ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ ըսածը. «Սիրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, բայց լեզուին պատասխանը Տիրոջմէն է» (Առ 16.1):
Պատասխան. Աստուած մարդը ազատ ստեղծեց եւ անոր բանականութիւն տուաւ, որպէսզի ինք կառավարէ իր կեանքը, այլ խօսքսով, Աստուած մարդը ինքնիշխան ստեղծեց: Առ այդ, Աստուած մարդուն կատարեալ ազատութիւն տուած է ծրագիրներ մշակելու եւ այդ ծրագիրները կեանքի կոչելու համար: Բնականաբար, իրաւ մարդը, ով գիտակցութիւնը ունի, թէ ինք Աստուծոյ ձեռագործն է, իր մշակած բոլոր ծրագիրները Աստուծոյ առջեւ կը բերէ, որպէսզի օրհնութիւն ստանալով կարենայ յաջողութեան հասնիլ: Այսքանը սիրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին արտայայտութեան: Ինչ կը վերաբերի բայց լեզուին պատասխանը Տիրոջմէն է արտայայտութեան, ապա ատով պէտք է հասկնանք, որ թէեւ Աստուած մարդը ազատ ստեղծեց, սակայն, մարդուն երասանակը Իր ձեռքին մէջ պահեց, որպէսզի մարդը սայթաքելով յաւիտենապէս ինքզինք կորուստի չմատնէ: Բնականաբար, այստեղ երասանակ երբ կ՚ըսենք, նկատի չունինք, որ Աստուած մարդը որպէս մեքենայ կը պահէ Ւր ձեռքին մէջ, ո՛չ, ընդհակառակը, երասանակ ըսելով պէտք է հասկնանք՝ ուղղութեան մէջ մնալու գրաւական, որովհետեւ մարդ ինքն իրմով չի՛ կրնար ուղիղ ճամբու մէջ մնալ, այլ կարիքն ունի Աստուծոյ, ինչպէս ձին կարիքն ունի սանձի, որպէսզի ճանապարհէն չշեղի եւ ուղիղ ճանապարհով ընթանայ: Սուրբ Օգոստինոս Երանելին այս մասին կը գրէ. «Ձին ինքզինք չ՚ընտելացներ, նմանապէս մարդը այն բանը չ՚ըներ: Ինչպէս ձիուն համար անհրաժեշտ է մարդու մը ներկայութիւնը՝ զայն ընտելացնելու համար, այդպէս ալ մարդ Աստուծոյ կարիքն ունի՝ որպէսզի ընտելանայ»: Իսկ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը գրէ. «Արարիչը մեր բնութիւնը ինքնիշխան ստեղծած է: Իր ողորմութեամբ Ան մեզի միշտ Իր օգնութիւնը կու տայ՝ [միաժամանակ] մեր սիրտին խորը պահուած բաները իմանալով: Ան կը խնդրէ, կը խրատէ ու կը զգուշացնէ մեզ չար վարքէն, բայց մեզի ոչինչ կը պարտադրէ: Ան մեզի ճիշդ դեղամիջոցները ցոյց կու տայ՝ [զանոնք ընդունելու] որոշումը ձգելով հիւանդին»:
Հ. Ինչո՞ւ յաճախ կը սխալինք ու կը շեղինք ուղիղ ճանապարհէն:
Պ. Պատասխանը շատ պարզ է եւ զայն կը գտնենք Իմաստունին մօտ, որ կ՚ըսէ. «Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ՚երեւնան, բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ» (Առ 16.2): Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ՚երեւնան… Ահա մարդուն սխալելու եւ մեղքին մէջ իյնալու գլխաւոր պատճառը՝ ինքնահաւանութիւն: Ինքնահաւանութիւն, ինչ բանի պատճառով Արուսեակը՝ որ հրեշտակներուն մէջ գեղեցկագոյնն էր, երկինքէն տարտարոս նետուեցաւ եւ տգեղութեան թագաւոր դարձաւ… արդարեւ, հպարտութիւնը մարդուն կուրութեան՝ հոգեւոր կուրութեան պատճառն է, այլ խօսքով, երբ մարդ սկսի մտածել, թէ ինք ճիշդ ընթացքի վրայ է, թէ իր բռնած ճամբաները մաքուր են, ապա անպայմանօրէն պիտի սայթաքի, մինչ անոնք որոնք Աստուծոյ ողորմութեան կ՚ապաւինին, ապա անոնք իրենց հոգիները Աստուծոյ նժարին կը դնեն, որով իրենց ուղեցոյցն ու ճանապարհին Ղեկը Աստուած Ի՛նք կ՚ըլլայ, որով հակառակ կեանքի մէջ ունեցած դժուարութիւններուն ու նեղութիւններուն յաղթական դուրս կու գան՝ շնորհիւ Աստուծոյ օգնականութեան:
