ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ԹՈՒՐՔԻԱ (Ա.)

Այս սիւնակով, ցայսօր, արդէն բաւական գրեցի ուսումնական հետազօտութենէս քաղուած նիւթերու եւ խնդիրներու մասին։ Յիշեցման կարգով, կամ շարքիս ուշ միացած ընթերցողներուն պարագային՝ իրազեկման կարգով, ըսեմ, որ ուսումանսիրութիւնս դաշտային կոչուող տեսակին կը պատկանէր. այլ խօսքով, գրեթէ բոլոր այն տուեալները, այն վերլուծութիւններն ու խոհերը, որոնք շաբաթական յաճախակիութեամբ ի յայտ եկան այս սիւնակի ընդմէջէն, հիմնուած են նոյն Թուրքիոյ մէջ կատարուած անմիջական պրպտումներու վրայ։

Այս եւ հաւանաբար յաջորդ մի քանի թիւերուն մէջ կ՚ուզեմ մասնակիօրէն դուրս գալ այդ դաշտէն, թողել առարկայական-գիտական հայեցողութիւնս ու Թուրքիոյ բնակիչ տարբեր տեսակի հայերը մէկ կողմ, եւ հայեացքս ուղղել այլ ուղութեամբ։ Փորձառութեանս նայիլ մէկ ուրիշ կողմէ։

Ի՞նչ է Պէյրութ ծնած ու մեծցած հայ երիտասարդիս համար Թուրքիա երթալը։ Ի՞նչ կարելի է ըսել այդ մասին։ Թերեւս այս կամ այն յօդուածիս մէջ հպանցիկ կերպով անդրադարձած եմ այս իրողութեան, փոքր նշումներ ըրած, կարճ մեկնաբանութիւններ տուած։ Մտածեցի, սակայն, որ այնուամենայնիւ կ՚արժէր վերադառնալ այս թեմային, ու կիսուիլ փորձառութիւնս ձեզի հետ։

Ամէն բանէ առաջ ըսեմ, որ չեմ յաւակնիր պէյրութահայութիւնը կամ պէյրութահայ երիտասարդները ներկայացնել։ Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ փորձառութիւնս առաւել կամ պակաս չափով իւրայատուկ է ինծի, այնպէս ինչպէս պիտի ըլլար ուրիշ ոեւէ մէկուն։ Այլ պէյրութահայ մը թերեւս այլ ենթակայական ճանապարհ անցնէր՝ Պէյրութ-Թուրքիա օդային տարածքը կտրելով եւ վերջինիս մէջ երկարատեւ բնակութիւն հաստատելով։ Ինչպէս ամէն մարդ, ինչպէս Թուրքիոյ զանազան հայերը, ես ալ իմ միջավայրիս եւ դեռ անաւարտ կենսագրութեանս ծնունդն եմ։

Մեծցած ըլլալով այս կամ այն աստիճանի ազգային եւ ազգայնական շրջանակի մէջ, ըլլալով ծնունդ՝ 1915-էն ճողոպրած սերունդներու եւ գաղութի մը ամբողջ, բնականաբար մէկն էի եւ եմ, որուն համար Թուրքիան Արժանթինէ մը, Ֆրանսայէ մը, Հնդկաստանէ մը շատ տարբեր է։ Թուրքն ու Թուրքիան, միջավայրիս յիշողութեան եւ մշակութային ու քաղաքական հռետորաբանութեան մէջ՝ հակառակորդի դիրք կը զբաղեցնեն։ Սակայն մէկ կողմէն անհատական նկարագրի, միւս կողմէն աւելի սեղմ ու մտերմիկ միջավայրիս ազդեցութեան իբրեւ արդիւնք, տարածուած կարծրատիպային գաղափարներն ու կաղապարները անմիջապէս չընդունելու, փոխարէնը հարցաքննելու հակում մը ձեռք բերած էի արդէն այն տարիներուն, երբ մագիստրոսի աշխատութեան թեման ընտրել էր պէտք։

Աւելի՛ն. ճիշդ այդ տարիներուն Թուրքիայէն մեզի հասնող պատկերները երբեմն խստօրէն հակադրուող էին տարածուած կաղապարներուն. թուրք կամ թուրքիացի որոշ մտաւորականներու կողմէ 1915-ի դէպքերուն անդրադարձ եւ անոնց արդարացի ու ճշմարիտ որակում, Հրանդ Տինք, «Բոլորս հայ ենք», եւ այլն։ Կային, անշուշտ, նոյն կարծրատիպերը ամրացնող ժամանակակից երեւոյթներ եւս։ Դարձեալ Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքճը, Մարիձա Քիւչիւք, եւ այլն… ջուրը, այնուամենայնիւ, պղտորած էր։

Այս ամէնը եկաւ կցուելու ուսումնական հետաքրքրութիւններուս, եւ դէպի Թուրքիա քայլս առի։ Գիտակցաբար կարծես որոշեցի մէկ կողմ դնել պատկերացումներս, եւ կարելի եղածին չափ առանց կանխակալ վերաբերմունքի երթալ Թուրքիա, տեսնել աչքովս, յարաբերիլ երկրին ու մարդոց հետ, լսել տեղւոյն հայերու բերնէն, ծանօթանալ անոնց փորձառութեանց, ու փորձել հասկնալ։

Ի՞նչ է Թուրքիան։ Ինչպէ՞ս յարաբերիլ անոր հետ եւ ի՞նչ կերպ վերաբերիլ անոր։ Ինչքա՞ն է այն մօտիկ՝ լիբանանահայ իմ միջավայրիս մէջ հաստատուած կարծրատիպային իր նկարագրին։ Այս հարցումներն էին նաեւ, զուտ անհատական գետնի վրայ (մասնագիտականի կողքին), որ զիս տարին Թուրքիա։ Նախ շաբաթ մը, յետոյ ամիս մը, յետոյ գրեթէ երկու տարի։ Այսպիսով, պարզ տեղափոխութենէ մը շատ աւելին էր ճամբորդութիւնս։ Անհատական, ներքին ու ենթակայական թնճուկի մը զարգացման ճանապարհն էր այն։

Յաջորդիւ փորձեմ զայն անցնիլ վե-րըստին՝ ձեզի հետ…

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019