ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Շնութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.14)
Այս պատուիրանով Աստուած կ՚արգիլէ շնութիւն ընելը, որ կորսնցնել է այն հաւատարմութիւնը, որ այր ու կին խոստացած էին սուրբ եւ անխախտ պահել՝ ուխտելով ամուսնութեան սուրբ կապով:
Շնութիւնը մեծ յանցանք է, որովհետեւ Աստուծոյ անունով կատարուած սուրբ խոստումը կը քակտէ: Շնութիւնը ուխտազանցութիւն է, որովհետեւ ոտնակոխ կ՚ընէ ամուսնական հաւատարմութեան սուրբ ուխտը: Այս անհաւատարմութիւնը ունի սոսկալի հետեւանքներ, որոնք են՝ ամուսնական կռիւ, բաժանում, վէճ, ատելութիւն, անհամաձայնութիւն, որով ընտանեկան խաղաղ կեանքը կը խառնակուի, կը շփոթուի, շատ ատեններ գործերը կը դադրին, զաւակները անխնամ եւ անսնունդ կը մնան: Շնութիւնը ստութեան աղբիւր կը դառնայ, նախանձ ու ատելութիւն կը գրգռէ, սիրտերը կը խստացնէ եւ շատ անգամ ալ մահուան պատճառ կ՚ըլլայ: Եթէ այս սոսկալի յանցանքը հասարակութեան մէջ սովորական դառնայ, ընկերութեան հիմքերը անմիջապէս կը քայքայուին եւ կորուստի կը մատնուին: Աստուած հին օրէնքներուն մէջ, հրամայած է, որ շնացողը մահուամբ պատժուի. «Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, կամ իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը, անշուշտ պէտք է մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ՝ պէտք է մեռցուին» (Ղւ 20.10): Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ, որ շնացողները չեն կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել. «Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ ալ շնացողները..., Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի ժառանգեն» (Հմմտ. Ա.Կր 6.9-10). «Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք, ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները» (Եբր 13.4): Յովսէփ Գեղեցիկը շատ լաւ կը զգար, թէ ի՛նչ չար հետեւանքներ ունի շնութիւնը, ուստի, երբ կը բռնաբարուէր, աղաղակեց. «...ինչպէ՜ս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծն 39.9): Յոբը մեծ եւ սաստիկ պատիժի արժանի յանցանք կ՚անուանէ շնութիւնը կամ պոռնկութիւնը. «Վասնզի այս պղծագործութիւն է ու դատաւորներէն դատուելու՝ անօրէնութիւն» (Ծն 31.11):
Մի՛ շնար պատուիրանով պէտք է նոյնպէս հասկնանք իւրաքանչիւր անսուրբ եւ ամօթալի յարաբերութիւն, որ ամուսնական սրբութենէն դուրս է, ամէն տեսակի պղծութիւն, ամէն գարշութիւն, ամէն ցոփութիւն, իւրաքանչիւր զազրելի գործ, իւրաքանչիւր անարժան խօսք ու վաւաշ խորհուրդ, որոնք սրբութեան եւ պարտուց հակառակ են:
Յիսուս Քրիստոս յայտնապէս կ՚ուսուցանէ, թէ ինչքա՞ն պէտք է զգուշանալ յանցաւոր ցանկութենէ. «Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ» (Մտ 5.27-28): Պօղոս առաքեալ ամէն տեսակի անսրբութիւն կը դատապարտէ եւ նոյնիսկ անունը տալէն կը զգուշացնէ. «Պոռնկութեան, որեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին։ Վայել չէ, որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեան զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ» (Եփ 5.3-4). «Փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամ նախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք» (Հռ 13.13-14): Անսրբութիւնը զանազան մեղքերու եւ անկարգութիւններու աղբիւր է, որով մարդ ստութեան եւ երդմնազանցութեան կը վարժուի, կը ձգէ իր զաւակները, կը խաբէ իր անձը, ամօթալի վիճակի կը մատնէ եւ խիղճի տառապանքներու, եւ այսպէս դէպի կորուստ կ՚առաջնորդէ: Անսրբութիւնը գերդաստանին մէջ դառնութիւն կը սերմանէ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան կարգն ու խաղաղութիւնը կը շփոթէ: Անսուրբ մարդը իր անձին կը վնասէ, իր կիրքերուն կը ստրկանայ, իր հոգին կը նուաստացնէ, որու հետեւանքը հիւանդութիւնն է, թուլութիւնը, ամօթը, անարգանքը եւ շատ անգամ մեծ թշուառութիւն: Անսրբութիւնը կը թմրեցնէ, կը փխսէ, կը վատթարէ ու կ՚ոչնչացնէ մարդուն հոգիին ընդունակութիւնները, խաւարի մէջ կը ձգէ եւ իշխանութեան կը մատնէ չար հոգիին, ինչ որ Քրիստոս պիղծ [չար] հոգի կ՚անուանէ. «Չար ոգի, ե՛լ այդ մարդուն մէջէն» (Մր 5.7): Անսրբութեամբ, մարդ իր հոգիին փրկութիւնը կը դժուարացնէ եւ իր անձին համար ամօթալի կորուստ կը պատրաստէ, որովհետեւ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Արքայութենէն կը հեռացնէ ինչպէս շնացողը, այնպէս ալ պիղծը. «Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէ՛ք։ Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ» (Ա.Կր 6.18):
Շնութեան եւ անսրբութեան հակառակ, Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատուիրէ ողջախոհութիւն կամ սիրտի սրբութիւն, որ ամէն տեսակի աղտեղութենէ հեռու է: Ողջախոհ մարդը խօսելու ժամանակ պատկառելի է, գործերուն մէջ՝ չափաւոր, հագուկապի մէջ՝ պարզասէր, վարքի մէջ՝ սուրբ եւ ընկերականութեան մէջ՝ ակնածելի: Սուրբ Գիրքը մեզմէ ողջախոհութիւն կը պահանջէ. «Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ» (Ա.Թս 4.3-4). «Սակայն հիմա, որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք։ Հետեւաբար, լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք. որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ 5.8-9). «Չէ՞ք գիտեր, թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են։ Քրիստոսի անդամները առնենք պոռնիկի անդա՞մ դարձնենք։ Բնա՛ւ երբեք: ...Չէ՞ք գիտեր, որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին, որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք, որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ՝ Աստուած, որ փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար, այնպէս ապրեցէք, որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա.Կր 6.15, 19-20):
Այս սուրբ կանոններուն հետեւելով, պարտաւոր ենք ամէն տեսակի չարութենէ հեռանալու, որմէ անսրբութիւն յառաջ կու գայ, եւ այսպէսով կրնանք առողջ մարմինի մէջ առողջ հոգի պահել. կը կարողանանք մեր տունը, մեր գոյքը, մեր հանգստութիւնը պահպանել, ինչպէս նաեւ օգնել ընկերութեան, որպէսզի այնտեղ կարգաւորութիւնն ու բարոյականութիւնը թագաւորեն: Այսպէսով Ամենասուրբ Աստուծոյ հաճելի կ՚ըլլանք եւ մեզի համար երջանիկ յարութիւն կը պատրաստենք: Մէկ խօսքով, իմաստուն մարդու եւ բարի քրիստոնեայի, բարեկիրթ քաղաքացիի եւ անմահ էակի նման կը վարուինք:
Ողջախոհութեան մէջ մնալու համար, պարտաւոր ենք՝
ա) Հեռանալ ամէն բանէ, ինչ որ մեր մէջ կրնայ վատ խորհուրդներ, չար միտքեր եւ անսուրբ ցանկութիւններ արթնցնել, ինչպիսիք են՝ լկտի խօսակցութիւններ, չար մարդոց հետ ընկերակցութիւն, վատ առարկաներու տեսութիւն՝ որոնք ամօթխածութեան հակառակ են, վատ եւ անարգ վայրեր յաճախել, անգործութիւն, անժուժկալութիւն, չափազանց ուտել, խմել եւ քնանալ, անպարկեշտ տեսարաններ, երեւակայութիւնը պղտորող գրութիւններու ընթերցանութիւն, երկու սեռին յաճախակի եւ պարապորդ այցելութիւն կամ տեսակցութիւն իրարու հետ: Որովհետեւ, այս բոլորը ձեւով մը ճանապարհներ են, որոնք թէ՛ զգալի եւ թէ անզգալի կերպով մարդս դէպի մեղքը կը մղեն, որմէ պէտք է փախչիլ: Յանցանքներու պատճառներէն հեռանալով՝ նոյնինքն յանցանքէն կը հեռանանք: Սակայն, այս բոլորը բաւարար չէ:
բ) Պարտաւոր ենք ի գործ դնել բոլոր միջոցները, որոնք մեզ կրնան սրբութեան մէջ հաստատ պահել, ինչպէս է արթուն եւ աշխատասէր կեանք ունենալ, ցանկական կիրքերուն վրայ իշխել, առաքինի մարդոց հետ տեսակցիլ եւ ամենէն աւելի՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը միշտ մեր աչքին առջեւ ունենալ: Երբ մեր միտքին եւ սիրտին վրայ թագաւորէ այն մեծ գաղափարը, որ Աստուած է մեր Դատաւորը, ան անսրբութիւնը եւ չար գործերը կ՚ատէ, Ան ողջախոհը կը վարձատրէ եւ ցանկասէրը՝ կը պատժէ, այնուհետեւ, կը զգանք թէ ի՛նչքան քաղցր են ողջախոհութիւնն ու սրբութիւնը: «Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները» (Եբր 13.4). «Հետեւաբար, չըլլայ որ ոեւէ մէկը պարապ խօսքերով ձեզ խաբէ. որովհետեւ այս բաներուն համար Աստուած Իր բարկութիւնը պիտի թափէ անհնազանդ մարդոց վրայ» (Եփ 5.6): Ի վերջոյ, ողջախոհութեան մէջ հաստատ եւ յարատեւ մնալու միակ միջոցը միշտ աղօթելն ու Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրելն է: Որովհետեւ, Ան [Աստուած] է, որ կրնայ զօրացնել մեզ՝ իւրաքանչիւր փորձութեան յաղթելու համար: Մեր սիրտը Անոր ձեռքին մէջ է եւ Ա՛ն է, որ մեզ ամէն տեսակի վատութենէ կը պահէ ու կը պաշտպանէ:
Սուրբ Գիրքին մէջ ամուսնութեան եւ ցանկութեան վերաբերող բառերը շատ անգամ հոգեւոր առումով գործածուած են, ինչպէս՝ Աստուծոյ միութիւնը Իր ժողովուրդին հետ, Քրիստոսի միութիւնը Իր հաւատացեալներուն հետ: Յովհաննէս առաքեալ Յայտնութեան գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Եկո՛ւր, քեզի ցոյց պիտի տամ հարսը՝ Գառնուկին կինը» (Յյտ 21.9). «...այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց ոեւէ արտի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ» (Եփ 5.27): Այս պատճառով ահա, իւրաքանչիւր արտաքին գործ, իւրաքանչիւր խօսք, սիրտի իւրաքանչիւր շարժում, որ ամուսնական խոստումին հակառակ է ու կը խզէ այն սուրբ կապը ու մարդուն սիրտը կը խլէ օրինաւոր ամուսինէն՝ ուրիշին տալու համար, հոգեկան շնութիւն կ՚անուանուի: Սուրբ Գիրքին մէջ եբրայեցիներուն կռապաշտութիւնը շնութիւն կ՚անուանուի. «Որովհետեւ օտար աստուածներու հետ պոռնկացան եւ անոնց երկրպագեցին, ու Տէրը բարկացուցին» (Հմմտ. Դտ 2.17):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 17
Վաղարշապատ