Հ. Ո՞րն է ամենէն դիւրին ճանապարհը յաջողութեան հասնելու:
Պ. Առակագիրը կը պատասխանէ. «Քու գործերդ Տիրոջ յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին» (Առ 16.3): Մարդ երբ ինքզինք Աստուծոյ խնամքին յանձնէ, այսինքն՝ Ինքզինք Աստուծոյ ենթակայութեան տակ դնէ, ապա անպայմանօրէն յաջողութեան պիտի հասնի, հակառակ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Աստուծոյ խնամիքն յանձնուիլ ու Աստուծոյ ենթակայ ըլլալ ըսելով նկատի չունինք ձեռքերը ծալել ու ըսել, թէ Աստուած Ինք ամէն ինչ կը հոգայ, ո՛չ, այս կերպ մօտեցումը սխալ է, աւելի հիւանդագին մօտեցում է Աստուծոյ ամենողորմութեան: Աստուծոյ յանձնուիլ եւ Աստուծոյ ենթակայ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ գծած ճանապարհով ընթանալ՝ հնազանդելով ու գործադրելով Անոր պատուիրանները: Այլ խօսքով, Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը սպասէ իր բաժին աշխատանքը, իր բաժին փորձն ու ջանքը, որպէսզի Ինք մնացեալը շարունակէ, եւ երբ դժուարութիւններու հանդիպինք, այդ դժուարութիւնները յօգուտ մեզի կը լուծէ, որպէսզի դժուարութիւններու բովէն անցենլով ա՛լ աւելի մաքրուած ու զտուած կառչինք Ւրեն եւ Իրմով զօրացած ու վահանաւորուած շարունակենք մեր պանդխտութեան տարիներու պայքարը:
Հ. Ինչպիսի՞ն են հպարտները Տիրոջ աչքին եւ անոնք առանց պատիժի՞ պիտի մնան:
Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Բոլոր սիրտով հպարտները Տիրոջ առջեւ պիղծ են, ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ անպատիժ պիտի չմնան» (Առ 16.5):
Հ. Ինչպէ՞ս կը քաւուի անօրէնութիւնը եւ մարդ չարութենէն ինչպէ՞ս կը հեռանայ:
Պ. Իմաստունը կը գրէ. «Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի ու Տիրոջ վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ» (Առ 16.6): Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ արդարեւ մարդուն անօրէնութիւնները կը քաւուին, այսինքն, երբ մարդ գիտակցի իր սխալ ընթացքին, ապաշխարէ ու զղջալով Տիրոջ վերադառնայ, ողորմութեան միջոցով կը զտուի, կը մաքրուի, կը սրբուի եւ իր բոլոր անօրէնութիւնները կը քաւուին: Իսկ երբ մարդ Աստուծոյ նկատմամբ վախ ունենայ, այլ խօսքով՝ երկիւղ ունենայ Աստուծոյ նկատմամբ, ապա չարութեան, մեղքին մասին չի՛ մտածեր, որով մղոններով հեռու կը մնայ չարութիւն խորհելէ, առաւել եւս՝ գործելէ:
Սուրբ Անտոն Անապատականը Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ ունենալու մասին այսպէս կը գրէ. «Իմաստութեան գագաթնակէտը Աստուծոյ երկիւղն է։ Ինչպէս որ երբ լոյսը մութ տուն մը մտնէ, կը լուսաւորէ զայն խաւարը փարատելով. նոյնն է Աստուծոյ երկիւղը, եթէ մարդու սիրտին մէջ մտնէ կը վանէ անկէ տգիտութիւնը եւ իմաստութիւնն ու առաքինութիւնները կը սորվեցնէ»: Դարձեալ նոյն Սուրբը կը գրէ. «Ամէն օր մեռի՛ր, որպէսզի ապրիս, որովհետեւ ով որ Աստուծմէ կը վախնայ՝ ան դարերով կ՚ապրի»:
Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացին Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ ունենալու մասին կը գրէ. «Ով որ Աստուծոյ նկատամբ անկեղծ երկիւղ ունի, այդպիսին ոչ ոքէ կը վախնայ։ Իսկ ով որ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ չունի, այդպիսին ամէն ինչէ կը վախնայ»:
Սուրբ Յովհան Ոսկերբերան Հայրապետ հպարտութեան մասին կը գրէ. «Ողորմութիւնը ազնուագոյն արուեստ է եւ ողորմացողի պաշտպանը, որովհետեւ Աստուծոյ հաճելի է, որ մենք չպղծենք զայն, իսկ այն կրնայ պղծուիլ, երբ մենք ողորմութիւն կ՚ընենք ուրիշը կողոպտելու հաշւոյն, իսկ եթէ մաքուր ձեւով կ՚ըլլայ՝ մեծ խիզախութիւն կու տայ նաեւ աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ զայրոյթը յարուցած են իրենց վրայ»:
Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը հպարտութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Հիւանդութեան վերաբերող դեղերուն նման, նաեւ հոգին մեղքերէ մաքրելու համար կան ապաշխարութեան բազմաթիւ ձեւեր. բայց մեղքերէն մաքրուելու եւ վէրքերէն դարմանուելու համար առաքինութիւններու մէջ ամենակարեւորը եւ անմենաազդեցիկը ողորմութիւնն է, մանաւանդ երբ անոր կ՚ընկերակցի ողբը, հառաչանքը եւ գթառատ արտասուքը»:
Իսկ մեր եկեղեցւոյ հայրերէն Սարգիս Շնորհալին հպարտութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Փութանք ըստ մեր կարողութեան չափազանց ողորմած ըլլալ՝ ո՛չ միայն ունեցուածքով, այլեւ խօսքով եւ կարեկից ըլլալով, որովհետեւ քաղցր եւ մխիթարիչ խօսքերը փոքր ողորմութիւն չեն համարուիր։ Տակաւին, մեղանչած եղբօր համար հոգոց հանելը, լալը, անոր սգակից եւ կարեկից ըլլալը, խրատելն ու յորդորելը դէպի բարին եւ սեփական անձին չափ սիրելը, ինչպէս նաեւ հիւանդին տեսութեան երթալն ու ասոնց նման այլ գործերը իսկական ողորմութիւն են եւ Դատաստանի օրը բարձրագլուխ պիտի պարծենան (տե՛ս Յկ 2.13)»:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին ճշմարտութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Երանի՜ անոր, ով իր կեանքը ճշմարտութեան համապատասխանեցուցած է, այլ ո՛չ թէ ամէն տեսակ սուտի որս կը դառնայ»; Դարձեալ. «Ով ճշմարտութեան մէջ կը բնակի, այդպիսին Աստուծոյ հաճելի է, բոլոր մարդոց՝ օգտակար ու ամէն գործի մէջ՝ շիտակ»:
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսպէս կը գրէ ճշմարտութեան մասին. «Ճշմարտութիւնը երբ հաւատքով սնանի, յոյսով ճրագուի եւ սէրով ճառագայթէ, անպայման կը յաղթանակէ»: Դարձեալ՝ «ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կրնան պահ մը՝ լռեցուիլ, բայց երբեք՝ թաղուիլ»:
Անթուան տը Սենթ Էքզուփերին ճշմարտութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Ճշմարտութիւնը այն է, ինչ որ աշխարհը աւելի պարզ կը դարձնէ, այլ ոչ թէ այն, ինչ որ աշխարհը քաոսի կը վերածէ։ Ճշմարտութիւնն այն չէ, ինչ ապացուցման կարիք ունի։ Այն պարզութիւնն է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 45
Վաղարշապատ