ՀԱՅԸ, ՈՐ «ՀԱՅ ՉԷ». ՔԻՒՐՏԸ, ՈՐ «ՀԱՅ Է»

Այս ու առնուազն գալ շաբաթ եւս ընթերցողներուս պիտի պահեմ Ատըեամանի մէջ, ուր տարած էի անցեալ անգամ։ Կարճ պատմած էի Կեաւուր Յ.-ին մասին, որ ըստ զիս առաջնորդող Գրիգոր աղբարիկի՝ վերջին ու միակ հայն էր Ատըեամանի։

Ասորական եկեղեցւոյ բակին մէջ սակայն, զրուցած էի Եուսուֆին հետ (շուկայի մէջ ճանչցուած իբրեւ - գուշակեցի՞ք - կեաւու՛ր Եուսուֆ), որ ըսած էր, թէ հայ է, եւ դեռ աւելի՛ն, աղջիկը ուղարկած է Պոլիս, որպէսզի հայկական վարժարան յաճախէ։ Թերեւս Գրիգոր աղբարիկը մոռցած էր, մտածեցի, եւ յիշեցուցի, որ առնուազն Եուսուֆն ալ կար որպէս հայ։

-Եուսուֆը հայ չէ՛ քի Հրակ...

-Ինչպէ՞ս... ի՛նքը ըսաւ որ հայ է, աղբարիկ...

-Չէ, դուն ինծի լսէ՛, Եուսուֆենք արմատներով ասորի են, ինքը «հայ» բառը «քրիստոնեայ» բառին հետ խառնէ կօ…

Դժբախտաբար այլ առիթ չունեցայ Եուսուֆին հետ խօսելու, ու մօտէն հասկնալու թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ առումով իբրեւ հայ կը ներկայացնէր ու թերեւս կը զգար ինքզինք։

Քանի մը ժամ վերջ քաղաքի միակ ժամանակակից ոճով սրճարանին մէջ հանդիպեցանք Գրիգոր աղբարիկի ընկեր, ատըեամանցի քիւրտ Մուզաֆֆէրի հետ։ Զգալիօրէն հետաքրքրուած էր հայութեամբ, հայերով, ու յատկապէս հայկական արմատներ ունեցող մահմետականներով։ Մտքին մէջ կասկած չկար, անոնք բոլո՛րն ալ հայ էին իրեն համար, նոյնիսկ եթէ ժխտէին կամ չներկայանային որպէս այդպիսին։ Հայութիւնը ծինային ու ժառանգական իրականութիւն մըն էր, ըստ իրեն։ Շատ չանցած ներս մտաւ իր տեղացի բարեկամը, Մահմուտ անունով։ Վերջինս հին Սամոսատէն է (Սամսաթ), որ 1989-էն ի վեր թաղուած է «Աթաթիւրք» ջրամբարին տակ։ Մահմուտը կ՚աշխատի Ատըեամանի կուսակալութեան մէջ, պետական պաշտօնեայ է այսինքն։

Գալէն առաջ Մուզաֆֆէր Մահմուտի մասին ըսած էր, որ հայ է, «դարձած հայ»։ Երբ խօսակցիլ սկսանք, շատ ցած ձայնով, աւելի ճիշդ՝ գրեթէ առանց ձայնի, միայն շրթունքներու շարժումով, տատամսոտ «էրմէնիյիմ» («հայ եմ») մը ըսաւ Մահմուտ։ Եւ անմիջապէս խնդալով աւելցուց. «Այս Մուզաֆֆէրն ալ ինծի իլլէ տէ հայ պիտի ընէ»։ Յաջորդող խօսակցութեան ու յետագայ օրերու հանդիպումներու ընթացքին քիչ-քիչ պարզուեցաւ, որ թէեւ գիտակից իր հայկական արմատներուն, այնուամենայնիւ ինքզինք անկեղծօրէն քիւ՛րտ կը զգար Մահմուտ։ Օգտուելով իր պաշտօնէական դիրքէն, հասած էր իր ընտանեկան ծառի տուեալներուն ու փաստած՝ որ թէ՛ հօր, թէ՛ մօր ընտանիքները եղեռնէն առաջ հայկական անուններ ունէին. «աչքդ լո՛յս», հեգնանքով ըսած էին գործընկերները։ Տակաւին, եղբայրը, որ դատական համակարգի մէջ բարձր դիրք ունէր, Անգարա գացած ու ծանօթներու միջոցով ջնջել տուած էր իր արմատներու մասին տեղեկութիւնները, պաշտպանելու համար ինքզինք ու իր արհեստավարժ կեանքը հնարաւոր խտրական մօտեցումներէ։

Բայց միաժամանակ Մահմուտ կը շեշտէր՝ «եթէ ինծի հարցնես թէ քի՞ւրտ եմ, թէ՞ հայ, ես քիւ՛րտ եմ կ՚ըսեմ… զգացումներս, մշակոյթս, նիստուկացս, քաղաքական հայեացքներս, դատս, ամբողջ կեանքս քրտական է եղբայր… Ես ուրիշ բան չեմ տեսած. դուն եւ Գրիգորը երկրորդ եւ երրորդ հայերն էք, որոնց հետ խօսած եմ կեանքիս մէջ… Ասիկա ժխտում չէ, նախնիներս հայ են՝ կ՚ընդունիմ, բայց եթէ քեզի հայ եմ ըսեմ, ձեւով մը սուտ խօսած կ՚ըլլամ… Հայը ի՞նչ է, ես չեմ գիտեր…»։ Համոզիչ էր ինծի համար. Մահմուտը հայկական արմատներով քիւրտ մըն էր։ Մուզաֆֆէր, սակայն, հիմնուելով ազգութեան եւ ինքնութեան ծինային ու ժառանգական իր հասկացողութեան վրայ, կը պնդէր, որ Մահմուտը հայ է եւ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ։ «Երաժշտութեան հանդէպ այս սէրդ եւ հմտութիւնդ հայ ըլլալէ՛դ կու գայ…», կ՚ըսէր ընկերոջ։ «Լաւ, այդքան կ՚ըսես, որ այլեւս քիչ-քիչ հայանալ պիտի սկսիմ», կատակելով եզրափակեց Մահմուտ։

Հիմա դու՛ք ըսէք, ինքզինք հայ համարող, զաւակը հայկական դպրոց ուղարկող, բայց Գրիգոր աղբարիկին կողմէ հայ չհամարուող կեաւուր Եուսո՞ւֆը, թէ՞ ինքզինք քիւրտ համարող, քրտական մշակոյթի եւ դատի կրող, բայց Մուզաֆֆէրի կողմէ հայ յայտարարուող Մահմուտն է հայ։

Ես բաւարարուիմ ըսելով, որ թէ՛ Եուսուֆը, թէ՛ Մահմուտը, Ատըեամանի արտադրութիւն են։ Վկաներն են Ատըեամանի պատմական ու ընկերամշակութային իրականութեան, որմէ ճնշումը, տեղահանումը, պարտադրանքը, հալածանքը, եւ յատկապէս վերապրումի բնազդային պահանջը՝ երկար ատեն անպակաս չեն եղած։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019