Հարցազրոյց՝ Գրիգոր Սաթամեանի հետ
Մշակոյթը ժողովուրդի մը մեծութեան չափանիշն է, իսկ թատրոնը՝ մշակոյթը յայտնաբերող կարեւորագոյն ազդակն է։ Հայ թատրոնը աւելի քան 2000 տարի դաստիարակած եւ զարգացուցած է մեր ժողովուրդի արուեստի մակարդակն ու հասկացողութիւնը։
Արուսետագէտ Գրիգոր Սաթամեան 55 տարիներ՝ հայերէն լեզուով բեմադրած թատերախաղերու միջոցաւ, վառ պահած է հայերէն լեզուի գործածութիւնը, որ հայապահպանման սրբազան առաքելութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մին է, Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ։ Մէկ խօսքով, Սաթամեան սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան մէջ պիտի մնայ որպէս տիտան, իբր արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ։
Գրիգոր Սաթամեան գեղարուետական ղեկավարն է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի։ Առ այդ, ան նաեւ բեմադրիչն է գաղութիս մէջ միակ մնայուն կերպով գործող «Սաթամեան» (նախապէս «Արտաւազդ») թատերախումբին։
Վերջերս կարեւոր հարցազրոյց մը ունեցայ Գրիգոր Սաթամեանի հետ, որու շահեկանութեան համար՝ զայն կ՚ուզեմ յանձնել ընթերցողի ուշադրութեան։
*
-Կրնա՞ք մեզի հակիրճ տեղեկութիւն տալ ձեր ուսման մասին։
-1959-ին շրջանաւարտ եղայ ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, որմէ ետք յաճախեցի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ չորս տարուան շրջանը աւարտելով՝ ստացայ Պսակաւոր արուեստից տիտղոս, Տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։
-Անգլիա չգացած՝ թատերական ի՞նչ փորձառութիւն ունէիք։
-Երկրորդական վարժարանը աւարտելէս ետք, միացայ ՀԲԸՄ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբին, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան համալսարանի թատերական ակումբին։ Տարի մը ետք, մաս կազմեցի նոր հիմնուած Լիբանանեան ժամանակից թատրոնին՝ ուր ելոյթ ունեցայ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
-Ե՞րբ որոշեցիք երթալ Անգլիա, մասնագիտանալու թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի մէջ։
-1964-ին, ՀԲԸՄ-ը կրթաթոշակ յատկացուց ինծի, որ Անգլիա երթամ եւ ես յաճախեցի Լոնտոնի ֆիլմարուեստի դպրոցը (London School of Film Technique)։ Աւարտելէս ետք, բախտաւորութիւնը ունեցայ ընդունուելու նշանաւոր Old Vic Theatre School-էն՝ որու 28 տեղերուն համար դիմած էին 1700 ուսանողներ…
-Միայն դերասանութիւ՞ն ուսանեցաք։
-Ոչ, երկու տարուան ուսանողական շըր-ջանը՝ դերասանութեան կողքին կ՚ընդգրկէր, ի միջի այլոց, ձայնամարզութիւն, բեմավարութիւն, մարմնական եւ դէմքի շարժուձեւերու տիրապետութիւն ու վերջապէս բեմադրութիւն՝ Անգլիոյ հռչակաւոր ուսուցիչներէն Ռուտի Շելիի կողմէ։
-Կրնա՞ս այդ դպրոցի նշանաւոր շըր-ջանաւարտներէն քանի մը հոգի յիշել։
-Այդ դպրոցը հիմնուած էր աշխարհահռչակ դերասան Պարոն (Sir) Լորընս Օլիվիէի կողմէ, իսկ հոնկէ շրջանաւարտ եղած են Պարոն Տանիէլ Տէյ-Լուիս, Ճերըմի Այրընս, Ճին Ուայլտըր, Փաթրիք Սթիուըրտ, Նաոմի Հերիս եւ Ստեֆընի Քոլ։ Նաեւ ուրիշ շատեր՝ որոնք նշանաւոր են Անգլիոյ մէջ։
-Անգլիա եղած շրջանիդ, ոեւէ նշանաւոր անձերու հանդիպա՞ծ ես։
-Շատ մը հիւր բեմադրիչներ եկած են մեր դպրոցը, որոնցմէ Պարոն Թայրոն Կաթրին զիս մեծապէս տպաւորած է։ Ան բեմադրեց Շէյքսփիրի «Measure for Mea-sure» կատակերգութիւնը, որուն մէջ փոքր դերով մըն ալ ես հանդէս եկայ։ Իսկ Փիթըր Օ՚Թուլը օր մը մեզ հրաւիրեց Shepperton Studios, դիտելու «The Great Catherine» ֆիլմի նկարահանումը։ Կէսօրուան դադարին՝ մեզ հրաւիրեցին ճաշարան, ուր հանդիպեցանք ֆիլմի դերասաններուն։ Հոն էին Փիթըր Օ՚Թուլը, Քեթրին Տէնէօվը, Զիրօ Մասթէլն ու հայազգի Աքիմ Թամիրոֆը։ Վերջինը՝ երբ իմացաւ որ հայ եմ, ուրախութենէն աչքերը փայլատակեցան եւ հպարտութեամբ զիս ներկայացուց բոլորին ըսելով՝ «Ծանօթացէք Գրիգորին, իքն ալ հայ է՝ ինծի պէս։»
-Old Vic-էն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ի՞նչ ըրիր։
-Քավընթրի քաղաքի Պելկրէյտ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ուարըն Ճենքինզ մէկ տարուան համար աշխատանքի իրաւունք ապահովելով, զիս հրաւիրեց որ ելոյթ ունենամ իրենց հետ։ Հոն՝ բացառիկ պատեհութիւնը ունեցայ հանդիպելու թատրոնի մեծերէն Ուիլիամ Ֆաքսին, Փիթըր Նիտհէմին, Էլիզապէթ Փաուըրին, Փիթըր Կիլմորին եւ Ճենի Ասթընին։ Մեծապէս հպարտ էի, որ իմ մասնակցութիւնս կը գնահատուէր արհեստավարժ քննադատներու կողմէ, տեղական թերթերուն մէջ։
-Ե՞րբ վերադարձար Լիբանան։
-1968-ին վերադարձայ Լիբանան եւ հրաւիրուեցայ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին կողմէ՝ աշխատելու որպէս թատրոնի դասախօս։ Միեւնոյն ժամանակ նշանակուեցայ ՀԲԸՄ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար։ Հիմնեցի նաեւ երիտասարդներու յատուկ թատերական դպրոց մը՝ ուսուցանելու դերասանութիւն եւ բեմի ետեւ աշխատելու ունակութիւն։ Եօթ տարի աշխատեցայ որպէս դասախօս եւ բեմադրիչ՝ հայ թէ օտար խումբերու հետ։
British Council-էն ներկայացուցիչ մը՝ տեսնելով աշխատանքս, գնահատական նամակ մը գրած էր Օլտ Վիք թատրոնի տնօրէնին, որ չուշացաւ զիս հրաւիրելու որպէս թատրոնի դասախօս՝ այդ դպրոցին մէջ։ Տնօրէնը՝ իր հրաւէր-նամակը եզրափակած էր հետեւեալ նախադասութիւնով՝ «Պրն. Սաթամեան եղած է իմ աշակերտներէս ամենէն փայլունն ու տաղանդաւորը։» Հաւանաբար միակ հայն էի, որ արժանացած էի նման բացառիկ պատիւի մը։
Ամերիկեան համալսարանի թոյլատուութեամբ, գացի Պրիսթոլ եւ տարի մը դասախօսելէ ետք՝ որոշեցի գաղթել Միացեալ Նահանգներ։
-Որքան կը յիշեմ, միակ բեմադրիչն էիք Սփիւռքէն՝ որ հրաւիրուեցաք Սովետական Հայաստան։
-Այո։ 1972-ին, Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնի ղեկավար Հրաչեայ Ղաբլանեան հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը, որ իր ելոյթներով հանդէս գայ Հայաստանի քանի մը քաղաքներուն մէջ։ Մենք երկու թատրերգութիւններով՝ Ճորճ Ֆէյտոյի «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» հանդէս եկանք նախ Երեւանի Սունդուկեանի անուան պետական թատրոնին մէջ եւ ապա շրջեցանք Արտաշատ, Էջմիածին, Կիրովական եւ Լենինական քաղաքները ու մեր աւարտական ելոյթը տեղի ունեցաւ Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ։
Ելոյթներէն ետք, վարպետ բեմադրիչ Վարդան Աճեմեան փորձեց համոզել զիս, որ մնամ Երեւան եւ աշխատիմ որպէս դերասան-բեմադրիչ Սունդուկեան թատրոնին մէջ։ Նոյն հրաւէրը ստացայ նաեւ Հրաչեայ Ղաբլանեանէն, որ աշխատիմ Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ։ Պատասխանս նոյնն էր, թէեւ մեծ պատիւ էր ինծի համար՝ սակայն պայմանագրուած էի աշխատելու Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Դժբախտաբար պայմանագրութիւնս չվերջացած, Վարդան Աճեմեան կնքեց իր մահկանացուն։
-Կը յիշեմ նաեւ, որ Վահրամ Փափազեան թատերախումբը Եւրոպա ալ գնաց։
-Այո։ 1975-ին՝ նոյն թատերախաղերով հանդէս եկանք Լոնտոնի, Փարիզի եւ Նիկոսիոյ բեմերուն վրայ։
-Կրնաք մեզի ըսել, թէ ի՞նչ ըրիք, երբ Ամերիկա հասաք։
-Ամերիկացի դասընկեր մը՝ Պրիսթոլի Օլտ Վիք թատերական դպրոցէն, կ՚աշխատէր Քոլոնէյտզ անունով թատերական ընկերութեան մը մէջ։ Անոնք ապահովեցին աշխատանքի իմ արտօնութիւնս ու ապա օրինաւոր կեցութեանս իրաւունքը (green card):
-Ինչպէ՞ս միացաք Նիւ Եորքի ՀԲԸՄ-ին։
-Մինչ կ՚աշխատէի Նիւ Եորքի մէջ, ՀԲԸՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակային վարչութեան ատենապետուհի Արմինէ Սապահ-Կիւլեան զիս հրաւիրեց ժողովի մը, որուն ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Պերճ Սեդրակեանը։ Անոնք ինծի առաջարկեցին գեղարուեսատական տնօրէնի պաշտօնը եւ ես ընդունեցի, 4 Ապրիլ 1978-ին։
Նիւ Եորք եղած շրջանիս, հիմնեցի վեց թատերական խումբեր։ Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Տիթրոյթի, Ֆիլատելֆիոյ, Պուէնոս Այրէսի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Անդադար կը ճամբորդէի վերոյիշեալ քաղաքները, տեղական ուժերով բեմադրելու զանազան թատերախաղեր։ Հիմնեցի նաեւ Նիւ Եորքի միակ հայկական հեռատեսիլի ծրագիրը՝ «Spotlight Armenians» անուան տակ, որու վարիչ տնօրէնն ու խօսնակն էի անբողջ երկու տարի։ Այդ շրջանին, առիթը ունեցայ ծանօթանալու եւ մտերմանալու Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ։
-Ե՞րբ տեղափոխուեցաք Լոս Անճելըս։
-1988-ին տեղափոխուեցայ հայահոծ Լոս Անճելըս քաղաքը։ Մեր լաւագոյն նախաձեռնութիւնն էր Հայաստանէն հրաւիրել հռչակաւոր դերասան-բեմադրիչ Մհեր Մկրտիչեանն ու իր տիկինը՝ Թամարա Յովհաննիսեանը, որոնք ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» թատերախումբին հետ ներկայացուցին Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ն ու Մարսէլ Փանիոլի «Հացագործին կինը»։ Այս երկու թատերախաղերով մենք շրջեցանք Ֆրեզնօ, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորք եւ Պոսթոն քաղաքները՝ մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով ամէնուրեք։
-Գիտեմ որ քանի մը տարի առաջ, ՀԲԸՄ-ը տօնեց ձեր գործունէութեան 50-ամեակը։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին։
-Այո։ Արդարեւ, 30 Հոկտեմբեր 2011-ին՝ ՀԲԸՄ-ը պատուեց զիս, տօնելով թատերական գործունէութեանս 50-ամեակը։ Այդ առթիւ՝ ես ստացայ գնահատագիրներ Սուրբ Էջմիածինէն, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական պաշտօնատարներէն ու հայկական կազմակերպութիւններէն։
-Կը յիշեմ նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ անմասն չմաց գնահատելու ներդրումդ, հայ թատրոնին ու մշակոյթին։
-Այո։ Արդարեւ, չորս թատերական եւ մշակութային հաստատութիւններ մեծարեցին զիս, որպէս անխոնջ խնկարկու՝ հայ թատրոնին ու մշակոյթին։ Ուրեմն, 18 Օգոստոս 2013-ին, ձեռամբ Երեւանի Յակոբ Պարոնեան թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆ. Երուանդ Ղազանչեանի՝ ստացայ հետեւեալ մետայլները.
- Հայաստանի Թատերական գործիչներու Ոսկէ մետայլ
- Հայաստանի Թատերական գործիչներու Արտաւազդ մրցանակ
- Ֆրիտիոֆ Նանսէնի Ոսկեայ յուշամետայլ
- Հայ Երգարուեստի միութեան Հասարակական կազմակերպութեան Գոհար Գասպարեան յուշամետայլ
-Հայ գաղութին ծառայելէ անդին, որեւէ արհեստավարժ գործով զբաղա՞ծ էք։
-Այո։ Թատերական արհեստավարժ գործով ելոյթ ունեցած եմ Անգլիոյ, Նիւ Եորքի, Միշիկընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Հեռատեսիլի դրուագներէն մաս կազմած եմ՝ ի միջի այլոց, «Suddenly Susan», «The Team Night Rider», «Mad TV», «24» եւ «Alias»ին։ Իսկ ֆիլմերէն մաս կազմած եմ՝ ի միջի այլոց, «Assignment Berlin», «Chickpeas», «After Freedom», «Must Love Dogs» եւ «Summerland»ին։ Գալով բեմի վրայ խաղարկութեան, մաս կազմած եմ՝ Ճօ Քինկի բեմադրութեամբ, Շիրվանզատէի «Չար ոգի» եւ Նշան Փարլաքեանի «Մեծ մայր, աղօթէ ինծի համար» թատրերգութեանց մէջ։
Ինծի համար իսկապէս մեծ հաճոյք էր գործակցիլը Պրուք Շիլտի, Քեթհի Կրիֆֆինի, Ճան Քուսէքի, Տայան Լէյնի, Քրիստոֆըր Փլամըրի, Թիա Լիոնիի, Ճորճ Ուէնտի նման հռչակաւոր աստղերու հետ։ Իսկ յիշողութեանս մէջ անմոռանալի պիտի մնայ վեթերան դերասան Սեդրակ Վարդեանի հետ մեր հանդիպումը՝ հայազգի մեծանուն բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի հետ, Պեվըրլի Հիլզի իր բնակարանին մէջ։ Ան հետաքրքրուած էր գիտնալ Սփիւռքի մէջ հայ թատրոնի գործունէութեան մասին եւ առ այդ սրտանց գնահատեց մեր ներդրումը՝ վառ պահելու մշակութային մեր ժառանգը։
-Ինչու՞ չշարունակեցիր յարատեւել՝ արհետավարժ ասպարէզիդ մէջ։
-Հոլիվուտի մէջ՝ հայ մը աւելի մեծ տարբերութիւն պիտի չընէ, սակայն անձ մը աւելի հայ թատրոնի եւ մշակոյթի մէջ՝ հսկայ տարբերութիւն պիտի ընէ։ Ես տակաւին իմ յարաբերութիւններս չեմ խզած իրենց հետ, այն իմաստով որ երբ պէտք ունենան, կը կանչեն զիս։ Ես կ՚ուզեմ, որ նոր սերունդը հետաքրքրուի մուտք գործելու՝ արհեստավարժ այդ ասպարէզին մէջ եւ եթէ հարկը պահանջէ, պատրաստ եմ օգնելու անոնց։
-«Թենոր մը կ՚ուզուի» (Lend me a Tenor) ձեր վերջին բեմադրութեան՝ յայտագրի գրքոյկին մէջ կարդացի, որ ձեր բեմադրած թատրերգութիւններէն շատերը դուք էք որ կը թարգմանէք, Ճի՞շդ է։
-Այո։ Ցարդ՝ թարգմանած եմ 26 թատերախաղեր ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ եւ չորս վէպեր վերածած եմ թատրերգութիւններու։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Աւստրալիայէն եւ Միջին Արեւելքէն՝ զանազան թատերախումբեր ինձմէ կը խնդրեն թարգմանած թատրերգութիւններս եւ ես սիրայօժար կ՚ընդառաջեմ, պարզապէս օգտակար հանդիսանալու համար իրենց։
-Գիտեմ, որ դուք բեմադրած էք արհեստավարժ եւ սիրողական թատերախումբեր։ Կրնաք ըսել, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը։
-Ինծի համար շատ դիւրին է բեմադրել արհեստավարժ թատերախումբեր, քանի որ թեքնիկ աշխատանքին համար՝ (թարգմանութիւն, բեմի յարդարում, ձայնի եւ լոյսի գործածութիւն, հագուստներու ընտրութիւն, վարչական գործ եւ այլն) կան մասնագէտներ։ Սակայն սիրողական թատերախումբին հետ, այդ բոլորը պէտք է ես յանձն առնեմ։
-Ասոնց կողքին, դուք մենախօսութիւններով (One Man Show) ալ հանդէս եկած էք, չէ՞։
-Այդ աւանդութեան ես էի որ սկսայ Նիւ Ճըրզիի մէջ, 1984-ին։ Ցարդ՝ հանդէս եկած եմ երկտասնեակ մը մենախօսութիւններով, Ամերիկայի մէջ եւ Ամերիկայէն դուրս։ Այդ մենախօսութիւններով, սատարած եմ շատ մը հայկական կազմակերպութիւններու նիւթական կարիքներուն։ Արխիւներուս մէջ կան եօթ մենախօսութիւններուս տեսաերիզները եւ այժմ կ՚աշխատիմ ութերորդը արտադրելու համար։
-Ցարդ՝ քանի՞ թատերախաղեր բեմադրած էք եւ քանիի՞ն մէջ դուք դեր վերցուցած էք։
-Մինչեւ հիմա բեմադրած եմ 83 թատերախաղեր եւ դեր վերցուցած եմ 86 թատերախաղերու մէջ, չորս լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։
-Ապագայի նկատմամբ ի՞նչ ծրագրեր ունիք, այսինքն երբ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան արուեստի կեդրոնի վերանորոգութիւնը ամբողջանայ։
-Նախ կ՚ուզեմ գրադարան մը կազմել՝ հայկական եւ թարգմանուած թատերախաղերու, որպէսզի անոնք մատչելի դառնան բոլոր թատերախումբերուն, աշխարհով մէկ։ Երկրորդ, կ՚ուզեմ հիմնել թատերական դպրոց մը՝ պատրաստելու դերակատարներ եւ թեքնիկ աշխատողներ, երիտասարդ սերունդին համար։ Նաեւ կ՚ուզեմ զարկ տալ երաժշտական ելոյթներու եւ արուեստի ցուցահանդէսներու, քաջալերելու համար երիտասարդ, տաղանդաւոր մեր սերունդը։
Շնորհակալութիւն Պարոն Սաթամեան ձեր սուղ ժամանակին համար եւ յաջողութիւն՝ ձեր ապագայի ծրագիրներուն նկատմանբ։
Խնդրեմ, շնորհակալութիւն ձեզի՝ որ այս առիթը ընծայեցինք ինծի։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան