ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԺԳՈՀ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԵԼԻՔ 37 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԷՆ
Յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի մէջ պիտի ստորագրուի ամերիկա-իսրայէլեան հերթական համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը Իսրայէլին պիտի տրամադրէ տասն տարուան վրայ երկարող տնտեսական իր յատկացումը: Հակառակ երկու կողմերուն միջեւ առկայ բաւականին լարուած յարաբերութիւններուն՝ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու մետասաներորդ պահուն կ՚ընդունէր 2018 թուականին իր աւարտին հասնող համաձայնագրին թարմացումը եւ այս՝ նախքան Նախագահ Պարաք Օպամայի Սպիտակ տունը լքելը: Բացի այս բոլորէն, ակներեւ է նաեւ, որ մինչեւ այս պահը իսրայէլեան իշխանութիւնները շփոթ մը կ՚ապրին կապուած իրենց դիրքորոշման՝ Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ Նոյեմբերին կայացուելիք նախագահական ընտրութեանց վերաբերեալ: Նշեմ, որ կնքուելիք համաձայնութեան հիմամբ Ուաշինկթըն Թել Աւիւին պիտի տրամադրէ 37 միլիառ տոլարի գումար մը եւ այս յատկացումը պիտի տրամադրուի յառաջիկայ տասն տարիներուն: Այլ խօսքով՝ գործադրութեան դրուող համաձայնութեամբ Միացեալ Նահանգներ Թել Աւիւի տարեկան կտրուածքով պիտի տրամադրէ 3.7 միլիառ տոլարի պատկառելի գումար մը: Վերադառնալով իսրայէլեան կողմին՝ նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետը դժգոհ է այս ծրարէն: Նեթանիյահու անցնող շաբաթ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսած էր, որ Իսրայէլ կարիքն ունի տարեկան կտրուածքով 5 միլիառ տոլարի, որպէսզի կարողանայ աւելիով զարգացնել իր հեռահար հրթիռներու կարողականութիւնը:
Ամերիկացի վերլուծաբաններ Օպամայի վարչակազմին դրած պայմաններուն մասին խօսելով կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հիմնական նպատակը եղած է այս ձեւով «պատժել» Իսրայէլը եւ այս կերպով փորձել զսպել անոր «պատերազմական» ախորժակները ու այդպէսով հեռու պահել Նեթանիյահուի վարչակազմին պատերազմ փայփայելու մտադրութիւնն ու արկածախնդրութիւնը:
Այս բոլորէն զատ պէտք է նշել նաեւ, որ վերջին շաբաթներուն Թել Աւիւի կառավարութեան համար բաւական լարուած վիճակ ստեղծեցին երկու տարի առաջ պաղեստինեան Կազզէի մէջ զոհուած իսրայէլացի զինուորներուն ծնողները:
Այդ պատերազմին մինչ շուրջ 2200 պաղեստինցիներ զոհուեցան (մեծամասնութեամբ անզէն քաղաքացիներ), անդին իսրայէլեան բանակի 67 միաւորներ համարուեցան սպաննուած: Մինչդեռ նոյն այս թիւին մէջ կային տասնեակ զինուորներու անուններ, որոնց ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Զոհուած իսրայէլացի զինուորներու 32 ընտանիքներ միաւորուելով բաց նամակ մը յղած են Վարչապետ Նեթանիյահուին եւ Պատերազմի նախարար Էվիկտոր Լիպըրմանին, անոնցմէ պահանջելով ստեղծել յանձնախումբ մը, թափանցիկ եւ յստակ կերպով հանրութեան ներկայացնելու համար Կազզէի պատերազմին ծանր հետեւանքներուն պատճառները ու նաեւ յստակ հաշուեկշիռ մը՝ կապուած Իսրայէլի կողմէ պատերազմին համար յատկացուած գումարներուն:
Ճիշդ է, որ այս օրակարգին դիմաց Նեթանիյահու չլսելու տալով կը փորձէ ամէն գնով նիւթը փակել։ Բայց եւ այնպէս չի բացառուիր, որ այդ իսրայէլացի զինուորներուն նիւթը շահարկուի երկրին մէջ օրըստօրէ աճող ընդդիմութեան կողմէ: Տեղին է յիշեցնել, որ այսօրուան դրութեամբ Իսրայէլի ներկայ ընդդիմադիր հիմնական առաջնորդը կը համարուի երկրի նախկին պատերազմական նախարար Մոշէ Եահալոն, որ կը պատրաստուի մեծ թափով մասնակցիլ երկրին մէջ 5 Նոյեմբեր 2019 թուականին կայացուելիք Քնեսէթի (Իսրայէլի խորհրդարան) ընտրութիւններուն:
Նեթանիյահու-Եահալոն տարակարծութիւնը նոր ձեւաչափ մը կը ստանար, երբ պաղեստինցի բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի գործերուն տեղական ձայնասփիւռէ մը հնչելէն ետք (բնականաբար՝ եբրայերէնով)։ Մինչ Նեթանիյահու եւ Լիպըրմըն Տարուիշի գեղարուստական բարձր նշանակութիւն ունեցող գործերը կը քննադատէին, անոր բանաստեղծութիւնները Հիթլէրի «Մէյն Քամֆ»ին հետ համեմատելով, անդին Եահալոն կ՚ըսէր, թէ ժամանակն է, որ իսրայէլացիք հասկնան արաբ բանաստեղծին խօսքին խորքային իմաստն ու պատգամները:
Այս բոլորը կը մատնեն, որ մինչ Իսրայէլի ներկայ վարչախումբը կը շարունակէ հաւատալ իր հարեւաններուն հետ հարցերը զէնքի ուժով կարգաւորելու ընտրանքին, անդին յստակ է, որ քաղաքական նոր հարթակ ստեղծել փորձող Մոշէ Եահալոն գործող մարմիններուն դէմ եղած հակակրանքը շահարկելով պիտի փորձէ խօսիլ նոր լեզուով մը:
Թէ որքանով Եահալոն պիտի յաջողի իր թէզը յառաջ քաշել եւ ստեղծել նոր իրավիճակ մը երկրի ընդհանուր քաղաքական դաշտին մէջ, յստակ չէ, սակայն երեւելի է, որ Իսրայէլի ներկայ իշխանութիւնները իրենց հանդէպ եղած ամերիկեան նախկին նեցուկը յիշելով պիտի ապրին «նոսթալժիք» վիճակ մը:
Իր կարգին «Հաարէթց» պարբերականի վերլուծաբան Պէն Քսէպէթ դիտել կու տայ, թէ հակառակ անոր, որ Կազզէի դէմ եղած վերջին պատերազմէն անցած է երկու տարի, բայց եւ այնպէս այդ պատերազմի ընդհանուր արդիւնքները քննելու համար ստեղծուելիք որեւէ կառավարական մարմնի մը կազմութեան գաղափարը մեծ սոսկում կը յառաջացնէ Նեթանիյահուի մօտ: Ու հակառակ սպաննուած զինուորներուն ծնողներուն կողմէ կատարուած բացայայտ ճնշումներուն, երեւելի է նաեւ, որ քաղաքական դաշտին մէջ ուժեղ եւ թելադրական խօսք ունեցող ըննդիմադիր ճակատի մը բացակայութիւնը նոյնպէս կ՚օգնեն, որ այդ ծնողներուն բարձացուցած պահանջները մնան ստուերի տակ:
Բացի անկէ, որ Կազզէն միշտ ալ Նեթանիյահուին համար պատերազմի եւ մկանները ցուցադրելու լաւագոյն թիրախ է, յստակ է նաեւ, որ դիւանագիտական ոլորտին մէջ եղած արագ զարգացումները ու յատկապէս Թել Աւիւ-Անգարա սկիզբ առած սառցահալը կրնայ նաեւ արգելակի դեր կատարել վարչապետին կողմէ կատարուելիք որեւէ նոր արկածախնդրութեան դիմաց: Այս հիմունքները կան, մանաւանդ, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ իշխանութիւնները ու շատ հաւանաբար յաջորդ նախագահն ու իր վարչախումբը մեծ ճիգեր պիտի գործադրեն զսպելու համար Իսրայէլի պատերազմական ախորժակները:
Բացի այս գործարքին մանրամասնութիւնները նշելէ, պէտք է նաեւ դիտարկել, որ Պարաք Օպամայի վարչակազմը նախքան այս համաձայնութեան խմբագրումը, յաջողած էր մեծ ճնշումներու դիմելով Նեթանիյահուի կառավարութեան օրակարգէն հեռացնել շուրջ ութսուն գոնկրէսականներու առաջարկ-դիմումը, ուր ամերիկացի գործիչներ ստորագրահաւաք մը կատարելով իրենց կառավարութենէն կը պահանջէին յաւելեալ օգնութիւններ տրամադրել Իսրայէլին:
Աւարտին նշեմ, որ օրեր առաջ հերթաբար Ուաշինկթըն կը ժամանէին Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի առաջին քարտուղար Եագուպ Պենկալ եւ բանակի սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ղազի Այզընքոտ: Այս երկու բարձրաստիճան պատասխանտուները իրենց ամերիկացի գործընկերներուն հետ պիտի ստորագրեն տասն տարուան վրայ երկարող համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ նիւթական կարեւոր յատկացումներ կատարել Միջին Արեւելքի իր գլխաւոր դաշնակցին՝ Իսրայէլին:
Յստակ է, որ իսրայէլեան կողմը դժգոհ է ստորագրուելիք այս փաստաթուղթի պայմաններէն, սակայն այս բոլորին դիմաց ճարահատեալ է ու շուարած: Կ՚ուրուագծուի նաեւ, որ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու ապագան կրնայ որոշ վերիվայրումներու ենթարկուիլ, եթէ նկատի առնենք իսրայէլեան կողմին տրտնջանքները:
Հարցին տարբեր ծալքերը աւելի յստակ պիտի դառնան միայն, երբ Միացեալ Նահանգներ ընտրէ իր նոր նախագահն ու Միջին Արեւելքի յատուկ նոր քաղաքականութիւնը: Ու մինչ այդ Իսրայէլ պիտի շարունակէ լսելի դարձնել իր դժգոհութիւնները՝ հակառակ անոր, որ այդ դժգոհութիւնները մանաւանդ այս «մեռած եղանակ»ին գետնի վրայ բան մը փոխելու ուժը չունին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024