Հալէպի Հայ Ծերանոցի Մամիկներն Ու Պապիկները Ապահով Ձեռքերու Մէջ Են

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռած ա­ւեր­նե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուին ա­մէ­նու­րեք, մա­նա­ւա՛նդ Հա­լէ­պի մէջ: Մղձա­ւան­ջա­յին այս ծանր օ­րե­րուն ու­նե­ցանք նա­հա­տակ­ներ, վի­րա­ւոր­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝  նիւ­թա­կան ա­հա­ւոր վնաս­ներ: Բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ դպրոց­ներ գտնը-ւե­ցան ա­նա­պա­հով շրջան­նե­րու մէջ:

Ո՞վ չտու­ժեց այս տմար­դի եւ ա­նըմբռ­նե­լի պա­տե­րազ­մէն: Սկսեալ նո­րա­ծին ե­րա­խա­յէն, որ տա­կա­ւին չի գի­տակ­ցիր, թէ ի՛նչ կը պա­տա­հի իր շուր­ջը, մին­չեւ ա­մե­նա­տա­րե­ցը, որ իր խոր ծե­րու­թիւ­նը կը փա­փա­քէր ան­ցը­նել խա­ղաղ մի­ջա­վայ­րի մէջ: Իւ­րա­քան­չիւրս՝ մեծ ու փոքր, ե­րի­տա­սարդ ու ծեր, համ­տե­սե­ցինք պա­տե­րազ­մին դառ­նու­թիւ­նը ու տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կենք համ­տե­սել:

Հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ հայ ծե­րա­նո­ցը դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւն ու­նի: Տա­կա­ւին 4-րդ դա­րուն, Ներ­սէս Մե­ծի հրա­մա­նով, կը բա­ցուին բազ­մա­թիւ աղ­քա­տա­նոց­ներ, որ­բա­նոց­ներ, հի­ւան­դա­նոց­ներ, ծե­րա­նոց­ներ եւ բա­րե­սի­րա­կան այլ հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Եր­կար պատ­մու­թիւն ու­նի նաեւ 1923 թուականին հիմ­նուած Հա­լէ­պի Հայ ծե­րա­նո­ցը: 93 տա­րուան կեանք ու­նե­ցող այս հաս­տա­տու­թիւ­նը Հա­լէ­պի մէջ շա­րու­նա­կուող մար­տե­րու պատ­ճա­ռով նոյն­պէս տու­ժած է, սա­կայն, հա­կա­ռակ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն՝ կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Նշենք, որ Հայ ծե­րա­նո­ցին պատս­պա­րեալ­նե­րը  2012 թուականէն ի վեր ե­րեք ան­գամ տե­ղա­փո­խուած են: Սկզբնա­կան շրջա­նին ա­նոնք Պոս­թան Փա­շա­յի շրջա­նէն տե­ղա­փո­խուե­ցան «Աս­տու­րեան» հի­ւան­դա­նոց, ուր մնա­ցին եր­կու օր միայն, ա­պա՝  «Վեր­ժին Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նոց, ուր ա­պա­հո­վուած էր կեն­ցա­ղա­յին ա­մէն տե­սա­կի յար­մա­րու­թիւն: Սա­կայն Նոր Գիւ­ղի մէջ կա­տա­րուած վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով, ա­նոնք եր­րորդ ան­գամ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս տե­ղա­փո­խուե­ցան Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հը:

Այս առըն­չու­թեամբ հան­դի­պում ու­նե­ցանք Հայ ծե­րա­նո­ցի տնօ­րէն Ա­ւօ Գաթր­ճեա­նին հետ, «Վ. Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նոց կա­ռոյ­ցէն ներս, ուր վերս­տին հանգ­րուա­նած են պատս­պա­րեալ­նե­րը ներ­կա­յիս:

Տնօ­րէ­նէն խնդրե­ցինք  մե­զի տե­ղե­կաց­նել, թէ Հայ ծե­րա­նո­ցը քա­նի՛ ծեր պատս­պա­րեալ ու­նի եւ ի՞նչ է ա­նոնց ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը: Ան յայտ­նեց.

Մեր ըն­տա­նի­քը կը բաղ­կա­նայ 50 ան­դամ­նե­րէ: Ու­նինք 39 ծեր պատս­պա­րեալ­ներ եւ 3 մնա­յուն պաշ­տօ­նեա­ներ, ո­րոնք եւս ա­պաս­տան գտած են Հայ ծե­րա­նո­ցէն ներս. այ­սինքն՝ 26 ի­գա­կան եւ 16 ա­րա­կան սե­ռի պատ­կա­նող պատս­պա­րեալ­ներ, ո­րոնց­մէ 10-ը ան­կա­րող տա­րեց­ներ են (7 կին եւ 3 այր): Ա­նոնք կը մնան «Վ. Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նո­ցի եր­կու յար­կե­րուն մէջ եւ 24 ժա­մուան դրու­թեամբ խնամ­քի են­թա­կայ են: 2012 թուականին Պոս­թան Փա­շան ծանր մար­տե­րու վայր դար­ձաւ, եւ յար­մա­րա­գոյ­նը նկա­տ-ւե­ցաւ «Վ. Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նո­ցի շէն­քը փո­խադ­րուիլ:

Թէեւ ան մե­զի հա­մար գաղ­թա­կա­յան է, բայց շնոր­հա­կալ ենք այս հաս­տա­տու­թեան բա­րե­րար­նե­րէն: Այս­տեղ տա­րեց­նե­րուն ա­մէն տե­սակ խնամք կը տարուի. ա­նոնց ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը հսկո­ղու­թեան տակ է եւ կեն­ցա­ղա­յին ա­մէն ինչ ա­պա­հո­վուած է՝ սնունդ, հա­գուստ, դե­ղօ­րայք եւ այլն: Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին շատ բա­ներ մեր անձ­նա­կան տու­նե­րուն մէջ չենք գտներ, սա­կայն ի­րենք ոչ մէկ բա­նէ զրկուած են. թէեւ քիչ, բայց ան­պայ­ման կայ՝ շնոր­հիւ բա­րե­րար­նե­րուն եւ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն: Շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ լո­գանք ու­նին. մեծ խնամք կը տարուի ա­նոնց մաք­րու­թեան, լուաց­քին՝ նոյ­նիսկ ջու­րի տագ­նա­պի օ­րե­րուն: Պատ­կե­րա­ցու­ցէ՛ք, որ հոս որ­քան մեծ քա­նա­կու­թեամբ ջուր պէտք է, սա­կայն ա­նոնց մաք­րու­թեան եւ խմե­լու ջու­րը միշտ ա­պա-­հովուած է, եւ ըստ յար­մա­րու­թեան, ծե­րա­նո­ցի օ­րէնք­նե­րը ըն­թաց­քի մէջ են:

Հարկ է նշել, որ Հայ ծե­րա­նո­ցը (հանգս­տեան տուն) այն հաս­տա­տու­թիւնն է, որ կը վա­յե­լէ ե­րեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը: Ծե­րե­րուն ա­ռող­ջա­կան, կեն­ցա­ղա­յին եւ այլ էա­կան հար­ցե­րը խո­րա­պէս կը հե­տաքրք­րեն զա­նոնք. ա­նոնք, ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեամբ, յա­ճախ կ՚այ­ցե­լեն, ինչ­պէս նաեւ նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն: Այդ հի­ման վրայ ալ ե­րեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րուն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող բո­լոր ե­կե­ղե­ցա­կան թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րը, հայ­րե­նակ­ցա­կան, մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ տիկ­նանց միու­թիւն­նե­րը հա­մա-խըմբուած են Հայ ծե­րա­նո­ցին շուրջ:

Հայ ծե­րա­նո­ցին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն, բնա­կա­նա­բար, ազ­գա­սէր, գթա­սիրտ, նուի­րեալ բա­րե­րար­ներ եւ այլ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­ջակ­ցու­թիւնն ու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը զգա­լիօ­րէն ակն­յայտ է: Խնդրե­ցինք տնօ­րէ­նէն, որ այս առըն­չու­թեամբ եւս մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ տայ: Ան ը­սաւ.

Ան­շո՛ւշտ Հայ ծե­րա­նո­ցը իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ շնոր­հիւ իր բա­րե­րար­նե­րուն եւ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան: Հե­տե­ւա­բար մենք յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք «Հաուըրտ Գա­րա­կէօ­զեան» հիմ­նար­կի տնօ­րէն Պետ­րոս Տա­րագ­ճեա­նին եւ անձ­նա­կազ­մին, ինչ­պէս նաեւ՝ «Ճի­նի­շեան յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ»ի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Թո­փա­լա­քեա­նին: Շնոր­հա­կալ ենք նաեւ Սու­րիոյ Շտապ օգ­նու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նու­մի մար­մի­նին, որ Հայ ծե­րա­նո­ցին յա­ճախ յատ­կա­ցու­ցած է իր լու­ման, մա­նա­ւա՛նդ վեր­ջին պայ­թիւ­նին, ան­մի­ջա­պէս օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ի­մաս­տով: Չմոռ­նանք նաեւ ՀՕՄ-ն ու ՍՕ Խա­չը եւ բո­լոր այն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք զա­նա­զան ձե­ւե­րով օգ­տա­կար կը դառ­նան: Մենք կ՚օգ­տուինք նաեւ օ­տար հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնց նոյն­պէս շնոր­հա­կալ ենք, ինչ­պէս՝ ՄԱԿ-ի Գաղ­թա­կան­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վէն, JRS-էն՝ Փախս­տա­կան­նե­րու խնա­մա­տա­րու­թեան յի­սու­սեան խոր­հուր­դէն, որ շա­բա­թա­կան հնիգ օր ճաշ կ՚ու­ղար­կէ ծե­րա­նոց, Կար­միր մա­հիկ կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն եւ Մար Ի­լիաս ե­կե­ղե­ցիէն:

Պէտք է նշենք նաեւ ե­րեք ա­կումբ­նե­րու՝ «Տիգ­րա­նեան»ին, «Սի­մոն Վրա­ցեան» կեդ­րո­նի եւ «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ժո­ղովր­դա­յին տուն ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Ա­նոնք ջու­րի տագ­նա­պի օ­րե­րուն եր­բեք  ծա­րաւ չձգե­ցին ծե­րա­նո­ցը, մա­նա­ւա՛նդ «Տիգ­րա­նեան»ը, որ խմե­լու ջուր կ՚ա­պա­հո­վէ մե­զի: Ե­րախ­տա­պարտ ենք նաեւ ա­կում­բի տղոց: Բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­քին, ու­նինք նաեւ  ան­հատ բա­րե­րար­ներ, ո­րոնք միշտ նե­ցուկ կը կանգ­նին Հայ ծե­րա­նո­ցին. ա­նոնց եւս շնոր­հա­կալ ենք: Պէտք է նշենք, որ կը վե­րա­հաս­տա­տենք կա­պե­րը մեր բա­րե­րար­նե­րուն հետ: Սա­կայն ա­մէն ին­չէ ա­ռաջ մենք ե­րախ­տա­պարտ ենք Հա­լէ­պի մեր բա­րե­րար­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք ալ կ՚ապ­րին ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ, բայց ան­խա­փան ի­րենց լու­ման կը շա­րու­նա­կեն յատ­կաց­նել: Ինչ­պէս նաեւ պէտք է հպարտ զգանք, որ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քէն բա­րե­րար­ներ ու­նինք: Օ­րի­նակ՝ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի մը մեծ նուի­րա­տուու­թիւն կա­տա­րեց՝ ա­ռանց իր ա­նու­նը նշե­լու: Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ու­նինք Հա­յաս­տա­նի Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէոր­գեա­նին, որ մօ­տէն կը հե­տաքրք­րուի Հայ ծե­րա­նո­ցի պատս­պա­րեալ­նե­րու հար­ցե­րով եւ նե­ցուկ կը կանգ­նի ա­նոնց:

Ինչ­պէս նշե­ցինք, Հայ ծե­րա­նո­ցի պատս­պա­րեալ­նե­րը եր­րորդ  ան­գամ ըլ­լա­լով տե­ղա­փո­խուած էին «Վ. Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նո­ցէն՝ զի­նեալ խմբա­ւո­րու­մե­րուն կող­մէ հրթի­ռա­կոծ­ման պատ­ճա­ռով: Այս առըն­չու­թեամբ խնդրե­ցինք Ա­ւօ Գաթր­ճեա­նէն, որ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ տայ նաեւ 26-27 Մա­յի­սին տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ: Ան պատ­մեց.

Նկա­տի առ­նե­լով, որ Նոր Գիւ­ղի մէջ ենք, ուս­տի հրթի­ռա­կոծ­ման թի­րախ ենք: Սա­կայն Հա­լէ­պի մէջ չկայ ա­պա­հով վայր, ա­մէն տեղ են­թա­կայ է վտան­գի, նոյն­պէս՝ ծե­րա­նո­ցը: 26 Մա­յի­սի գի­շե­րը, յա­ճա­խա­կի պայ­թիւն­նե­րէ ետք, ծե­րա­նո­ցը նոյն­պէս են­թար­կուե­ցաւ հրթի­ռա­կոծ­ման: Ժա­մը 12.00 էր, երբ վեր­ջին պայ­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ փուլ ե­կաւ «Վ. Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նո­ցին մէկ բա­ժի­նը, այ­սինքն՝ այժ­մու Հայ ծե­րա­նո­ցին մէկ հա­տուա­ծը: Տե­ղա­կան շի­նուած հրա­սան­դի ռումբ  մըն էր: Յա­ջորդ օ­րը՝ Մա­յիս 27-ին, կէ­սօ­րուան ժա­մը 11.30-ին զի­նեալ­ներ կրկին ան­գամ՝ հրթի­ռա­կո­ծե­ցին շէն­քը, այս ան­գամ կա­զի տա­կա­ռով: Նա­խորդ օ­րուան փլա­ծին մնա­ցած բա­ժինն ալ քան­դուե­ցաւ: Այս պայ­թիւ­նին պատ­ճա­ռով ծե­րա­նո­ցի ա­մե­նակրտ­սեր պաշ­տօ­նեան նա­հա­տա­կուե­ցաւ, ու­նե­ցանք նաեւ վի­րա­ւոր­ներ: Այդ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ ան­մի­ջա­պէս դի­մե­ցինք զա­նա­զան տե­ղեր: Ա­րագ ըն­դա­ռա­ջող եւ իբ­րեւ ա­մենէն ա­պա­հով տեղ, յար­մար նկա­տուե­ցաւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հը: Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դին թե­լադ­րան­քով եւ թա­ղա­կան խոր­հուր­դին ու շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու տղոց ա­ջակ­ցու­թեամբ, ան­մի­ջա­պէս դա­սա­ւո­րե­ցինք եւ նոյն օ­րը ծե­րե­րը փո­խադ­րե­ցինք այն­տեղ: Թէեւ ե­կե­ղե­ցին ալ կը գտնուի Նոր Գիւ­ղի շրջա­նը, որ ա­պա­հով չէ, սա­կայն հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի ա­պա­հով եւ յար­մա­րա­գոյն տար­բե­րակն էր: Այս ծանր պա­տա­հա­րի ըն­թաց­քին ե­րեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րը ան­ձամբ այ­ցե­լու­թիւն տուին թէ՛ «Վ. Կիւլ­պէն­կեան» մայ­րա­նոց-հի­ւան­դա­նոց եւ թէ Ս. Գ. Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րահ, մօ­տէն հե­տաքրք­րուե­ցան մեր մա­միկ­նե­րուն եւ պա­պիկ­նե­րուն վի­ճա­կով: Մեր բա­րե­րար­ներն ու բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը եւս փու­թա­ցին ա­մէն տե­սա­կի օգ­նու­թիւն հայ­թայ­թե­լու: Ծե­րա­նո­ցի կի­սա­քանդ բա­ժի­նը վե­րա­կանգ­նե­լէ ետք, 21 Յու­նիս 2016-ին վե­րա­դար­ձանք մեր շէն­քը:

Հայ ծե­րա­նո­ցը, իր կար­գին, հա­կա­ռակ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, ու­նի աշ­խոյժ կեանք՝ իր ձեռ­նարկ­նե­րով եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով: Երբ հարց տուինք, թէ հայ մա­միկ­ներն ու պա­պիկ­նե­րը ինչ­պէ՛ս կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց ա­ռօ­րեան, տնօ­րէ­նը պա­տաս­խա­նեց.

Մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին բո­լոր տա­ղա­ւար­ներն ու տօ­նա­կան օ­րե­րը կը նշենք: Վա­րը լքուած սրահ մը ու­նէինք, զայն վե­րա­կանգ­նե­ցինք ու վե­րա­ծե­ցինք փոք­րիկ ե­կե­ղե­ցիի մը, ուր կ՚օգ­տա­գոր­ծուին Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց եւ Ս. Գէորգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սպաս­նե­րը: Այս սրա­հին մէջ կը կա­տա­րենք մեր բո­լոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներն ու գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տագ­րե­րը: 17 Մարտ 2016-ին մեծ շու­քով նշուե­ցաւ Մայ­րե­րու օ­րը, որ կազ­մա­կեր­պած էր Հայ ծե­րա­նո­ցի տիկ­նանց օ­ժան­դակ յանձ­նա­խում­բը: Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Հա­լէ­պի բո­լոր ե­կե­ղե­ցա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Հոկ­տեմ­բեր 1-ին նշած ենք նաեւ Տա­րեց­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րը, եւ այս­պէս՝ շար­քը կը շա­րու­նա­կուի: Քա­րոզ­չա­կան ի­մաս­տով պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րու ճամ­բով ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք Հայ ծե­րա­նո­ցը, միւս կող­մէ՝ օ­րա­ցոյց մըն ալ տպած ենք, որ ծե­րա­նո­ցի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ կ՚ի­րա­գոր­ծուի եւ այլ տե­սա­կի աշ­խա­տանք­ներ:

Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին տնօ­րէ­նին խօս­քը յա­ճախ կ՚ընդ­հա­տուէր, երբ մա­միկ մը կամ պա­պիկ մը, ա­ռանց ար­տօ­նու­թեան, դու­ռը կը բա­նար եւ չա­րուկ ե­րա­խա­յի մը նման կը սպա­սէր: Տնօ­րէ­նը գի­տէ, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ի՛նչ կը մտա­ծէ կամ ի՛նչ պի­տի պա­հան­ջէ եւ ժպտուն դէմ­քով ա­նոնց կամ­քը կա­տա­րե­լէ ետք, պաշ­տօ­նեա­յի մը ու­ղեկ­ցու­թեամբ զա­նոնք կ՚ուղ­ղէ դէ­պի ի­րենց սե­նեա­կը՝ «տու­նը»: «Իբ­րեւ Հայ ծե­րա­նո­ցի մեծ ըն­տա­նիք՝ մենք եւ մեր պաշ­տօ­նեա­նե­րը կը փոր­ձենք մեր ծե­րե­րուն տալ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն, թոռ­նե­րուն ու ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն զլա­ցած գուր­գու­րան­քը: Ես շնոր­հա­կալ եմ ծե­րա­նո­ցի խնա­մա­կալ­նե­րուն, Տիկ­նանց օ­ժան­դակ յանձ­նա­խում­բին ու մա­նա­ւանդ պաշ­տօ­նէու­թեան: Ա­նոնք մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նին, որ չի գնա­հա­տուիր նիւ­թա­կա­նով, ո­րով­հե­տեւ այս աշ­խա­տան­քը նուի­րու­մի, զո­հո­ղու­թեան ու խիղ­ճի աշ­խա­տանք է»:

ԱՆԻ ԴԱՒԻԹԵԱՆ-ՈՒՐԻՇԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2016