ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԸ

-Հէ՛յ, արթն­ցէք, աս­քան քնա­նա՞լ մը կ­­՚ըլ­լայ, այ­սօր գոր­ծի օր է, պէտք է կա­նուխ սկսինք ու վեր­ջաց­նենք մեր գոր­ծը: Հի­մա կու գայ աղ­ջիկս ալ ուր որ է, խօ­սե­ցաւ հետս քիչ ա­ռաջ հե­ռա­ձայ­նով, կը հարց­նէր, թէ բա­նի մը պէտք ու­նի՞նք, որ յե­տոյ վար իջ­նել չըլ­լայ: Հա­տէ ե­լէք, սուր­ճին ջու­րը դրէք, ի­րեն ալ հա­շի­ւը ը­րէք՝ կը հաս­նի: Խմենք ու սկսինք մեր գոր­ծին: Ար­դէն գի­շե­րուը­նէ թրջուած են ա­լիւր­նե­րը կա­րա­գով ու կա­թով, հա­մեմ­ներն ալ ա­ւել­ցուած են, հի­մա դիւ­րին կ՚ըլ­լայ շա­ղե­լը:

Սա­թե­նիկ խօ­սե­լով ու մէկ կող­մէն ալ սուր­ճին ջու­րը կրա­կին դնե­լով կ­­՚արթնց­նէ իր աղ­ջիկ­նե­րը: Սա­թե­նիկ ե­րեք աղ­ջիկ զա­ւակ­նե­րու մայր, հա­լէպ­ցի, Հա­լէ­պի մէջ իր ա­ռօ­րեայ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րէր: Բայց ոչ, այ­սօր տար­բեր բան մը կար, Զա­տի­կը մօտ է ու գալ շա­բաթ Ա­ւագ շա­բաթ է, պէտք է կար­կան­դա­կը պատ­րաս­տեն, որ­պէս­զի զատ­կուան մաք­րու­թիւնն ալ ա­ւար­տեն, Ա­ւագ շաբ­թուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­գիստ մաս­նակ­ցե­լու ու Ոտն­լուա­յին պնակ մը զատկուան կար­կան­դակն ալ օրհ­նու­թեան տա­նե­լու հա­մար: Ա­մէն տա­րի այս շրջա­նին շատ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն մը կը պա­տէ Սա­թե­նի­կը: Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ի­րեն հա­մար:

Ա­հա արթն­ցան աղ­ջիկ­նե­րը, ե­կաւ նաեւ հարս աղ­ջի­կը՝ Սի­րու­նը, խմե­ցին սուրճն ու լծուե­ցան աշ­խա­տան­քի: Սե­ղա­նին վրայ ար­դէն պատ­րաստ էր ա­մէն ինչ՝ կար­կան­դա­կին մի­ջուկ­նե­րը՝ պիս­տա­կով, ըն­կոյ­զով ու ար­մա­ւով, բո­լորն ալ ա­ռան­ձին պնակ­նե­րու մէջ շա­րուած, կա­սիա­յով, մե­խա­կով ու փո­շի շա­քա­րով հա­մե­մուած՝ պատ­րաստ են ար­դէն խմո­րին մէջ դրուե­լու ու ա­պա ե­փե­լու: Ան­դին կա­ղա­պար­նե­րը կողք-կող­քի շա­րուած, ափ­սէ­նե­րը ի­րա­րու վրայ դա­սուած՝ կը սպա­սեն լե­ցուե­լու:

Ա­հա Սի­րու­նը ձեռ­քե­րը սոթ­տած կը սկսի շա­ղել խմո­րը: Մայրն ալ հա­լած տաք կա­րա­գը պատ­րաս­տած, կող­քը կանգ­նած է, որ քիչ-քիչ ա­ւելց­նէ, խմո­րը տաք կա­րա­գով գրգռէ ու ջեր­մու­թիւ­նը տե­սած ա­լիւ­րը դիւ­րին շա­ղուի:

