ԱՊՐԵՑՈՒՐ ԱՊՐԻՐ

Կարգ մը ման­կա­կան խա­ղեր կար­ծես կը բա­ցա­յայ­տեն խո­շոր ճշմար­տու­թիւն­ներ: Այս­պէս, ման­կու­թեանս՝ երբ տու­նե­րը այս­քան խիտ չէին, ընդ­հան­րա­պէս դպրո­ցա­կան ա­զատ պա­հե­րը մօ­տա­կայ փոքր ու մեծ դաշ­տե­րու մէջ կ՚անց­ընէինք եւ հոն զա­նա­զան խա­ղե­րու են­թա­կայ տղաք կ՚ըլ­լա­յին. ա­մէն ոք իր նա­խընտ­րու­թեան: Այ­սօ­րուան նիւթս խա­ղե­րէն այն մէկն էր, որ ան­ձին ըն­տա­նե­կան ծա­ռին կը վե­րա­բե­րէր. կ­­՚ու­նե­նա­յինք կեն­դա­նիի մը, կո­վու կամ ոչ­խա­րի կտրուած ոս­կոր մը, ո­րուն ա­շըխ կ­­՚ը­սէինք, փոքր էր ծա­ւա­լը՝ սա­կայն խա­ղը կը սկսէր (թրքե­րէ­նով, բայց հա­յաց­նենք), Սար­գի­սը ի՞նչ մարդ է, «էշ» է , է­շու­թիւ­նը ին­չէ՞ն է, հօր­մէն, հայ­րը ուր­կէ՞ է... Մա­րա­շէն (խա­ղը կ­­՚ըն­թա­նար Նոր Մա­րա­շի մէջ), Մա­րա­շը ուր­կէ՞ է, ա­խո­ռէն ե­ւ այլն. կեր­պով մը ազ­գա­բա­նու­թիւն, որ յան­կարծ հրաշ­քի պէս եր­կին­քէն չէ ի­ջած, այլ ու­նի ան­ցեալ ու շա­րու­նա­կե­լով՝ կա­րե­լի է հաս­նիլ նա­խաս­տեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, ա­պա՝ եր­կինք, եր­կիր, դրախտ, Ա­դամ-Ե­ւա ե­ւ այլն... ու սկիզբ՝ կեան­քի:

Մար­դիկ ո­րոնք հռչա­կի հա­սած են, ընդ­հան­րա­պէս ի­րենց ըն­տա­նե­կան ծա­ռի մա­սին կը խօ­սուի, իսկ երբ հաս­նի ան­ձին՝ ա­ռած կրթու­թեան, ան­ցած ճա­նա­պար­հին եւ ին­չու չէ շրջա­պա­տին։

Ին­ծի հա­մար յատ­կան­շա­կան է Մար­կոս Աւ­րե­լիոս կայս­րի թո­ղած փոք­րիկ գրքոյ­կը, որ կը սկսի՝ «1- Քա­ղա­քա­վա­րու­թիւն եւ համ­բե­րա­տա­րու­թիւն ես սոր­վե­ցայ Վե­րիւս մեծ հօր­մէս...» ու կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ հաս­նի տաս­նեօ­թնե­րոր­դին՝ ուր շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ ճա­կա­տա­գի­րին եւ Աս­տ-ւած­նե­րուն այս ա­ռիթ­նե­րուն հա­մար:

Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ, ուր ոչ թէ ինք կ՚ար­ժեզր­կուի, այլ՝ ընդ­հա­կա­ռա­կը:

Այս՝ տա­կա­ւին ան­ձի մը մա­սին է. որ­քա՜ն ա­ւել­ի օգ­տա­կար պիտ­ի ըլ­լայ ազգ­ի մը ինք­ն­ութ­եան ճա­նա­չում­ը, ա­նոր ան­ցած ուղ­ին. ազգ­ի մը որ մերն է, որ «հա­զար ց­­եղ­ի ձեռք ես տես­ել, աշ­նան քա­ղած ար­տի նման հա­զար զ­­ոհ­եր­ի չհա­ւաք­ուած բերք ես տես­ել»... թէեւ հա­սած էինք փառք­ի բար­ձունք­ին, եւ սա­կայն ժա­մա­նակ­ներ­ը խլեց­ին...։ Ա­րեւ­ելք­ի խու­ժան­ներ ո՛չ թագ թող­ուց­ին, ոչ դպրոց, ոչ եկ­եղ­եց­ի, ոչ իսկ յար­մա­րութ­իւն՝ պարզ գո­յութ­եան, ա­ւե­րակ, ա­ւե­րակ, ա­ւե­րակ, ո՛չ սահ­ման մնաց ոչ օր­էնք ինքն­ուր­ոյն...։

­Ու այս­պէս դա­րեր:

Եւ սա­կայն ա­զա­տագ­րա­կան փորձ­ե­րը կանգ չառ­ին ու վեր­ջա­պէս 19-րդ դա­րուն շնորհ­իւ Ռուս­աստանի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ դէպ­ի Հա­րաւային Կ­­ով­կաս իջն­ել, մեզ ա­զա­տեց պարս­իկ ու թուրք հա­կա­մար­տութ­եան զ­­ոհ­ը ըլ­լա­լէ, գէթ Հա­յաս­տան­ի Ա­րեւ­ել­եան բա­ժին­ի մէջ, ու ան­կէ սկսաւ կա­մայ-ա­կա­մայ թափ առ­նել մտաւ­որ զար­թօնք, մա­նա­ւանդ երբ Մոսկ­ուա­յի մէջ հիմն­ու­ե­ցաւ Լա­զա­րեան ճ­­ե­մա­րան­ը:

Սա­կայն դա­րեր­ով ա­րիւն ու կեանք դար­ձած ժո­ղո­վուր­դի մը ապ­րե­լա­կերպ­ը՝ մէկ օր­էն միւս­ը, կա­խար­դա­կան ճպոտ­ով փոխ­ու­ե­լիք բան չ­­է ու Կով­կա­սը մնաց Կով­կաս իր խա­ւա­րամտ­ութ­եամբ՝ հակա­ռակ զգա­լի յա­ռաջդ­իմ­ութ­եան դէպ­ի ա­րու­եստ եւ մշակ­ոյթ: Ի՛նք է ապ­րած ար­հաւ­իրք, երբ «Շուն­ը տի­րոջ հա­ւա­տար­իմ հայր­ը որ­դին էր ու­րա­նում»... գրուած է ու այս­պիս­ի եր­կար շա­րան... երբ ծի­ծեռ­նա­կին շի­նած բոյն­ը կը քան­դու­էր եւ ան ստ­­ի­պուած կ՚ըլ­լար... նոր բոյն մը շին­ել շիւղ­եր­ով ե՛ւ եր­գել­ով իր հին բոյն­ը յիշ­ել­ով... Չար­ենց ալ պ­­իտ­ի ը­սէր՝ «Միթ­է՞ սա է Եր­կիր­ը Նայ­իր­ի»...։ Ուր­իշ մէջ­բե­րում մը Չար­ենց­էն.-

«-Ինչ­ո՞ւ հա­մար ես բռնուած:

-Հէ՜չ: Չնչին բա­նի:

-Ո­՞նց թէ չնչին բա­նի:

- Բյա հի՞նչ:  Մէ՛ կնկայ խա­մար: Պոռ­նիկ կնկայ խա­մար:

-Ի՞նչ ա­րիր որ...։

-Հէ ՜չ: Գլու­խը կ­տ­րի դրի ոտ­քե­րու ա­րանք: Հար­բած էի:­  Բռնին բե­րին:
­

­­-Բա դա հէ՞չ է, որ ա­սում ես «հէչ»:

 -Բյա հի՞նչ: Կնի­կը հի՞ն­չ ա՝ կնկայ խա­մար բռնեն՝ թա­լեն ուղ­ղիչ Տուն:

Աշ­խարք հէն­քան կնիկ կայ­... Շնի՛ց շատ:

«Ե­րե­ւա­նի Ուղ­ղիչ Տնի­ց», (Եղիշէ Չա­րենց)

Իս­կ թէ ի՞նչ կ՚ը­սէ Յո­վհան­նէս Քաջ­ազ­նու­նի «Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ան­ել­իք չ­­ու­նի այ­լե­ւս» գ­ր­քոյ­կին մ­­էջ­.-

«Ես սի­րում ե­մ հայ-Հայ­րե­նիքն ու հայ-ժո­ղո­վուր­դը­-այդ աղ­քատ, ա­ւեր, ան­համբոյր, դա­ժան եր­կիրն ու այդ տգէտ, կեղ­տոտ, ծած­կա­միտ, ե­սա­մոլ ու մա­հա­սէր ժո­ղո­վուր­դը­: Սի­րում եմ ոչ թէ ա­ռա­քի­նութ­իւն­նե­րի հա­մար, այլ իր բո­լո­ր ա­րա­տնե­րով ու ախ­տե­րով հանդ­երձ:

C՚est plus fort que moi, կ՚ա­սէր ֆրան­սա­ցին:

Սիր­ում եմ, ո­րով­հե­տեւ ի­նքս ն­րա ան­բա­ժան մասն եմ զգում ինձ­­­-ոս­կո­րը ոսկ­րից ու ա­րիւ­նը ա­րիւն­ից-կա­պել եմ ի­մ անձ­նա­կան բախտը նրա հ­­ա­ւա­քա­կան բախտի հետ»:­

Ա­հա հա­յը եւ...­ ճշմա­րիտ ՀԱՅ մը...։­

Իսկ ո՞ւ­ր ենք այս­օր...։

­Միշտ ալ քա­ւու­թեան նո­խազ կը փնտռուի։ Մենք ի՞նչ ը­րինք մեր կար­գին՝ անց­ան­կա­լի ու ժպ­ր­հե­լի պայ­ման­նե­րը վեր­աց­նե­լու ուղղ­ու­թեամբ: Մ­­ենք-ը մ­­էկ ամ­բո­ղջա­կա­նու­թիւն կ՚ե­նթադր­է. բան մը որ կը պակ­սի մեզ­մէ­, եւ որ­պէս­զի այդ «Մենք»ը կա­րե­նայ տե­սնել ճշմ­­ար­տու­թիւ­նը եւ քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­նայ դէ­պի լա­ւը ա­ռաջ­նոր­դե­լու Հայ­րե­նի­քը՝ պէ­տք է ու­նե­նայ ազ­գա­յին զգա­ցո­ղու­թիւն, մարդ­կայ­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն եւ ար­դար ի­րա­գո­ր­ծում...։

­Սա­կայն ո՞ւր ի՛նչ կը փնտռենք...։­

Ե­թէ կը խրտչին Սո­վե­տա­կան ըն­կե­րա­շա­տու­թե­նէն, թ­­ող առ­նե­ն Ա­րեւմ­տեան լո­զունգ մը որ կ՚ը­սէ- Ա­ՊՐԷ ԵՒ ԹՈՂ ՏՈՒՐ ՈՐ ԱՊ­ՐԻՆ.:

Բայց ին­չո՞ւ հե­ռա­ցանք մենք մեզ­մէ...։

«­Մի լի­նի­ր ու­րա­գի պէս մ­­իշ­տ դէ­պի քեզ, միշտ դէ­պի քեզ­:

­Այլ ե­ղիր սղ­­ո­ցի պէս մին դէ­պի քեզ­, մին դէ­պի մեզ…: (Յովհաննէս Թու­մա­նեան)

Այս պա­րա­գան ալ... Հայ­րե­նի պետ­ու­թեան...։

­ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք», Լի­բա­նան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016