ԳԱԲՐԻԷԼ ԿԱՐՍԻԱ ՄԱՐՔԷՍ ՄՈԳԱԿԱՆ ԽՕՍՔԻ ՎԱՐՊԵՏԸ

«Կեանքի իւրաքանչիւր պահը հնարաւորութիւն է» (Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէս)։

Ահա այս սկզբունքով գործեց, ստեղծագործեց, պայքարեցաւ անմահանուն արձակագիր, լրագրող, ֆիլմերու հեղինակ (scenarist), հրապարակախօս, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եւ լատին-ամերիկեան գրականութեան ակնառու ներկայացուցիչ՝ Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէսը։ Երբեք չյուսալքուեցաւ, այլ ոգի ի բռին ու անկոտրում կամքով ստեղծագործեց եւ գրականութեան աշխարհին մէջ իր անունը ոսկի տառերով քանդակեց։

Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէսի ստեղծագործութիւնը սերտօրեն կապուած է «մոգական իրապաշտութեան» հետ։ Մարքէս Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ իր վէպերուն եւ պատմուածքներուն համար, որոնց մէջ «երեւակայութիւնը եւ իրականութիւնը միախառնուելով՝ ամբողջ մայրցամաքի կեանքը եւ բախումները կ՚արտացոլուէին»։ Գաբրիէլ դարձաւ առաջին քոլոմպիացին, որ Նոպէլեան մրցանակը արդարօրէն ստացաւ։ Կարսիայի համաշխարհային ճանաչում բերաւ «Հարիւր տարուայ մենութիւն» վէպը, որ 37 լեզուներով թարգմանուեցաւ եւ խոր ազդեցութիւն թողուց ամբողջ աշխարհի վիպասանական ընթացքին վրայ։

Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէս ծնած է 1927 թուականին, Քոլոմպիա։ Գաբրիէլի ծնունդէն ետք՝ անոր հայրը Քոլոմպիայի Սուքրէ քաղաքէն գործի հրաւէր կը ստանայ։ Մարքէս մինչեւ 9 տարեկան մայրական կողմէ իր մեծ հօր եւ մեծ մօր խնամքին տակ կը մնայ։ Իր մեծ հայրիկն ու մայրիկը Կարսիային կը ծանօթացնեն ժողովրդական աւանդոյթներուն եւ լեզուական առանձնայատկութիւններուն հետ, զորս յետագային Գաբրիէլի արուեստին հիմնական տարրերը կը դառնան։ Երբ Մարքէս 9 տարեկան էր, իր մեծ հայրը կը մահանայ, ուստի, Գաբրիէլ կը տեղափոխուի իր ծնողներուն քով՝ Սուքրէ։

1940-ին, երբ Գաբրիէլ տակաւին 12 տարեկան էր, կրթաթոշակ կը ստանայ եւ կը յաճախէ Սիպաքիրա քաղաքի գոլէճը։ 1946-ին, ծնողներու դրդմամբ կ՚ընդունուի Պոկոտայի ազգային համալսարանի իրաւաբանական բաժին, ուր կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ։ 1950 թուին, իր ուսումը կիսատ թողելով՝ կ՚որոշէ լրագրութեան եւ գրականութեան ոլորտ մտնել։ Անոր ստեղծագործական մտածողութեան վրայ մեծապէս ազդած են գրողներ. ինչպիսիք են՝ Էռնեստ Հեմինկուէյը, Ուիլյըմ Ֆոլքները, Ճէյմս Ճոնսը եւ Ֆրանզ Քաֆքան։ 1950-1952 թուականներուն, Մարքէս Պարրանքիլի մէջ կ՚աշխատակցի «Էլ Հերալտօ» (El Heraldo) թերթին հետ։ Այդ տարիներուն Պարրանքիլի Գրողներու եւ լրագրողներու միութեան անդամ կը դառնայ։ Իսկ 1954-1955 թուականներուն, կ՚աշխատի «Էլ Էսբէքդատոր» (El Espectador) թերթին մէջ՝ տպագրելով զանազան յօդուածներ։ Որպէս թղթակից կ՚այցելէ տարբեր երկիրներ՝ Իտալիա, Լեհաստան, Ֆրանսա, Վենեզուելլա, Ռուսաստան եւ Ամերիկա…։

1989 թուականին, բժիշկները Գաբրիէլ Մարքէսի մօտ թոքի քաղցկեղ կ՚ախտորոշեն, որուն հիմնական պատճառը ծխախոտն էր։ Վիրահատութենէն ետք՝ 1992-ին, հիւանդութիւնը բարեբախտաբար կը նահանջէ։ Բայց 1992 թուականին այլ հիւանդութեամբ կը տառապի, երկարատեւ բուժում կը ստանայ եւ հոգին կ՚աւանդէ 2014 թուականին։

Նոպէլեան մրցանակակիրը իր ետին թողուց հարուստ գրական ժառանգութիւն մը։ Անոնցմէ ամենայայտնիները հետեւեալներն են. վէպեր՝ «Երկնային ժամ», «Հարիւր տարուայ մենութիւն», «Պատրիարքի աշունը», «Սէրը ժանտախտի ժամանակ», «Ապրիլ կեանքի մասին պատմելու համար», «Վերյիշելով իմ տխուր պոռնիկներս»։ Մարքէս նաեւ ֆիլմերու հեղինակ է, անոնցմէ են՝ «Յայտարարուած մահուան ժամանակագրութիւն», «Ոչ ոք գնդապետին կը գրէ»…։

Գաբրիէլ երբ քաղցկեղով կը տառապէր, իր ընթերցողներուն հրաժեշտի նամակով մը դիմած է՝ ըսելով. «Եթէ Աստուած գէթ պահ մը մոռնար, որ ես միայն կտորէ խամաճիկ եմ եւ ինծի կեանքի պատառիկ մը նուիրէր, այդ ժամանակ ես չէի ըսեր այն միտքերը, որ կը մտածեմ, բայց վստահ կը մտածէի այն բոլորի մասին, ինչ որ կ՚ըսեմ։ Ես իրերը կը գնահատէի ոչ թէ գիներու վրայ հիմնուելով, այլ՝ նշանակութեան։ Ես աւելի քիչ կը քնանայի, աւելի շատ կ՚երազէի` հասկնալով, որ իւրաքանչիւր վայրկեան, երբ մենք մեր աչքերը կը փակենք՝ խորքին մէջ լոյսի վաթսուն երկվայրկեանները կորսնցուցած կ՚ըլլանք։ Ես կը քալէի, քանի դեռ միւսները կանգնած են։ Չէի քնանար, քանի միւսները քնացած են:

«Վաղը միշտ կայ եւ կեանքը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ, որ ամէն ինչ ուղղենք…։ Ո՛չ պատանին եւ ոչ ալ ծերը կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց համար վաղը կու գայ: Այսօր կրնայ վերջին օրն ըլլալ, որ սիրելիներդ կը տեսնես։ Հետեւաբար, ինչ որ մտածած ես, այսօր կատարէ, որովհետեւ եթէ վաղը երբեք չգայ՝ պիտի ափսոսաս այն օրուայ համար, երբ ժպտալու ժամանակ ունէիր՝ բայց չժպտացիր, գրկելու՝ բայց չգրկեցիր, համբուրելու՝ բայց չհամբուրեցիր։ Հարազատներդ ոգեւորէ. անոնց ականջին մէջ շշնջայ, թէ որքան անոնք քեզի պէտք են, սիրէ զիրենք եւ գուրգուրանքով վարուէ. ժամանակ գտիր, որպէսզի «կը ներես», «խնդրեմ», «շնորհակալութիւն» բառերը ըսես»։

50-60-ական թուականները այն ժամանակահատուածն էր, երբ լատին-ամերիկեան վէպը բառացիօրէն ներխուժեց միլիոնաւոր մարդոց կեանքին մէջ։ Այս երեւոյթը կը դիտուէր որպէս դարերու ընթացքին կուտակուած գեղարուեստական եռանդի պայթիւն: Ժամանակակից վէպի գեղարուեստական նորութիւնը այն էր, որ ան դիցաբանական մտածողութեան կը դիմէր. տեղեկութիւններ կը հաղորդէր մեզմէ առաջ եղած մարդոց մասին։ Այդ ժամանակաշրջանի գրողները իրենց ստեղծագործութեանց մէջ չէին ձգտեր վերստեղծել լիարժէք դիցաբանական գիտակցութիւն, այլ հիմնական գեղարուեստական սկզբունքը կը վերցնէին՝ պատկերելով հեքիաթայինը. առեղծուածայինը որպէս իրապէս գոյութիւն ունեցող տարր։

Վերացական մտածողութիւնը լատին-ամերիկեան գրողներու համար հիմնական օղակ մըն էր փիլիսոփայութեան եւ գրական մեթոտներու միջեւ: Եւրոպական վիպասաններու համար դիցաբանական մտածողութիւնը կը դիտարկուէր որպէս հնացած կամ տարաշխարհիկ ձեւ մը: Առասպելին կը մօտենային ժամանակակից գիտակցութեան տեսանկիւնէն՝ միաժամանակ խորացնելով հիմնական սկզբունքները: Ահա թէ ինչո՛ւ լատին-ամերիկեան գրողներու համար արձակագրութեան առաջատար ուղղութիւնը «մոգական իրապաշտութիւնը» (Magical realism) դարձաւ։ Կարսիա Մարքէս անընդհատ իր ելոյթներու ընթացքին կը խօսէր «մոգական իրապաշտութեան» մասին, որուն մէջ կը տեսնէր լատին-ամերիկեան վէպի ինքնատիպութիւնը։ Ըստ Մարքէսի՝ «Մոգական իրապաշտութեան» էութիւնը անսահմանափակ ազատութեան մէջ կը կայանար։ Շարք մը գրողներ լատին-ամերիկեան վէպի առանձնայատկութիւնները կը բացատրէին Լատինական Ամերիկայի իրականութեամբ, որ քաոսային ու հակասական էր. չլուծուած եւ մեկնաբանութեան կարիք ունեցող: Ֆրանս Քաֆքան Գաբրիէլի վրայ իր խոր ազդեցութիւնը թողած է, որուն մասին Մարքէս առիթով մը ըսած է. «Երբ երիտասարդ էի, ձեռքս Քաֆքայի «Կերպարանափոխութիւն» ստեղծագործութիւնը անցաւ: Երբ այս գիրքը կարդացի, իրօք շշմեցայ։ Իւրովի մտածեցի, «Եթէ սա է գրականութիւնը, ուրեմն կ՚արժէ ստեղծագործել»: Քաֆքան ինծի բան մը ցոյց տուաւ, զոր ես անթոյլատրելի ու անհասանելի կը համարէի գրականութեան մէջ. սակայն այդ պէտք էր եւ կարելի էր իրագործել: Ես թուղթն ու գրիչը վերցուցի ու սկսայ գրել: Քաֆքայի ազդեցութեամբ առաջին ստեղծագործութիւններս ծնունդ առին»:

Այստեղ փոքր փակագիծ մը կ՚ուզենք բանալ եւ խօսիլ «մոգական իրապաշտութիւն» ժանրի մասին, որպէսզի մեր ընթերցողները աւելի լաւ հասկնան անոր ինչութիւնն ու յատկութիւնը։ Մոգականութիւն եւ իրապաշտութիւն գոյականները ներհակ բառեր են, որուն մէջ իրականն ու ոչ իրականը. իրականն ու մտացածինը իրարու հետ ընդելուզուած են: «Իրապաշտութիւնը» նիւթականն է, որուն կարելի է դպչիլ ու շօշափել, մինչդեռ «մոգականը»՝ անսովոր եւ խորհրդաւոր է. անբացատրելի ու անսպասելի է: «Մոգական իրապաշտութեան» ջատագով հեղինակները, որուն մէջ նաեւ Մարքէս կը ներառնուի, իրենց արձակ գրութեանց մէջ յաճախ պատկերներ ու խորհրդանիշներ կ՚օգտագործէին, ինչպէս նաեւ մարդու զգացումները մանրամասն կը նկարագրէին։ «Մոգական իրապաշտութեան» ժանրին մէջ կը տեսնենք, որ պատճառը եւ հետեւանքը տեղերով կը փոխուին, գործողութիւնները հետաքըրք-րական ձեւով կը ներկայացուին. պատմողը երրորդ դէմքէն առաջին դէմքի կ՚անցնի, անցեալը ներկային կը միահիւսուի։ Իսկ ստեղծագործութեան «բաց» վերջաբանը ընթերցողին թոյլ կու տայ, որպէսզի ինք որոշէ, թէ ո՞րն է աւելի իրական եւ համապատասխան իսկական կեանքին՝ անիրակա՞նը, թէ՞ ամէնօրեան:

Ծանօթանալու համար Մարքէսի լեզուամտածողութեան, ոճին եւ մտքի թռիչքներուն, ընդհանուր շրջածիրի մէջ պիտի ներկայացնենք «Հարիւր տարուայ մենութիւն» Նոպէլեան մրցանակ շահած գիրքը։ «Հարիւր տարուայ մենութիւն» վէպը գրւած է 1967 թուականին, Մոսկուայի մէջ՝ 18 ամիսներու քրտնաջան աշխատանքէ ետք։ Վէպի յաջողութիւնը կապուած է աւանդոյթներու, ձեւի, բովանդակութեան նորոյթի զարմանալի համադրութեան, հրատապ հարցերու բարձրացման, լեզուի բիւրեղութեան ու պարզութեան հետ: Վէպի դէպքերը տեղի կ՚ունենան մտացածին «Մաքոնտօ» քաղաքին մէջ, սակայն մեծապէս կ՚առընչուին հեղինակի՝ Գաբրիէլ Մարքէսի հայրենի Քոլոմպիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ:

Գիրքը կը բաղկանայ 20 անվերնագիր գլուխներէ, որոնց մէջ Մաքոնտոյի եւ Պուէնտիաներու ընտանիքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը նկարագրուին: Հերոսներու անունները շարունակ կը կրկնուին՝ միաւորելով երեւակայութիւնն ու իրականութիւնը: Առաջին երեք գլուխներուն մէջ կը պատմուի խումբ մը մարդոց վերաբնակեցման եւ անոնց կողմէ Մաքոնտօ գիւղի հիմնադրման մասին: 4-16 գլուխներուն մէջ կը նկարագրուի բնակավայրի տնտեսական ու քաղաքական զարգացումը, իսկ վերջին գլուխներուն մէջ գիւղի անկումը պատկերուած է: Վէպի համարեա բոլոր նախադասութիւնները կառուցուած են անուղղակի խօսքով եւ բաւականին երկար են:

Երկին մէջ երեւակայածին իրադարձութիւնները կը ներկայացուին որպէս առօրեայ կեանքի մէջ տեղի ունեցող դէպքեր։ Քոլոմպիոյ պատմական իրադարձութիւնները՝ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ քաղաքացիական պատերազմը, պանանի պարտէզի բանուորներու զանգուածային սպանդը եւս արտացոլուած են Մաքոնտոյի մասին առասպելին մէջ: Ռեմետիոսի երկինք համբառնալը, Մելկիատէսի գուշակութիւնները, մահացած հերոսներու յայտնուիլը, գնչուներու բերած անսովոր առարկաները (մագնիս, հեռադիտակ, սառոյց) կը ներխուժեն գրքին մէջ արտացոլուած իրական դէպքերու համաթեքսթ եւ ընթերցողին կը ստիպեն մտնել աշխարհ մը, որուն մէջ անհաւատալի իրադարձութիւնները հաւատալի կը դառնան: Ահա այստեղ կը կայանայ «մոգական իրապաշտութեան» իմաստը: Գրքին մէջ հարազատներու միջեւ յարաբերութիւնները կը նկարագրուին խոզի պոչով ծնած երեխաներու առասպելով: Ամբողջ վէպի ընթացքին ընտանիքի անդամներու տարբեր սերունդներուն միջեւ սիրային կապեր կը ստեղծուին։ Պատմութիւնը կը սկսի Խոսէ Արքատիօ Պուէնտիայի եւ անոր զարմուհի Ուրսուլայի միջեւ յարաբերութեամբ։ «Հարիւր տարուայ մենութիւն»ը իր մէջ կը ներառնէ շարք մը կերպարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚առանձնանայ իր մարդ տեսակով, բնաւորութեամբ, սակայն ՄԵՆՈՒԹԻՒՆԸ բոլորը միաւորող միակ տարրն է։

Երկին մէջ գլխաւոր երեք կերպարներ կան, որոնք իրենց ինքնատիպութեամբ աչքի կ՚իյնան։ Անոնք են՝

1. Ուրսուլա Իկուարա, Խոսէ Արքատիօ Պուէնտիայի կինը եւ ընտանիքի մայրը

Բազմաթիւ կերպարներէն «հոգեհարազատ» է Ուրսուլայի կերպարը, որ ապրելով մինչեւ խոր ծերութիւն՝ երբեք իր աշխուժութիւնը, հոգատարութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը չկորսնցուց: Սկզբնական շրջանին Ուրսուլան կը տեսնենք որպէս համեստ եւ խելամիտ կին, այնուհետեւ որպէս տան համար գումար աշխատող, ապա քաղաքական գործիչ, որ յաջողութեամբ կը կառավարէ ամբողջ Մաքոնտոն։ Սակայն այս բոլորի հետ մէկտեղ Ուրսուլա կը մնայ բարեհոգի, ազնիւ եւ աշխատասէր այն կինը, որ օրինակ կը հանդիսնայ ամբողջ Մաքոնտոյի համար:

Ապրելով բնակիչներով լի տան մը մէջ՝ Ուրսուլա ինքզինք շատ միայնակ կը զգար եւ կը փորձէր իր մենութիւնը լեցնել աշխատելով. հոգ տանելով իր երեխաներու, թոռներու, ծոռներու եւ միւս հարազատներու մասին: Մարքէս Ուրսուլայի մենութիւնը հետեւեալ նախադասութեամբ կը բնութագրէ. «Անոնք ո՛չ միայն մայր ու որդի էին, այլեւ մենութեան ընկերներ»: Եւ չնայած Ուրսուլայի հոգատարութեանը, ցաւօք, իր երեխաները զինք կը յիշէին լոկ այն ժամանակ, երբ իրենք զիրենք մինակ կը զգային։

2. Ամարանտա Պուէնտիա, Խոսէ Արքատիօ Պուէնտիայի եւ Ուրսուլայի երրորդ երեխան

Ամարանտան Խոսէ Արքատիոյի եւ Պիլար Տէրներայի զաւկին՝ Արքատիոյի հետ կը մեծնար, մինչեւ Ռեբեկայի յանկարծակի յայտնուիլը Պուէնտիա ընտանիքին մէջ: Վերջինս Ամարանտայի գրեթէ հասակակիցն էր, բայց Ռեբեկան երբ կը մեծնայ՝ իր գեղեցկութեամբ Ամարանտան կը գերազանցէ: Իսկ Ամարանտան, թէեւ նրբագեղ չէր, բայց «հանգուցեալ մեծ մայրիկէն ազնուութիւն եւ սեփական արժանապատուութեան զգացում ժառանգած էր»: Շուտով քոյրերը նոյն տղամարդուն՝ Պիէտրօ Կրեսպիին կը սիրահարուին, բայց Ամարանտայի սէրը անպատասխան կը մնայ: Ի հակադրութիւն իր անապատասխան սիրոյն՝ Ամարանտայի մէջ նախանձը, ատելութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը կը սկսին բոյն դնել: Ամարանտա շարունակ ինքզինք կը փորձէ հանգիստ պահել, բայց առանձնութեան մէջ մշտապէս կը ծրագրէ Ռեբեկայի հարսանիքը խափանել: Ան նոյնիսկ իր քրոջ համար մահաբեր թոյն կը պատրաստէ, բայց պատահաբար այդ նոյն թոյնը Ռեմետիոսի մահուան դատավճիռը կը դառնայ: Երկար փորձութիւններէ ետք, Պիէտրոն կ՚որոշէ Ամարանտային ամուսնութեան առաջարկ կատարել, սակայն Ամարանտա կը մերժէ: Ամարանտայի պարբերաբար մերժումները կը դառնան Պիէտրոյի ինքնասպանութեան պատճառը, որմէ ետք Ամարանտան դիտմամբ իր ձեռքը կ՚այրէ եւ սեւ վիրակապով կը կապէ: Սեւ վիրակապը մինչեւ կեանքի վերջին շունչը կը ծածկէ Ամարանտայի այրուած դաստակը՝ դառնալով անոր մենութեան խորհրդանիշը: Ամարանտա կոյս կը մնայ՝ մերժելով Կերինելտօ Մարքէսի եւ իր միւս եղբօրորդիներու ամուսնութեան առաջարկները։

Ամարանտայի մենութիւնը միւս հերոսներու մենութենէն կ՚առանձնանայ սկզբնական շրջանին՝ չարութեամբ ու ցասումով, ապա՝ լուռ թախիծով ու անվերջ սէրը մերժելու հակումով:

3. Ռենատա Ռեմետիոս (Մեմէ), Ֆերնանտայի եւ Աուրելիանօ երկրորդի առաջին դուստրը

Մեմէն կը ծանօթանայ եւ կը սիրահարուի պանանի ընկերութեան աշակերտ Մաուրիսիօ Պապիլոնիային։ Երբ Ֆերնանտան անոնց սեռական յարաբերութիւններու մասին կը գիտնայ՝ իրենց տունը կը շրջապատէ գիշերային պահակախումբերով։ Մաուրիսիոյի գիշերային այցերէն մէկուն ժամանակ պահակները անոր վրայ կը կրակեն, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Մաուրիսիօ հաշմանդամ կը դառնայ եւ իր անկողնէն դուրս չի կրնար ելլել։ Իսկ Ֆերնանտան Մեմէն մենաստան կը տանի՝ Մաուրիսիոյի եւ Մեմէի հետ ամօթալի կապը կոծկելու համար։ Երբ Պապիլոնիա կը վիրաւորուի, Մեմէն իր ամբողջ կեանքի ընթացքին լուռ կը մնայ եւ ոչ ոքի հետ կը խօսի։ Մի քանի ամիս անց, Մեմէն մանչ զաւակ մը լոյս աշխարհ կը բերէ։ Ռենատան խոր ծերութեան մէջ իր աչքերը առյաւէտ կը փակէ՝ միմիայն իր սիրելիին՝ Մաուրիսիոյի մասին մտածելով եւ անոր յուշերով ապրելով։

Մեմէն վէպի այն բացառիկ կերպարներէն է, որ կը կարողանայ սիրել, նուիրուիլ եւ հաւատարիմ մնալ: Ան մենութեան կը մատնուի ոչ թէ սիրելու անկարողութենէն, այլ մօր՝ Ֆերնանտայի պատճառով, որուն մեղքին իբրեւ հետեւանք՝ իր սիրելին կը կորսնցնէ եւ իր ողջ կեանքը լռութեան մէջ կ՚անցընէ. ուր գուցէ իր միակ սիրոյ նկատմամբ տածած մեծ ջերմութիւնը եւ կորուստի ցաւը պահած էր: Ի տարբերութիւն միւս կերպարներէն, Մեմէն միակն էր, որ իր հօր հետ ջերմ յարաբերութիւններու մէջ էր, իսկ միւս հերոսները՝ իրենց ծնողներուն այնքան ալ չէին կապուած։

Կարսիա Մարքէսի հիմնական արժանիքը այն է, որ ան մէկ ընտանիքի օրինակով կը ստեղծէ արտայայտիչ կերպարը ոչ միայն Քոլոմպիայի, այլեւ ամբողջ Լատինական Ամերիկայի՝ գաղութային ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Վէպի առաջին գլուխներուն մէջ ժամանակը կարծես կանգ առած է, սակայն վերջին գլուխներուն մէջ իրադարձութիւնները թափ կը ստանան ու կը զարգանան։ Մաուրիսիօ Պապիլոնիայի եւ Մեմէի անկեղծ սիրոյ պատճառով, Պուէնտիա տոհմը կ՚ոչնչանայ՝ իր ետին թողելով միայն անկատար սիրոյ պատմութիւններ։

Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէսի «Հարիւր տարուայ մենութիւն» ստեղծագործութիւնը ընթերցողը կը դիւթէ դիպաշարերու անսպասելի զարգացումներով. հակասական ու ողբերգական կերպարներով, հեղինակի հարուստ երեւակայութեան խաղով, ինչպէս նաեւ ցնցող, յուզող, մտածել տուող գաղափարական ընդհանրացումներով՝ կեանքի ու մահուան, պահի ու յաւերժութեան, Արարիչի ու մարդու, սիրոյ ու դաւաճանութեան թեմաներով։

Մեծանուն գրողը 87 տարեկան հասակին այս աշխարհէն մեկնեցաւ՝ հրիտակելով գրական այնպիսի մեծ ժառանգութիւն մը, որուն մասին հարիւրամեակներ շարունակ պիտի խօսուի: Ընթերցողը Մարքէսի գրիչն ու մտասեւեռակէտը սիրեց, որովհետեւ ան կրցաւ հասկնալ ընթերցողի գրական պահանջքն ու հետաքրքրութիւնը: Կարսիայի գրական մտքի իւրօրինակ ձեռագիրը ընթերցողի հոգւոյն մէջ թաջուած պիտի մնայ, որովհետեւ Մարքէսեան տողերէն իւրաքանչիւրը լեցուն է յուզականութեամբ, պատկերաւորութեամբ, գունեղութեամբ…։ Թէեւ գրողը ոչ եւս է, բայց անոր ստեղծագործութիւններն ու իմաստուն մտքերը առայսօր կը շարունակեն ձեռքէ ձեռք անցնիլ եւ գրաւել նորանոր ընթերցողներու սրտերը:

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017