ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Զ.
ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆիզիքական ու բարոյական ժառանգականութիւն: Առհաւութիւն (Atavism): Առաջգնաց ու յառաջընթաց եւ յետընթաց ժառանգականութիւն: Ծնողներուն համանման եւ հակասական յատկանիշներուն փոխանցումը սերունդներուն: Վայսմանի տեսութիւնը: Հիւանդական ժառանգ: Ժառանգականութեան ուժը: Ընտրողութեան օրէնքը ամուսնութեան մէջ: Ժառանգաբար փոխանցնող հիւանդութիւնները: Ժողովուրդին պէտք է բացատրել հիւանդական ժառանագականութեան օրէնքները:
Վարակիչ հիւանդաբեր թոյնը մարդուս արեան մէջ մտնելով, սոսկալի արագութեամբ ամբողջ մարմինին մէջ կ՚աճի ու կը տարածուի՝ թունաւորելով զինք. մարդս կը հիւանդանայ: Ապա, որոշ ժամանակ ետք (մի քանի օր կամ մի քանի շաբաթ) հիւանդը կամ կը մեռնի, կամ թոյնը կ՚ոչնչանայ մարմինին մէջ, դուրս կը մղուի, ու հիւանդը կ՚առողջանայ:
Այսպէս, ամէն ինչ կը վերջանայ: Յարատեւ հիւանդութիւններու մէջ թոյնը, ընդհակառակը, կամաց-կամաց՝ երկար ամիսներու ու տարիներու ընթացքին, մարդուս կազմուածքը կը քանդեն ու կը հիւանդացնեն անոր բոլոր անդամները: Եւ որովհետեւ ապագայ սերունդին սաղմերը իրենց մէջ կը պարունակեն ամբողջ կազմուածքէն ստացած հիւթեր, հետեւաբար իրենք ալ հիւանդոտ կ՚ըլլան: Այսօր այս տեսութիւնը փորձնականապէս ապացուցուած է: Նշանաւոր գիտնականներ՝ Շարրէն ու Կրէյ, արու եւ էգ ճագարները զանազան հիւանդաբեր ժահրերու ազդեցութեան ենթարկած էին (տիֆթերիտի, բարակացաւի) եւ տեսած էին, որ անոնց միաւորումը կամ անպտուղ կը մնար, կամ վիժումներ կու տար, կամ ալ սատկած ձագեր կու տար: Իսկ եթէ ձագերը կենդանի ալ ծնէին, անոնք վատասերած կ՚ըլլային, այսինքն՝ թզուկային (քիչ զարգացած), զանազան հրէշաւորութիւններու (անկանոն կազմի) տէր, կամ հիւանդ:
Այս երեւելի փորձերը մէկ անգամէն կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ հիւանդ ծնողներուն սերունդը կը վատասերի, թէ ինչո՛ւ սիֆիլիսոտի, բարակացաւոտի, արբեցողի զաւակները հիւանդ կ՚ըլլան ու երկար չեն ապրիր:
«Այսօր ժառանգականութիւնը մեր առջեւ կը ներկայանայ իբրեւ անհասկնալի ճակատագրական ուժ մը, որ հակառակ մեր կամքին՝ մեր վիճակը կը ղեկավարէ: Ժառանգականութիւնը մարդկութեան մեծամեծ բարիքներ տուած է, նոյն ատեն ալ անթիւ-անհամար չարիքներու պատճառ դարձած է: Խորհողի եւ բժիշկի ամենէն մեծ կոչումը այդ ուժը տիրապետելն է, հեռացնել անոր աւերիչ զօրութիւնը եւ զայն դարձնել դէպի մարդկութեան բարիքը: Այո՛, ասիկա մեծ ուժ մըն է, եթէ լաւ ըմբռնուած է»:
Ի՞նչ կարելի է չընել ժառանգականութեան մեծ օրէնքի ուժով:
Այս օրէնքը անասնաբուծութեան մէջ ամենալայն գործադրութիւնը ստացած է: Կը կամենան լաւացնել որեւէ մէկ կենդանիի (խոզի, ոչխարի, հաւի, եւ այլն) ցեղը, այսպէս կ՚ընեն:
Շատերու մէջէն կ՚ընտրեն ամենալաւ տարրերէն զոյգ մը (էգ ու որձ), ու կ՚աճեցնեն: Ասոնց ձագերուն մէջէն նոյնպէս լաւագոյն զոյգը կ՚ընտրեն, կ՚աճեցնեն, եւ այլն: Այսպէսով, քանի մը սերունդներէ ետք ամենալաւ տարրեր կը ստացուին: Եւրոպայի մէջ այս ընտրական ձեւը արդէն զարմանալի հետեւանքներ տուած է անասնապահութեան գործին մէջ. կազմուած են կամ ուղղակի ստեղծուած են շարք մը նոր անասնական ցեղեր, օրինակ, ոչխարի այնպիսի ցեղ մը, որու բուրդը զարմանալիօրէն առատ ու երկար է, մինչեւ գետին կը հասնի, կամ հսկայ դմակ ունի. խոզեր, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ ճարպ դարձած են. բարակ, թեթեւ ձիեր, որոնք կարծես արշաւելու համար ստեղծուած են, եւ այլն:
Այս տեսակէտէն մարդկային ցեղը միւս կենդանիներէն ոչինչով կը տարբերի: Մարդիկ ալ յաջող ընտրութիւններով կրնան իրենց սերունդին առողջական վիճակը բարելաւել:
Յաղթանդամ ու գեղեցկատես տղան եւ աղջիկը անկասկած ընտիր սերունդ կու տան, որ նոյնպէս յաջող ամուսնութիւններու շնորհիւ աւելի եւս կ՚ազնուացնէ ցեղը, եւ այլն:
Ասիկա ընտրովի ամուսնութեան առաւելութիւնն է:
Սակայն, մեր մէջ այդպիսի միաւորութիւնները շատ չեն:
Մեր երիտասարդներէն շատերը, կամ չհասկնալով ամուսնութեան վեհ նշանակութիւնը, կամ շլացած օժիտով ու խոստացուած հասարակական դիրքով, անուշադիր կը մնան դէպի գիտութեան պահանջները, կը յանդգնին իրենց եսամոլութեան համար զոհել ապագայ սերունդին բարօրութիւնը:
Հիւանդ տղամարդը, որ անմեղ արարածի մը հետ կը կապուի, հրէշ մը, մեղապարտ մըն է, ու ո՛չ մէկ դիտաւորութիւն չի կրնար այդպիսի մարդը արդարացնել: Ան կրկնապատիկ յանցաւոր է, որովհետեւ ո՛չ միայն կ՚անբախտացնէ իր կինը, այլ՝ ամբողջ սերունդներ: Ծնող մը, որ իր երեխան վատառողջ մարդու մը գիրկը կը նետէ, ուղղակի իր զաւակն ու թոռները կը զոհէ:
Աւելի եւս զազրելի են այն մարդիկ, եթէ շարժառիթը շահասիրական է:
Ցեղը, որոշ դրոշմ ունի եւ սերունդները այդ դրոշմով կնքուած կը ծնին:
Արատը, հիւանդութիւնը իսկական կերպով սերունդէ սերունդ կ՚անցնին կամ փոփոխուած՝ սաստկանալով կամ նուազելով, մինչեւ ցեղի կատարեալ սպառումը կամ վերականգնումը:
Ծնողներուն արատը, հիւանդութիւնը ցեղեր են, որոնք սերունդներուն առողջ հիւթերը կը ծծեն եւ կամաց-կամաց կը քանդեն ամբողջ ցեղին կազմուածքը:
Հիւանդ ծնողը, որ գիտկացաբար կ՚ամուսնանայ, յանցաւոր եւ չարագործ մըն է թէ՛ իր ամուսինին եւ թէ իր սերունդին առջեւ:
Բազմաթիւ դժբախտ արարածներ, յղացած ու ծնած հիւանդութեան մէջ, կատարեալ իրաւուքնով կ՚անիծեն իրենց ծնած վայրկեանը, իրաւունք կ՚ունենան մէկ օր, տանջանքէն յուսահատած, այսպէս խօսիլ իրենց ծնողներուն. «Դուք փոխադարձաբար կուրցաք. դուն, հայր՝ մօրս օժիտով, իսկ դուն, մայր՝ հօրս հասարակական դիրքով, ու չմտածեցիք, որ արժանի չէք ամուսնանալու ու ծնող դառնալու: Դուք ամենազազրելի եսամոլներն ու չարագործներն էք, աւելի անողորմ, քան բոլոր եսամոլները, եւ աւելի անգութ, քան աշխարհի բոլոր չարագործները»:
***
Տեսնենք, թէ որո՞նք են ժառանգաբար անցնող հիւանդութիւնները: Ասոնք սակաւաթիւ չեն: Մենք միայն կարեւորագոյնները կը թուենք.
1. Սիֆիլիս:
2. Թիւպերքիւլոզ (բարակացաւ) եւ խուլախտ (զօլօտուխա):
3. Ջղային զանազան հիւանդութիւններ:
4. Խմիչքամոլութիւն (alcoholism):
5. Րաշիթիզմ կամ անգլիական հիւանդութիւն:
6. Խլիրդ, եւ ուրիշներ:
Այս հիւանդութիւնները անհատին հարուածելով չեն բաւարարուիր, այլ՝ իրենց աւերիչ ներգործութիւնը կը ձգեն սերունդներուն վրայ եւս:
Մենք մէկ առ մէկ պիտի աշխատինք բացատրել անոնց խաղացած դերը ամուսնական կեանքին մէջ:
Մենք յաւակնութիւն չունինք կարծելու, թէ այս փոքրիկ ուսումնասիրութիւնը մեր ազգը պիտի փրկէ սպառնացող ու արդէն իսկ տեղ-տեղ յայտնուած վատասերումի վտանգէն: Ո՛չ. մեր բաղձանքը կատարուած կ՚ըլլար, եթէ յաջողէինք համոզել գոնէ մի քանի ազնիւ երիտասարդներ, որպէսզի անոնք ազնուաբար վերաբերին ամուսնութեան սրբազան արարքին նկատմամբ, որպէսզի իրենց խիղճը չծախեն: Մենք երջանիկ կ՚ըլլանք, եթէ կարենանք մի քանի ծնողներ համոզել իրենց զաւակները չծախել՝ շլանալով փեսացուի դիրքով ու հարստութեամբ:
Ամուսնութեան մէջ երջանկութիւնը միայն այս ձեւով կարելի է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 13
Վաղարշապատ