ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Վերջին տարիներուն աւելի յաճախ կը խօսուի ուսանողներու համացանցի գործածութեան առաւելութիւններուն եւ վնասներուն մասին: Միշտ չէ, որ մասնագէտները նոյն կարծիքները ունին: Սակայն հիմնական խնդիրը հետեւեալն է. ուսանողները կրնա՞ն հաւասարակշռուած եւ չափաւոր գործածել համացանցը: Ո՞վ պիտի որոշէ այդ մէկը: Հետաքրքրական կարծիքներ եւ տուեալներ հրապարակած է «Սայընս Տէյլի» կայքը:
*
ՀԱՄԱՑԱՆՑ ԳՈՐԾԱԾԵԼԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՈՒՍՄԱՆ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Անգլիոյ Սուոնսի եւ Իտալիոյ Միլան համալսարաններուն մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ այն ուսանողները, որոնք չափէն աւելի շատ կը գործածեն թուային արհեստագիտութիւնները, աւելի նուազ կը զբաղին իրենց ուսումով եւ աւելի կը վախնան քննութիւններէն: Այս ազդեցութիւնը աւելի վատացած է առանձնութեան զգացողութիւններու աճի պատճառով, որոնք կը յառաջանան թուային արհեստագիտութեան օգտագործումով:
Ուսումնասիրութեան կը մասնակցէին համալսարանական 285 ուսանողներ՝ ընդգրկուելով առողջութեան առընչուող շարք մը դասընթացքներու: Ուսանողները գնահատուած են՝ նկատի առնելով անոնց թուային արհեստագիտութիւններու գործածութիւնը, ուսման հմտութիւններն ու տենչանքը, մտավախութիւնները եւ առանձնութեան զգացողութիւնները: Ուսումնասիրութիւնը գտած է բացասական կապ համացանցի մոլութեան եւ ուսուցման տենչանքին միջեւ:
Համացանցի աւելի շատ մոլի ուսանողները նշած են, որ դժուարութիւն կ՚ունենան դասերուն հետեւելու եւ սորվելու: Անոնք աւելի շատ մտավախութիւն կ՚ունենան իրենց յառաջիկայ քննութիւններու վերաբերեալ: Ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս պարզած է, որ համացանցէն կախուածութիւնը կապուած է առանձնութեան, եւ թէ՝ այդ առանձնութիւնը աւելի կը բարդացնէ ուսանիլն ու դասերը սորվիլը:
Սուոնսի համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ֆիլ Ռիտ կ՚ըսէ. «Այս արդիւնքները կ՚ենթադրեն, որ համացանցի մոլութեան բարձր մակարդակ ունեցող ուսանողները կրնան յատկապէս վտանգել ուսանելու իրենց փափաքը՝ նուազեցնելով սորվելու իրենց ունակութիւնները, նոյնպէս՝ նիշերը»:
Ուսանողներու շուրջ 25 առ հարիւրը յայտնած է, որ իրենք օրական չորս ժամէ աւելի ժամանակ կ՚անցընեն առցանց, մնացեալները կը նշեն, որ իրենք օրական մէկէն երեք ժամ կը վատնեն:
Ուսանողներու համացանցի հիմնական գործածութիւնը ընկերային ցանցն էր (40 առ հարիւր) եւ տեղեկատուութեան փնտռտուքը (30 առ հարիւր):
Միլան համալսարանի դասախօս, Փրոֆ. Տրուզոլի կ՚ըսէ. «Համացանցային մոլութիւնը կը խանգարէ շարք մը ունակութիւններ, ինչպիսիք են՝ մղումի հսկողութիւնը, ծրագրումը եւ պարգեւատրումներու նկատմամբ զգայնութիւնը: Այս ոլորտներուն մէջ ունակութեան անբաւարարութիւնը կրնայ բարդացնել ուսումը»:
