ԱՌԱՆՁԻՆԸ

-Տէ՛ր իմ...

Վերամբարձ ձայնը կպաւ կամարակերպ առաստաղին, ինչպէս խունկին քուլաները ոլորուելով կը հանգչին աղօթավայրին պատերուն:

Կամարակերպ առաստաղին կեդրոնական հատուածին վրայ քառանկիւն փոքր բացուածք մը կայ: Ճարտարապետական հնարքով ստեղծուած այս բացուածքէն, ձայնը արձագանգ հագած, փոքր ներքնայարկին մէջ ոլրանետի նման շրջելով, զարնուեցաւ անոր կլոր պատերուն, եկաւ՝ամպերէն հոսող անձրեւին պէս, կաթիլ-կաթիլ զովութիւն թափեց արտասանողին մարմնին վրայ եւ հնչիւն առ հնչիւն հպելով մարմնի անդամներուն սարսռացուց էութիւնն անհատին, պատեց զայն զով ջերմութեամբ մը, անմեկնաբանելի երկիւղածութեամբ մը, որ կը զգաս երբ մեղքերուդ թողութեան խնդրանքով մէջէդ դուրս կը յորդի «մեղա՜»ն:

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ներքնայարկի կառոյցին պատկերն է: Կառոյց մը, որ ստեղծուած է հոն՝ արծուաթռիչ բարձունքին վրայ, առանձին մնացած կղերականին մտայղացմամբ, որպէս մեղանչումի խուց, որպէս ներքին էին հետ հաղորդակցելու միջոց, որպէս ինքնաբաւարարում, որպէս առանձնութիւնը քօղարկող միջոց, որպէս սփոփանք եւ հաւատքի մարմնացում, որպէս ամէնօրեայ արարողութեան անհրաժեշտութիւն:

Առանձնութեան ստեղծագործ միտքին արգասիքը...

Առանձին էր կղերականը, ինչպէս հիմա առանձին է մեր ամբողջ ազգը. պատառ-պատառ առանձնացած ենք արտաքնապէս, ամէնուր՝ տան մէջ, փողոցը, այգիին մէջ, հացի փուռին մէջ, բազմութեան մէջ... առանձնութիւնը կը հիւծէ մեզ, մեր քայլերուն ուղղութիւնը կը կորսընց-նէ: Միտքը, սիրտը, հոգին միասնութեան վերածուած են, ներքին միասնութիւն մը, որ բոլորս կը զգանք, անխտիր բոլորս՝ մօտը, հեռուն, ներսինն ու դուրսինը:

Կը զգանք մեր նմաններուն աչքերուն նայելով, համացանցի էջերուն մէջ մեր հերոսներուն աչքերուն նայելով՝ հրոյ աչքեր, որ կը կրեն բոլորիս գաղափարը, նպատակը, գոյութեան փաստը... մարմինէն վեր բան մըն է հզօր ու խիզախ, մահին յաղթած մեծութիւն մը:

«Մենք մահը ջնջել ենք մեր բառապաշարից, մահը չկա՛յ...» կ՚ըսէ հերոս մը առաջնագիծէն իր մօր ուղղուած խօսքերուն մէջ, ան իր զօրակիցներուն բացակայութիւնը տուն դարձ կը սեպէ եւ առիւծացած կը շարունակէ իր ճիտին դրուած հզօր պարտաւորութիւնը:

Առանձնացած աչքերուն մէջ մե՛ծ, շատ մեծ պարոյկ մը կ՚երեւի՝ յստակ, խօսուն «ինչո՞ւ» մը աշխարհին ուղղուած:

Կը լսէ կարծես աշխարհը՝ եւ ժողովուրդին խօսքով՝ «ոսկի լռութիւնը» գրկած կը դիտէ անխօս, անգործ, ձեռնպահ, «ոսկի»ն ալ ժանգոտելով...

Կ՚ոտնահարէ պատմութիւնն իսկ հազարամեակներու եւ վառօդի, նաֆթի հոտով գինովցած կ՚անտեսէ ամէն ինչ, ամէն ինչ որ մարդկային է, չի տեսներ յորդող արիւնը, չի լսեր մայրերուն ճիչերը, կը դիտէ այդպէս սառնասիրտ, պապանձած, խլացած, համրացած...

Կը զարմանան յաճախ առիւծներուն արիութեամբ, կը միանան երբեմն անոնցմէ մի քանին օգնութեան փաղանգին, կը նետեն ափ մը նիւթ, ինչպէս կատղած անասունին միսի կտոր մը կը նետեն, եւ ապա, ծայրայեղ պարագային, կը կրկնեն բոլորին յանկերգը «անյապաղ դադրեցնել եւ բռնել բանակցութիւններու ուղին»...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020