ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ… ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻ՞ՒՆ

Այն ինչ՝ որ տեղի ունեցաւ անցեալ երեքշաբթի օր, գրեթէ անսպասելի էր։ Անսպասելի էր ո՛չ թէ անոր համար, որ մի քանի ժամուան մէջ հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց կ՚իջնէին անսալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, այլեւ այն առումով, որ Փաշինեանի կառավարութեան մաս կազմող երկրի երկու քաղաքական ուժերը կը քուէարկէին օգտին օրինագիծի մը, որ ըստ Փաշինեանին առնուազն կը խթանէր հակայեղափոխական իրավիճակ մը։

Փաշինեան, որ աւելի վաղ Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունեցած էր, բացած էր «բանտորայի տուփ»ը եւ վճռական խօսք ըսած՝ վաղահաս ընտրութիւններու մասին։

Ճիշդ է, որ այդ խօսքը առաջինը չէր ընտրութեանց օրակարգին վերաբերեալ, բայց եւ այնպէս, յստակ էր, որ Փաշինեան ամէն ինչ մէկդի դնելով իր բոլոր ուժերը պիտի լարէր, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեամբ պսակել ընտրութեանց օրակարգը։

Վերադառնալով երեքշաբթի երեկոյեան երեւելի դարձած «լարուած» իրավիճակին՝ պարտիմ յիշեցնել, որ խորհրդարանին մէջ «տէֆաքթօ» մեծամասնութիւն մը ունեցող Հանրապետական կուսակցութիւնը «անսպասելի» համարուած քայլով մը խորհրդարան կը բերէր ներքին կանոնադրութեան հետ կապուած բարեփոխման առաջարկ օրինագիծ մը, որուն օգտին կը քուէարկէին 62 պատգամաւորներ։ Խորհրդարանի շէնքէն ներս գտնուող «Ելք» խմբակցութեան անդամները քայլը կը համարէին անընդունելի ու անոնք կ՚ըսէին, թէ հանրապետականները «գողնալու» պէս ընելով յաջողած են այդ առաջարկին օրէնքի ուժ տալ։

Ի դէպ, այդ օրինագիծին համաձայն, որեւէ «փրոպլեմաթիք» հարցի պարագային Ազգային ժողովի նախագահը բաւարար իրաւասութիւն պիտի ունենար առկախել ընթացող նիստը եւ այդպէսով յայտարարել, թէ Ազգային ժողովը չէ աւարտած այդ «խնդրայարոյց» օրակարգին քննարկումը, նաեւ նիստերը այնուհետեւ կը համարուին «բաց» ձգուած ժողովներ։

Այս օրէնքի օգնութեամբ շատ հաւանաբար Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի փորձէր առաջքը առնել մօտիկ ապագային սպասուող կարգ մը կարեւոր քննարկումներու, որոնց ծայրը անշուշտ կը հասնի նոր խորհրդարանի մը կազմութեան խնդրին, որ այսօր Հայաստանի համար սկսած է ստանալ «մահ ու կենաց» հնչեղութիւն։

Ուրեմն, խորհրդարանին մատուցուելէն եւ այդ օրինագիծը ընդունելէն ետք ընթացք կ՚առնէր զարգացումներու բաւական բարդ փուլ մը, որ կ՚աւարտէր երկիրը տանելով քաղաքական նոր տագնապի մը։

Շատերուն համար այդ տագնապը անսպասելի էր, պարզ անոր համար, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը գրեթէ ընդունած էր իր «պարտութիւնը»ը եւ այս ընթացքով այդ կուսակցութեան ղեկավարները կը փորձէին ժամանակ շահիլ։

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձէին աւելի խորաթափանց հայեացք մը նետել ընդհանուր իրավիճակին՝ կը հասկնային, որ յատկապէս վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Հանրապետականը առնուազն կը փորձէր գտնել յարմար ենթահող մը, պատրաստուելու համար յառաջիկայի քայլերուն։ Անշուշտ յաճախ ալ հիմնուելով Փաշինեանի գործած կամ գործելիք քաղաքական սխալներուն վրայ եւ այդպէս ալ փորձելով քաղաքական նոր միաւորներ կուտակել։

Հիմա հարց պիտի տաք. Հանրապետականին ինչի՞ն էր պէտք քաղաքական միաւորներ կուտակելու քայլը, մանաւանդ որ բոլորին համար աւելի քան յստակ է, որ այդ կուսակցութիւնը ներկայ պահու դրութեամբ ունի վարկանշային մեծ անկում ապրած կարգավիճակ մը եւ անոր իշխանութեան վերադառնալու որեւէ առիթ կամ բախտ բացառուած է...։ Սակայն բացի այդ փաստէն, յստակ է նաեւ, որ քաղաքական իրողապէս բաւական բեւառացած իրադրութեան մէջ Հանրապետականը պիտի փորձէր նոր շունչ հաւաքել եւ գոնէ կոտրել Փաշինեան-ԲՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութիւնը, առանց ատոր ալ բաւական թոյլ օղակները։

Ու այդպէս ալ կը կատարուէր։

Մէկդի դնելով բոլոր տեսակի մօտեցումները, 2 հոկտեմբերի գիշերը իր աւարտին կը դրուէր վարչապետ Փաշինեանի եւ երկու միւս գլխաւոր ուժերուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը։ Վարչապետ Փաշինեան առանց վարանելու Բաղրամեան 26-ի մայթին վրայ կանգնելով եւ ականջ տալով հազարաւոր քաղաքացիներու բողոքի արտայայտութիւններուն՝ կը ստորագրէր հրամանագիր ու պաշտօնազուրկ կը հռչակէր ԲՀԿ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ նախարարներն ու մարզպետները։

Եթէ խնդրին փորձենք քաղաքական վերլուծման հիմքերով նայիլ, ապա շատ արագ պիտի կարողանանք հաստատել, որ վարչապետ Փաշինեան եւ անոր կուսակիցները այսօր գրեթէ առանձինն մնացած են հրապարակին վրայ։

Առանց այդ վիճակին ալ արդէն իսկ բոլոր կողմերը շատ լաւ հասկցած էին, որ այդ համագործակցութիւնը գոնէ որոշ հանգրուանի մը համար եղած էր, սակայն «հաւատացած» էին նաեւ, որ իրենք պիտի կարողանան շարունակել համագործակցութիւնը Փաշինեանի հետ ու միասնաբար յառաջանալ դէպի խորհրդարանի ընտրութիւններ։

Սակայն տեղի ունեցած դէպքերը կ՚ընթանային բոլորովին այլ ուղղութեամբ… Եւ այսօր կայ նոր իրավիճակ մը, որմէ հիմնական օգտուողը Հանրապետական կուսակցութիւնն է, որ հակառակ քաղաքական դաշտ վերադառնալու վերաբերեալ մեծ բախտ մը չունենալուն, պիտի փորձէ ամէն գնով լուսանցքի վրայ ձգել մինչ այդ Փաշինեանի շուրջ առկայ միասնակամ մթնոլորտը։

Անշուշտ այս բոլորը կը վերաբերի քաղաքական թատերաբեմին, իսկ ի՛նչ կը մտածէ Հայաստանի ժողովուրդը. այդ մասին յառաջիկայ տողերով։

ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄԻԱՍԻՆ ԵՆ ԵՒ ՎՃԱՌԱԿԱՄ

Երեքշաբթի երեկոյեան տարբեր գործեր կատարելու նպատակով հասած էի Հանրապետութեան հրապարակ։ Ժամը 7-ի կողմերը վարչապետ Փաշինեան իր հերթական Ֆէյսպուքի գրառումը կ՚ընէր եւ իր համակիրներուն ուղղելով խօսքը բոլորէն «կը պահանջէր» արագօրէն հասնիլ Ազգային ժողովի կից գտնուող շրջան, որովհետեւ կարեւոր խօսքով հանդէս պիտի գար։

Յստակ էր, որ Հայաստանի վարչապետը որոշած է մինչեւ վերջ երթալ իր մօտեցումներուն մէջ եւ ամէն գնով իր ունեցած ամբողջական ներուժը ծառայցենել յանուն եւ ի խնդիր մէկ նպատակի, որն է արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու հարցը։

Ուրեմն, մինչ վարչապետ Փաշինեան իր «կոչ»ը կը հնչեցնէր, հազարաւոր քաղաքացիներ կը շտապէին հասնիլ Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող տարածքները։ Ես կը մօտենայի մերթրոյի «Հանրապետութիւն» կայարանին ու կը փորձէի հասնիլ «Բարեկամութիւն» կայարան։

Մեթրոն լեփլեցուն էր։ Հարիւրաւոր ուղեւորներ, որոնց մեծ մասը երիտասրդներ էին, լսած էին վարչապետի կոչը եւ «մարտական» տրամադրութիւններով կ՚ուղղուէին դէպի որոշուած վայր։

Կը շարունակէի իմ ուղին, մինչ ցուցարարները դուրս կու գային «Բաղրամեան» կայարանէն՝ միանալու համար իրենց գաղափարակիցներուն։

Պատկերը շատ «մաքուր» էր։ Յստակութիւն մը կար իրավիճակին մէջ, որուն հիմամբ ալ այսօր Հայաստանի մէջ գործող հիմնական ուժը ինքը՝ վարչապետ Փաշինեանն է։

Յառաջիկայ զարգացումները կը կատարուէին շատ մեծ թափով։

Փաշինեան, ինչպէս վերեւ նշեցի, պաշտօնազրկում ապահովող օրէնքներ կը ստորագրէր, որմէ ետք ալ կը մտնէր Ազգային ժողով, «բանակցելու» համար խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեւանի մէջ լարուած էր այդ գիշերը, ու յստակ էր նաեւ, որ եթէ վարչապետին ուղղակի սաստումները չըլլային, քանի մը ժամուան ընթացքին ցուցարարները «կը լեցուէին» խորհրդարանի շէնք ու մնացածը...

Առաւօտեան ժամը երկուքին Փաշինեան կը յայտարարէր, որ յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայացուին դեկտեմբերին ու իրենք վճռած են այդ քայլին երթալ ամենայն վստահութեամբ։

Յաջորդ օրը Երեւան կ՚արթննար խաղաղ պայմաններու մէջ։ Վարչապետը այս անգամ խորհրդանշական քայլ մ՚ընելով կը յայտարարէր, թէ յետ այսու Ազգային ժողովի դռները բաց պիտի մնան հանրութեան առջեւ։

ԻՆՉՊԷՍ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԷՆ

Վերջին օրերուն պատահած դէպքերը ցոյց տուին, որ Հայաստան մտած է քաղաքական նոր ճգնաժամի մը մէջ: Բնականաբար այն պատճառով, որ քաղաքական գետնի վրայ բեւեռացած իրավիճակը կրնայ ամէն իմաստներով երկիրը տանիլ մաշեցնող ճգնաժամի մը:

Հանրապետականը բացայայտ կերպով, իսկ միւս երկու ուժերը «թաքուն» կեցուածքով կը խօսին երկիրը մենատիրութեան տանելու Փաշինեանի փորձերուն մասին։ Միւս կողմի վրայ վարչապետ Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ իրենք նոյնիսկ առանձինն ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի յառաջիկայ դեկտեմբերը դառնայ նոր Ազգային ժողովի մը կազմութեան ամիս:

Յստակ է նաեւ, որ խորհրդարանը իրեենց համար «վերջին յենարան» համարող ուժերը թեւաթափուած են Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքներէն, այդ պատճառով ալ կը փափաքին, նաեւ պիտի պայքարին, որ ընտրութիւնները յետաձգուին մինչեւ յառաջիկայ 2019 թուականի գարունը:

Ստեղծուած այս իրավիճակին մէջ վստահօրէն կարեւոր խօսք պիտի ունենայ Փաշինեանին ամբողջական զօրակցութիւն եւ նեցուկ կանգնող ժողովուրդի ջախջախիչ տոկոսը, որ նոյնպէս կը համարուի «թաւշեայ յեղափոխութեան» կերտիչն ու հիմնական ներուժը:

Եթէ սահմանադրական բոլոր ճանապարհները սպառին, բնականաբար Փաշինեան ստիպուած պիտի ըլլայ գործի մղել «փողոցի զէնք»ը, որուն կիրառման պարագային ալ պիտի ստեղծուի քաղաքական նախադէպ մը:

Հանրապետականները կորսնցնելիք շատ բան չունին: Անոնց ժողովրդային «ռէյթինկ»ը հասած է շատ ցած ցուցանիշի մը, հետեւաբար անոնց կողմէ ժամանակ շահելու ամէն տեսակի փորձ աւելիով պիտի մղէ զիրենք ամբողջական հատնում մը:

Ինչ կը վերաբերի միւս երկու ուժերուն. անոնց համար յառաջիկայ օրերը ճակատագրական են այն իմաստով, որ անոնք եւս իրենց քայլերով պիտի վճռեն իրենց ճակատագիրը։ Թէեւ վարչանպետ Փաշինեանի այդ կուսակցութիւններուն հասցէին ըրած արտայայտութիւնները՝ արդէն իսկ բաւականին խոցելի դարձուցած է անոնց վիճակը:

Աւարտին հարկ է նշել, որ եթէ Հայաստանի մէջ հաշուարկներէ դուրս եղող մեծ անակնկալներ տեղի չունենան, ապա երկիրը բնականոն հունով կ՚ընթանայ դէպի արտակարգ եւ ճակատագրական ընտրութիւններ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018