Համացանցի մոլութեան մակարդակներու եւ ուսումի հանդէպ հետաքրքրութեան եւ կարողութեան նուազումին միջեւ եղած կապերուն վրայ աւելցած է յայտնաբերում մը, որ համացանցի մոլութիւնը կապուած է առանձնութեան աճին: Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ առանձնութիւնը իր կարգին ուսանողներուն համար աւելի կը դժուարացնէ ուսանիլը:
Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, որ առանձնութիւնը մեծ դեր կը խաղայ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ ակադեմական կեանքի դրական զգացողութիւններու առընչութեամբ: Աւելի աղքատ ընկերային փոխադարձ ազդեցութիւնները, որոնք յայտնի են, որ կապուած են համացանցի մոլութեան, առանձնութիւնը աւելի կը սրեն, եւ այդ իրողութիւնը իր կարգին կ՚ազդէ համալսարանի նման բարձր ընկերային կրթական միջավայր ներառուելու մղումին վրայ:
Փրոֆ. Ռիտ կ՚աւելցնէ. «Նախքան մեր ուսումնական միջավայրերու թուայնացման բարձրացման ուղին շարունակելը, մենք պէտք է դադար առնենք՝ հաշուի առնելով, որ իրականութեան մէջ ասիկա կը բերէ՞ մեր ուզած արդիւնքները: Այս ռազմավարութիւնը կրնայ առաջարկել որոշ կարելիութիւններ, բայց նոյնպէս կը պարունակէ վտանգներ, որոնք տակաւին լիարժէք չեն ճշդուած»:
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԵՒ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՄԷՋ
1- Այժմ կարելի է որակաւոր կրթութիւն ստանալ տան հանգստաւէտ պայմաններու մէջ՝ առցանց ուսման միջոցով: Դասարանին մէջ նստելով սորվելու ֆիզիքական անհրաժեշտութեան մասին հասկացողութիւնը այլեւս պարտադիր չէ: Հեռաւորութեան եւ դրամական կարգավիճակի խոչընդոտները քանդելով՝ ուսուցումը պէտք է իրագործելի դառնայ կայքերու միջոցով, ներառեալ՝ յատուկ հետաքրքրութիւններու եւ ուսումնական ծրագիրներու կարիքներու համապատասխան տեղեկատուութիւնը:
2- Ի տարբերութիւն ցուցատախտակներուն՝ դպրոցական կայքերը հնարաւորութիւն կու տան ստեղծելու եւ տարածելու տեղեկութիւններ, որոնք կը վերաբերին դպրոցի օրացոյցին, դասերու ծրագիրներուն, տեղեկագիրներուն, դասապահերու յատուկ տեղեկութիւններուն, ուսուցիչներու եւ տնօրէնութեան հետ կապ հաստատելու ձեւերուն՝ գրաւիչ եւ նոր ձեւերով:
3- Առցանց աշխատանքային թուղթերը կանխած են սուղ տետրակներ գնելու անհրաժեշտութիւնը եւ զանոնք փոխարինած են ձրի պահեստի տարածքով:
4- Ուսումնական նիւթերու մէջ խաղի բաղադրիչներու խառնուրդը ուսանողներուն կարելիութիւն տուած է աւելի լաւ ձեւով ներգրաւուելու կրթական խաղերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, մինչ ընկերային ցանցերը, ինչպէս՝ Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը, Օրքութը, ԼինքըտԻնը, Կուկըլ Փլասը եւ ուրիշներ օգտատիրոջ կարելիութիւն կու տան վայրկենական, կարիքներու վրայ հիմնուած եւ մասնագիտական կապեր հաստատել: Եահու, Էմ.Էս.Էն Լայվ, Սքայփ եւ Կուկըլ ցանցերուն մէջ գործող խումբեր անհատներուն, դասարաններուն եւ կազմակերպութիւններուն առիթ կու տան հանդիպելու եւ համագործակցելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներու շուրջ՝ առցանց ժողովներու եւ դասախօսութիւններու միջոցով:
5- Ծրարներու (File) փոխանակման յատկանիշը Կուկըլի, Էմ.Էս.Էն Լայվի եւ այլ հարթակներու վրայ բազմաթիւ օգտատէրերու հնարաւորութիւն կու տայ առցանց տեսնելու եւ խմբագրելու ծրարներ, Սփրետշիթեր, ձեւաթուղթեր, գծագիրներ եւ ներկայացումներ՝ կանխելու համար աշակերտին կողմէ պատասխան ե-նամակ սպասելու ժամանակի վատնումը:
6- Պլոկները ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն կը տրամադրեն կրթական թեմաներով ստեղծագործական նիւթեր, եւ անոնց մէջ յաճախ կը գտնուին այդ նիւթերուն վերաբերող կայքէջեր:
7- Կայքէջերու միջոցով կարելի է քայլ պահել ընթացիկ իրադարձութիւններուն հետ եւ ըլլալ արդիական:
8- Որոնիչ-ը առիթ կու տայ որոնելու որեւէ տեսակի յատուկ տեղեկութիւն՝ «հիմնաբառեր» տեղադրելով յատուկ առաջադրանքներ կատարելու համար:
9- Ներառական (Interactive) կրթական կայքէջեր, որոնք կը նպաստեն ուսանողներու գործնական ուսուցման ձեւերուն:
10- Ուսանողներ, որոնք ունին հետազօտութիւն կատարելու հմտութիւն, կրնան գտնել հիանալի աղբիւրներ՝ զիրենք հետաքրքրող թեմաներուն վերաբերեալ:
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Բոլորս ալ գիտենք, որ արհեստագիտութիւնները կտրուկ զարգացած են դպրոցներու մէջ: Իրականութեան մէջ այնքան զարգացած են, որ բոլոր դասարաններու աշակերտները կրնան դասարանին մէջ գործածել շարժական համակարգիչներ: Այդուհանդերձ, այս յառաջխաղացը իր գինը ունի: Աշակերտներու համար համացանցի օգտագործումը սահմանափակելը անհրաժեշտութիւն դարձած է երեք պատճառներով:
Սկսնակներու համար սահմանափակ համացանցը կարելիութիւն կու տայ աշակերտին կեդրոնանալու իր սորվելիքներուն, դասերուն վրայ: Այլ պատճառ մըն է՝ սահմանափակել աշակերտներու կարողութիւնը առցանց բռնարարքներու ենթարկել այլ աշակերտներ: Վերջապէս, մենք պէտք է սահմանափակենք համացանցի R դասուած (17 տարեկանէն վար արգիլուած) պարունակութիւնը: Աշակերտները չեն կրնար յաջողութեան հասնիլ իրենց ուսման մէջ, եթէ մենք միջոցներ չձեռնարկենք համացանց մուտք գործելու վերաբերեալ:
Իրական կեանքին մէջ երիտասարդներու ուշադրութեան տեւողութիւնը նուազած է, իսկ առցանց աշխարհի (ընկերային լրատումիջոցներու, Ֆէյսպուք, Թուիթըր եւ այլն) նկատմամբ անոնց ուշադրութիւնը աճած է: Այս կայքերը այնքան յայտնի են, որ նոյնիսկ նախակրթարաններու աշակերտները հաշիւ ունին: Այս իրավիճակին մէջ բոլոր աշակերտները խորապէս մխրճուած են ատոնց մէջ եւ հաղորդագիրներ կ՚ուղարկեն իրենց ընկերոջ, որ կա՛մ իրենց քովն է, կա՛մ այլ դասարանի մէջ:
Երբ քննութեան մասնակցին, անոնք կրնան մեսընճըրի միջոցով պատասխանները իրարու գաղտնի փոխանցել, կամ՝ Կուկըլ-ը օգտագործել:
ԵուԹուպ-ը համացանցային այլ կայք մըն է, որ մեծապէս կը գրաւէ մարդոց ուշադրութիւնը: Դպրոցի սրահին մէջ, ուր աշակերտները պէտք է սորվին յառաջիկայ քննութիւնները, անոնք կը դիտեն տեսանիւթեր: Եթէ մենք յաջողինք սահմանափակել անոնց մուտքը համացանց, կամ նոյնիսկ՝ համացանցը անջատել քննութիւններու ատեն, այդ քայլը կրնայ մեծցնել աշակերտներու ուշադրութիւնը դպրոցին մէջ եւ կրնայ օգնել անոնց՝ աւելի լաւ նիշեր ստանալու:
Վախցնելը, բռնարարքը, խարդախութիւն ընելը տարիներէ ի վեր կը շարունակուին զանազան ձեւերով, սովորաբար՝ բանաւոր կամ ֆիզիքական. բայց այժմ խուլիկանները համացանցը կ՚օգտագործեն՝ յոյս ունենալով, որ չեն բռնուիր: Եթէ մենք յաջողինք սահմանափակել անոնց մատչելիութիւնը համացանց, անոնք աւելի նուազ հակում կ՚ունենան համացանցը օգտագործել ուրիշներուն վնաս պատճառելու համար:
Սահմանափակ մատչելիութիւնը նոյնպէս կրնայ նուազագոյնի հասցնել առցանց տարաձայնութիւնները, կամ՝ աշակերտներու միջեւ սուտ լուրերը: Բացի ատկէ՝ ցանցահէններուն կարելի է արգելք ըլլալ, առնուազն դպրոցին մէջ, երբ աշակերտներ կը փորձեն գողնալ այլ աշակերտի մը հաշիւը:
Համացանցի սահմանափակումով, երեխաներ, որոնք առցանց բռնարարքներու կ՚ենթարկուին, կրնան դպրոցին մէջ միտքի խաղաղութիւն ունենալ:
Համաշխարհային ցանցը, կայքը շատ բան կ՚առաջարկէ բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին բան մը փնտռելու հետազօտական նպատակներով: Այդուհանդերձ, այդ նպատակները կրնան շատ անտեղի ըլլալ: Յայտնի դարձած է, որ որոշ աշակերտներ ոչ պատշաճ նկարներ, տեսերիզներ կը փնտռեն դասի կամ զբօսանքի ատեն: Անոնք, որոնք բաւական բուռն կերպով սէր կը փնտռեն, նոյնիսկ միացած են առցանց ժամադրութեան կայքերուն եւ սկսած են զրուցել տարեց տղամարդոց կամ կիներու հետ:
Առանց սահմանափակումի համացանց մուտքը կարելիութիւն կու տայ մուտք գործել բռնութիւն, ոճրագործութիւն պարունակող նիւթեր:
R դասուած համացանցի պարունակութեան այս երեք օրինակները շատ ուժեղ պատճառներ են, որպէսզի ծնողներ անոնց մատչելիութիւնը սահմանափակեն:
Համացանցը պէտք է սահմանափակուի աշակերտներու համար, եթէ մենք կ՚ուզենք շարունակել դպրոցներուն հեղինակութիւնը՝ որպէս անվտանգ կրթական հաստատութիւն: Աշակերտներուն ուշադրութիւնը աւելի շատ ուղղուած կ՚ըլլայ իրենց ուսման, կրթութեան վրայ, եւ չեն մտածեր, թէ այդ պահուն ի՛նչ կը կատարուի ընկերային ցանցի աշխարհին մէջ: Երեխաները աւելի նուազ կը տանջուին առցանց: Բացի ատկէ՝ անոնք աւելի քիչ կը մղուին համացանցին մէջ չափազանց ոչ պիտանի նիւթեր փնտռելու:
Հաստատօրէն չենք կրնար ըսել, թէ երեխաները ի՛նչ կ՚ընեն կամ չեն ըներ դպրոցէն դուրս, բայց գոնէ անոնց կեանքին մէջ կայ մեծ տեղ մը, որ չի հանդուրժեր համացանցի վատ վարքը, վերաբերումը:
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՏՔԵՐ՝ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
- «Ամէն ընկերակցութիւն, որ դէմ առ դէմ չէ, վնասակար է ձեր առողջութեան»:
- «Արհեստագիտութեան եւ ստրկութեան միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ ստրուկները ամբողջովին կը գիտակցին, որ իրենք ազատ չեն»:
ՆԱՍԻՄ ՆԻՔՈԼԱՍ ԹԱԼԵՊ
- «Ընկերային լրատուամիջոցները ոչ միայն կը խլեն ձեր ժամանակը, այլեւ կը սորվեցնեն ձեզի ուշադրութեան թերութիւն»:
ՆԻՐԱԺ ԱԿՆԻՀՈՐԹԻ
- «Դուք գիտէք, որ դուք մարդ էք, երբ պատկերասփիւռի, համակարգիչի, սմարթֆոնի պաստառին երեւցող գեղեցիկ պատկեր մը աւելի կենդանի է, քան՝ ապրող էակը: Ըստ էութեան, մենք տխմար ենք»:
ՍՈՐԱՊ ՇԱՐՄԱ
- «Նայեցէք անոր, ամէն օր աւելի շատ տուժողներ կ՚ըլլան, քան՝ օգտուողներ: Ստեղնաշարերն ու պաստառները կը վերածուին դարպասներու՝ դէպի կայքեր, ուր տնօրէնները կ՚ուզեն, որ ամէն մարդ մոլի ըլլայ համակարգչային խաղեր գնելու եւ անջատուի, անվերջ աղբին հետեւի»:
ԹՈՄԱՍ ՓԻՆՉՈՆ
- «Սայպըր դատարկութիւնը այնքան լեցուն է զարմանալի դատարկութեամբ, որ կը կարծենք, թէ մեր տենչերը իրականացուցած ենք»:
ՄՈՒՆԻԱ ԽԱՆ
- «Մեր մտավախութիւնը իրական է, բան մը տհաճ ըլլալու շփոթ ազդանշանները կան: Ուրեմն անհրաժեշտ է լսել եւ համբերատար մեկնաբանել: Այս հոլովոյթները դժուար թէ աւարտին, երբ մենք ստիպուած կ՚ըլլանք զանոնք յանձնել համակարգիչին՝ խելագարութեան ամենէն հզօր գործիքներէն մէկը, որ երբեւէ հնարուած է: Ամբողջ համացանցը իմաստով մը պոռնկագրութիւն է, մնայուն յուզմունքի հաղորդիչ, որ դիմակայելու բնածին կարողութիւնները մենք չունինք. գայթակղեցնող մը, որ մեզ կը տանի դէպի այն ուղիները, որոնք մեծամասնութեամբ ոչինչ կը ձեռնարկեն մեր իրական կարիքները բաւարարելու համար»:
ԱԼԷՆ ՏԸ ՊՈԹՈՆ
- «Եթէ համացանցի մոլութիւնը անխուսափելի է, ձեզի համար աւելի լաւ է զայն ստանալ ծովու մը մէջ, որմէ կրնաք խուսափիլ առողջ միտքով՝ գիտութիւնն ու աշխատանքը պահող»:
ԱՀՄԷՏ ԵՈՒՍԷՖ
- «Այսօր ժամանակ յատկացուցէք մշակելով անցանց, իսկական յարաբերութիւններ: Բնաւ մի՛ մոռնաք, որ ամէն ոք ընկերային ցանցին մէջ չէ»:
- «Նախքան առցանց հաղորդագիր ղրկելդ՝ դուն քեզի երկու հարցումներ ուղղէ. իմ այս գրածս տարածութեան մէջ բան մը կ՚աւելցնէ՞, թէ՞ պարզապէս կը խճողէ»:
- «Եթէ ընկերային լրատուամիջոցները ձեզ կը կառավարեն, կը հսկեն եւ ձեր ազատութիւնն ու աշխուժութիւնը կը խլեն, ուրեմն դուք մոլի եղած էք համացանցին, եւ ժամանակն է, որ այլ զբաղում մը գտնէք»:
- «Չափազանց շատ եւ յաճախակի ընկերային լրատուամիջոցները, նոյնպէս՝ համացանցային վերջին ուղղութիւնները՝ մեզ կը դատարկեն եւ կ՚ոչնչացնեն մեր ստեղծագործական կարողութիւնները, ներքին մղումը, միտքի խաղաղութիւնը եւ մեզ աննպատակ արարածներու կը վերածեն»:
- «Ֆէյսպուքի մէջ բան մը պիտի գրէի, երբ ես ինծի հարցուցի՝ ինչո՞ւ»:
ՏԷՅՎԻՏ ԼԱՒ
- «Երեխաները համակարգիչը գործածելու գիտութի՛ւնը ունին, դատողութիւնը չունին: Որպէս ծնողներ՝ դուք միշտ եւ ամէն ատեն պէտք է հսկէք եւ հետեւիք, տեսնելու համար, որ անոնք ի՞նչ կ՚ընեն համակարգիչով»:
ԱՊՏՈՒԼԱԶԻԶ ՀԵՆՐԻ ՄՈՒՍԱ
- «Իմաստութեամբ գործածեցէք համացանցը, ոչ միայն ձեր զգայարաններու մանր հաճոյքին, այլեւ ձեր միտքի զարգացման համար»:
ԱՊԻՃԻՏ ՆԱՍԿԱՐ
- «Մարդը իրականութեան մէջ ընկերային ցանցը չի սիրեր, ան պարզապէս կ՚ատէ առանձնութիւնը»:
ՄՈՔՈՔՈՄԱ ՄՈՔՈՆՈԱՆԱ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան