Որպէսզի Սփիւռք(ներ)ի Մէջ Հայերէնը Ուսուցուի Եւ Իւրացուի Որպէս «Կեանքի Լեզու»

Հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ «կեան­քի լե­զու» է, իր դպրոց­նե­րով, բար­բառ­նե­րով, փո­ղո­ցի լե­զուով, թեր­թե­րով, ձայ­նաս­փիւ­ռով, հե­ռա­տե­սի­լով, գրող­նե­րով:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ հա­յե­րէ­նը «կեան­քի լե­զու» չէ, քա­նի որ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, ա­ռօ­րեան, գի­տու­թիւ­նը, կեան­քը ընդ­հան­րա­պէս, կը շնչեն շրջա­պա­տի լե­զուով: Նոյ­նիսկ «հայ­կա­կան վար­ժա­րան»ի պա­րա­գա­յին, հա­յե­րէ­նը դա­սա­կան-տար­րա­կան-ան­ցե­լա­պաշտ-կա­րօ­տի եւ ար­դէն իսկ նուա­զած կամ ան­հե­տա­ցած ե­րէց­նե­րու լե­զու է, ան­մի­ջա­կա­նի չա­ռըն­չուող:

Քա­ղա­քակր­թա­կան եւ ըն­կե­րա­յին խնդիր՝ որ շեշ­տուած է կա­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած ձե­ւով դի­մագ­րա­ւե­լու մեր ան­կա­րո­ղու­թեամբ եւ պէտք է ը­սել՝ չկա­մու­թեամբ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ծա­ւա­լած են յա­ջոր­դա­կան նա­հանջ­նե­րը, պատ­շա­ճեց­ման ար­դա­րա­ցու­մով:

Հայ­րե­նի­քի տի­րու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն եւ ա­նոնց ա­ռանց­քին գտնուող ինք­նու­թիւ­նը տե­ւա­բար զի­ջած են եւ կը զի­ջին ի­րենց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, տեղ մը շատ, այլ տեղ նուազ գու­նա­թա­փու­մով:

Մար­զա­կան միու­թեան ան­դամ մը, այժմ հան­գու­ցեալ, կ՚ը­սէր թէ Ֆրան­սա նոր հաս­նող հա­յե­րուն ֆրան­սե­րէն սոր­վեց­նե­լու յա­տուկ ճի­գի կա­րիք չկայ, ա­նոնք կը սոր­վին՝ երբ փո­ղո­ցին մէջ կը քա­լեն, լսե­լով, հա­ղոր­դակ­ցե­լով, ցու­ցա­նակ­նե­րը կար­դա­լով: Ան ու­րեմն «կեան­քի լե­զու է»: Այդ­պէս են սփիւռք­նե­րը «հիւ­րըն­կալ» եր­կիր­նե­րու մէջ:

Հայ­րե­նա­մերձ աշ­խար­հագ­րա­կան շրջան­նե­րու մէջ, զա­նա­զան ազ­դակ­նե­րու բե­րու­մով, հա­յե­րէ­նը դեռ մա­սամբ կը տո­կայ եւ կը մնայ «կեան­քի լե­զու», շա­տե­րու հա­մար ալ դառ­նա­լով «հաց պա­նի­րի լե­զու», ինչ­պէս ը­սած է Շա­ւարշ Մի­սա­քեան: Բայց ա­մէ­նու­րեք, կրթա­կան-ու­սում­նա­կան հա­մա­կար­գի ճընշ-ման տակ, հա­յե­րէ­նը աս­տի­ճա­նա­բար, ա­ռա­ւել կամ նուազ թա­փով, կը դադ­րի կեան­քի լե­զու ըլ­լա­լէ:

«Հայ­կա­կան վար­ժա­րան»ի,- հոն ուր ան կայ,- տե­սա­կա­րար (specifique) խտու­թիւ­նը կը նուա­զի, քա­նի որ հա­յե­րէ­նը դա­սա­ժա­մի լե­զու է, եր­բեմն ալ եր­գի եւ պա­րի: Բո­լոր միւս ա­ռար­կա­նե­րը, տե­ղա­կան եւ այլ լե­զու­ներ, գի­տու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ մար­զան­քի պա­հեր, ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուին կեան­քին, օ­տա­րա­լե­զու են: Այ­սինքն հայ ա­շա­կեր­տը աշ­խար­հը չի ճանչ­նար հա­յե­րէ­նով, ուր­կէ հա­յե­ցի կրթու­թեան դի­մագ­րա­ւած մեծ եւ գրե­թէ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի դժուա­րու­թիւ­նը, ո­րուն վրայ պէտք է գու­մա­րել ծնող­նե­րու ստուար մե­ծա­մաս­նու­թեան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ձգտող գործ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը, որ տեղ չի տար հա­յե­րէ­նի իւ­րաց­ման, թիւր եւ նախ­նա­կան ման­կա­վար­ժու­թեան մը հե­տե­ւե­լով:

Գործ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ ա­նոր հե­տե­ւող զի­ջում­նե­րը կ՚ար­գի­լեն, որ հա­յե­րէ­նը դառ­նայ կեան­քի լե­զու: Այդ ը­նե­լու հա­մար հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման դա­սա­գիր­քե­րը եւ ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը ար­մա­տա­կան վե­րա­տե­սու­թեան չեն են­թար­կուած:

Այս մա­սին մտա­ծե­ցի տպա­ւո­րուած ըլ­լա­լով փա­րի­զեան շրջա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի մը ու­սո­ղու­թեան դա­սին ներ­կայ ըլ­լա­լով: Դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը ֆրան­սե­րէ­նով էր: Բայց ու­սու­ցի­չը ֆրան­սե­րէն բա­ռին կող­քին կը յի­շեց­նէր եւ կը կրկնէր նաեւ հա­յե­րէ­նը: Կ՚ը­սէր՝ diagonale եւ կ՚ա­ւելց­նէր՝ հա­տա­նող, կ՚ը­սէր՝ triangle equilateral եւ կ՚ա­ւելց­նէր հա­ւա­սա­րա­կողմ ե­ռան­կիւն: Ու­րեմն, Սփիւռք(ներ)ի մէջ, հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը որ­պէս իս­կա­կան «կեան­քի լե­զու» յա­ջո­ղե­լու հա­մար երկ­լե­զուա­նի ու­սուց­ման պի­տի դի­մէ, bilinguisme:

Հարկ է կրկնել, որ երկ­լե­զուա­նի ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր եր­կու լե­զուի ու­սու­ցում, այլ եր­կու լե­զուով աշ­խար­հա­ճա­նա­չո­ղու­թիւն: Այս ման­կա­վար­ժու­թեան յա­ջո­ղու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է պատ­րաս­տել հա­յե­րէ­նէն զատ նաեւ միւս ա­ռար­կա­նե­րը ու­սու­ցա­նող եւ հա­յե­րէ­նի տի­րա­պե­տող ու­սու­ցիչ­ներ: Օ­րի­նակ, երբ մար­զան­քի ու­սու­ցի­չը հա­յե­րէն կը խօ­սի եւ խա­ղե­րը նաեւ հա­յե­րէ­նով կ՚ըլ­լան, հա­յե­րէ­նը կը դառ­նայ «կեան­քի լե­զու»:

Դեռ մէկ սե­րունդ ա­ռաջ, մաս­նա­ւո­րա­բար մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան հայ գա­ղութ­նե­րու հայ­կա­կան նա­խակր­թա­րան­նե­րուն մէջ, աշ­խար­հագ­րու­թիւն, ի­րա­գի­տու­թիւն, մար­դա­կազ­մու­թիւն, բնա­գի­տու­թիւն, թուա­բա­նու­թիւն հա­յե­րէ­նով կը դա­սա­ւան­դէին: Հի­մա փոր­ձե­ցէք հայ­կա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հարց­նել, թէ ի՞նչ բան են մի­ջօ­րէա­կա­նը, զու­գա­հե­ռա­կա­նը, ձգո­ղու­թիւ­նը, ա­ւի­շը, ծի­րը, ար­ջաս­պը, ճակն­դե­ղը, շող­գա­մը, թմբին, մա­նա­նե­խը, ծոծ­րա­կը, ա­նու­թը…։ Նուա­զուր­դի են­թար­կուած լե­զուով կա­րե­լի չէ աշ­խար­հա­ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, եւ ան կը դադ­րի ըլ­լա­լէ «կեան­քի լե­զու»: Բո­լոր ծա­ռե­րը «ծառ» են, ոչ կաղ­նի, ոչ բար­տի, ոչ սօ­սի, ոչ կնձնի: Երբ իր հարս­տու­թեամբ «կեան­քի լե­զու» չէ հա­յե­րէ­նը, ան կը գտնուի կորս­տեան վտան­գին տակ:

