ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ա.
ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար միւս երեք աւետարանիչները փորձութեան մասին կը գրեն, իսկ Յովհաննէսը՝ ո՛չ:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, չորս [պատճառով]. նախ՝ որովհետեւ Աւետարանները մարդեղութիւնը կը սորվեցնեն, պէտք էր նաեւ փորձութիւնը գրել, իսկ Յովհաննէս՝ Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը սորվեցնէ, փորձութեան մասին չի՛ գրեր, «որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն» (Յկ 1.13), կ՚ըսէ Առաքեալը: Երկրորդ, մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդ երիտասարդ հասակին կը փորձուի, իսկ ծերութեան ժամանակ՝ ո՛չ, մարմինի տկարութեան պատճառով:
Երրորդ, որովհետեւ մարդուն երրորդ փոխուելուն չարէն կը փորձուինք, սակայն մահէն ետք՝ ո՛չ, որովհետեւ՝ «արդարներուն հոգիները Աստուծոյ ձեռքն է եւ անոնց չարը չի՛ մօտենար», կ՚ըսէ Սողոմոնը:
Չորրորդ տեսութիւն, որովհետեւ մեր երիտասարդ եղած ատեն կը փորձուինք, մինչեւ դատաստանին օրը, սակայն երբ փառքով պսակուինք, այլեւս փորձութիւն չկայ:
Խօսք. «Երկու աշակերները հետեւեցան Յիսուսի» (Յհ 1.38):
Մեկնութիւն. նախ՝ հրեաներու եւ հեթանոսներու օրինակով, որոնք պիտի հաւատային: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ կրկնակի սէրը, զոր Իրեն նկատմամբ ունինք, այսինքն՝ հոգեւորներն ու մարմնաւորները, կամ այստեղինը ու հանդերձեալինը: Երրորդ՝ եկեղեցականներն ու աշխարհականները կը ցուցնէ: Չորրորդ՝ կոյսերն ու ապաշխարողները կը մատնանշէ:
Խօսք. «Ի՞նչ կ՚ուզէք» (Յհ 1.38):
Մեկնութիւն. Չգիտնալուն պատճառով չի՛ հարցներ, այլ՝ ինչպէս Ադամին հարցուց՝ ո՞ւր ես (Ծն 3.9), որպէսզի խօսելու պատճառ տայ:
Խօսք. «Ռաբբի՛» (Յհ 1.38):
Մեկնութիւն. Ինչպէս վարդապետներուն պետը եւ Րաբունի Վարդապետն է: Ո՛չ թէ Քրիստոսէն վարդապետութիւն մը լսած էին, այլ՝ Յովհաննէսին վկայութեամբ զԻնք իմաստութեամբ լեցուն կը համարէին:
ՎԱՆՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Ո՞ւր կը մնաս [Ո՞ւր է օթեւանդ]» (Յհ 1.38):
Մեկնութիւն. Նախ՝ հարցում մը. ուրիշ տեղ մը ըսաւ. «Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ մը չունի» (Մտ 8.20), այստեղ տուն կ՚ըսէ:
Պատասխան. Տուն չունէր, որ Ինք շինած էր, ինչպէս աղուէսներն ու թռչունները կը շինեն (Հմմտ. Մտ 8.20), այլ՝ ուրիշի մը տունը կ՚օթեւանէր: Դարձեալ՝ մարդուն սուրբ [մաքուր] չըլլալուն համար Տէրը ըսաւ. «Անոր մէջ Աստուծոյ համար տեղ չկայ, այլ՝ խաբողին»:
Երկրորդ հարցում. Ի՞նչ է օթեւանը:
Պատասխան. Նախ՝ խաղաղութեան վայր կը նշանակէ, ըստ այնմ. «Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան» (Յհ 14.2): Երկրորդ՝ սրբութեան վայր, ըստ այնմ. «...անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք» (Յհ 14.23): Երրորդ՝ առանձնութեան վայր, ինչպէս վանքերը: Ապա յայտի է, թէ վանք՝ խաղաղութեան, սրբութեան եւ առանձնութեան տեղ կը նշանակէ: Դարձեալ, վանք բառը կը ստուգաբանուի, այսինքն՝ վայանք, որ սուգ եւ արցունք կը նշանակէ:
Դարձեալ, վանքը քաղաքի եւ անապատին մէջ կ՚ըլլայ. նախ՝ որովհետեւ քաղաքն ու գիւղերը ժողովուրդին տեղն է, իսկ վանքը՝ քահանաներուն, անապատը՝ միայնակեացներուն: Երկրորդ՝ քաղաքը՝ մեղաւորներուն տեղն է, վանքը՝ ապաշխարողներուն, անապատը՝ սուրբերուն, ինչպէս Եղիան ու Յովհաննէսը: Երրորդ՝ քաղաքը՝ ի դէմս Հօր, վանքը՝ ի դէմս Որդիին, անապատը՝ ի դէմս Սուրբ Հոգիին:
Իսկ ինչո՞ւ համար երկու աշակերտներուն մօտ օթեւանեցաւ. ասիկա չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ որովհետեւ ընդհանուրին խօսուած քարոզէն ետք առանձին քարոզը մարդս աւելիով հաւանութեան կը բերէ, քանի որ այդ ատեն կը գիտնայ, թէ իրեն ուղղուած է հաւաստութեան այդ խօսքը: Երկրորդ՝ ցոյց կու տայ Վարդապետին ունեցած աւելի սէրը աշակերտներուն նկատմամբ, եւ անոնց առանձինն շիտակը կը սորվեցնէ: Երրորդ՝ որովհետեւ ժողովուրդին թերահաւատութիւնը կ՚արգիլէ ու կը խափանէ քարոզութիւնը, կը բամբասեն կամ կը ձանձրանան ու ուրիշ բաներ կը խօսին: Չորրորդ՝ ցոյց տուաւ, թէ երկուքը լաւ են՝ որ լսեն ու գործադրեն, քան շատերը, որ ո՛չ կը լսեն եւ ո՛չ ալ կը գործադրեն, ըստ այնմ. «Կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ» (Մտ 22.14):
ՏԱՍԱՆԵՐՈՐԴ (ՉՈՐՍ) ԺԱՄԻ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Որովհետեւ կէօսրէ ետք շուրջ ժամը չորսն էր» (Յհ 1.39):
Մեկնութիւն. Վեց բան ցոյց կու տայ. նախ՝ անոնց կատարեալ յօժարութիւնը, որ առաւօտեան չգացին, այլ՝ երեկոյեան գացին Տիրոջ մօտ: Երկրորդ՝ մետասան ժամը [երեկոյեան ժամը հինգ] մօտիկ էր, որ վերջինները առաջին եղան, այսինքն՝ Քրիստոսի աշակերտները, որոնք այգի ղրկուեցան աշխատելու համար: Երրորդ՝ որովհետեւ Տասնաբանեայ օրէնքները չկրցան ազատել: Մեր Տէրը մետասան ժամին եկաւ, որ մեր ազատութեան սկիզբն է: Չորրորդ՝ երեկոյացած դարը կը նշանակէ, որու ընթացքին եկաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս եւ մարդոց մօտ օթեւանեցաւ: Հինգերորդ՝ կը նշանակէ դարձը հեթանոսներուն, որոնք ժամանակի վախճանին իրենց բնական աւադութիւնը ձգեցին եւ Յիսուսի մօտ գացին: Վեցերորդ՝ այն ցոյց կու տայ, թէ ամէն ժամ պէտք է սորվիլ եւ սորվեցնել, եւ ժամանկ չընտրել, կամ ծերութիւն եւ տղայութիւն:
Հարցում. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ. «Կէսօրը ետք շուրջ [իբրեւ] ժամը չորսն էր»:
Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ, շուրջ [իբրեւ] դնելով, ցոյց տալու համար, թէ ժամանակներուն ծայրը անստոյգ են մեզի համար: Դարձեալ, թէ մասամբ վար կ՚ըլլան եւ մասամբ չորսէն վեր, ատոր համար շուրջը դրուած կ՚ըլլայ, որովհետեւ մէկ ժամը երեսուն մաս է:
Եւ դարձեալ գիտելի է, թէ շուրջը [իբրեւ] աստուածային Գիրքին մէջ ճշմարիտ ստուգութեան տեղ դրուած է, իբրեւ այն, որ Դաւիթ կ՚ըսէ. «[Իբրեւ զի բարի է Աստուած Իսրայէլի]. Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի» (Սղ 73.1), եւ թէ՝ «Սուրբ Հոգին իբրեւ աղաւնի իջաւ» (Հմմտ. Մտ 3.16), այսինքն՝ հաստատ եւ ճշմարտապէս աղաւնակերպ եւ ոչ թէ աչքերուն տեսանելի երեւում միայն:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Անդրէասը» (Յհ 1.40):
Մեկնութիւն. Եւ թէ ինչո՞ւ համար միւսը չյիշեց: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ Պետրոսն էր, սակայն յաջորդող խօսքէն կը յանդիմանուին: Ոմանք կ՚ըսեն՝ ազնուական մը կամ նշանաւոր մէկը չէր, այլ՝ նոյնինքն Յովհաննէսն էր, եւ խոնարհութեան պատճառով իր անունը չի գրեր, ինչպէս եւ այնտեղ. «Պետրոս եւ միւս աշակերտը» (Յհ 20.3):
Խօսք. «Գտաւ» (Յհ 1.41):
Մեկնութիւն. Ոչ թէ պատահմամբ, այլ՝ ջանքով հոգ տարաւ եւ փնտռելու ելաւ, որովհետեւ ինչպէս որ Անդրէասը Քրիստոսի առաջին աշակերտը եղաւ, փափաքեցաւ, որպէսզի Պետրոսն ալ բերէ Յիսուսին մօտ, որպէսզի ինչպէս որ մարմինով, այդպէս ալ հոգիով՝ եղբայրներ ըլլան:
Խօսք. «Մեսիան գտանք» (Յհ 1.41):
Մեկնութիւն. գտանքը երեք բան ցոյց կու տայ. նախ՝ որովհետեւ շատ փնտռած ու քննած էին Օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ, որովհետեւ ով որ փնտռէ, կը գտնէ (Հմմտ. Ղկ 11.9)։ Երկրորդ՝ որովհետեւ գիւտը յանկարծ կը կատարուի, եւ մեր Տէրն ալ յանկարծակիի երեւցաւ: Երրորդ՝ որովհետեւ գիւտը կ՚ուրախացնէ զայն գտնողը, եւ անոնք որոնք կը գտնեն մեր Տէրը, հաւատքով կ՚ուրախանան, իսկ Մեսիա եբրայերէնին մէջ՝ Մեսիա, յունարէնին մէջ՝ Քրիստոս, հայերէնին մէջ՝ Օծեալ:
ՕԾՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ
Օծումը բազմատեսակ է. նախ՝ մարմնական օծումը, ինչպէս՝ փափկասէրներունը:
Երկրորդ՝ մարտական օծումը, ինչպէս՝ ըմբշամարտներունը:
Երրորդ՝ մաքրական օծումը, ինչպէս՝ հիւանդներունը:
Չորրորդ՝ զմուռսի օծումը, ինչպէս՝ մեռելներունը:
Հինգերորդ՝ քահանաներուն օծումը՝ միջնորդութեան համար:
Վեցերորդ՝ թագաւրշորներու օծումը՝ տիրութեան համար:
Եօթներորդ՝ զօրութեան օծումը, ինչպէս՝ Կիւրոսինը, ըստ Եսայիի. «Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը՝ Իր օծեալ Կիւրոսին» (Ես 45.1):
Ութերորդ՝ Հոգիէն եղած օծումը, ինչպէս՝ մարգարէներունը. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք» (Սղ 104.15):
Իններորդ՝ որդեգրութեան օծումը, ինչպէս՝ մկրտութեանը:
Տասներորդ՝ ասոնցմէ գերագոյն եղող օծումը ըստ բնութեան միաւորութեան, ինչպէս՝ Աստուծոյ Բանինը մարդկութեան հետ, որուն համար Օծեալ եւ Քրիստոս կը կոչուի: Եւ տե՛ս, բնութիւններու միաւորութենէն կ՚իմացուի Քրիստոս, յայտնի է, ոմանց բաժանում կատարելովը Քրիստոս չի մնար:
Խօսք. «Տարաւ զինք Յիսուսի մօտ» (Յհ 1.42):
Մեկնութիւն. Նախ՝ որպէսզի կատարելապէս Քրիստոսէն սորվի: Երկրորդ՝ որպէսզի դիւրութեամբ Քրիստոսի դառնալուն պատճառ գտնէ, որովհետեւ Պետրոս բազմաթիւ հարցումներ հարցուց Անդրէասին, քննեց ու ապա Քրիստոսի մօտ եկաւ, թէեւ Աւետարանիչը համառօտակի կ՚անցնի [կը ներկայացնէ]:
Խօսք. «Յիսուս նայեցաւ անոր» (Յհ 1.42):
Մեկնութիւն. ո՛չ միայն զգայական տեսութեամբ, այլ՝ ներքին տեսութեամբ գրաւեց զինք:
Ինչո՞ւ համար անունը փոխեց
Նախ՝ Անոր եւ Հօր անունը ըսաւ, որպէսզի Իր Աստուածութեան ամենատես գիտութիւնը ցոյց տայ: Եւ վեց ձեւով ամենատես է, այսինքն՝ կը տեսնէ ներքինն ու արտաքինը, ինչպէս նաեւ մօտիկն ու հեռուն, տակաւին՝ անցածն ու հանդերձեալը ներկայապէս կը տեսնէ, իսկ մենք միայն մօտիկն ու յայտնին կը տեսնենք:
Խօսք. «Դուն Կեփաս պիտի կոչուիս: (Կեփաս կը նշանակէ Պետրոս)» (տե՛ս Յհ 1.42):
Մեկնութիւն. Կեփասը եբրայերէնին մէջ Վէմ կը կոչուի, իսկ յունարէնին մէջ՝ Պետրոս, իսկ մեր մօտ՝ Վէմ, որովհետեւ զՔրիստոս դաւանելով վէմ եղաւ: Իսկ թէ ինչո՞ւ անունը փոխեց, նախ` որպէսզի Ինքզինք ցոյց տայ որպէս Տէր եւ Իշխան, ինչպէս որ այնտեղ Աբրահամի անունը փոխեց (Հմմտ. Ծն 17.5) եւ այստեղ՝ Պետրոսինը: Երկրորդ՝ որովհետեւ եկեղեցիէն ներս նոր շնորհով նոր անուն կը ստանանք: Երրորդ՝ որովհետեւ Աստուծոյ անունը կոչելը Արարիչ է, ինչպէս լինելութեան [արարչագործութեան] ժամանակ երկինքն ու երկիրը, ծովը, ցամաքը եւ այլն կոչեց, իսկ Ադամը Իրեն գործակից ըրաւ, որպէսզի բոլոր կենդանիներուն անուններ դնէ, ու քահանան՝ Քրիստոսի փոխանորդն է, այդ պատճառով ալ մանուկներուն անուններ կը դնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 14
Վաղարշապատ