«Ո՞ՆՑ ԵՍ…»

-Աս թռչուն է, աս ծառ, տերեւ, արեւ, ամպ, երկինք, կապոյտ...

Զամբիւղը ձեռքը բռնած կը պտտի ուսուցիչը տասնեակ մը կազմող պատանիները գլխաւորելով. բացօթեայ դաս մըն է տեղի ունեցածը: Կը հաւաքուին բառերը, իւրաքանչիւրը թուղթի մը կտորի վրայ գրուած ու ծալուած՝ ծաղիկի մը փերթին պէս կը նետուին զամբիւղին մէջ:

Ծաղկաքաղը աւարտին հասցնելու համար, ուսուցիչին ընկերակցութեամբ, խոտերուն վրայ շրջանակ կը կազմեն օտարախօս հայ պատանիները:

Մարմնի անդամներուն, բնութեան տարրերուն, գոյներուն, միջատներուն, իրերուն անունները վերաքաղ կ՚ըլլան ու համապատասխան լեզուով կը թարգմանուին: Տառաճանաչումը նոր աւարտած պատանիները կը սկսին բառեր արտասանել, հեգել, հնչիւններ քով-քովի բերել, ապա սկիզբ կ՚առնէ օրուան համար նախատեսուած խաղը:

Զամբիւղը հերթականօրէն կը բազմի նստողներուն գիրկը, իւրաքանչիւրը կը բռնէ իրեն բախտ ինկած ծալուած թուղթ մը՝ բառ մը ու նոյն հերթականութեամբ, պահ մը ետք, նախադասութիւն մը կը կազմէ կամ կը փորձէ կազմել տուեալ բառով:

Յովակ յամառօրէն կ՚ընդդիմանայ, ինքնիրեն կ՚ընդվզի, դէմքին անտեղի ժպիտը կը մատնէ իր ժխտականութիւնը.

-Թռչունը կը թռնի:

Կը սկսի Ատիս առաջին նախադասութիւնը հնչեցնելով եւ այս նախադասութեամբ կը փոխանցէ տան մէջ օգտագործուած բառ մը. Ատիս այն պատանիներէն է, որուն ընտանիքը տակաւին հայերէն կը խօսի:

Յովակ իր ձեռքի թուղթի կտորը կը ճզմէ, մեծ բռունցքին մէջ գրեթէ ոչինչ կ՚երեւի:

-Երկինքը կապոյտ է:

Կը շարունակէ Վարդան:

«Ծաղիկը դեղին է», «Օդը տաք է», «Ծառը շատ աղուոր է»...:

Խաղը կը շարունակուի ու կը քալէ մէկիկ-մէկիկ այցելելով պատանիներուն, որոնք իրենց ձեռքի բառին կը նային, կը հաղորդակցին տառերուն հետ, մտովի կը հնչեն ու բառակապակցութիւններ կը ստեղծեն. չգիտցողները արաբերէն ու քրտերէնով կը հարցնեն իրենց կողքինին, շշուկներով կը թարգմանուին բառերը, կը կազմուին նախադասութիւնները արագօրէն. կարգը չհասած պատրաստ ըլլալուն փափաքը երեւելի է պատանիներուն աչուկներուն մէջ ու կը փայլին աչքերը իւրաքանչիւր «ապրի՛ս»է ետք ու ձեռքերը կ՚երկարին զամբիւղէն նոր փերթեր վերցնելու:

Կարգը Յովակին շատ մօտ է, երկու նախադասութիւն միայն իրեն հասնելու: Ան տակաւին բառը ճզմած, իր որոշումին կառչած կը դիտէ շուրջը, բայց կը լսէ նախադասութիւնները, ներքին կանչով մը կը հետեւի անցուդարձին, չարն ու բարին կ՚ընդվզին իր մէջ, բառին հետ կամքն է որ կը ճզմուի. «Ճամբարը շատ հաճելի է» կը լսուի ընկերոջ նախադասութիւնը ու լուռ ակնթարթ մը Յովակէն առաջ եւ՝

-Ո՞նց ես.

Կը լսուի Յովակին բարձր ձայնը վերջապէս, որ օրերէ ի վեր, դասապահերուն իր լռութեամբ կը մասնակցէր միայն. հնչիւնները թռան ի վերջոյ անոր բերնէն, գտան նեղ անցք մը լռութիւնը ճեղքելու, բանալու պատուհան մը, նեղլիկ անցք մը հաղորդակցութեան, անցք մը որ ջանքերու գործադրումով գոյացաւ ու թերեւս ընդլայնի ու դառնայ դուռ, դարպաս անփեղկ, ուրկէ զգալի ըլլան մուտք գործող հնչիւններուն հարազատութիւնը:

-Կեցցե՛ս...

Կ՚ըսէ արեւմտահայերէնի ուսուցիչը, հակառակ անոր որ արտասանուածը արեւելահայերէն է. ի՞նչ փոյթ, մանուկին առաջին թոթովանքն է էականը, այս պարագային՝ տասնվեցամեայ պատանիին առաջին հաղորդակցութիւնը իր մայրենիին, սրբագրութիւնը կրնայ գալիքին տեղի ունենալ:

Յովակը ուսուցիչին «Կեցցէ՛»ն չհասկ-նալով լուռ հարցականով մը կը նայի յանցաւորի պէս, կարծելով որ սխալ արտասանած է, ու՝

-«Կեցցե՛ս» կը նշանակէ՝ «Շա՛տ ապրիս», Յովա՛կ,- խանդավառութեամբ կը քաջալերէ ուսուցիչը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019