Սփիւռ­քեան կա­ցու­թիւ­նը է ինչ որ է: Սա­կայն փո­խա­նակ են­թար­կուե­լու աս­տի­ճա­նա­կան նա­հան­ջի հիւ­ծախ­տին, ին­չո՞ւ չմտա­ծենք յա­տուկ կեր­պով մտա­ծուած եւ մշա­կուած հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման դա­սա­գիր­քե­րու մա­սին, որ­պէս­զի հա­յե­րէ­նը վե­րա­ծուի ար­տա­յայտ­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով իւ­րա­ցուած լե­զուի:

Ինչ­պէ՞ս:

Ա­ռա­ջին հեր­թին անհ­րա­ժեշտ է մշա­կել դա­սա­գիր­քե­րու շարք մը, ո­րուն մէջ կը նե­րառ­նուին կեան­քի ա­ռըն­չուող ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եզ­րեր, ինչ­պէս յի­շե­ցի գի­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գան, խմբագ­րե­լով է­ջեր, ո­րոնք ծա­նօթ գրող­նե­րու գրա­կան է­ջեր չեն: Այդ է­ջե­րուն մէջ կը գոր­ծա­ծուին այն բա­ռե­րը, ո­րոնց ա­շա­կեր­տը կը հան­դի­պի լե­զուի դա­սե­րէն դուրս ու­սու­ցուող ա­ռար­կա­նե­րուն մէջ: Այս աշ­խա­տան­քը սի­րո­ղա­կա­նէ տար­բեր մա­կար­դա­կի վրայ պէտք է ի­րա­գոր­ծել:

Ա­պա, եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քով, պատ­րաս­տել հա­յե­րէն գիտ­ցող ու­սու­ցիչ­ներ, ո­րոնք կ՚ու­սու­ցա­նեն պե­տա­կան քննու­թիւն­նե­րու ծրագ­րա­յին նիւ­թե­րը, կա­մուրջ­ներ հաս­տա­տել հա­յե­րէ­նի հետ, փոխ­ներ­թա­փան­ցու­մով, որ­պէս­զի ան ըլ­լայ իս­կա­պէս «կեան­քի լե­զու»: Այս­քա՜ն էա­կան խնդի­րի օ­րա­կար­գով հարկ է կազ­մա­կեր­պել ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով օժ­տուած աշ­խա­տան­քա­յին ժո­ղով­ներ, յան­գիլ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, յատ­կաց­նե­լով հա­մա­հա­մայն­քա­յին եւ հա­մա­հայ­կա­կան վար­կեր: Թե­րեւս այ­սօր դեռ կա­րե­լի է կան­խել վերջ­նա­կան ա­ղէ­տը:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի գոր­ծադ­րու­թեան, ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը մրցակ­ցա­կան մթնո­լոր­տէ հե­ռա­նա­լով, հարկ է որ ստեղ­ծեն հա­մա­խո­հու­թիւն: Այ­լա­պէս օր մը Սփիւռք(ներ)ի մա­սին կը խօ­սուի ան­ցեա­լով, քա­նի որ ան­ցած կ՚ըլ­լանք օ­դա­չու­նե­րու բա­ռե­րով՝ «ան­վե­րա­դար­ձի կէ­տը», point of no return:

Ար­տա­քին ու­ժեր լու­ծում պի­տի չբե­րեն:

Նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն կ՚են­թադ­րէ զգա­ցա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թե­նէ եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան «տու­րիզմ»է տար­բեր ո­րակ:

Մե­ծա­պէս դաս­տի­րա­կիչ է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի տնօ­րէ­նին խօս­քը, զոր յա­ճախ կը կրկնեմ. «Վա­ղը միշտ ուշ է»: Յո­ռե­տես պէտք չէ ըլ­լալ. թե­րեւս դեռ այ­սօր շատ ուշ չէ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քուինզ, Նիւ Եորք

Շաբաթ, Մայիս 6, 2017