ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Երբ բարի, չար ու վարձկան հովիւներուն մասին ըսաւ, հիմա ոչխարներու զանազանութեան մասին կ՚ըսէ:

Ասիկա կրկնակի նշանով. նախ՝ հովիւին եւ ոչխարներուն ճանաչումի անդրադարձութեան համար, ինչպէս այստեղ կ՚ըսէ. «Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան» (Յհ 10.14): Երկրորդ՝ հովիւի սիրոյն մասին, որ ոչխարներուն հանդէպ ունի, այնտեղ. «Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար» (Յհ 10.15):

Առաջինին մասին կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ե՛ս եմ իրաւ [քաջ] հովիւը: Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան» (Յհ 10.14):

Մեկնութիւն. ինչպէս մարմնաւոր հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները դրոշմամբ, կերպով ու խնամելով, այդպէս ալ ոչխարը հովիւին կը ճանչնայ, միշտ անոր նայելով, ինչպէս նաեւ ձայնէն ու հոգատարութենէն, այսպէս ալ ճշմարիտ Հովիւը՝ Քրիստոս, հաւատացեալները կը ճանչնայ հաւատքով, մկրտութեամբ, բարի գործով եւ Աւետարանին շնորհքով:

Դարձեալ՝ Աստուծոյ ճանաչումը կրկնակի է. նախ՝ տեսական ճանաչում, եւ ասով Աստուած բոլորին գիտէ բարի եւ չար, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ» (Եբր 4.13): Երկրորդ՝ Աստուծոյ ճանաչումը կ՚ըսուի հաճոյական սիրով եւ հոգացողութեամբ, եւ Քրիստոս ալ այս կրկնակի կերպերով կը ճանչնայ Իր հաւատացեալները: Դարձեալ՝ Աստուած կը ճանչնայ եղածները, ըլլալիլքներն ու սիրտին մէջ ծածուկ բաները: Եւ այսդպէս ալ Քրիստոս կը ճանչնայ այն՝ ինչ որ մարդը չի ճանչնար: Դարձեալ՝ ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ այնտեղ Քրիստոս կը ճանչնայ, որովհետեւ բազմաթիւ վարձքեր կը հատուցէ եւ յաճախ պարգեւներ եւ անկողոպտելի փառք:

Ասիկա չորս մտով իմացիր. նախ՝ որդիներուն, վարձկաններուն եւ ծառաներուն է: Երկրորդ՝ հոգիին, մարմինին եւ միտքին: Երրորդ՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ համար: Չորրորդ՝ հարիւրաւոր, վաթսունաւոր եւ երեսնաւոր:

Խօսք. «Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ Ես՝ Հայրը» (Յհ 10.15):

Մեկնութիւն. նախ՝ որովհետեւ գիտութեամբ Հօր հաւասար է, ապա՝ Հօր հետ էութեամբ հաւասար Աստուած է, եւ ասիկա բաժանմամբ պէտք չէ իմանալ, այլ՝ միութեամբ, քանի որ ինչպէս որ էութեամբ Բանն Աստուածը միացած է Իր մարդկութեան եւ բնութեամբ ու անձով մէկ է, այդպէս ալ մէկ է գիտութեամբ, մէկ է կամքով, եւ ինչպէս մարդկայինները Բանն Աստուծոյ հետ միաւորեալ մէկ է անբաժանելի, այդպէս ալ եղական գիտութիւնը անեղ գիտութեան հետ միացած է եւ ստեղծական կամքով անստեղծ կամքին հետ միաւորուած է, որովետեւ Բանին եւ մարմինին անճառ միաւորութենէն ետք, այլեւս երկուութիւն չունի եւ ոչ ալ բաժանում, եւ եթէ ոեւէ մէկը Քրիստոսի մէջ կը բաժնէ բան մը բնաւորական գոյացութենէն, ինքը բաժնուած թող ըլլայ եւ հեռացուած Քրիստոսի շնորհներու միութենէն եւ Անոր փառքէն թող զրկուի:

Ասկէ ետք կը դնէ երկրորդ նշանը, որն է հովիւին ճշմարիտ սէրը հաւատացեալներուն նկատմամբ:

Խօսք. «Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար» (Յհ 10.15):

Մեկնութիւն. այն է իր կեանքը տալ, քանի որ Քրիստոս կամաւորապէս մեռաւ հաւատացեալ մարդոց համար եւ հոգին մարմինէն բաժնուեցաւ, սակայն հոգին ու մարմինը միշտ միաւորուած մնացին Աստուծութեան մօտ, որովհետեւ անձը հոգի կ՚ըսէ, որ Հօր Աստուծոյ մատուցեց, ինչպէս կ՚ըսէր. «Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս» (Ղկ 23.46): Որովհետեւ հրեաները կը կարծէին, թէ միայն իրենք էին ոչխարներ եւ միայն իրենց համար պիտի մեռնէր, այդ պատճառով այս կարծիքը կը վերացնէ:

Խօսք. «Տակաւին [գրաբարով՝ նա] ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ» (Յհ 10.16):

Մեկնութիւն. հեթանոսներուն համար կ՚ըսէ, որոնք փարախէն եւ հրեաներու ժողովարանէն չէին:

Իսկ ըսելը՝ նա, երեք բան կը ցուցնէ. նախ՝ նախդիր բառ է, երկրորդ՝ դերանուն է, երրորդ՝ բացասական է, ինչպէս ըսել, թէ՝ ոչ, ինչպէս Դաւիթը կ՚ըսէ. «Նա [տակաւին]՝ երանի այն ժողովուրդին, որուն Տէր Աստուած օգնական է» (տե՛ս Սղ 143.15), քանի որ հրեաներուն ենթադրութիւնը ժխտելով կը վերցնէ, եւ դերանունը ի դէմս հեթանոսներուն կ՚ըսէ, իսկ նախդիրը բառին խօսքին սկիզբն է:

Այստեղ չորս հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին հարցում. թէ հեթանոսները ինչպէ՞ս Անոր ոչխարներն էին, որովհետեւ տակաւին հաւատացեալներ չէին:

Պատասխան. նախ՝ որովհետեւ թէեւ հնազադութեամբ Իրը չէին, այլ՝ նախասահմանութեամբ Իրն էին: Երկրորդ՝ թէեւ հաւատքով Իրը չէին, բայց արարչութեամբ Իրն էին:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ. «Պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել» (Յհ 10.16):

Պատասխան. որովհետեւ հրեաներէն աւելի անոնք պարտական էին չորս պատճառով. նախ՝ ազգերու բազմութեան պատճառով: Երկրորդ՝ քանի որ դիւրահաւաններ էին: Երրորդ՝ որովհետեւ ճշմարտութիւնը ստացան եւ ոչ՝ օրինակը: Չորրորդ՝ քանի որ կատարեալ ու հաստատուն մնացին Հաւատքի մէջ: Իսկ հրեաները ասոր հակառակ քիչ էին, ո՛չ դիւրահաւան, ոչ կատարեալ եւ հաւատքի մէջ փոփոխուող:

Երրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ. «Մտիկ պիտի ընեն ձայնիս» (տե՛ս Յհ 10.16):

Պատասխան. քանի որ, թէեւ առաքեալները հեթանոսներուն հաւատքի բերին, սակայն Քրիստոսի գործակցութեամբ էր, ինչպէս Մարկոսը կը գրէ վերջաւորութեան. «Իսկ անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը երթալով՝ Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին» (Մր 16.20):

Իսկ ձայնին, կ՚ըսէ, կը լսեն հինգ պատճառով. նախ՝ որովհետեւ միջնորդներով խօսեցաւ: Երկրորդ՝ քանի որ օտարներ էին: Երրորդ՝ որովհետեւ թիւով շատ էին: Չորրորդ՝ քանի որ յայտնապէս քարոզուեցաւ անոնց: Հինգերորդ՝ որովհետեւ դիւրութեամբ լսեցին, այդ պատճառով ձայն կ՚ըսէ:

Չորրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ. «Պիտի ըլլան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւով» (Յհ 10.16):

Մեկնութիւն. նախ՝ քանի որ սատանան ցրուեց մարդկութիւնը տեսակ-տեսակի կուռքերու եւ զանազան մեղքերու, Քրիստոս հակառակ անոր՝ [սատանային], մէկ հաւատքի ու մէկ հովիւի շուրջ հաւաքեց: Երկրորդ՝ որովհետեւ Ինք Քրիստոս բաժանումէն միութեան եկաւ, այդ պատճառով ալ բաժնուած ազգը միութեան կը բերէ, այսինքն՝ մէ՛կ հաւատքով, եւ մէ՛կ մկրտութեամբ, եւ մէ՛կ հաղորդութեամբ, եւ մէ՛կ յոյսով, եւ սիրով, եւ այլն:

Քրիստոնեաներուն միջեւ միութիւն է, եւ եթէ ոեւէ մէկը ըսէ՝ պէտք է մէկ գլուխ ըլլայ, ինչպէս օրինակ՝ Հռոմի Պապը, կ՚ըսենք, թէ՝ ամբողջութեամբ սուտ են չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ Քրիստոս առաքեալներուն հաւասարապատիւ կերպով տուաւ դատողութեան տասներկու աթոռները: Երկրորդ՝ որովհետեւ երբ համբարձաւ, Իր ձեռքերը առաքեալներուն վրայ դրաւ եւ զանոնք կաթողիկոսներ ըրաւ: Երրորդ՝ քանի որ առաքեալները իւրաքանչիւր ազգի համար եպիսկոպոսներ ձեռնադրեցին: Չորրորդ՝ որովհետեւ Նիկիոյ Ժողովին ժամանակ չորսի բաժնեցին աշխարհի չորս կողմերը՝ ըստ չորս աւետարանիչներուն, իսկ Երուսաղէմը, Կիպրոսը եւ Հայքը ինքնագլուխ հաստատեցին:

Իսկ եթէ մէկը ըսէ, թէ ինչպէ՞ս Հայ ազգը երեք կաթողիկոս ունի, որովհետեւ պատշաճ չէ մէկ մարմինի համար երկու կամ երեք գլուխ ունենալ, կամ մէկ հարսին երեք փեսայ: Այս մասին կ՚ըսենք, թէ մէ՛կ ճշմարիտ կաթողիկոս եւ մէ՛կ գլուխ կայ Հայ ազգին, որ Սուրբ Գրիգորէն շարունակուեցան մինչեւ այսօր, իսկ աղուաններունը հայերունը չէ, այլ՝ աղուաններուն կաթողիկոսն է, եւ Լուսաւորիչէն կարգուած է մեր Սուրբ Գրիգորիսը՝ իր թոռը: Իսկ Աղթամարայն թերակատար եւ սուտ անուն է, կաթողիկոս չէ՛, այլ՝ արքեպիսկոպոս, եւ հիմա ապստամբած է ո՛չ թէ օրինաւոր, այլ՝ բռնութեամբ իրենց զիրենք կաթողիկոս կը կոչեն, միայն անունով եւ ո՛չ իրապէս ստացած սուտ անուն, ինչպէս եղջերուաքաղն ու յարալէզը:

Այսքանը այս մասին:

Ասկէ ետք կատարեալ սէրը կը ցուցնէ, որ Քրիստոս ոչխարներուն նկատմամբ ունի:

Խօսք. «Հայրը զիս կը սիրէ, որովհետեւ կեանքս կու տամ» (Յհ 10.17):

Մեկնութիւն. չորս է իմացումը. նախ՝ որովհետեւ Հայրը կը սիրէ զիս, այսինքն՝ Հօր սիրոյն համար որ Իմ նկատմամբս ունի, զիս ղրկեց ոչխարներու փրկութեան համար: Երկրորդ՝ Հայրը այն պատճառով կը սիրէ զիս, այսինքն՝ Հօր հնազանդելուս համար, որովհետեւ Հօր կամքը կատարեցի: Երրորդ՝ հոգիի սրբութեան եւ մարմինի չարչարանքներուն համար Հայրը կը սիրէ զիս: Չորրորդ՝ հեթանոսներուն մէկ հաւատքի եւ մէկ հովիւի շուրջ հաւաքելուս համար Հայրը կը սիրէ զիս: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 97

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021