ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՇԻՊ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ Է ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ

2014 թուա­կա­նի կէ­սե­րուն, երբ «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւ­ն» կո­չուած խմբա­ւո­րու­մը իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ կ՚առ­նէր Ի­րա­քի կա­րե­ւոր նա­հանգ­նե­րը, ոչ ոք կը մտա­ծէր, թէ այս «նո­րաս­տեղծ» խմբա­ւո­րու­մը պի­տի դառ­նար սպառ­նա­լիք, ոչ միայն Ի­րա­քի, այլ՝ ամ­բողջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­մար: Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ այս «նո­րա­բոյ­ս» կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մին՝ Ահ­մէտ Ալ Տը­պէշ բրի­տա­նա­կան «Տէյ­լի Թե­լեկ­րա­ֆ» պար­բե­րա­կա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին կը յայ­տա­րա­րէր, որ ի­րենք ա­մէն ճիգ պի­տի գոր­ծադ­րեն «հին եւ ծանր հա­շի­ւ­»ը (բա­ռե­րը իրն են) մաք­րե­լու եւ Պաղ­տա­տը գրա­ւե­լու հա­մար: Այդ օ­րե­րուն Ալ Տը­պէշ կը ղե­կա­վա­րէր «Ի­րա­քի իս­լա­մա­կան բա­նա­կ» ա­նու­նը կրող զի­նեալ խմբա­ւո­րու­մը, որ մէկն էր տաս­նեակ այն մի­լիս­նե­րէն, ո­րոնք ա­ւե­լի ուշ միա­խառ­նուե­լով կը կազ­մէին «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւ­ն­»ը:

Այս խմբա­ւո­րու­մը տի­րե­լէ ետք Մու­սու­լին, պատ­մա­կան այդ քա­ղա­քը կը յայ­տա­րա­րէր «մայ­րա­քա­ղա­ք» եւ սկիզբ կ՚առ­նէր նոր փուլ մը, ոչ միայն Ի­րա­քին, այլ նաեւ՝ դրկից եր­կիր­նե­րուն, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ հա­մար:

Տար­բեր ա­նուա­նում­ներ ու­նե­ցող «Ի­Պ­»ը (ՏԱ­ՀԷՇ, Ի­ԶԻՍ, Ի­ՇԻՊ, եւ այլն) կը ներ­կա­յաց­նէր իր «նո­ր» դա­ւա­նան­քը: Գե­րար­դիա­կան զի­նուո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով բա­զում ճա­կա­տա­մարտ­ներ մղած խմբա­ւո­րու­մը, ինք­զինք կը հաս­տա­տէր ու­նե­նա­լով՝ կերպ, դրօշ եւ կը հիմ­նէր պար­բե­րա­կան ու կայ­քէջ:

Ըստ ա­րաբ վեր­լու­ծա­բան Մու­համ­մէտ Պա­տի­րի, «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեա­ն» հիմ­նա­կան նպա­տակն էր ստեղ­ծել այն­պի­սի դրու­թիւն մը, ո­րուն հի­մամբ հեշտ պի­տի ըլ­լար մաս­նա­տել Ի­րա­քը: Ու գրա­­ւե­լէ ետք երկ­րի հիմ­նա­կան նա­հանգ­նե­րը՝ ար­շա­ւել դէ­պի Պաղ­տատ: Պաղ­տա­տի ան­կու­մը, ու­րեմն, պի­տի դառ­նար հիմ­նա­կան ազ­դան­շան՝ Ի­րա­քի բա­ժան­ման ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նու­թեան կո­չե­լու հա­մար: Եւ այս­պէս ըստ նա­խօ­րօք պատ­րաս­տուած ծրագ­րին, Ի­րա­քը պի­տի բաժ­նուէր ե­րեք մա­սե­րու՝ սիւն­նի, շիի եւ քրդա­կան «ի­րա­ք»­ներ, ու­րոյն սահ­մա­նադ­րու­թեամբ եւ կա­ռա­վար­ման յա­տուկ ե­ղա­նա­կով: Այդ օ­րե­րուն ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի քան յստակ է, որ ա­մե­րի­կա­ցի շարք մը ազ­դե­ցիկ գոր­ծիչ­ներ, ինչ­պէս՝ ԱՄՆ-ի փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար՝ Ճէք Հե­կըլ, կողմ էին Ի­րա­քի մաս­նատ­ման:

