջանին մէջ, որ կը գտնուի լիբանանեան սահմաններուն մերձ: Հոն էր նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ը զինուորական առաւելութիւն արձանագրելով կը գրաւէր քաղաքը եւ խայտառակ պարտութիւն մը «կը շնորհէր» սիւննի զինեալներուն: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով խօսակցութեան նիւթ կը դառնար սիւննիներու տուած զոհերու թիւին մեծութիւնը: Շաբաթ չէր անցներ, որ Թրիփոլիի ամենէն աղքատ թաղամասերուն մէջ տեղի չունենար Սուրիայէն հասած դիակներու յուղարկաւորութիւն: Ու այս բաւական լարուած մթնոլորտին մէջ սկիզբ կ՚առնէր խօսակցութիւն մը, սիւննի «անձնասպան» զինեալներու մասին:
Ներկայ պահուս եւ ըստ հրապարակ-ւած տուեալներու, Լիբանանէն Սուրիա մեկնած սիւննի զինեալներու թիւը կը գերազանցէ 6 հազարը: Կը խօսուի նաեւ, որ այդ զինեալներէն հազար երեք հարիւրը արդէն իսկ սպաննուած են տարբեր քաղաքներու մէջ մղուած մարտերու ընթացքին:
Այս զինեալներու նիւթը այնքան այժմէական պիտի չդառնար, եթէ ընդհանրապէս հաշուի չառնէինք Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, որոնց ամենէն բացայայտն ու վտանգաւորը Համրա փողոցին մէջ (21 Յունուար) տեղի ունենալիք անձնասպանական գործողութեան մը կանխումն էր:
Լիբանանի հանրութեան համար ալ գաղտնիք չէ, որ ապահովական մարմինները ամէնօրեայ դրութեամբ ձերբակալութիւններ կը կատարեն երկրի տարբեր քաղաքներուն ու յատկապէս սուրիացիներու գաղթակայաններուն մէջ:
Ասկէ անդին ալ «մեծ վտանգ»ը, որ կրնայ սպառնալիք դառնալ Լիբանանին՝ Սուրիա գտնուող զինեալներուն «տունդարձ»ն է:
Այս խնդիրը նաեւ ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներ տալու ճիգերուն եւ այդ երկրին «ճիհատականներու դրախտ»ի ցուցակէն դուրս գալուն հետ:
Ճիշդ է, որ այդ գործընթացը տակաւին գետնին մէջ խրուած արմատներ չունի ու կանուխ է ենթադրել, որ Սուրիան վաղը պիտի մտնէ խաղաղ լուծումներու փուլ, բայց եւ այնպէս իսլամամէտներուն այդ երկրէն հեռանալու գործընթացը արդէն իսկ սկիզբ առած է:
Արաբական մամուլի հանգամանաւոր տարբեր ներկայացուցիչներ կը խօսին արմատական զինեալներու «վերափոխման» գործընթացին մասին: Այդ գործընթացը հեռու չէ: Կայ նաեւ յստակ բացատրութիւն մը այդ առումով:
Անձնասպան զինեալները երկար չեն սիրեր «ապրիլ» խաղաղ պայմաններու պատրաստուող որեւէ երկրի մը մէջ, ալ ուր մնաց երբ անոնք մատնուած են ծանր պարտութեան:
Անոնք, իրենց «կերտած» ընկղմող նաւէն փախչիլ կը սիրեն… ու չէ բացառուած, որ «գաղթեն» աւելի «տաք ափ»եր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան