ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ՝ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեան համերգային շրջագայութիւններով բազմիցս եղած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Այս առթիւ յօրինողը հանդիպման բազմաթիւ առաջարկներ առած է։ «Արմէնփրէս» առանձնացուցած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ Խաչատուրեանի նշանակալի հանդիպումները։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՀԵՏ
1960-ին Խաչատուրեան հրաւիրուած է հեղինակային համերգներով հանդէս գալու համար Քիւպայի մէջ՝ ղեկավարելու Հաւանայի սիմֆոնիք նուագախումբը։ Պանդոկի նախասրահին մէջ պատահաբար հանդիպած է գրող Հեմինկուէյին, որ օգտուելով հնարաւորութենէն՝ Խաչատուրեանը իր տիկնոջ հետ հրաւիրած է իր բնակարանը։ Խաչատուրեան, ըլլալով Հեմինկուէյի մեծ երկրպագուն, ի հարկէ, առաջարկը սիրով ընդունած է։ Հանդիպումէն յետագային ան յիշած է, որ Հեմինկուէյ խոր հոգեբան է, որ հայեացքէն ու առաջին խօսքէն կրնայ հասկնալ, թէ ինչպիսի մէկը կանգնած է իր առջեւ։ Հեմինկուէյ ըսած է, որ Խաչատուրեանի երաժշտութեան միջոցով փորձած է ճանչնալ Հայաստանը։ Եւ անոր երաժշտութենէն ենթադրած է, որ Հայաստանը աշխարհի գեղեցկագոյն երկիրներէն մին է։
«Հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Երկար զրոյցէն պարզ դարձած է, որ ոչ միայն Խաչատուրեանը երկրպագած է Հեմինկուէյին, այլ նաեւ Հեմինկուէյը՝ Խաչատուրեանին։ Հանդիպման անմիջականութեան մասին կը փաստէ դրուագ մը։ Հիւրասիրուած սունկով ապուրը Խաչատուրեանի կինը՝ Նինա Մակարովան շատ հաւնած է, Հեմինկուէյ առաջարկած է երկրորդ բաժինը։ Սակայն պարզուած է, որ ապուրը արդէն վերջացած է, Հեմինկուէյն ալ իր պնակի ապուրը լեցուցած է Խաչատուրեանի կնոջ պնակին մէջ», կը պատմէ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը՝ Արմինէ Գրիգորեան։
Հանդիպման Խաչատուրեան նշանաւոր գրողը հրաւիրած է Խորհրդային Միութեան մէջ հիւրընկալելու, ինչ որ Հեմինկուէյ ընդունած է սիրով, սակայն չէ կրցած գալ։ Անոնց հանդիպման լուսանկարը ներկայացուած է ինչպէս Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին, այնպէս ալ Քիւպայի Հեմինկուէյի թանգարանին մէջ։
Հեմինկուէյ, ցաւօք, ներկայ չէ գտնուած Խաչատուրեանի համերգին, քանի որ պիտի աւարտէր իր գիրքերէն մէկը։ Փոխարէնը ներկայ եղած է Հեմինկուէյի կինը՝ Մերին։ Համերգէն յետոյ Խաչատուրեանին ուղարկած է փոքրիկ երկտող մը, ուր նշած է, որ այդ երեկոյ երկու հրաշք տեղի ունեցած է Հաւանայի մէջ, առաջինը՝ Խաչատուրեանի ղեկավարութեամբ բոլորովին այլ կերպ հնչող Հաւանայի սիմֆոնիք նուագախումբը, իսկ երկրորդը՝ Խաչատուրեանի «Երկրորդ սիմֆոնի»ն։ Համերգին ներկայ եղած է նաեւ երկրի նախագահը՝ Ֆիտէլ Քասթրօ, նաեւ Չէ Կուավերան։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՅԱՅՏՆԻ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
1957-ին, երբ Խաչատուրեան շրջագայութեան մեկնած է Հարաւային Ամերիկա, այցելած է նաեւ Պուէնոս Այրէս։ Ինչպէս յայտնի է՝ այնտեղ շատ մեծ հայկական համայնք կայ, եւ, ի հարկէ, շատեր ուզած են հանդիպիլ յօրինողին հետ։ Հետաքրքրական հանդիպումներէն մէկը կապուած է մեծահարուստ եւ ծանօթ Արզումանեաններու ընտանիքին հետ։ Ա նոնք, նախապէս իմանալով Խաչատուրեանի Պուէնոս Այրէս այցելութեան մասին, գնած են 1911 թուականի եզակի ռոյալ։ Ան պատրաստուած եղած է ընկոյզի փայտէ, ստեղնաշարը եղած է փղոսկրեայ, իսկ կափարիչին վրայ եղած է Անրի Պոնիսի «Ունթինա» կտաւի բնօրինակը։ Արզումանեանները մտածած են, որ նման գործիքի մը արժանի է միայն մաէսթրոն։ Խաչատուրեան սիրով ընդուած է այդ հրաւէրը եւ նուագած է շքեղ ռոյլով։ Արզումանեաններու դուստրը՝ 2003 թուականին Խաչատուրեանի 100-ամեայ յոբելեանին առիթով ռոյալը նուիրած է Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին։
ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅ ՏԻՐԱՆ ՄՈՍՏԻՉԵԱՆԻ ՏԱՆ ՄԷՋ
Նմանատիպ պատմութիւն տեղի ունեցած է նաեւ Պրազիլիոյ մէջ։ Նոյն շրջագայութեան ժամանակ ան հիւրընկալուած է Պրազիլիոյ մէջ ծանօթ Տիրան Մոստիչեանի տանը մէջ։ Մոստիչեան եւս եզակի դաշնամուր ունեցած է, որ փակուելով, պահարանի տեսք է ստացած։ Հիւրասիրութենէն յետոյ Խաչատրեան նուագած է, որմէ յետոյ տանտէրը մեխը ձեռքին մօտեցած է մաէսթրոյին եւ խնդրած է, որ իր ստորագրութիւնը թողէ այդ դաշնամուրի կափարիչին վրայ։ Խաչատուրեան, ի հարկէ, վրդովուած է, սակայն երկարատեւ խնդրանքներէ յետոյ ստորագրած է մեխով։ «Ասկէ վերջ գործիքը դարձած է տանտիրոջ աղկան օժիտի մէկ մասը եւ տեղափոխուած է Արժանթին։ Իսկ այն տեղէն 80-ականներու սկիզբին զայն որպէս նուէր ուղարկած են Երեւան՝ Խաչատուրեանի տուն-թանգարան։ Եւ արդէն տարիներ շարունակ դաշնամուրը ներկայացուած է տուն-թանգարանի սրահներէն մէկուն մէջ», եզրափակեց Գրիգորեան։
ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