Ա­մե­րի­կեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան «ճար­տա­րա­պետ­նե­ր­»ուն հա­մար նպա­տա­կա­յար­մար էր Ի­րա­քը մաս­նա­տել ու այդ կերպով ա­ւե­լի հեշտ պի­տի ըլ­լար կա­ռա­վա­րել ե­րեք հիմ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու «ձու­լա­րա­ն» դար­ձած եր­կի­րը:

Այս դէպ­քե­րու լոյ­սին տակ Ի­րա­քի նախ­կին վար­չա­պետ Նու­րի Ալ Մա­լի­քի ստի­պուած կ՚ըլ­լար հրա­ժա­րա­կան տալ (2014 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին) եւ իշ­խա­նու­թիւ­նը յանձ­նել վար­չա­պետ Հայ­տար Ալ Ա­պա­տիին: Սիւն­նի հա­մայն­քի եւ յատ­կա­պէս ՏԱ­ՀԷՇ-ի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ան­ցած շրջան­նե­րու ցե­ղա­խում­բե­րուն հա­մար Մա­լի­քի կը հա­մա­րուէր գլխա­ւոր թշնա­մի: Ու ա­նոր իշ­խա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն էր նաեւ, որ շիի զի­նեալ խմբա­ւո­րում­ներ (նոյ­նիսկ օ­րի­նա­կան բա­նա­կի քօ­ղին տակ) սպանդ­­ներ կազ­մա­կեր­պած էին մե­ծա­մաս­նու­թեամբ սիւն­նի բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող տար­բեր նա­հանգ­նե­րու մէջ:

Այդ շրջան­նե­րը ու­նէին մէկ պա­հանջ, ի­րենց վի­զէն հա­նել շիի կա­ռա­վա­րու­թեան լուծն ու ա­նար­դար ճնշում­նե­րը: Այս պատ­կե­րին վրայ նաեւ յստակ կը դառ­նար, որ երկ­րի սիւն­նի հա­տուած­նե­րուն հա­մար զի­նեալ խմբա­ւո­րում մը «ու­նե­նա­լ­»ը կը դառ­նար հրա­տապ պա­հանջ: Ու այդ մօ­տեց­ման լոյ­սին տակ էր նաեւ, որ Մու­սու­լի մէջ տե­ղա­կա­յուած ի­րա­քեան բա­նա­կի ջո­կատ­ներ կը նե­տէին ի­րենց զէն­քե­րը եւ ա­ռանց դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տա­լու քա­ղա­քը «կը յանձ­նէի­ն» ՏԱ­ՀԷՇ-ին:

Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դիր­քե­րուն «ամ­րապն­դու­մ­»էն ետք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա «նոր» օ­րա­կարգ մը ձե­ւա­ւո­րե­լով 7 Օ­գոս­տոս 2014 թուա­­կա­նին յա­տուկ ու­ղերձ մը յղե­լով կը յայ­տա­րա­րէր, որ «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւ­ն­»ը դար­ձած է լուրջ սպառ­նա­լիք ոչ միայն Ի­րա­քի, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար: Օ­պա­մա իր խօս­քը կ՚ա­ւար­տէր մի­ջազ­գա­յին դա­շինք մը ստեղ­ծե­լու կո­չով, ո­րուն հիմ­նա­կան «ա­ռա­քե­լու­թիւ­ն­»ը պի­տի ըլ­լար ոչն­չաց­նել «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւ­ն­»ը:

«Մի­ջազ­գա­յին դա­շին­ք­»ի ստեղծ­ման ա­րագ գոր­ծըն­թա­ցի կող­քին «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեա­ն» հա­մար սկիզբ կ՚առ­նէր նոր փուլ մը, ո­րուն հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րանքն էր իր «ընտ­րեա­լ» զի­նեալ­նե­րուն դէ­պի եւ­րո­պա­կան քա­ղաք­ներ «ար­տա­հա­նու­մ­»ը, կամ այդ ցա­մա­քին վրայ ապ­րող «իս­լամ բջիջ­նե­ր­»ու վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը ու ա­պա ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ գրոհ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը:

Ի տար­բե­րու­թիւն իր «մայ­ր» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հա­մա­րուող «Էլ Քա­ի­տէ» շար­ժու­մին, ՏԱ­ՀԷՇ իր մղե­լիք «սուրբ պա­տե­րազմ­նե­ր­»ուն մա­սին նա­խա­պէս չէր յայ­տա­րա­րէր: Բա­ւա­կան ան­խօս եւ անն­կատ գոր­ծե­լաո­ճով մը կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յե­նե­լով իր «ցան­ցա­յի­ն» կա­րո­ղու­թեան վրայ, «կը յա­ջո­ղէ­ր» տար­բեր եւ յա­ճախ անս­պա­սե­լի վայ­րե­րու մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել: Ու ցայ­սօր ալ, հա­կա­ռակ եւ­րո­պա­կան հա­մայն­քի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու զգօն գոր­ծե­լաո­ճին, ՏԱ­ՀԷՇ կը շա­րու­նա­կէ մնալ Ա­րեւ­մուտ­քի թիւ մէկ սպառ­նա­լի­քը:

Վե­րա­դառ­նա­լով ի­րա­քեան նիւ­թին՝ պէտք է ան­պայ­ման հա­շուի առ­նել, որ հա­կա­ռակ վար­չա­պետ Հայ­տար Ա­պա­տիի «ՏԱ­ՀԷՇ-ը վերջ­նա­կա­նա­պէս ընկ­ճե­լու» վե­րա­բե­րեալ տուած խոս­տում­նե­րուն, մին­չեւ այս պա­հը յստակ է, որ այդ խմբա­ւո­րու­մը հե­ռու է անձ­նա­տուր ըլ­լա­լու դրոյ­թէն:

Ա­ւե­լի՛ն. տար­բեր եր­կու ա­ռիթ­նե­րով Հայ­տար Ա­պա­տի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս գա­լով կը նշէր, որ ՏԱ­ՀԷՇ պի­տի պար­տուի Մու­սու­լի մէջ եւ թէ այդ շրջան­նե­րուն ի­րա­քեան բա­նա­կի տի­րա­պե­տու­թեան տակ անց­նե­լու թուա­կա­նը շատ մօտ է: Ա­պա­տիի «խոս­տա­ցա­ծ» ա­ռա­ջին ժամ­կէ­տը 2016 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բերն էր, իսկ երկ­րոր­դը՝ 2017 թուա­կա­նի Յու­նուա­րը, սա­կայն եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ վար­չա­պե­տը չէր կրնար յար­գել իր խոս­տում­նե­րը եւ մին­չեւ այս պա­հը Մու­սու­լի շրջա­կայ հա­տուած­նե­րուն մէջ թէժ մար­տե­րը կը շա­րու­նա­կուին:

Մու­սու­լը գրա­ւե­լու հա­մար սկիզբ ա­ռած մար­տե­րուն ժամ­կէտն ալ իր հեր­թին կա­րե­ւոր «ի­մաստ­նե­ր» կը կրէր: Ան սկիզբ կ­­՚առ­նէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց վեր­ջին փու­լին ու այս ա­ռու­մով քիչ չե­ղան այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, ըստ ո­րոնց ա­մե­րի­կեան «կա­նաչ լոյ­ս­»ով սկիզբ ա­ռած այդ մեծ գրո­հին նպա­տակն էր յա­ւե­լեալ քուէ­ներ ա­պա­հո­վել ԱՄՆ-ի դե­մոկ­րա­տա­կան թեկ­նա­ծու՝ Հի­լը­րի Քլին­թը­նին, որ աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեա­ն» դէմ պայ­քա­րող ա­ռա­ջա­տար գոր­ծիչ:

Այս բո­լո­րէն զատ կար նաեւ «Հա­շըտ Շահ­պի» ա­նու­նով յայտ­նի շիի զի­նեալ խմբա­ւոր­ման հար­ցը: Թեհ­րա­նի ան­մի­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ եւ նե­ցու­կով կազ­մուած այս «մաս­նա­յա­տուկ ու­ժե­ր»ու ջո­կատ­նե­րուն յա­ռաջ­խաղց­ը եւ գետ­նի վրայ ա­նոնց ցոյց տուած փայ­լուն «ար­դիւնք­նե­ր­»ը կրնա­յին ներ­հա­մայն­քա­յին ո­խի եւ ա­տե­լու­թեան նոր էջ մը բա­նալ:

Ու հա­կա­ռակ ա­նոնց կազ­մա­կեր­պուած եւ մար­տու­նակ մաս­նակ­ցու­թեան՝ քիչ չէին այն ի­րաք­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնք մտա­վա­խու­թիւն ու­նէին, թէ «Հա­շըտ Շահ­պի»ն հին հա­շիւ­ներ մաք­րե­լով ծանր հա­րուած կու տար «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» տի­րա­պե­տու­թեան տակ ե­ղող սիւն­նի քա­ղա­քա­յին­նե­րուն:

Այս ա­ռու­մով Ի­րա­քի վար­չա­պե­տը շատ կա­րե­ւոր դե­րով հան­դէս կու գայ եւ կը փոր­ձէ ա­մէն գնով երկ­րէն հե­ռու պա­հել սիւն­նի-շիի նոր հա­կա­մար­տու­թեան մը լե­ղի բա­ժա­կը:

Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ մին­չեւ այս պա­հը ա­նոր գոր­ծի դրած ճի­գե­րը չեն յա­ջո­ղած այդ վտան­գը հե­ռու պա­հել Ի­րա­քէն, յստակ է նաեւ, որ ե­թէ նման բան կա­տա­րուի, այ­սինքն «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» տի­րա­պե­տու­թեան տակ ե­ղած հա­տուած­նե­րուն մէջ (ու այդ շրջան­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մէն ետք ալ) սկիզբ առ­նեն այդ բա­խում­նե­րը, ա­պա Ի­րա­քը դար­ձեալ կը յայտ­նուի ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան «փակ օ­ղա­կ­»ի մը փու­լին մէջ:

Այս բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը կը մատ­նեն, որ Ի­րաք տա­կա­ւին շատ հե­ռու է խա­ղա­ղու­թեան հանգ­րուա­նէն ու յստակ է նաեւ, որ բո­լոր այն ու­ժե­րը, ո­րոնք «կե­րակ­րե­ցի­ն», պատ­րաս­տե­ցին, կեր­տե­ցին եւ հրա­պա­րակ հա­նե­ցին «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւ­ն­»ը, ցայ­սօր ալ ա­նոնք չեն պատ­րաս­տուիր սա­տա­րել այն ու­ժե­րուն, ո­րոնք «ի­րա­կա­ն» կռիւ կը մղեն «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» դէմ:

Սխա­լած չենք ըլ­լար, որ հա­կա­ռակ Սու­րիոյ մէջ իր նօս­րա­ցու­մին, Ի­ՇԻ­Պ կը շա­րու­նա­կէ ո­րո­շիչ դեր եւ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­նալ Ի­րա­քի տար­բեր, յա­ճախ «աչ­քէ հե­ռու» եւ նոյ­նիսկ ա­նա­պա­տա­յին հա­տուած­նե­րու մէջ։ Բան մը, որ կը խօ­սի այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան «վստա­հուա­ծ» բա­ւա­կա­նին վտան­գա­ւոր եւ ա­րիւ­նոտ դե­րին մա­սին:

Իբր այդ ալ, չա­փա­զան­ցու­թիւն ը­րած պի­տի չըլ­լանք, ե­թէ ը­սենք, որ մին­չեւ այս պա­հը ՏԱ­ՀԷՇ կը շա­րու­նա­կէ ան­պար­տե­լի մնալ Ի­րա­քի մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017