ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ
Անցնող օրերուն Ռիատի մէջ կատարուած զարգացումները անշուշտ, որ իրենց հետքը պիտի թողեն Սէուտական թագաւորութեան ապագայ ընթացքին վրայ: Շաբաթ յետմիջօրէին, մինչ միջազգային լրահոսը կլանուած էր Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարման լուրով, ուշ երեկոյեան Ռիատէն կը հասնէին մէկէ աւելի հարցականներու դուռ բացող զարգացումներ: Թագաւորական հրամանով կը ձերբակալուէին 11 շէյխեր եւ 38 նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Թագաւորութեան ներկայ իշխանութեան հետ մէկէ աւելի առումներով կապ ունեցող իշխաններու եւ նախկին նախարարներու ձերբակալման լուրը կ՚ունենար «մեծ պայթում»ի մը ուժգնութիւնը եւ հեղինակաւոր մէկէ աւելի թերթեր եղածը կը համարէին «իրական երկրաշարժ»: Ձերբակալեալներուն մէջ ամենէն աւելի յայտնի էր իշխան Մըթհէպ պին Ապտալլա եւ իշխաններ Ֆահըտ պին Ապտալլան եւ Թալալ պին Ուալիտը:
Եթէ շատ արագ հայեացք մը նետենք, ապա այս ձերբակալութիւններու արմատը թագաւորութեան նախկին գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Նայէֆ իշխանին թագաւորական պաշտօնէն «լուռ հեռացում»ն էր:
Թուիթըրի միջոցաւ տրուած բացատրութեամբ մը թագաւորութեան «Կաշառակերութեան դէմ մշտական մարմին»ը կը յայտարարէր, որ եղածը կարեւոր քայլ մըն է պատերազմելու՝ երկրին մեծ վնասներ հասցուցած կաշառակերութեան եւ դրամալուացման ու մսխումի հիմնական հեղինակներուն հետ:
Այս բոլորին ետին բնականաբար կը կանգնի Մուհամմէտ պին Սելման երիտասարդ իշխանը, որուն տնտեսական քաղաքականութիւնը կը համարուի Սէուտական թագաւորութեան արդի օրերու ամենաուշագրաւ ծրագիրը, որ իշխանին կողմէ անուանուած է «Սէուտական Արաբիա-2030»: Տնտեսական առաջնահերթութեամբ եղած քայլերը, որոնք «վիրաբուժական գործողութեան» մը տեսքը ունին, միայն տնտեսական առաջանհերթութեամբ եղած քայլեր չեն:
Այդ քայլերուն մէջ կան քաղաքական կարեւոր «պատգամներ»՝ տրուած ըլլալով, որ եղած ձերբակալութիւնները կը կատարուէին մէկ գիշերուան մէջ եւ առանց որեւէ «կանխազգուշացման»:
Մուհամմէտ իշխանի առաջնորդութեամբ առնուած այս քայլերը ունին նաեւ արտաքին «կանաչ լոյս», որովհետեւ Մուհամմէտ պին Սելման վերջին մէկ տարուան ընթացքին կարեւորագոյն դեր կատարեց Սէուտական Արաբիա-Միացեալ Նահանգներ ու Սէուտական Արաբիա-Ռուսաստան գիծերուն վրայ:
Ուրեմն արտաքին նեցուկ եւ զօրակցութիւն ունեցող իշխանին համար այս հանգրուանին ու նախկին գահաժառանգը խաղէն դուրս «նետելէ» ետք կը մնար պատրաստել «ներքին գետին»ը եւ այսպէս խաղէն դուրս թողուլ բաւական մեծ ազդեցութիւն ունեցող գործիչներ եւ իշխաններ:
Չէ բացառուած նաեւ, որ նոյնիսկ Լիբանանի վարչապետին հրաժարականը կապ ունեցած ըլլայ այս արշաւին հետ, որ ամէն բանէ առաջ քաղաքական է:
Յստակ է նաեւ, որ թագաւորութիւնը լաւ հաշուառած է նման գործողութեան մը հետեւանքները ու այդ պատճառով ալ չեղան տնտեսական մեծ ցնցումներ:
Աւելի՛ն. քայլերը առնուեցան շատ հեզասահ ընթացքով մը, ու թագաւորութիւնը այսօր կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը:
Այս բոլորէն անդին յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցնէ ռուսաստեանեան «Սփութնիք» կայանը՝ նշելով, որ Մուհամմէտ իշխանին կատարած քայլերը տեղի ունեցած են այն պահուն, երբ թագաւորութեան մէջ կը պատրաստուէր «պետական հարուած» մը՝ գլխաւորութեամբ թագաւորական պահակախումբի նախկին առաջնորդ Մըթհէպ պին Ապտալլա իշխանին: Կ՚ըսուի նաեւ, որ այդ տեղեկութիւնները Մուհամմէտ իշխանին հասած են ձերբակալութեան արշաւէն միայն երկու օր առաջ:
Այստեղ պէտք է նաեւ նշել, որ այս ձերբակալութիւններու ընթացքին տեղի ունեցան երեք կարեւոր դէպքեր, որոնք անպայման պէտք է հաշուի առնուին: Այդ դէպքերն են՝
ա.- Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը:
բ.- Անցեալ շաբաթ ուշ գիշերին Եմէնէն Ռիատի միջազգային օդակայանին ուղղութեամբ արձակուած պալիսթեան հրթիռի դէպքը:
գ.- Կիրակի ուշ երեկոյեան «Ալ Ասիր» շրջանի փոխ-կառավարիչ Մանսուր պին Մկրէնի ուղղաթիռին ջախջախուիլը ու անոր եւ կարգ մը բարձրաստիճան ընկերակիցներուն զոհուիլը:
Այս բոլոր դէպքերը կարեւոր են յստակատեսութիւն մտցնելու Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր պատկերին մէջ։ Գաղտնիք ալ չէ, որ ընտանեկան հիմքերու վրայ կանգնած թագաւորութիւնը առաջին անգամ չ՚անցնիր նման զարգացումներէ:
Ամէն պարագայի յստակ է, որ այսօր՝ Նոյեմբերի 6-ին, Սէուտական Արաբիան մտած է նոր փուլ մը, որուն հիմնական օրակարգը գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի իշխանութեան ամրացման փուլն է, եւ մնացած բոլոր ենթադրութիւնները, ձերբակալութիւնները եւ նոր անուններու ի յայտ գալը ընդամէնը մանրամասնութիւններ են:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԾ ՑՆՑՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը ու յատկապէս քաղաքական զարգացումները միայն այդ երկրին չեն պատկանիր: Այն իմաստով, որ շրջանային քաղաքականութեան «հնոց»ը համարուող Պէյրութը նաեւ շրջանային բաւական բարդ եւ խճճուած յարաբերութիւններու ամենէն «հին» ու «փորձառու» նամակաբաշխման վայրն էր:
Ու Լիբանանի մէջ կատարուած զարգացումները ընկալելու համար պէտք է «բաց աչքերով» նայիլ յատկապէս Թեհրան-Ռիատ «թէժ գիծ»ին վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը անսպասելի էր: Շաբաթ, Նոյեմբերի 4-ին, «Ալ Արապիա» կայանին Սաատ Հարիրի կը յայտարարէր իր հրաժարականը եւ ձեւով մը հանրութեան կը ներկայացնէր իր վարելիք քաղաքականութեան ճանապարհային նոր քարտէսը:
Պատահարը անսպասելի էր, որովհետեւ նոյնինքն Սաատ Հարիրին էր, որ ամիսներ առաջ իր ամբողջական նեցուկը կը յայտնէր Լիբանանի նախագահական թեկնածու զօրավար Միշէլ Աունին։ Այդ նեցուկին շնորհիւ Աուն, որ մինչ այդ Հարիրիի «ոխերիմ բարեկամ»ն էր, կը հասնէր Պաապտայի նախագահական պալատ:
Այստեղ յիշեցնելու կարգով պէտք է նկատել տալ, որ Ռիատի կողմէ զօրավար Աունի նախագահութիւնը «ընդունելու» կամ սիւննի աշխարհին համար Աունի բաւական խնդրայարոյց անունը «ընդունելի» կը դառնար, որովհետեւ այդ օրերուն Ռիատ տակաւին մեծ յոյսեր ունէր, որ պիտի կարողանայ յատկապէս սուրիական գետնի վրայ իր արժանի տեղը ունենալ:
Ուրեմն գաղտնիք չէ, որ Պէյրութի ու յատկապէս Լիբանանի Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ կատարուած գործընթացները կը կատարուէին, կը կառուցուէին ու մարմին կը ստանային միշտ հաշուի առնելով սուրիական վիճակը:
Հարիրի, որ արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով կը ստանձնէր վարչապետի պաշտօնը, շատ լաւ կը հասկնար, որ ամէն գնով պիտի փորձէ Լիբանանը հեռու պահել շրջանային հրդեհներէն: Ու այդ մօտեցումին հիմքով էր նաեւ, որ ան որպէս վարչապետ յաճախ ի հեճուկս իր ըմբռնումներուն եւ յանուն երկրի անդորրութեան պահպանել ու «ղեկավարել» ընդհանուր խաղը:
Այս իրավիճակը անշուշտ պիտի երկարէր շուրջ տասն ամսուան վրայ եւ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականով Լիբանան կը մտնէր նոր փուլ մը:
Զիջումի, երկխօսութեան եւ երկրի հարցերը միասնաբար լուծելու ընտրանքներն ու մօտեցումները կը դառնային ժամանակավրէպ, որովհետեւ Թեհրան, որ սուրիական գետնի վրայ արձանագրած էր կարեւոր յաջողութիւններ, առիթ կը փնտռէր ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական ծանր մուրհակներով տարած յաջողութիւններուն փոխարէն ստանալ իր «իրաւունքներ»ը:
Ու յստակ էր նաեւ, որ Թեհրան, հետեւաբար նաեւ «Հիզպուլլահ»ը այլեւս Սուրիոյ պատերազմի ամենաթէժ օրերու վիճակէն դուրս գալով յայտնուած էին բաւական ամուր դիրքերու վրայ: Թեհրան ունէր ոչ միայն Մոսկուայի, այլ նաեւ Անգարայի (Հիւսիսային Իրաքի եւ Իրաքի խնդրով) ու նոյնիսկ Քաթարի նեցուկը: Յստակ չէր Իրանի պահանջած «գին»ը, սակայն բացորոշ է, որ Հարիրի նախքան իր հրաժարական տալը, Պէյրութի վարչապետարանէն ներս կ՚ընդունէր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի միջազգային հարցերու յատուկ բանագնաց Ալի Էքպէր Վիլայէթին:
Տեսակցութենէն ետք վարչապետը կը մեկնէր Ռիատ, այս անգամ հանդիպելու երկրի Արաբական ծոցի երկիրներու յատուկ բանա-գընաց շէյխ Թամէր Սապհանի հետ, որմէ ետք ալ կը կարդար իր հրաժարականը:
Ի դէպ, Սապհան այն անձնաւորութիւնն է, որ տարբեր առիթներով ու յատկապէս Թուիթըրի իր էջով ծանր քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ կը հնչեցնէր «Հիզպուլլահ»ին դէմ՝ լիբանանեան այդ կազմակերպութիւնը համարելով դեւ եւ շրջանին համար իրական պատուհաս մը:
ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Հարիրիի հակադիր ճակատի անդամ շարք մը քաղաքական մեկնաբաններ ու գործիչներ բաւական ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցին հրաժարեալ վարչապետին դէմ: Անոնցմէ շատեր, նոյնիսկ նկատել տուին, որ Հարիրի կը գտնուի «տնային կալանք»ի տակ եւ ան հրաժարականը տուած է մեծ ճնշումներու ենթարկուելէ ետք:
Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի հեռուն երթալով յայտարարեց, որ Հարիրի նոյնիսկ չի յարգեր իր երկիրը եւ չկարողացաւ իր հրաժարականը Պէյրութէն տալ: Հրաժարականի լուրէն ժամեր անց հրապարակ կը հանուէր այլ տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Պէյրութի մէջ կը նախապատրաստուէր ահաբեկչական արարք մը Հարրիի դէմ ու ան հազիւ ճողոպրած է այդ ոճրափորձէն: Ի դէպ, իր կարճատեւ խօսքին մէջ ալ Հարիրի այդ մասին յղում մը կը կատարէր եւ Լիբանանի այսօրուան իրադրութիւնը կը նմանցնէր իր հօր՝ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան օրերուն (յիշեցնեմ, որ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի զոհ կ՚երթար ահաբեկչական պայթումի մը՝ 2005 թուականին):
Բաւական զուսպ կեցուածքներով հանդէս կու գային երկրի նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը: Մասնաւորապէս նախագահ Աուն, որուն մօտիկ աղբիւրները ցաւ կը յայտնէին Հարիրիի հրաժարականին առընթեր, նաեւ կը հաւաստէին, որ խնդրին վերաբերեալ վերջնական կեցուածք կամ մեկնաբանութիւն պիտի չարտայայտեն մինչեւ Հարիրի-Աուն հանդիպումը:
Այս ամբողջ պատկերը ունենալէ ետք յստակ է նաեւ, որ Հարիրի, որպէս վարչապետ եւ Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմի վրայ գործող դէմք, ունէր բաւական կարեւոր դեր եւ ներկայութիւն:
Այն իմաստով, որ անոր ներկայութիւնը նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայութիւնն ու խօսքն էր: Ու երկրի մը համար, որուն բաղկացուցիչ տարրերը կամ ընդհանուր քաղաքական կեանքը անհնար է «ապրիլ» կողմի մը յաղթանակով կամ առաւելութեամբ, նման ցնցում մը կրնար ունենալ բաւական ծանր ազդեցութիւններ:
Այս բոլորէն բացի ու հակառակ զօրավար Աունի տարբեր առիթներով արտայայտած մտքերուն եւ արեւելումին այն մասին, թէ Լիբանանը կողմ չէ իսլամ-արաբական որեւէ ընդհանրումի կամ լարուածութեան մէջ, յստակ է նաեւ, որ շրջանէն ներս Իրանի եւ անոր կողմնակիցներուն արձանագրած առաւելութիւնները անմարսելի են Ռիատին համար:
Կիրակի օր, լիբանանեան Only Lebanon կայքէջը ուշագրաւ լուր մը տալով՝ կը գրէր, որ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը կապ ունէր իրանցի պատասխանատուին հետ իր Պէյրութի մէջ ունեցած հանդիպման ժխտական արդիւնքներուն հետ: Կայքէջը, որ իր տեղեկութիւնները քաղած էր իրանեան աղբիւրներէ՝ կը գրէր, թէ Հարիրի ընդառաջ երթալով Սէուտական Արաբիոյ «բուռն փափաքներու»ն, իրանցի պաշտօնատարին ներկայացուցած էր Եմէնի խնդրէն հեռու մնալու առաջարկը: Ծանր մերժումի արժանացած էր առաջարկը, որուն մասին Հարիրի յայտնած է սէուտցիներուն ու անկէ ետք «ստիպուած» եղած էր հրաժարիլ: Թէ ինչքանով կրնայ ճիշդ ըլլալ այս տեղեկութիւնը՝ դեռ պարզ չէ, բայց Եմէնէն Ռիատի միջազգային օդակայանին ուղղութեամբ անցեալ Շաբաթ գիշեր (Հարիրիի հրաժարման օրը) արձակուած պալիսթեան հրթիռի դէպքը պատահական չէր: Այս բոլորը անշուշտ վարկածներ են, սակայն եթէ նկատի առնենք Ռիատի եմէնեան գետնին վրայ ապրած յուսախաբութիւնները, ապա տեղեկութիւնը կը դառնայ մեծ հաւանականութիւն ունեցող վարկած մը:
ՀԱՐԻՐԻԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱԶԴԷ՞ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹՂԹՈՍԿԻԻՆ ՎՐԱՅ
Շրջանային բաւական լարուած իրադրութենէն անդին բացայայտ է, որ Հարիրիի հրաժարականէն ամենէն աւելի վնասներ պիտի կրէ Լիբանանը: Անշուշտ, եթէ երկիրը ու անոր քաղաքական վերնախաւը չկարողանան արագ շարժիլ ու նոր վարչապետ մը նշանակել: Լիբանանի համար Հարիրիի նման «յենարան վարչապետ»ի մը հրաժարականը բացի քաղաքական տագնապ դառնալէ, ունի նաեւ տնտեսական, ֆինանսական եւ ապահովական երեսակներ: Ու այս առումով ամենակարեւոր ու ամենաբարդ երեսակը տնտեսականն է: Հրաժարումէն ետք տնտեսական եւ դրամական նիւթին մասին կը խօսէր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան ընդհանուր կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէ, որ կը հաւաստիացնէր, թէ լիբանանեան թղթոսկիին վրայ վախ չկայ եւ իրենք, որպէս Կեդրոնական դրամատուն բոլոր հիմնական գործառնութիւնները կատարած են երկիրը հաւանական տագնապէ մը հեռու պահելու համար:
Իր կարգին, լիբանանցի տիւրզի առաջնորդ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթով մը կը յայտարարէր. «Լիբանանը, որպէս երկիր շատ փոքր է այս հրաժարականին հետեւանքով յառաջ գալիք մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց»:
Ճիշդ է, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպիսի բեմագրութիւն մը կը սպասէ Լիբանանին, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Լիբանան այսօր մտած է Ռիատ-Թեհրան լարուածութեան ամենամութ փակուղիներէն մին ու հաւանական է նաեւ, որ այս իրավիճակը սկիզբ մը դնէ տարբեր մակարդակներու վրայ գոյանալիք «բախումներ»ու:
Այդ բախումները կրնան զինուորական չըլլալ, բայց հանգամանքը, որ երկրին խաղաղ, անվտանգ եւ համեմատաբար կայուն օրերը այսօր կը գտնուին մեր ետին…
Այս իրականութիւն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան