ՌԱՄԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ - Democracy
Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ...
Դեռեւս դարերու խորքէն հնչած այս նախադասութիւնը, լաւագոյն վկաներէն մէկը կրնայ հանդիսանալ այն ճշմարտութեան, որ Հայ մարդը ունեցած է Ռամկավար «Դեմոկրատ» մտածելակերպ: Ան Ռամկավարութիւնը բարձրացնելով հասցուցած է Աստ-ւածային մակարդակի: Սակայն Ռամկավար նկարագիր ունենալու եւ ճիշդ ըմբռնելու համար այս սկզբունքի խորութիւնը, առաւելութիւնն ու ծալքերը, անհրաժեշտ է նախ համապատասխան դաստիարակութիւն, ապա նաեւ մտային ու հոգեբանական կարգ մը յատկութիւններ՝
-Ինքնաքննադատութիւն: Լաւի ու կատարեալի հասնելու ճանապարհի առաջին քայլն է՝ զարգացման երաշխիքը: «Ծանիր զքեզ»: Այն մարդը, որ ինքնաքննադատաբար կը մօտենայ իր վարքին, հեռու կ՚ըլլայ մեծամտութենէ, ատակ՝ տեսնելու եւ ընդունելու իր սխալները, ուստի եւ կը փորձէ զանց առնել անոնք, ու աւելի յղկելով եւ մաքրելով կը կատարելագործէ իր անձը: Այս յատկութիւնը ճիշդ օգտագործելով է, որ մարդը հասարակութեան մէջ իր տեղը կ՚ընտրէ ու կը տեղաւորուի:
-Յարգանք մարդու հանդէպ՝ անկախ անոր պաշտօնէն, դիրքէն, աշխատանքէն կամ գիտական մակարդակէն: Ան պէտք է կարող ըլլայ դիտելու մարդը՝ որպէս իր կրկնօրինակը կամ պատկերը, սակայն որոշ փոփոխութիւններով, ուստի անոր նկատմամբ տածած յարգանքը կը թարգմանուի ու կը հասցէա-գըրւի իր անձին նաեւ:
-Յարգանք ընկերոջը կարծիքին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ ան կը հակասէ իր սեփականին: Վերջապէս մարդ արարածը սխալական է, իսկ սխալը զարգացած կամ տգէտ, խելացի կամ պարզունակ, գիտնական կամ վաճառական չի ճանչնար: Ուստի պէտք է միշտ աչքի առաջ ունենալ սխալական ըլլալու հնարաւորութիւնը, մտովին կրկնելով, որ «գուցէ ես եմ սխալը այս անգամ»:
-Լսելու եւ հասկնալու ունակութիւն ու պատրաստակամութիւն, ապա եւ զրուցելու տրամադրութիւն: Զոյցն ու միտքերու փոխանակումն է ճշմարտութիւն տանող ճանապարհը եւ ոչ թէ վէճն ու կռիւը: Վերջին-ներս փոխելով մարդու տրամադրութիւն-ները, դնելով անոր ջղային վիճակի մը մէջ, կը հանեն հաւասարակշռութենէ, իսկ որեւէ հարց մը հասկնալու եւ ճիշդ կողմնորոշուե-լու ու դատելու համար, անհրաժեշտ է ոչ թէ ալեկոծ, փոթորկոտ, այլ հանդարտ ու խաղաղ կիրք, հոգեվիճակ ու դատողութիւն:
-Յարգանք Օրէնքի նկատմամբ՝ տրուած ըլլալով, որ ան արդէն ձայնն է մեծամասնութեան՝ նախօրօք ձեւուած, մշակուած ու գրի առնուած, մանաւանդ որ ան իր մէջ կը կրէ մարդկանց միջեւ հաւասարութեան գաղափարը:
-Գիտակցութիւն եւ կարողութիւն՝ գերադասելու հաւաքականը բնազդային անձէն՝ «էկօ»էն, հեռու եսամոլութենէ: Միայն տգէտ մարդը կրնայ եսամոլ ըլլալ: Ի դէպ տգի-տութիւնն ու բանիմացութիւնը վկայական-ներով չէ, որ պէտք է չափել, այլ անհատի մը մտահորիզոնով ու աշխարհահայեացքով, անոր յարգանքով՝ հանդէպ մարդկային փորձն ու գանձարանը՝ ուղեղը: «Որքան շատ բան իմանամ, այնքան աւելի կը հասկնամ, թէ որքան քիչ բան գիտեմ». եսամոլը չի ճանչնար այս գաղափարը, այլ կը հաւատայ մէկ ուրի-շի՝ «ես ամէն ինչ գիտեմ...»: Ինքանավստահութիւնը դրական մարդկային յատկանիշ մըն է՝ եթէ գտնուի իր սահմաններուն մէջ: Սակայն ան կրնայ տգիտութեան շուքի տակ հասնիլ եսամոլութեան կամ եսապաշտու-թեան, զոր անտեսելով հաւաքական ուժը, կը մղէ տիրոջը որդեգրելու ոչ Ռամկավար, այլ մենատէր՝ «տիքդադոր» ուղեգիծ մը, մեկնե-լով այն միտքէն, թէ «իմ ըսածս է ճիշդը անկախ հաւաքական կարծիքէն, ուստի այդ-պէս պէտք է ըլլայ»: Որքան սխալ պիտի ըլլան անտեսելով՝ ոչինչի հասցնել հաւաքական կարծիքը, մանաւանդ այս դարուս, երբ տեղեկատուութեան միջոցները իրենց տարբեր տեսակներով, առատօրէն կը սնեն մարդոց ուղեղը, կը զարգացնեն անոնց գիտակցութիւնը եւ կ՚ընդլայնեն աշխարհահայեացքը:
-Համոզուած ըլլալ սեփական կարծիքին: Կարծիքը անհատի տրամաբանութեան ար-դիւնքն է, եւ ոչ թէ ապրանք մը վաճառքի ենթակայ: Մարդ պէտք է գիտակցի, որ իր կարծիքը իր անհատականութեան կամ նկարագիրին դրսեւորումն է, իր ազատ կամքի ու խիղճի հայելին, եւ ինք պարտ է ան արտայայտելու ազատօրէն:
Ներկայիս ընկերային շրջանակներէ ներս տիրող աշխատակարգն ու գործելաոճը Ռամկավարութիւնն է: Սակայն այնտեղ քիչ չեն հանդիպիր մենատէր հոգեբանութեամբ մարդիկ, որոնք միանշանակ կը ձգտին հասնելու իշխանութեան՝ նոյնիսկ անթոյլատրելի ու պղտոր ճանապարհներով: Օրինակ՝ որեւէ Ռամկավար շրջանակէ մը ներս կան փոքրամասնութիւններ, կամ համախմբում-ներ, որոնց հիմքը կ՚ըլլայ ընդհանրական շահ մը «կամ շահեր», առաւել մօտիկ մտածելակերպ կամ աշխարհահայեացք, կամ նոյնիսկ ընտանեկան սերտութիւն: Մենատէր հոգեբանութեամբ անձը, այս բոլոր խմբաւորումները օգտագործելէ բացի, հաւաքականի մէջէն կը փորձէ որսալ համեմատաբար տկար նկարագիրով մարդոց, նիւթական պարգեւներով կամ հետագայ պաշտօններու խոստումով կը շլացնէ անոնց աչքն ու գիտակցութիւնը. «ոմանք այս եղելութիւնը կը կոչեն՝ Դեմոկրատական խաղեր», ապա ան կազմելով բանակ, կը դառնայ մենատէր ղեկավար: Այստեղ հասնելէ ետք, ան կը փորձէ տարբեր «թոյլատրելի կամ անթոյլատրելի» միջոցներով, ոչ միայն չէզոքացնել իր այլախոհները, այլ նաեւ փորձելով վերացնել չէզոքութիւն հասկացողութիւնը, «որ Ռամկավարութեան հիմքերէն մէկն է՝ անհատի մը նուազագոյն իրաւունքը նման համակարգի մէջ», կը բեւեռացնէ տուեալ շրջանակը՝ «կամ ինծի հետ կամ իմ դէմ» լոզունգը տարածելով:
Նման պարագաներ յաճախ կը պատահին մեր ընկերային ծիրէն ներս, գուցէ սա Ռամկավարութեան խոցելի կէտերէն մէկն է, ազատ հրապարակ տալով բոլորին՝ առիթ ստեղծելով այսպիսի թիւրիմացութիւններու...: Եւ երեւի այս պատճառով է, որ Ռամկավարական շրջանակներէ ներս յաճախ կը կրկնուի հետեւեալ նախադասութիւնը՝ «Ռամկավարութիւնը կառավարման թերի ձեւ մըն է, բայց դժբախտաբար մարդկութիւնը աւելի լաւ միջոց դեռ չի ճանչնար...»:
Ռամկավար համակարգի մը ղեկավարը պէտք է օժ-տըւած ըլլայ՝
- Ճիշդ ու արագ կողմնորոշուելու, հարցերը կշռադատելու եւ ոսկիէ միջինը գտնելու կարողութեամբ: Ան պէտք է աչքի առաջ ունենայ այն փաստը, որ հարցի մը քննարկման ընթացքին կայացած փոքրամասնութեան կարծիքը, այնուամենայնիւ արժանի է յարգանքի, որովհետեւ ան վերջապէս մարդկային ուղեղի գործունէութեան արդիւնք է:
- Պէտք է ունենայ խաղաղ, հանդարտ, անվրդով ու հաշտարար հոգի, ըլլայ փափկանկատ ու շրջահայեաց: Ռամկավարութեան հիմքը հանդիսացող կարծիքներու զանազանութիւնը, յաճախ առիթ կրնայ տալ խռովութիւններու, անհասկացողութիւններու եւ անցանկալի վէճերու: Ղեկավարը այս բոլորը կանխելու պարտաւորութիւնն ու կարողութիւնը պէտք է ունենայ՝ գտնէ ու լոյսի տակ պահէ վիճող կողմերուն միջեւ ընդհանուր եզրը, հարթելով տարակարծութիւններն ու անհամաձայնութիւնները, հաստատէ համերաշխ մթնոլորտ: Միայն տկար եւ անկարող ղեկավարը կը դիմէ «բաժնէ որ տիրես» քաղաքականութեան: Ան կործանման կրնայ հասցնել ոչ միայն իր պաշտօնը, այլ նաեւ ամբողջ համակարգը՝ որովհետեւ ըլլալով տկար ղեկավար, ոչ միայն շատ երկար չի շարունակեր, այլ տիրանալու նպատակով բաժանելու ընթացքին կը մասնատէ, կը ջլատէ ու կը տկարացնէ իր ամբողջական համակարգի ուժն ու միասնականութիւնը՝ վտանգելով անոր գոյութիւնը:
- Վայելէ իր համակարգի անդամներուն մեծամասնութեան յարգանքն ու վստահութիւնը, որոնք անհը-րաժեշտ պայմաններ են որեւէ ղեկավարի մը համար: Ռամկավար համակարգի մը անդամներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը կազմուի ինքնակամ նուիրեալներէ, ուստի անոնց կապը համակարգին հետ հոգեկան եւ բարոյական է, ոչ թէ նիւթական, հետեւաբար անոնք կրնան հետեւիլ ու հնազանդիլ այն ղեկավարին, որ ունի բարոյական բարձր չափանիշեր եւ կը ներշըն-չէ յարգանք ու վստահութիւն:
- Ըլլայ բանիմաց, գիտակից ու համոզուած իր համակարգի սկզբունքներուն՝ ըլլան անոնք Ազատական, Ընկերվարական, Բարեսիրական, Բարեկարգչական կամ Յեղափոխական:
Վերջապէս Ռամկավար ըլլալու համար անհրաժեշտ է լայն տեսահորիզոն, ազնիւ ու խաղաղ հոգի, պարզ ու ազատ տրամաբանութիւն եւ կամք, ոչ թէ նեղմիտ, նենգ, խռովարար, յիշաչար, վրէժխնդիր կամ տկար նկարագիր: Ռամկավարութիւնը հոգեբանութիւն է՝ ապրելաոճ, քաղաքակրթութիւն, ոչ միայն սոսկ ածական...:
ՏՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024