ՓԱՐԻԶԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏԱՃԱՐԻ ՀՐԴԵՀԻՆ ԱՌԹԱԾ «ԵԼԵԿՏՐՈՇՈՔ»Ը (ELECTROCHOC) ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ
Աստուածամօր տաճարի բոցերու պատկերներուն հետեւեցայ հեռատեսիլէն: Անխօս: Մտածելու ունակութիւնս կորսնցուցած: Անզօրութեան զգացումով համակուած:
Ինչպէս շատեր, ես ալ տարուեցայ հրդեհի պատճառի ենթադրութիւններով: Կասկածներ միշտ պիտի ըլլան եւ պիտի տեւեն: Տաճարի վերակառուցումը կը տեւէ հինգ թէ տասը տարի, իրադարձութեան ստեղծած ցնցումին բաղդատած՝ երկրորդական է: Հաւատացեալը պիտի խորհի, որ հրդեհի հետեւած յուզման ալիքը եւ հոգեբանական ցըն-ցումը ցուցանիշ մըն են, իսկ քաղաքակրթութեամբ եւ մշակոյթով ցարդ ինքզինք սահմանած երկիրը՝ Ֆրանսան, անոր հունով Եւրոպան եւ անկէ ալ անդին, ինքնութիւն եւ համամարդկային առաքելութեան մը ներիմացական (intuitif) ըմբռնումի դրսեւորումը կարծէք գտած են. մարդիկ, երեւելիներ եւ համեստներ:
Միշտ կարելի է խորհիլ, նիւթապաշտ եւ գռեհիկ մօտեցումով, որ Աստուածամօր տաճարը, Էջմիածինը, Աղթամարի Ս. Խաչը եւ Նիւ Եորքի Ս. Փաթրիք եկեղեցիները մարդոց ձեռքով շինուած են, աստուածային չեն, մէկտեղուած քարեր են, քարակոյտ են: Եթէ անոնք չըլլան, մոլորակը պիտի դադրի դառնալէ: Ինչպէս գիրքերը, եթէ անոնցմէ վերցուին իմաստ փոխադրող գիրերը եւ բառերը, թուղթ եւ մելան են, անոնք ըլլան Աստուածաշունչ մատեան, Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան», թէ Մարքսի հատոր: Նոյնը կարելի է խորհիլ եւ ըսել մարդուն համար, որ ան որոշ ծանրութեամբ նիւթի եւ ջուրի կոյտ է:
Նոյնիսկ, առանց կորսուելու կրօնական-բնազանցական (metaphysique) վերլուծումներու մէջ, կրնանք յանգիլ այն եզրակացութեան, որ կայ տիեզերքի անհունութեան եւ պատմութեան մէջ յանկարծ յայտնուած կեանքը, զոր ընթացիկ բնորոշումով կը կոչենք հրաշք՝ առանց այս յղացքը բանտարկելու այս կամ այն կրօնի մէջ: Իսկ մարդկային իրականացումները, անոնք ըլլան Եգիպտոսի բուրգերը, դարերու հնութիւն ունեցող քարայրներու մէջ գծուած պատկերները, քանդակները, եկեղեցիները, ամբարտակները, արուեստի գործերը, տիեզերանաւերը՝ շարունակութիւն են կեանք-հրաշքին: Կեանքի հրաշք, որ կ՚ըմբռնէ այդ բոլորը, այսինքն՝ գիտակցութիւն:
Ֆրանսայի հանրային կարծիքը, տասնամեակներու ընթացքին, զանազան վարդապետութիւններու, նիւթապաշտութեան, զբօսի գինովութեան, վախի եւ այլ բացասականութիւններու ճնշման տակ հեռացած էր հոգեկան-ոգեկան եւ բարոյական արժէքներէ: Աստուածամօր տաճարի հրդեհը փրկարար ցնցում էր, որպէսզի վերստին արթննայ արժէքներու հանդէպ գիտակցութիւնը: Այդ արժէքները տեղի տուած էին անմիջական շահախնդրութիւններու, դիրքապաշտութեան, աւելի պարզ խօսելով՝ վասն քուէի ստացման ծարաւի առջեւ: Կարելի է ենթադրել, որ այս ցնցումը Ֆրանսայի ժողովուրդը վերստին կը դնէ պատմութեան ընթացքին իր աստիճանաբար նուաճած արժէքներու ճիշդ ուղիին վրայ, զոր սովորաբար կը կոչենք՝ մարդկայնութիւն, հիւմանիզմ:
Բայց՝ ոչ միայն ֆրանսացին: Ութ-ինը դար առաջ, երբ այսօրուան գիտական-արհեստագիտական միջոցները չկային, հաւատքի, գեղեցիկի եւ խորհուրդներու ունկնդիր մարդիկ կառուցած էին այս տաճարը: Ճիշդ է նաեւ, որ այլ երկինքներու տակ, տարբեր ժողովուրդներ ալ, հպատակելով նոյն տեսիլքներուն, կառուցած են տաճարներ եւ կոթողներ, որոնցմէ շատեր քանդուած են եւ կը քանդուին, ուշադրութեան առարկայ չեն ըլլար, նոյնիսկ եթէ նման հարցերով զբաղող Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն այդ ուղղութեամբ ճիգեր կ՚ընէ, թէեւ՝ միշտ անբաւարար: Թերեւս ալ անզօր՝ քաղաքական եւ անկեղծ համագործակցութեան պակասի պատճառով: (…):
Պէտք է վերականգնել Փարիզի Աստուածամօր տաճարը՝ որպէս քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի յիշատակարան այսօրուան եւ գալիք սերունդներուն համար, համամարդկային պարտականութեան գիտակցութեամբ: Միաժամանակ յիշեցնելով, որ համամարդկայինը ո՛չ մասնակի է եւ ո՛չ տեղայնական: Այսինքն՝ չթոյլատրել աւերածութիւնը եւ չմոռնալ հին ու նոր, մօտ ու հեռու աւերածութիւնները, անոնք ըլլան պատահար, բնութեան աղէտ, թէ մարդոց չարութեան եւ մոլեռանդութեան հետեւանք: Աղէտներու եւ չարիքներու դէմ պայքարը ո՛չ մասնակի պէտք է ըլլայ, ո՛չ ալ կողմնապաշտ, արդար ըլլալու համար պէտք է ըլլայ համամարդկային՝ զօրաշարժի ենթարկելով արժէքներու, գեղեցիկի, ոգեկանի հաւատացող բոլոր բարիկամեցողութիւնները:
Ճիշդ է, որ մեր ժողովուրդի ուժերը վտիտ են մեր մշակութային եւ ոգեկան արժէքները պաշտպանելու համար, սակայն այս տկարութիւնը պատճառ չի կրնար ըլլալ, որ մենք հանդէս չգանք համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեամբ՝ մենք մեզի հանդէպ հաւատարիմ մնալով եւ ցոյց տալով, որ համամարդկայինը ինքզինք կը դրժէ՝ մնալով մասնակիի մէջ: Այս կ՛ըսեմ այն ակնկալութեամբ, որ հայկական լումաները, որքան ալ աննշան ըլլան, արդէն իսկ միլիառներու հասնող եւրոներու կողքին, բայց նաեւ հայ տաղանդաւոր ճարտարապետներ, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, իրենց մասնագիտական աջակցութիւնը առաջարկեն եւ բերեն Աստուածամօր տաճարի վերականգնումին:
Ճիշդ է՝ պատմութեան ներկայ փուլին մեր ժողովուրդի կարիքները այնքա՜ն մեծ են, որ մտածել ուրիշի օգնութեան հասնելու մասին՝ պերճանք կրնայ թուիլ: Ճիշդ այս պատճառով իսկ մեր օժանդակութիւնը եւ մասնակցութիւնը կ՛ըլլայ օրինակելի եւ լուռ մեղադրանք՝ ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք շահախնդրութիւններով անտեսած են եւ կ՛անտեսեն մեր կոթողներու աւերումը. եկեղեցիներ, յուշարձաններ, բիւրաւոր մուրճով փշրուող խաչքարեր:
Արժէքներու հաւատացող, անոնց կարեւորութեան գիտակցող, պատմութեան նոյնիսկ դժխեմ ժամանակներու ընթացքին մշակոյթ եւ արուեստ արտադրած, ոգեկանութեան ծառայած մեր ժողովուրդին պայծառ դէմքը աշխարհին կրկին ցոյց տալու առիթ է մեր գործօն մասնակցութիւնը Աստուածամօր տաճարի վերականգնումին:
Գործն է, որ կը խօսի: Անշահախնդիր գործը վեհանձնութիւն է եւ պատուանդանը՝ բարոյականութեան, այսօրուան եւ վաղուան մարդկային իրաւութեամբ յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան:
Միշտ պէտք է մտածել ՕՐԻՆԱԿԻ ԱՐԺԷՔ-ի մասին, որ մարդը եւ ընկերութիւնը կ՛առաջնորդէ անմիջականի գերանցումին եւ կը մարդկայնացնէ մեր արարքները:
Այդ արժէքին պաշտպանութեան համար ուխտի պէտք է երթալ Փարիզի Աստուածամօր տաճարը, Աղթամարի Ս. Խաչ եւ Անիի Հովիւի եկեղեցիները® առանձին, կամ՝ բարի կամեցողութիւն ունեցողներով:
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը դարերու ընթացքին ապրած մեր նախահայրերու վաստակին հանդէպ հաւատարմութիւն է, այդ ժառանգութեամբ է, որ այսօր ունինք նիւթական, իմացական եւ ոգեկան այն հարստութիւնը, որ կեանքին կու տայ իմաստ եւ երանգ:
Անտարբեր ըլլալ՝ պիտի նշանակէ վերադարձ նախնականութեան:
19 ապրիլ 2019, Երեւան