Այս­պէս մին­չեւ ե­րե­կոյ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ստանձ­նած պաշ­տօ­նին պա­տաս­խա­նա­տու, կը զրու­ցեն, կը պատ­մեն հոս­կէ-հոն­կէ, շէն­քին դրա­ցի­նե­րը մէ­կիկ-մէ­կիկ կ՚այ­ցե­լեն, մէկ կող­մէն ալ կար­կան­դա­կը կը պատ­րաս­տեն ու կ՚ե­փեն տան մէջ: Ե­փե­լու աշ­խա­տանքն ալ կը վստա­հուի փոքր աղջ­կան, մինչ միջ­նե­կը՝ կը սկսի մաք­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան: Ե­փած կար­կան­դա­կին բոյ­րը կը լեց­նէ ամ­բողջ շէն­քը, ու տաք տաք պնակ­նե­րով կ­­՚այ­ցե­լէ դրա­ցի­նե­րուն տու­նե­րը. «Մեր հին ու նոր ննջե­ցեալ­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար, հա­մին նա­յե­ցէ­ք», կ՚ը­սէ Սա­թե­նիկ իր դրա­ցի­նե­րուն, մինչ շէն­քին աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կը հան­դի­պի իր ա­մուս­նոյն ու ա­նոր ալ կը հրամց­նէ հատ մը. «Կեր նա­յինք, հա­մով ե­ղա՞ծ է այս տա­րուան կար­կան­դա­կը»:

Կար­կան­դա­կին բոյ­րը ռուն­գե­րուն մէջ կար­ծես կ՚արթն­նայ Սի­րուն խոր քու­նէն: Ե­րազ մ­­՚էր, որ տե­սած էր, սպա­սուած ե­րազ մը, որ ա­մէն տա­րի այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ իր են­թա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու ե­րա­զի տես­քով ալ կ՚ե­րե­ւի: Տա­րի­ներ ա­ռա­ջուան խան­դա­վա­ռու­թեան կա­րօտն է, որ ներ­քուստ կը կրծէ զինք, քա­նի ալ ե­րազ է ան­ցեա­լը, ան­վե­րա­դարձ ու­ղի մը ե­րա­նի­նե­րով լի: Միայն ե­րա­զով կ­­՚ապ­րի ան ան­ցեա­լի քաղց­րու­թիւ­նը: Ե­րա­զը այ­ցե­լող­նե­րէն շա­տեր ան­վե­րա­դարձ ճամ­բոր­դած են, ո­մանք հո­ղը գլխեր են, ու­րիշ­ներ կը գտնուին աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­ներ, հե­ռա­կայ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը միայն, ան­կեն­դան պատ­կեր­ներն ու ձայ­նը միայն կան, ո­րոնք եր­բեմն կը զուար­ճաց­նեն զինք, եր­բեմն ալ ա­ւե­լի կը խո­րաց­նեն կար­ծես մե­նու­թիւ­նը Սի­րու­նին:

Բայց պահ մը կը խոր­հի ան, թէ ար­դեօք ե­րա­զը բա­ցի կա­րօ­տէն, հա­ղոր­դե­լիք մը ու­նի՞ ի­րեն: Ե­րա­զի տես­քով ա­ւան­դու­թիւնն է նաեւ որ կը վե­րապ­րի ան, հի­նէն, տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր յար­գուած ա­ւան­դու­թիւն մը, որ պար­տա­ւո­րու­թիւն մըն է նաեւ, զայն շա­րու­նա­կե­լու, ապ­րեց­նե­լու, շունչ հա­ղոր­դե­լու, կոչ մը՝ թե­րեւս, ի­մաց մը: Ա­յո, կը խոր­հի ա­ւե­լի յստա­կօ­րէն, ճիշդ է, ե­րազս այս ը­սել կ՚ու­զէր ին­ծի, ես ի­րա­ւունք չու­նիմ իմ ե­րի­տա­սարդ­ներս զրկե­լու այս սո­վո­րու­թե­նէն: Ինչ որ պա­տա­հած է, ան­ցեա­լին մէջ կը մնայ, լաւն ալ, վատն ալ: Մայրս ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար ալ կը բաժ­նէր կար­կան­դա­կը դուռ-դրա­ցի­նե­րուն: Գո­նէ աս ձե­ւով ես եւս բան մը ը­րած կ՚ըլ­լամ ա­նոնց հո­գի­նե­րը հանգ­չեց­նե­լու հա­մար:

Ու Սի­րուն ա­ճա­պա­րան­քով կը հա­գուի, կ՚եր­թայ մօ­տա­կայ հան­րա­խա­նու­թը, պէտք ե­ղած ապ­րան­քը առ­նե­լու ու ե­րե­կո­յեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն գե­ղե­ցիկ ա­նակն­կալ մը պատ­րաս­տե­լու հա­մար: Հան­րա­խա­նու­թին մուտ­քը՝ հա­շուիչ մե­քե­նա­նե­րուն մօտ խճո­ղուած է: Սի­րուն կ՚ի­մա­նայ, որ մե­քե­նա­նե­րը նո­րո­գու­թեան մէջ են ու իս­կոյն կ՚ա­ւար­տի ա­նոնց նո­րո­գու­թիւ­նը: Ապ­րան­քը կ՚առ­նէ ու ինք ալ կար­գի կը կե­նայ հա­շուիչ մե­քե­նա­նե­րուն մօտ:

Դէ­մը եր­կու վաթ­սու­նը անց ե­րե­ւան­ցի կիներ կը զրու­ցեն ի­րա­րու հետ: Սի­րու­նին լսո­ղու­թեան մէջ կ՚ար­ձա­գան­գեն ա­նոնց խօս­քե­րը.

-Ե­րե­ւա­նը մեզ չի սի­րում, ա­յո, չի՛ սի­րում: Ա­ռաջ ինչ լաւն էր ան, իջ­նում էիր ու քայ­լում փո­ղոց­նե­րում: Բո­լո­րը ժպտում էին: Մար­դիկ եր­ջա­նիկ էին: Բո­լո­րը, բո­լո­րը եր­ջա­նիկ էին, ո՛չ միայն մշա­կու­թա­յին աս­պա­րէ­զում աշ­խա­տող­նե­րը: Բո­լոր, բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րում աշ­խա­տող­նե­րը հան­գիստ էին, ապ­րում էին, է­լի: Ես հի­մի 63 տա­րե­կան հա­սա­կումս եմ, թո­շակ եմ ստա­նում, ո­րը մեզ մի-եր­կու օր էլ չի հե­րի­քի: Ա­մու­սինս ստի­պուած 70 տա­րի­քում աշ­խա­տում ա, որ ըն­տա­նիք պա­հի: Բայց ես հոս եմ մե­ծա­ցել, հոս եմ ապ­րել ու հա­սակ ա­ռել, գի­տեմ ա­մէն մի քայ­լա­փո­խի ի՞նչ կայ Ե­րե­ւա­նում: Ապ­րում էինք Ա­բո­վեան փո­ղո­ցում, վեր­ջին տա­րի­նե­րին տե­ղա­փո­խուե­ցինք Կո­մի­տա­սի ա­ւե­լի է­ժան թա­ղա­մա­սե­րը:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րու շրջանն է, կար­ծես ժո­ղո­վուր­դին լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը խամ­րեր է, հիաս­թա­փու­թիւ­նը պա­տած է բո­լո­րին ու ա­մէն ոք իր ձե­ւով կը գան­գա­տի, ա­ռիթ մ՚է կար­ծես ցա­ւե­րը լա­լու ու բարձ­րա­ձայ­նե­լու, պոռթ­կա­լու, նոյ­նիսկ այն պա­րա­գա­յին, երբ գի­տէ ժո­ղո­վուր­դը որ լսող չու­նի, բայց ա­զատ խօ­սե­լու ու ար­տա­յայ­տուե­լու ի­րա­ւուն­քը ու­նի կ­­՚ե­րե­ւի, քա­նի այս շրջա­նին բո­լո­րին ար­ծար­ծած նիւթն է, ոչ միայն այս մա­միկն է, որ կը գան­գա­տի, բայց այն­քան հա­մեստ է այս մա­մի­կին գան­գա­տը, որ ուղ­ղուած է մայ­րա­քա­ղա­քին, քա­րե­րուն, բայց ոչ՝ ան­հատ­նե­րուն: Կան նաեւ յոյ­սով ա­պա­գան տես­նող­ներ, ինչ­պէս աս մա­մի­կին զրու­ցա­կի­ցը.

-Յի­սուն տա­րի ա ինչ փայ­փա­յում ենք բա­րե­փո­խում­նե­րի յոյ­սե­րը, բայց ես յու­սով եմ, որ կը գայ մի օր, ե­թէ ոչ մենք, թէ­կուզ եւ մեր թոռ­նե­րը ա­կա­նա­տես կը լի­նեն այդ բա­րե­փո­խում­նե­րին: Ե­րե­ւա­նը մեզ կրկին կը սի­րի:

-Ե՞րբ է լի­նե­լու այն, երբ Ե­րե­ւա՞նն էլ ծե­րե­րու քա­ղաք լի­նի, ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի միւս բո­լոր մար­զե­րը:

Այ քեզ բան...: Մար­դիկ ինչ մտա­ծում­նե­րու մէջ են, մինչ Սի­րուն մէյ մը կը նա­յի իր ձեռ­քի տոպ­րակ­նե­րուն, մէյ մըն ալ դէ­մը կանգ­նած տա­րեց­նե­րուն:

Հա­շուիչ մե­քե­նա­նե­րը աշ­խա­տիլ կը սկսին ու բազ­մու­թեան կար­գը հետզ­հե­տէ կը նօս­րա­նայ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2017