ՑԱՒՈՏ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ ամբողջ աշխարհը ծունկի եկած է թագաժահրի պատճառած ֆիզիքական ու տնտեսական եւ այլ բազմաթիւ կորուստներու եւ վնասներու պատճառով, հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը կանգնած է անորոշութեան դիմաց՝ գալիքին նկատմամբ, մեր երկրին մէջ սակայն կեանքը կարծէք կը շարունակուի իր բնականոն հունով, եւ ո՛չ միայն այդքան, այլ՝ կը ստորագրուին այնպիսի որոշումներ եւ նոր օրէնքներ, որոնք պարզապէս ամօթալի են առաջին հերթին մեր երկրին համար եւ երկրորդ մեր վաղուան Հայրենիքի հորիզոնին մութ եւ գորշ ամպեր կը կուտակեն:

Խօսքս ի մասնաւոր կը վերաբերի վերջին շաբաթներուն մեր Հայրենիքի առօրեան յուզող նոր կրթական չափորոշիչները, որոնց աղմուկը նախ եւ առաջ սկսաւ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթը ուսումնական ծրագիրէն հանելու որոշումով, որ ընկերացած էր սուտով մը, թէ զայն պիտի ներգրաւեն այլ դասանիւթերու մէջ, սակայն առարկայական չափորոշիչներու հրապարակումէն ետք պարզուեցաւ, որ գործող դասանիւթի ծրագրին հինգ տոկոսն անգամ չէ ներգրաւուած այլ առարկաներու մէջ: Անդին, Հայոց Պատմութեան եւ Գրականութեան (առանց հայի, որովհետեւ ըստ չափորոշիչը կազմողներուն՝ հայ պէտք չէ գործածել, քանի որ մեր գրականութիւնը համազգային գրականութեան մէկ մասնիկն է [անդրադառնալն իսկ աւելորդ է այս յիմարութեան]) դասանիւթերուն նկատմամաբ կատարուած ջարդն ու այլասերուածութեամբ սրսկելը, պարզապէս պատիւ ունեցող հայուն համար զզուանք կը պատճառեն: Շատ չեմ ուզեր խորանալ այդ մասին, այն համոզումով, որ գործող իշխանութիւնները, ի մասնաւորի մեր երկրի Առաջին Դէմքը վերջ կու տայ այս խայտառակութեան եւ հակազգային արշաւին, հաւատարիմ մնալով իր «սկզբունք»ներուն…, հակառակ պարագային աւելի մանրամասն կ՚անդրադառնամ այս բոլորին մասին:

Այս գրութեամբ կ՚ուզեմ կիսուիլ ընթերցողներուն հետ հայրենիքի ու հայրենասիրութեան մասին քանի մը մտածումներ, որոնցմէ ըստ իս զուրկ են ներկայ չափորոշիչները կազմողներն ու պատրաստողները (անշուշտ բացառութիւնները յարգուած՝ որոնց ձայնը դժբախտաբար այդպէս ալ անլսելի մնաց…), որովհետեւ եթէ նուազագոյնը գիտնային, թէ ի՛նչ կը նշանակեն հայրենիք ու հայրենասիրութիւն, նման խայտառակութեան չէին հասներ: Ինչպէս նաեւ մտածումներ կը կիսեմ Հայերէն լեզուի եւ այլ արժէքներու մասին:

Եւ այսպէս.

Գրիգոր Պահլաւունի կը գրէ.

• Ով որ Հայրենիքին սահմանը քանդէ, թող օձը խայթէ այդպիսիին:

Սահմանները չքանդելու արուեստն ու գաղտնիքը դպրոցական գրասեղաններուն ետեւէն կը սերմանուի եւ տարուէ տարի կ՚աճի, կը զարգանայ ու կ՚ամրանայ:

Գարեգին Նժդեհ կը գրէ.

• Անպէտք են այն դասագիրքերը՝ ցամաք, անհոգի, որոնց մէջ Հայրենիքի մասին կը խօսուի ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սահարայի Անապատը կամ հեռաւոր կղզի մը կը նկարագրուի:

Կարծէք Նժդեհ այս օրերուն ապրած ըլլար եւ ականատես դարձած ըլլար ներկայ չափորոշիչներուն: Բայց, Նժդեհն ո՞վ է, որ Նժդեհին լսող ըլլայ… գիւղացի, բանէ չհասկացող… բայց երբ հպարտանալու ժամանակը գայ, կամ զգացական լոզունգներով առաջնորդուելու առիթ, Նժդեհը կը դառնայ հերոս եւ օրինակելի տիպար:

Դարձեալ Նժդեհէն.

• Մեծ պաշտօնները առանց հոգեկան մեծութեան, նման են կաւէ անդրիի՝ ոսկէ պատուանդանի վրայ դրուած:

Այնքան դիպուկ եւ կարծէք յատուկ այսօրուան մեր երկրի կրթութեան գործերով զբաղուող առաջին դէմքին… Աթոռի վրայ նստիլը, պաշտօն զբաղեցնելը դեռ եւս չեն նշանակեր, որ տուեալ անձը կը համապատասխանէ այդ աթոռին ու պաշտօնին: Բայց ցաւը այն է, որ հակառակ բազմաթիւ դժգոհութիւններու ու փաստերու, որ այդ անձը չի՛ համապատասխաներ իր զբաղեցուցած պաշտօնին ու աթոռին, յամառութեամբ կը շարունակեն պահել զինք այդ դիրքին վրայ: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, կաւը ինչքան ալ հիննայ, միեւնոյն է, կաւ կը մնայ ու ոսկի չի՛ դառնար, նոյնիսկ եթէ պատուանդանը, որուն վրայ կանգնած կամ կռթնած է ոսկի ըլլայ…. հասկցողաց բարեւներ:

Դարձեալ Նժդեհէն.

• Օտարէն եւ ճակատագիրէն Հայրենիք մի՛ սպասէք, եթէ զայն ձեր արիւնով պաշտպանելու չափ հայրենասէր չէք:

Այս մտածումն ալ մերօրեայ խաղաղութիւն մուրացողներուն եւ թշնամիին մէջ «եղբայրասիրութիւն» եւ «հանդուրժողութիւն» փնտռողներու մասին է կարծէք:

Մուրացան կը գրէ.

• Ուրիշ մարմին մը կայ, որ աւելի ու աւելի պաշտելի է, քան մեր սեփականը: Այդ մարմինը մեր Հայրենիքն է:

Դժբախտաբար մեր օրերուն այնքան շատ է թիւը անհայրենիք մարմնասէրներուն ու մարմնաստրուկներուն…

Յովհաննէս Թումանեան կը գրէ.

• Հարազատ եղբայրը կարելի է չսիրել, եթէ ան վատ մարդ ըլլայ, սակայն անկարելի է չսիրել Հայրենիքը, ինչպիսին ալ որ ան ըլլայ:

Իսկ մեր օրերուն, վատ ու լաւ մարդոց պատճառով Հայրենիքը շահառկութեան պատճառ դարձած է: Այսինչ մարդուն ստրուկ դարձածը եւ այնինչ մարդուն ստրուկ դարձածը, իրենց հայրենասիրութիւնը կը չափեն իրենց բռնատէրերուն թելադրութիւններուն հետեւելով, այն ինչ Հայրենիքի նկատմամբ սէրը նոյնիսկ պայմանաւորուած չէ հարազատ եղբօր կամ ընտանիքի անդամներու նկատմամբ ունեցած սէրէն…

Պարոյր Սեւակ կը գրէ.

• Մեր Հայրենիքին մէջ սպաննեցին մեզ, բայց Հայրենիքը մեր մէջ չսպաննուեցաւ:

Ներքին ու արտաքին թշնամիները նոյն մոլուցքն ունին, հայուն մէջ սպաննել Հայրենիքը: Այն օրը, երբ հայուն մէջի Հայրենիքը սպաննուի, վերանայ, կը նշանակէ, թէ հայութիւնը, որպէս ազգ ու աշխարհագրական իրականութիւն վերացած կ՚ըլլայ երկրագունդի վրայէն:

Խաչատուր Աբովեան կը գրէ.

• Ապրիլ ու մեռնիլ Հայրենիքին համար. ահաւասիկ խնդիրը, որ մանկութեանս օրերէն իբրեւ նպատակ ընտրած եմ ինծի համար:

Իսկ այդ խնդիրին ընտրութիւնը կը սկսի նախ եւ առաջ ընտանիքէն ու կը շարունակուի Եկեղեցիով ու դպրոցով, իսկ մեր օրերուն Եկեղեցին ու դպրոցը դարձած են ժամանակավրէպ ու … Հայրենիքին համար ապրելու ու մեռնելու համար պէտք է նախ ճանչնանք Հայրենիքը, իսկ այդ ճանաչողութիւնը կու գայ ընտանիքէն, Եկեղեցիէն ու դպրոցէն:

Վերի մտածումին որպէս շարունակութիւն, այս անգամ Պետրոս Դուրեանն է խօսողը.

• Հայրենիք մը ունիմ եւ զայն սիրելու համար կը զգամ, որ պէտք է մեռնիլ:

Շահան Շահնուր կը գրէ.

• Ժողովուրդի մը հայրենասիրական զգացումները ջնջելու համար, անհրաժեշտ է ջնջել ժողովուրդն իսկ:

Հաւատացողն եմ, որ մեր ժողովուրդը տակաւին ջնջուելու աստիճանին չէ հասած, ընդհակառակը, քայլ առ քայլ ոտքերը ա՛լ աւելի կ՚ամրացնէ մարդկութեան պատմութեան ճանապարհին մէջ:

Սուրբ Եղիշէն կը գրէ.

• Յունարէնը մեղմ է, Հռոմէական լեզուն՝ հզօր, Հոներէնը՝ ահաբեկող, Ասորերէնը՝ աղերսական, Պարսկերէնը՝ պերճ, Ալաներէնը՝ գեղեցկազարդ, Գոթերէնը՝ հեգնական, Հնդկերէնը՝ ճռուողեկէն, Հայերէնը՝ քաղցր, որ միաժամանակ կրնայ միւս բոլոր լեզուներու յատկութիւններն ամփոփել իր մէջ:

Ղազարոս Աղայեան կը գրէ.

• Բաւական չէ ազգասէր եւ հայրենասէր ըլլալ, քիչ մըն ալ պէտք է լեզուասէր ըլլալ, պէտք է սիրել, պաշտել, գգուել լեզուն, ինչպէս՝ հարազատ զաւակ եւ հարազատ մայր։ Սիրոյ այդ սերմը միայն մեր աչքին առջեւ կը բանայ լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, անոր նրբութիւնն ու քաղցրութիւնը:

Վահան Տէրեան կը գրէ.

• Լեզուն ժողովուրդի հոգիին, բանականութեան արտայայտիչն է։ Մշակութային ըլլալու առաջին պայմանը զարգացած, հարուստ եւ ճկուն լեզուն է։ Շքեղ շէնքերը, պալատներն ու տաճարները այնքան չեն ցոլացներ ժողովուրդին մշակոյթը, որքան լեզուն։

Տնտեսական, տեխնիկական եւ քաղաքական իրաւական ձեւերը կարելի է ընդօրինակել դուրսէն, բայց լեզուն անհնար է։ Լեզուն պէտք է ստեղծագործել։ Լեզուի մէջ է, որ կ՚արտայատուի մեր ժողովուրդին ստեղծագործական զօրութիւնը:

Ստեփան Զօրեան կը գրէ.

• Լեզուն իրաւ գանձ մըն է, զոր փոխարինել կարելի չէ աշխարհի ոչ մէկ հարստութեան հետ։ Իր մայրենի լեզուն վատ գիտցող մարդը կէս մարդ է, չգիտցողը՝ թշուառ, ծառէն ինկած տերեւ մը, որ կը տատանի ամէն մէկ պատահական քամիէ:

Միքայէլ Նալպանտեան կը գրէ.

• Դպրոցի ազգութիւնը կախեալ չէ աշակերտներու եւ վարժապետներու լոկ հայութենէն. լեզուն է միայն, որ կրնայ այդ վերնագիրը դնել դպրոցի ճակատին… թող ուրեմն, Հայ մանուկը նախ եւ առաջ, որպէս Հայու զաւակ, ուսանի իր սեփական լեզուն եւ ապա՝ օտարինը։ Ազգի հոգին եւ ազգին սիրտը կրնան իրենց յատկութիւնը եւ որակը մաքուր պահել միայն կերպարանագործուելով ազգային լեզուի ազդեցութեան տակ. այս ճշմարտութիւնն ուրացողը՝ ուրացող է ազգութեան։

Լեզուն է այն սարսափելի ոյժը, որուն դէմ տկար են նաեւ միլիոնաւոր բարբարոսներու սուինները։ Բնութեան ահարկու ուժերէն յետոյ… լեզուն առաջին զօրութիւնն է, որ կը յայտնուի բնութեան մէջ՝ բարոյական աշխարհին մէջ բովանդակուած։ Լեզուն է ազգութեանց դրօշակը, լեզուն է անոնց որպիսութեան եւ վիճակի յայտարարը։ Չկայ աշխարհի երեսին ազգ մը, որ բարբարոս ըլլալով, լեզուն ըլլար վսեմացած, չկայ նոյնպէս ազգ մը, որ քաղաքագործուելով՝ բարբարոս լեզու մը ունենար:

Մայրենիի լեզուի հաշուին օտար լեզուներ շեփորողները գէթ մէկ անգամ թող կարդան, չնայած այդպիսիներուն համար իմաստ չունի կարդալը, որովհետեւ ազգային արժէքներէ զուրկ են, եւ հետեւաբար ամէն բանի ունակ են… ի՜նչ տեղին է սակայն Նալպանտեանի սա տողը, որ այդպիսներուն կը վերաբերի. «Ճշմարտութիւնն ուրացողը՝ ուրացող է ազգութեան»:

Րաֆֆին կը գրէ.

• Հայրենագիտութիւնը գլխաւոր ուսմունքներէն մէկը պէտք է ըլլայ, որ իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է սորվիլ: Ով որ չի՛ ճանչնար Հայրենիքը, չի՛ կրնար ճշմարտապէս սիրել զայն:

Այսօրուան մեր գիտոսիկներն ու «հայրենասէր»ները փոխանակ այլանդակութիւններով ու անբարոյականութիւն բուրող աղբերով լեցնեն մեր կրթական ծրագիրները, երբեմն-երբեմն թող կարդան ու ուսումնասիրեն, թէ մեր մեծերը ի՛նչ բաներու մէջ տեսած ու նկատած են մեր տեսակի գոյութեան գաղտնիքներն ու հրամայականները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

26 յուլիս 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020